«Պահուած Ծրագիրը»

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Աւարտեցաւ «Հայոց Պետականութիւնը ՝ Միասնութեան Առանցք» թեմայով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կայացած Լրագրողներու Համահայկական 8րդ Համաժողովը, որուն համեստ մասնակցութիւնս բերելէ ետք, վերադարձայ Պէյրութ՝ յուշերով եւ յոյզերով բեռնաւորուած:
Այսօր նստած կը խորհիմ, թէ որքան կարեւոր է աշխարհասփիւռ թէ հայրենաբնակ հայ լրագրողներուս համար, նմանօրինակ ծրագիրներով ի մի գալը ինչ կը վերաբերի փորձառութիւններու, միտքերու, խնդիրներու եւ առաջարկներու փոխանակումին, այնքան եւ թերեւս ալ աւելի եւս կարեւոր է անոր «պահուած ծրագիրը» (hidden curriculum):
Համաժողովին թերեւս ոչ անպայման նախատեսուած «պահուած ծրագիրին» ամենակարեւոր երեսը կը հանդիսանար՝ զանազան ենթամշակոյթներ, խորհելաձեւ, գաղափարախօսութիւններ եւ լեզուական տարբերութիւններ ունեցող հայ լրագրողներու ընկերային գետնի վրայ քանի մը օր միասնաբար անցնելու փաստը, որ առիթ մըն է ընկերային մթնոլորտի մէջ, երբեմն իրարու հանդէպ գոյութիւն ունեցող վերապահութիւններու եւ ինչու չէ կարծրատիպերու չէզոքացումին եւ իրարու նկատմամբ հանդուրժողականութեան զգացումի զարգացումին:
Այս մէկը իրականցնելու մէջ, իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ անշուշտ Սփիւռքի նախարարութիւնը, յանձին իր նախարարով, որ այս եւ նմանօրինակ հաւաքներով Հայրենիքի մէջ իրարու մօտ կը բերէ հայ ժողովուրդի բաղկացուցիչ տարրերը՝ հաճելին օգտակարին հետ միացուլելով:
Սպասելով յաջորդ համաժողովին՝ օրերու ընդմիջումէն ետք, մենք դարձեալ իրարու հետ կը շարունակենք թերթիս այս անկիւնով մեր առօրեայ զրոյցները, սիրելի՛ ընթերցող:
Վաղը կը տեսնուինք:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

