ՌԱԿ-ի Երախտաւորները՝ Իրաւաբան Տիգրան Սմսարեան

*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*
Երախտաւոր Սմսարեան ծնած էր Տիգրանակերտ, ծնողաց համեստ յարկին տակ, ու փոքր տարիքէն այլոց նման համտեսած է Համիտեան վայրագ ջարդը, ուր իր ծննդավայրն ալ տուժած ու դատարկուած Հայ բնակչութենէ:
Հազիւ 10 տարեկան, 1900-ին հարազատներուն հետ պիտի գար ու հաստատուէր Միացեալ Նահանգներու Մեսեչուսեց նահանգի Հոլիոք քաղաքը: Դժուարին էր այդ օրերու պայմանները, ոչ տեղացիներու համար:
Նախակրթական ուսման շրջանին ան կը ծանօթանար անգլերէն լեզուին, իսկ ապա կը տեղափոխուի Նիւ Ճըրզի, ուր երկրորդական ուսումը պիտի աւարտէր փայլուն յաջողութեամբ: Բարձրագոյն կրթութեան համար կը յաճախէ Նիւ Եորքի նահանգային համալսարանը: Ան կ’ընտրէ իրաւաբանական ճիւղը, զոր պիտի դժուարին կենսաշահութեամբ աւարտէր ու ապա դառնար Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի: Հազիւ իրաւաբանական մասնագիտութեան իրաւունք ձգած Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի նահանգներէն, պիտի մասնակցէր համաշխարհային Առաջին Պատերազմին ծառայելով ամերիկեան ծովուժին, ապտուոյ ծառայութեամբ արձակուելով:
Իր առաջին իրաւաբանական գրասենեակը ան կ’ունենար Հըտսըն գաւառէն ներս, անդամակցելով տեղւոյն իրաւաբանական ընկերակցութեան: Սմսարեանի համար Նիւ Եորքի ազգային եկեղեցական կեանքն ալ հետաքրքիր մասնակցութիւն մը պիտի ըլլար՝մանաւանդ Եունիւըն Սիթիի Հայ Առաքելական եկեղեցին հաստատական կեանքի սկիզբը պիտի ըլլար, որուն երկար տարիներ անդամագրուած էր Սմսարեան:
1920-ին կեանքի ընկեր կ’ընտրէր Սաթենիկ Թաշճեանը ու անոնք կը բախտաւորուին երեք զաւակներով՝ Էտուըրտ, Քէնեթ եւ Արաքս:
Անդրանիկ մանչը՝ Էտուըրտ պիտի դառնար իրաւաբան ու հօրը գործընկերը, իսկ մանչը՝ Քէնեթ պիտի դառնար յայտնի Թատերավար, իսկ դուստրը՝ Արաքս կը դառնայ տնտեսագիտուհի:
Ազգային, գաղափարական ուղղութիւնը Տիգրան Սմսարեանի համար պիտի դառնար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, որուն պիտի զինուորագրուէր ան կազմութեան առաջին տարիներուն: Նիւ Եորքի շրջանը բնակող ռամկավար ազատականներու հետ երկար տարիներ պիտի գործակցէր ու իր միջոցաւ ալ զարկ պիտի տրուէր ՌԱԿ-ի տեղական ակումբին՝ յետագային դառնալով ՌԱԿ Արմենական-Յովսէփեան ակումբ, որուն աշխոյժ գործունէութիւնը պիտի նկատէր Հայ Դատի Ամերիկահայ Յանձնախումբի աշխատանքներուն:
Եունիըն Սիթիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ատենապետութիւնը Սմսարեանի համար սկիզբ մը պիտի ըլլար իր թեմական մասնակցութեան ու երեսուն յաջորդական տարիներ ան կը ներկայացնէր Սրբ. Խաչ եկեղեցւոյ ծուխը որպէս պատգամաւոր: 1931-ին կը դառնայ Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմական Խորհուրդի անդամ, ու ապա մաս կը կազմէ անոր դիւանին՝ ստանձնելով թեմի իրաւական պաշտօնը: Ամբողջ քառորդ դար կը ծառայէ Թեմական Խորհուրդին ու երեսփոխանական ժողովին: 1955-ին որպէս Թեմական Պատգամաւոր կը մասնակցի Սրբ. Էջմիածնի մէջ եկեղեցական-ազգային համագումարին, որ պիտի ընտրէր Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառը: Նոյն տարին կը պարգեւատրուի Սրբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջին կարգի շքանշանով իր երկարամեայ ծառայութեանց համար, նորընտիր Վազգէն Ա. Վեհափառին կողմէ Յատկանշական եղաւ Սմսարեանի եւ տիկնոջ՝ Սաթենիկի կողմէ Սրբ. Խաչ Եկեղեցւոյ կից՝ հաստատումը կիրակնօրեայ դպրոցին, որ առաջիններէն եղաւ Նիւ Ճըրզիի համայնքին համար:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Սմսարեանի ծառայութեան կողքին, անոր մասնակցութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան տեղական մասնաճիւղի աշխատանքներուն մէջ, նպաստեց Ամերիկայի Կեդր. Յանձնաժողովի կազմութեան, որ հաստատուած էր Նիւ Եորք: Շուրջ 25 տարի Տիգրան Սմսարեան անդամ մնաց այդ յանձնաժողովին, որուն ատենապետեց ՌԱԿ-ի ուրիշ երախտաւոր մը՝ հարիւրապետ Ճիմ Չանգալեանը:
Ամերիկահայ նոր կազմաւորուող գաղութներու կեանքին մէջ, Սմսարեան եղաւ հազուագիւտ այն երախտաւորներէն, որ իր աշխատանքով եւ վայելած յարգանքով կրցաւ սփիւռքահայ ազգային-հասարակական կազմակերպութեանց գերագոյն մարմիններու անդամ ընտրուիլ: 1945-ին ան կը դառնայ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ, որ քանի մը տարի առաջ Փարիզէն իր կեդրոնատեղին փոխադրած էր՝ Նիւ Եորք: Սմսարեան գործունեայ անդամ մը դարձաւ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի դիւանին, ու այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ իր մահը, վարելով ՀԲԸՄիութեան ընդհանուր իրաւագիտական հարցերու պատասխանատուութիւնը:
Ռամկավար ազատական իր հասարակական ծառայութեան ընդարձակ գործունէութիւնը առաւելաբար կը կեդրոնանայ Սմսարեանի ցոյց տուած հոգածութեան եւ պատրաստակամութեան մէջ:
Հարցերու շուրջ գիտակցութիւն ունեցող ղեկավար դէմք մը դարձած էր, ան պիտի ընտրուէր անդամ ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ու ապա անոր երկարամեայ ատենապետը: Իր ատենապետութեան շրջանին ՌԱԿ-ի Արեւելեան շրջանի «Պայքար» օրաթերթը եւ անգլիատառ «Mirror Spectator» շաբաթաթերթը զգալիօրէն բարելաւում կրեցին դառնալով մամուլի փնտռուած թերթեր ամերիկահայ գաղութին համար, իրենց անշեղ հայրենասէր ուղղութեամբ:
1965-ին Պէյրութի մէջ մասնակցելով ՌԱԿ-ի ԺԲ. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին, Սմսարեան պիտի ընտրուէր անդամ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան:
Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանն ալ Սմսարեանի հոգածութեան առարկան եղաւ, իր մասնակցութեամբ ան միշտ օգտակար կը հանդիսանար վարժարանի նիւթական պէտքերուն, նաեւ իր կտակին մէջ ալ կարեւոր նպաստ մը վերապահելով վարժարանին: Ազգային-հասարակական իր ստանձնած պաշտօններով ան հրաւէր կը ստանար այցելելու զանազան գաղթօճախներ՝ Պէյրութ, Պուէնոս Այրէս, Գալիֆորնիա եւ Փարիզ:
1967-ին Երախտաւոր Սմսարեան կը դառնայ նախաձեռնողը Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան, որուն ցկեանս անդամ դարձաւ մինչեւ իր մահը:
Այս շրջանին կուսակցական որպէս աշխատանք, ան դարձաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանէն ներս կազմաւորելու Հայ Իրաւանց Խորհուրդը, որ պիտի շարունակէր աշխատանքները տասնամեակ մը առաջ կազմուած Հայ Դատի Ամերիկահայ Յանձնախումբին: 1976-ին Սմսարեան կը ներկայանայ այդ հանգամանքով Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի յանձնաժողովին, խօսելով ու ներկայացնելով Հայոց Ձեղասպանութեան ճանաչման մօտեցումը, որ տարի մը առաջ Գոնկրէսը արդէն որդեգրած էր:
Սմսարեան իր մասնագիտութեան եւ ամերիկեան շրջանակներու մօտ իր հաստատած կապերուն շնորհիւ, օրէնքի սահմաններու մէջ ան դիւրացուցած եւ կամ ապահոված էր Միացեալ Նահանգներ մուտքը բազմաթիւ կրօնականներու, ազգային դէմքերու եւ արուեստագէտներու, որոնք կը ժամանէին հայրենիքէն կամ սփիւռքահայ զանազան գաղթօճախներէն ու ամերիկեան կառավարութեան մօտ անոնց շուրջ հիւսուած էր չարախօսութեան ոստայնը:
Օժանդակելու պարտաւորութիւնը միշտ ալ հաճոյք մը եղած էր Տիգրան Սմսարեանի համար, հայրենաշէն կամ սփիւռքաշէն ազգային-կրթական քաջալեր ջահակիրն էր: Բազմիցս անգամներ հայրենիք նիւթական օժանդակութիւն հասցուցած է, մշակութային ծրագիրներու իրագործման համար:
Իսկ աւելին ան դարձաւ հիմնադիր անդամ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան բարեկամներու ընկերակցութեան, որուն միջոցաւ կարելի եղաւ իրականացնել Պատրիարքարանի կարեւոր ծրագիրները:
Յառաջացած տարիքին երախտաւորին մօտ երբեք չէր պակսեր խանդավառութիւնը ազգային հարցերու նկատմամբ, անշուշտ ժողովական եւ ճշդապահ մասնակցութեամբ:
1978-ի գարնան, կարճատեւ անհանգստութեան պատճառաւ Նիւ Եորքի մէջ ան իր աչքերը յաւիտեան պիտի փակէր, 65 անխոնջ տարիներու նուիրեալ ծառայութենէն ետք:
Դժբախտաբար նոյն տարուան աշնան մեծ պատրաստութեամբ ծրագրուած էր նշել երախտաւորին ազգային-կուսակցական-եկեղեցական ծառայութեանց 65 ամեակը, իսկ Մայիսին ան հրաւիրուած էր Պէյրութ մասնակցելու Վահան Թէքէեան վարժարանի հիմնադրութեան 25 ամեակի տօնակատարութեանց:
Բայց երախտաւորին մահը տարբեր տնօրինեց:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

