ՌԱԿ-ի Երախտաւորները՝ Միհրան Տէր Ստեփանեան

*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*
Դաւիթ ծածկանունով ծանօթ այս երգիծագիր-հրապարակագրողը ծնած է 1899-ին Տէօրթ Եոլ գիւղաքաղաքին մէջ:
Ընտանեկան տոհմիկ մթնոլորտին մէջ ան հասակ կ’առնէ յաճախելով ծննդավայրի Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանը, ապա շրջան մըն ալ՝ Պոլսոյ Պեզազեան երկրորդական վարժարանը, ուր կը ճաշակէ գիրի ու գրականութեան ուրախութիւնը:
Վերադառնալով ծննդավայր 1914-ին, Մարտիրոս Տէր Ստեփանեանի հետ իր պատանի տարիքին մասնակից կը դառնայ «Նուիկ» անունով շաբաթաթերթի հիմնադրութեան: Նոյն տարին որպէս պատանի թարգման աշխատանքի կ’անցնի ծննդավայրի Ֆրանսական զինուորական կառավարման կեդրոնէն ներս: Ապա Ճկեր գաւառի կուսակալութեան մօտ կը ստանձնէ դիւանապետի պաշտօնը, զոր յաջորդ չորս տարիներուն կը վարէ, դառնալով հմուտ թարգման տակաւին 20 գարունները չբոլորած:
Ծննդավայրէն ներս ան իր խանդավառ մասնակցութեամբ մաս պիտի կազմէր հասարակական տեղւոյն կեանքին, ու գաղափարի իր ճամբան ընտրելով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը, պիտի դառնար Տէօրթ Եոլի կուսակցական ակումբի խանդավառ անդամներէն մին:
1920-22 Տէր Ստեփանեան իր ծննդավայրէն ներս կը ձեռնարկէ իր ընկերոջ Արիս Շաքլեանի հետ «Սիսուան» շաբաթաթերթի հրատարակութեան: Կիլիկիոյ պարպումին որպէս հետեւանք ան կը ստիպուի հաստատուիլ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոս, ուր կը պաշտօնավարէ վարչապետարանի դիւանէն ներս երկար տարիներ:
Դամասկոս հաստատուելէն ետք, շուրջ տարի մը ան կանոնաւոր կ’աշխատակցի Ալեքսանտրէթ հրատարակուող «Զարթօնք» շաբաթաթերթին, զոր կը հրատարակէր իր հօրեղբօրորդին՝ Մարտիրոս Տէր Ստեփանեանը:
1933-ին կը կազմէ ընտանեկան իր տոհմիկ բոյնը՝ կեանքի ընկեր ընտրելով՝ Ալիս Քեշիշեանը. Անոնք կը բախտաւորուին երեք զաւակներով՝ մանչը Ալմիժան-Մանուկ եւ դուստրերը՝ Իրմա եւ Սիլվա:
Պետական իր պաշտօնին մէջ ան լեզուական հմտութեան շնորհիւ կը դառնար փնտռուած դիւանապետ մը ու կը հասնի կառավարիչի պաշտօնին:
Միհրան Տէր Ստեփանեանի սփիւռքահայ լրագրութեան մասնակցութիւնը դարձած է հետեւողական եւ բեղուն. Հեռաւոր Ամերիկա հրատարակուող «Նոր Գիր» ամսագրին մէջ նոյնիսկ կը հանդիպինք իր պարբերական ստորագրութեանց:
ՌԱԿուսակցութեան Սուրիոյ ատենի պաշտօնաթերթ՝ «Եփրատ»ին մէջ է որ կը սկսի իր երգիծանքի «Պարսատիկէն» սիւնակին, որ յետագային պիտի շարունակուէր Պէյրութ հրատարակուող «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ:
Իր անունին հետ կապուած են Ճկոյտ եւ Սուրճ ծածկանունները, որոնք կանոնաւորապէս երեւցած են «Լիբանան» եւ «Ժողովուրդի Ձայն» թերթերուն մէջ:
Որպէս կուսակցական, ան պիտի դառնար մղիչ ուժերէն մին Դամասկոսի Հայկական գաղութին եւ տեղւոյն ՌԱԿ-ի Կիլիկիա ակումբին, սատարելով Դամասկոսի հասարակական կեանքի վերելքին, մանաւանդ Հայց. Առաքելական եկեղեցին պահելով Ս. Էջմիածնի հաւատարմութեան ուղիղ ճամբուն վրայ:
Պէյրութ հրատարակուող «Շիրակ», «Անի» եւ «Կրթասիրաց» գրական ամսագիրներուն կ’աշխատակցէր մնայուն կերպով, ինչպէս նաեւ՝ Հալէպ հրատարակուող Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» ամսագրին:
Բեղուն գրիչի տէր եղած է Միհրան Տէր Ստեփանեան, որուն եթէ բոլոր գործերը ամփոփուին, կը կազմեն 4-5 հատոր: Իր գլխաւոր գեղարուեստական գործերէն է «Նայիրի»ի մէջ յաջորդաբար տպուած «Զէյնապ» սիրավէպը, որ տակաւին կը սպասէ առանձին գիրքով հրատարակութեան …: Իր ողջութեան, Սիմոն Սիմոնեանի քաջալերանքով լոյս տեսած է «Յոյսի Խարոյկներ» պատմուածքներու ժողովածուն: Յետ մահու իր կուսակցական բարեկամները կը հրատարակեն իր «Երկեր»ը:
Գրած է բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, վիպակներ եւ յատկապէս քրոնիկներ: Գրական գործերուն նիւթը կը կազմեն ընդհանրապէս ծննդավայրին կենցաղը, հաւատալիքները, սարսափի օրերը, Հայուն թափառական կեանքը, հայրենասիրութիւնն ու հայրենադարձը: Որպէս քրոնիկագիր իր սիւնակներուն գլխաւոր նիւթը եղած են մեր ազգային կեանքի զանազան ծալքերը՝ եկեղեցին, կուսակցութիւնները, հասարակական գործիչները, ձեռնարկները, հայրենադարձութիւնը:
Պայմաններու բերումով ան ընտանեօք կը փոխադրուի Պէյրութ 1956-ին, ուր պիտի շարունակէր իր բեղուն մասնակցութիւնը Ռամկավար Ազատական աշխարհացրիւ մամուլին, դառնալով բոլորին «Դաւիթ»ը իր Պարսատիկէն սիւնակով:
Լրագրութեան հանդէպ հարազատ սիրով լեցուն այս երախտաւորը Պէյրութի մէջ իր աչքերը յաւիտեան պիտի փակէր՝ 1964 Դեկտեմբերին, 65 տարեկան հասակին, իր ետին թողելով սփիւռքահայ մամուլի էջերուն լրագրութեան հարուստ աւանդ մը:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

