• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Սիրտս կու լայ….

09.08.2014   14:35

*ՍԻՊԻԼԱ  ՄԱԼԵԱՆ  ՓԱՉԱՆԵԱՆ*

Սիպիլա

Համակարգիչիս դիմաց անցած, կարճ մտածական մը ընելէ ետք,ներքին յուզումներուս խօսք տալու առիթ մը ընծայելու համար՝ յօդուած մը գրելու մասին, մտքիս ու սրտիս ծալքերը պեղեցի …Շատ բաներ կային այնտեղ , որոնք զիս անհանգիստ կը թողէին յատկապէս միջին արեւելեան վերջին իրադարձութիւնները,Կազայի ,Սուրիոյ Իրաքի Քրիստոնեայ գաղութին կրած տառապանքները , բռնի գաղթը, ծայրայեղական սատանայական հոսանքներուն գործած աղետները՝բռնի կրօնափոխութիւն,կանանց սեռային վաճառք, մանուկներու ջա՛րդ, բռնաբարութիւններ, սպանդ մէկ խօսքով միջին արեւելեան դիմագծի խաթարում…պատերա՜զմ:

Պատերազմ մը,որ այժմ իր թանձր սեւ քօղին տակ առած է այն մարդկային աշխարհագրական հողատառածքը, ուր դարեր շարունակ տիեզերքի հնագոյն կրօններու օրրանը հանդիսացած էր, տարբեր-տարբեր էթնիքական ցեղախմբային ժողովուրդներու համապատկեր մը խճանկար մը ,որ սակայն դարերու ընթացքին զանազան ժամանակաշրջաններու փուլերով տեսած է արիւն, մաքառում,պայքառ եւ տառապանք:

Մարդկային գոյատեւման ի գին արեան , սոյն աշխարհագրական քաղաքական ինչ –ինչ հարցերու եւ հզօր տագնապներու ընդմէջէն տեղահանութիւններով եւ ջարդերով ,ժողովուրդներ ազգեր կառչած իրենց պատկանելիութեան՝ հողին,արեւին, իրենց վերջին շունչը սպառելու աստիճան հաւատացին ապրելու Միասի՛ն:

Սակայն նոյեմբեր 2006 ին յայտնաբերուած միջին արեւելքի նոր քարտէսին ընդմէջէն ակնյայտօրէն դրսեւորուած էր արեւմուտքի եւ յատկապէս Միացեալ նահանգներու եւ անոնց ետին Իսրայէլի ծրագիրը՝ էթնիքային բաժանումներով սահմանուած նոր միջին արեւելքի մը ստեղծումը: Սկսելով, Իրաքը բաժնելով,ապա Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի ու հիւսիսային Ափրիկէի ներքին հարցերուն կայծ տալով եւ ցեղային եւ համայնքային մոխիրի տակ թաքուն պահուած հարցերը հրահրելով ահա այսօր Քաիտէէն ետք, Տահէշի ձեռամբ այդ ծրագիրը ի գործ կը դրուի:

lead

Այս բոլորին մէջ Արցախեան եւ Ազրպէճանի սահմանի վրայ եղած վերջին իրադարձութիւնները բոլորովին անմեղ չեն:Քիւրտիստանի ստեղծման համար տարուած աշխատանքները նոյնքան շեշտը կը դնեն եւ արեւու նման կը շողացնեն վերոյիշեալ ծրագիրը:

Համաշխարհային մաշտապով, դրամատիրական եւ զինուժի վաճառականներու եւ քարիւղի հանքերու պետերն ու տէրերը այս բոլորին մէջ ,հանդիսատէսի ակնոցով կը հսկեն իւրաքանչիւր իրադարձութիւն, կացութիւն եւ փոփոխութիւն, այնքան ատեն որ իրենց անձնական շահերը վնասներ չեն կրեր եւ ամէն բան հեզասահ կ’ընթանայ:Անոնց համար մարդկային բարոյականութիւն կամ խիղճ տարբեր չափանիշերով է որ կը ճշդուին,անոնք յարաբերական են դրամատնային մուտքի աճի տոկոսով:Հուսկ այնքան ատեն որ երեխաներու թափած տաք արիւնը եւ հերոսներու նահատակութեան արեան ծովերը իրենց հաշիւները չեն խանգարեր ուստի հարկաւորութիւն չեն տեսներ մարդկութիւնը պաշտպանելու:Վերջապէս տեղ մըն ալ պատերազմը անհրաժեշտութիւն մըն է նորագոյն արդիական զէնքերը փորձելու .այդպէս չէ՞…

Իսկ այս բոլորին մէջ զիս տանջող եւ ըմբոստացնելու աստիճան վշտացնող հարցը կը մնայ կրօնաւորներու եւ յատկապէս արեւմտեան քրիստոնեայ կղերին քար լռութիւնը ,որոնք ժողովներ ու համագումարներ կը գոյացնեն եւ ի վերջոյ պարզապէս խօսքով դատապարտելու եղածը…

Յստակ է ,Միջին արեւելեան ժողովուրդները երկրորդ եթէ ոչ երրորդ դասակարգի ՄԱՐԴ են :

Անցնելով մեր հայու սեւ ճակատագրին, դարեր շարունակ արմատախիլ եղած,հողէն ու տունէն թափառականի թշուար պատմուճաններու ներքեւ արեան ծովերու մէջ լողալով կը փորձէ գոյատեւել,պահել իր ինքնութիւնը կրօնն ու ազգային հաւատալիքներն ու արժէքները եւ սակայն Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին տակաւին անպատիժ մնացած ցեղասպանութեան մը կողքին ահա այսօր երկրորդ մը կ’ապրի եւ մեր կղերական ու ազգային պետականութիւնը գործնական ոչ մէկ դրական եւ ազդու միջոցառումի մը կը դիմէ կարծէք յանձնուած եւ զիջողական քաղաքականութեամբ մը տեղի կու տայ ահաւոր նոր Եղեռնի մը….

Կը Ցաւիմ….

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner