• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ՌԱԿ-ի Երախտաւորները` Անդրանիկ Լ. Փոլատեան

09.08.2014   11:40

*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*

Ara Aharonian

Երախտաւոր Փոլատեան ծնած էր 1929-ին Ալեքսանտրէթի շրջանի Գրըքխան գիւղաքաղաքը՝ մարաշցի հօրմէ:

Նախնական ուսման համար կը յաճախէ ծննդավայրի Նուպարեան վարժարան, իր ուսումը չաւարտած, 1939-ին Փոլատեանները Ալեքսանտրէթի պարպումին հետեւանքով այլոց նման կու գան հաստատուելու Հալէպ: Անդրանիկն ալ իրեն հասակակից տղոց հետ կը յաճախէ Հալէպի Մեսրոպեան վարժարանը, իր կրթութիւնը աւարտելով 1944-ին: Պատանին արդէն յատուկ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ Հայ գրականութեան հանդէպ, ու նոյն տարուան աշնան կը մեկնի Նիկոսիա, իր երկրորդական ուսումը շարունակելու՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ներս:

Հոն պիտի աշակերտէր ու հայեցի կրթութիւն ստանար Հայրենասիրութեամբ տոգորուած կրթական մշակներէ, որոնցմէ կարելի է նշել բանաստեղծ Վահէ Վահեանը: Փոլատեան 1950-ին պիտի աւարտէր հաստատութեան վարժապետանոցի բաժինը: Նոյն տարին կրթաթոշակ ստանալով կը մեկնի Պէյրութ յաճախելու Ամերիկեան համալսարանը:

Փոլատեան արդէն Մելգոնեան եղած շրջանին, իր մասնակցութիւնը կը բերէ հաստատութեան աշակերտական ծրագիրներուն ու իր մէջ նաեւ կը դրոշմուի գիտակցութիւնը միութենական ու գաղափարական համոզումներուն, որ  պիտի առաջնորդէր զինք համալսարանական տարիներուն, մաս կազմելու ՀԲԸՄիութեան ՀԵԸ-ի Հայ Համալսարանականներու Միութեան: 1953-ին կը միանայ ՌԱԿ-ի շարքերուն ու մաս կը կազմէ նորակազմ ՌԱԿ Մ. Փորթուգալեան ուսանողական ակումբին:
1954-ին կ’աւարտէ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, Պսակաւոր Արուեստի տիտղոսով, պատմութեան եւ քաղաքական գիտութեանց մէջ:

Համալսարանական ուսանողութեան շրջանին, միութենական իր մասնակցութեան կողքին վարած է նաեւ ՀԵԸ-ի վարիչ-քարտուղարի պաշտօնը, որ այդ օրերու եռուն միաւոր մը դարձած էր լիբանանահայ ատենոյ ազգային-հասարակական կեանքէն ներս: Իսկ նախապէս Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ներս, իր ուսանողական շրջանին, եղած է «Այգ» ուսանողական հանդէսին խմբագիրը:
Փոլատեանի մասնակցութիւնը իր ուսանողական շրջանին Միութենական եւ խմբագրական ասպարէզներէն ներս, կը մղեն զինք գալու Պոսթըն, ուր շուրջ տարի մը (1954-55) կը դառնայ օգնական խմբագիրը՝ Հրաչ Երուանդի կողքին ՌԱԿ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի պաշտօնաթերթի «Պայքար» օրաթերթին: Ապա կը ստանձնէ նոյն օրաթերթի խմբագրի պաշտօնը, երախտաշատ Հրաչ Երուանդի հանգստեան կոչուելէն ետք՝ 1955-ի աւարտին:

Այս շրջանին երախտաւորը իր գրական մասնակցութիւնը կը բերէ ամերիկահայ ատենոյ հրատարակութեանց: 1957-ին կը հրաւիրուի Ֆրեզնօ, ստանձնելու խմբագրի պաշտօնը՝ «Նոր Օր» եռօրեային՝ փոխարինելով Անդրանիկ Անդրէասեանը:
Շուրջ տարի մը Փոլատեան կը վարէ եռօրեայի խմբագրութիւնը իր աշխատակցութիւնը բերելով ՌԱԿ-ի մամուլին՝ «Արեւ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն:

1958-ին կը հրաւիրուի Նիւ Եորք, պաշտօն ստանձնելու ՀԲԸՄ իութեան Կեդրոնական Վարչական Ժողովի գրասենեակէն ներս: Երախտաւորին համար ազգային հասարակական իր բեղուն գործունէութեան համար, նոր հանգրուան մը պիտի ըլլար այս պարտաւորութիւնը ծառայել ՀԲԸՄիութեան, որուն արդէն անդամակցած էր պատանի տարիքէն:

Փոլատեանի խմբագրական առաջին փորձը կ’ըլլայ իր համալսարանական տարիներուն Պէյրութի մէջ (1950-54) խմբագրութիւնը եւ յառաջաբանի պատրաստութիւնը 10 տարբեր հատորներու, որոնք հատընտիրներն են (արձակ եւ չափածոյ) արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութեանց ծանօթ դէմքերու: Այս հատընտիրները ատենին լոյս տեսած են Պէյրութի Էտվան Հրատարակչատան կողմէ:

Իսկ Պոսթըն հաստատուելէ ետք իրեն նաեւ կը վստահուի Մարաշի Հայրենակցական Միութեան «Գերմանիկ» պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը՝ շուրջ տարեշրջանի մը համար (1954-55):

1958-ին կը դառնայ ՀԲԸՄ իութեան «Յուշարար-Միութիւն» պաշտօնաթերթի խմբագիրը ու այդ պաշտօնին առընթեր կը ստնձնէ հասարակական կարեւոր պաշտօններ ամերիկահայ ատենոյ ազգային կեանքին առընչուած:
Երախտաւոր զանազան հանգամանքներով այցելութիւն կու տայ սփիւռքահայ գաղութներ՝ ՀԲԸՄիութեան որպէս գործիչ, ինչպէս նաեւ իր մասնակցութիւնը բերելով Մարաշի Հայրենակցական Միութեան գաղութային ընդարձակման ծրագիրներուն:
1969-էն 1972 դարձեալ կը ստանձնէ խմբագրութիւնը «Գերմանիկ» պաշտօնաթերթին, որուն միջոցաւ պիտի ամրապնդուէր Մարաշի Հայրենակցական Միութեան մասնաճիւղերու գործունէութիւնը:

Երախտաւորը Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք, իր հասարակական գործունէութիւնը անվարան բերաւ ՌԱԿ-ի ղեկավարութեան, մասնակից դառնալով Պոսթընի մէջ 1967-ին կեանքի կոչուած Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմութեան, ՌԱԿ-ի առաջնորդ այլ երախտաւորներու կողքին:

Փոլատեան հետզհետէ իր ընտանեկան պարագաներով շրջապատուած էր Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Ափէն ներս, ուր կեանքի ընկեր ընտրած էր Ուզունեան ընտանիքի դուստրը՝ Անժելը, որ իր կողակցին կողքին գիտցաւ սատարել անոր  հրապարակագրական գործունէութեան:

Փոլատեանի ջանքերով կեանքի պիտի կոչուէր Թէքէեանի «Նիւ Եորք»ի մասնաճիւղը, որ հետզհետէ աշխուժութիւն պիտի բերէր գաղութէն ներս, մանաւանդ ՌԱԿ-ի տեղական Յովսէփեան ամուբին համար:

1973-ին Նիւ Եորքի ԹՄՄ-ի մասնաճիւղի հիւրընկալութեամբ կը կազմակերպուի Միութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Ա. Պատգամաւորական Ժողովը, որուն ատենապետեց Անդրանիկ Փոլատեանը, որպէս ատենապետ ԹՄՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, պաշտօն մը, որ ստանձնած է 1971-ին, ու ձեռնհասօրէն պիտի վարէր ութը յաջորդական տարիներ, մինչեւ 1979 թուականը:
Պաշտօններու հանգամանքով Փոլատեան կը մասնակցէր Հիւսիսային Ամերիկայի ՌԱԿ-ի Արեւելեան շրջանի ղեկավարութեան ժողովներուն, խորհրդականի հանգամանքով: Իսկ աւելին, որպէս հրապարակագրութեան ջատագով Հայ մամուլի հրատարակման արդիականացման ծրագրին նպաստեց, երբ իր ջանքերով «Պայքար» օրաթերթը առաջին ամերիկահայ թերթը դարձաւ, որ որդեգրելու Offset հրատարակութիւնը:

Որպէս հասարակական գործիչ, ան մեծապէս նպաստեց Բարեգործականի կարեւոր կրթական եւ մշակութային գաղութային ծրագիրներուն: Իր առաջնորդութեան ներքեւ կազմակերպելու Վահան Թէքէեանի ծննդեան 100 ամեակի տօնակատարութեանց ծրագրումը՝ Հիւսիսային Ամերիկայի զանազան գաղութներէն ներս, ինչպէս նաեւ Հայրենիքի մէջ, ուր ծրագիր մշակուեցաւ պետական վարժարանի մը անուանումը որպէս Վահան Թէքէեան Վարժարան: Այս ծրագիրը իրականացաւ Հայաստանի կրթական նախարարութեան կողմէ 1987-ին: Երախտաւոր Փոլատեանի ազգային-հասարակական ու հրապարագրական բեղուն գործունէութիւնը անկասկած սատար հանդսացաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան համար, ու ան պիտի մնար ցկեանս անդամ այդ կազմին՝ իր կազմութենէն ասդին: Իր ջանքերով իրականացաւ Մենհեթընի (Նիւ Եորք) Եուսուֆեաններու բնակարանի կալուածի կտակը, որ բարերարներուն մահուընէ ետք, 1987-ին դարձաւ Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզի ԹՄՄ կեդրոնը, նպաստելով միութենական գործունէութեանց: 1983-ին Փոլատեան կը դառնայ Մարաշի Հայրենակցական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը, որ ձեռնհասօրէն պիտի վարէր 12 յաջորդական տարիներ, դարձեալ շրջելով սփիւռքի զանազան գաղութներ՝ ամրապնդելու Հայրենակցական մասնաճիւղերու կառոյցները: Իր ատենապետութեան շրջանին ան երրորդ անգամ ըլլալով ստանձնեց Մարաշի «Գերմանիկ» պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը, նոր վերելքով մը կանգուն պահելով պաշտօնաթերթը: 1985-ին առաւելաբար Փոլատեանի ջանքերով ու նախաձեռնութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի ԹՄՄ-ի զանազան մասնաճիւղերու, կազմակերպուեցաւ Փոլատեանի նախկին ուսուցիչ՝ բանաստեղծ Վահէ Վահեանի գրական գործունէութեան 50-ամեակը, ուր բանաստեղծը ներկայ եղաւ շրջելով զանազան գաղութներ:

1993-ին հանգստեան կը կոչուէր ՀԲԸՄ իութեան իր պաշտօնէն, բայց ան շարունակեց խմբագրել «Յուշարար» Միութեան պաշտօնաթերթը մինչեւ 1997 թուականը: Պէտք է ըսել, որ իր սերմանած հրատարակչական այս պաշտօնաթերթի շարունակութիւնը, անգլերէն լեզուով ու արդիական տպագրական մօտեցումով շարունակուեցաւ լոյս տեսնել, հասնելու ՀԲԸՄիութեան առաքելութեամբ տոգորած անգլիախօս սերունդին:

Հանգստեան կոչուելէ ետք երախտաւորը իր կուսակցական, միութենական ու գրական գործունէութիւնը միշտ ալ խանդավառ շարունակեց աշխատակցելով նաեւ «Հայաստանեայց Եկեղեցի» եւ «Հայաստանի Կոչնակ» թերթերուն:

Փոլատեան խմբագրած է նաեւ 1100 էջնոց «Պատմութիւն Արաբկիրի Հայոց» հատորը, որ լոյս տեսաւ 1969-ին՝ Նիւ Եորքի մէջ: Իսկ իտ պատրաստած «Խրիմեան Հայրիկ» գրքոյկը լոյս տեսաւ Հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Աւելի ուշ 2002-ին լոյս տեսաւ իր կողմէ պատրաստուած «Հերկ եւ Բերք» հատորը, իսկ 2004-ին լոյս կը տեսնէ Շահան Շահնուրին նուիրուած գրական իր աշխատասիրութիւնը:
Առողջական իր վիճակը արդէն վատթարացած էր, ու երախտաւորը 2005 Փետրուարին Նիւ Ճըրզիի մէջ մահկանացուն կը կնքէր, ետին թողելով հրապարագրական հարուստ վաստակ մը:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner