“ԱՅՍ ԴՊՐՈՑԸ ԿԸ ԲԱՆԱՄ ԱԶԳԻՍ ՎՐԷ՜ԺԸ ԼՈՒԾԵԼՈՒ” – ՓԱԿԵԼՈՎ ՈՒ՞Մ ՎՐԷԺԸ ԼՈՒԾԵՑԻՔ

*ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*
Քեսապի եւ Սուրիահայութեան ներկայիս դիմագրաւած տագնապը կ՛արդիականացնէ Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի վերաբացման հարցն ու անհրաժեշտութիւը:
Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան վերաբացման պահանջով , խնդրանքով , բազմաթիւ բաց նամակներ յղուած են Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին, Հայոց զոյգ կաթողիկոսներուն , ՀՀ Սփիւռքի եւ Կրթութեան ու գիտութեան նախարարներուն:
Նամակները մնացած են անպատասխան :
Այս անգամ կը հրապարակենք «Փակ» նամակ ,եթէ բաց նամակը կը մնայ անպատասխան , գուցէ Փակ անուանուող նամակը կը հետաքրքրէ հասցէատէրերը:
**********
Փակ նամակ
Սուրիահայութիւնը, Հայկական Բարեգործական ԸնդհանուրՄիութիւնը Եւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը
Պէտք կա՞յ ըսելու որ Քեսապի պարպումը կանխամտածուած էր:
Պէտք կա՞յ ըսելու որ մերօրեայ Քեսապի քանդումը ուղղակի շարունակութիւնն է Ցեղասպանութեան, եւ յենակէտներէն մին՝ Բան-Թուրքական կամ Բան-Թուրանական ապագայ կայսրութեան:
Պէտք կա՞յ ըսելու որ այս Թուրքիոյ կողմէ զօրաւոր ապտակներէն մէկն է Հայութեան ուղղուած՝ ի պատասխան Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Յուշաշխատանքներուն որպէս սկզբնական հակադարձութիւն:
Ինչու՞ Հալէպի հայկական թաղերը թիրախ են կազմակերպուած ռմբակոծումներու:
Ինչու՞ Տէր Զօրի մեր սրբատեղիները պղծուեցան, կողոպտուեցան, քանդուեցան:
Ցոյցեր կազմակերպեցինք, ըստ հայ մամուլին՝ «քանի մը հարիւր ցուցարարներ»ով… Լոս Անճելըսի մօտ կէս միլիոն հաշուող գաղութէն միայն «քանի մը հարիւ՞ր»… Եւ մենք կ’ուզենք տպաւորել ոչ-հայ զանգուածները եւ ազդարարել Թուքիոյ որ «էդ մենք ենք գալիս»…
Շուրջ 85,000 հաշուող Սուրիահայութեան կէսէն աւելին արդէն իսկ գաղթականներ են Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներու մէջ: 2000 Քեսապցիներ եկան միանալու այս զանգուածին: Մեր բոլոր հռետորաշունչ բանախօսութիւնները մէկ շերտ հող անգամ չեն կրնար ազատագրել Քեսապէն կամ պնակ մը կերակուր տալ որբեւայրիի մը: Լաթաքիոյ, Դամասկոսի, Պէյրութի եւ այլ շրջաններու հայերը, որքան որ ալ փորձեն պատսպարել այս գաղթականները, կացութիւնը տակաւին կը մնայ ողբերգական: Չմոռնանք որ Սուրիահայերը, ոչ – գաղթական Սուրիահայերը, իրե՛նք տակաւին պէտք ունին արտաքին օժանդակութեան: Եւ այս օժանդակութեան կարօտ հայերը ինչպէ՞ս պիտի օգնեն գաղթական հայերուն, եւ մինչեւ ե՞րբ:
Գիտենք: Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, ՀՕՄը, Եկեղեցիները, բազմաթիւ անհատներ, բարեսիրական կազմակերպութիւններ, ինչու՞ չէ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Կարմիր Խաչը եւ ուրիշներ օգնութիւն կը ղրկեն Սուրիահայերուն: Շնորհակալ ենք: Հիմնական ի՞նչ քայլեր կ’առնուին փրկելու
Սուրիոյ մեր գաղթականները:
Միջին Արեւելքի հայկական գրեթէ բոլոր գաղութները քանդուեցան: Լիբանանի, Իրանի, Իրաքի, Յորդանանի, Եթովպիոյ եւ հիմա՝ Սուրիոյ հայկական կեդրոնները կիսակործան, արդէն իսկ սկսած են պարպուիլ հայերէն: Քեսապը, որպէս շարունակութիւնը Կիլիկիոյ, իր հազարամեայ բնիկ բնակչութենէն արդէն իսկ պարպուեցաւ: (Ոմանք կ’ըսեն որ Մեծն Տիգրանի օրերէն հայեր հաստատուած էին Քեսապ:) Նոյնիսկ եթէ Սուրիական բանակը վերագրաւէ Քեսապը, ան արդէն քարուքանդ է: Հարիւրաւոր տարիներու մեր շինարար Քեսապցիներուն աշխատանքը փճացաւ: Կրնա՞նք վերաշինել…
Մնաց Կիպրոսը, ուր հայ գաղութը կը վայելէ Կիպրոսի բարեխնամ կառավարութեան հովանին, պաշտպանութիւնն ու խնամքը:
Մեծ Եղեռէն ետք, հայերէն չգիտցող, թրքախօս Աղա Կարապետ եւ Աղա Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրները Աստուածային տեսիլքո՞վ թէ Արեան Կանչին անսալով, իմաստութիւնը ունեցան Կիպրոսի մէջ հիմնելու Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, ուր հարիւրաւոր հայ որբեր, մէկ մասնիկը Մնացորդացին, պատսպարուեցան, ուսանեցան եւ յաջորդող տասնամեակներուն Հայ Սփիւռքի Զարթօնքին, Հայ Սփիւռքի կազմութեան մէջ բերին իրենց անփոխարինելի նպաստը: «Այս դպրոցը կը բանամ Ազգիս Վրէ՜ժը լուծելու» ըսաւ Մեծ Բարերարը: Եւ սփիւռքի կազմութեամբ, կազմակերպուածութեամբ, Մելգոնեանի Լուսոյ Կաճառէն, Լուսոյ Տաճարէն ցոլարձակուող ճառագայթներով յաջորդական սերունդները աղօթեցին Մեսրոպի լեզուով, երգեցին Կոմիտասեան Շարականներն ու երգերը, ասմունքեցին Թէքէեանը, Շիրազն ու Կապուտիկեանը, Տէրեանը, Սիամանթօն ու Վարուժանը եւ մասամբ լուծեցին Ազգին Վրէժը մաքուր Հայեր մնալով:
Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, Եղեռնէն ետք «Մեծ Պարգեւ»ը, «Մեծագոյն Բարիք»ը եղաւ հայութեան: Աստուածատուր Պարգեւը՝ Սփիւռքի Հայութեան եւ մասամբ՝ Հայաստանին: Հազարաւոր հայ որբեր եւ ապա վերապրած խլեակներու նորածին սերունդնե՜րը ամբողջ պատսպարուեցան, հասակ առին հոն, ընտանիք կազմեցին եւ բազմացուցին Թորգոմայ Տոհմը: Հայապահպանութեան ամուր ամրոցն ու հայակերտութեան լուսաշող դարբնոցը եղաւ ան: Սրբազա՜ն Վրէ՛ժ:
Տակաւին, Մեծ Բարերարը իմաստութիւնը ունեցաւ իր կտակը վստահելու Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, որուն իմաստուն ղեկավարութեամբ, Հաստատութիւնը գոյատեւեց ութ տասնամեակներ:
Փառք ու Պատիւ Մելգոնեան Եղբայրներուն: Աշխարհացրիւ Մելգոնեանցիները ամէն տարի, Յունուարի կէսերուն, Սբ. Յովհաննու Կարապետի Տօնին, կը խոնարհին անմար յիշատակին առջեւ հայ ժողովուրդի Մեծագոյն Բարերարներուն, իրենց Հոգիի Ծնողներուն, իրենց «մտերիմ» Բարերարներուն:
Այսօր, Սփիւռքահայութիւնը կը գտնուի «Ճերմակ Ջարդ»ի վերջին հանգրուանին:
Ճերմակ Ջարդին եկաւ միանալ կարմիր ջարդը: Ճերմակ Ջարդը Միջին Արեւելքի շատ մը գաղութները «մաքրեց», հայերէնը մոռցնել տուաւ քիչ մը ամէն տեղ եւ Հայու Հոգին ու Ոգին օտար մշակոյթներու տիղմին մէջ մխրճեց: Այժմ Սուրիոյ հայութեամբ բաբախուն քաղաքներուն, ինչպէս Ռաքքայի, Տէր Զօրի, Դամասկոսի, Հալէպի, այլ վայրերու եւ հիմա ալ Քեսապի հայութեան պարպումով, անոնց տուներուն, աշխատավայրերուն, ակումբներուն, դպրոցներուն, ազգային այլ կառոյցներուն, Եկեղեցիներուն եւ Սրբատեղիներուն քանդումով եւ բազմաթիւ սպաննութիւններով կարծես վերջին հատորը կը գրուի Հայ Սփիւռքին:
Բայց Մենք գիտենք Ապրիլ: Մենք գիտենք որպէս փիւնիկ, մոխիրներէն յարութիւն առնել եւ աղաղակել «Մենք Կանք, Պիտի Մնանք, ու Դեռ՝ Շատանանք»:
Ինչպէս Մեծ Եղեռնէն ետք Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը Մեծ Պարգեւը եղաւ հայութեան, այսօր ալ, Սուրիահայութեան այս Մեծ Վիշտի օրերուն, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան վերաբացումը Վերանորոգուած Մեծ Պարգեւը պիտի ըլլայ սփիւռքահայութեան, բայց մանաւանդ՝ Սուրիահայութեան:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Պատկառելի Կեդրոնական Վարչութիւնը եթէ Սփիւռքահայութեան, բայց մանաւանդ Սուրիահայութեան ներկայի տագնապալի եւ շատ վտանգաւոր կացութիւնը նկատի առնելով վերաբանայ ազգապարծան այս Մեծ Հաստատութիւնը, ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԲԱՐԻՔը գործած պիտի ըլլայ սփիւռքահայութեան:
Մեծ թիւով Սուրիահայ աշակերտներ պիտի պատսպարուին ապահով միջավայրի մէջ, պիտի ուսանին, պիտի սորվին Մեր Մայրենին , եւ երբ ժամանակը գայ, պիտի վերադառնան Հալէպ, Քեսապ թէ Դամասկոս (եւ այլուր), Լուսոյ Տաճարին Լոյսը տանելով իրենց հետ եւ մեր գաղութները պիտի ապրին Արշալոյսը Մեծ Զարթօնքին:
Տակաւին, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան վերաբացումով, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՆՈՒԷՐ ը տուած պիտի ըլլայ ողջ հայութեան՝ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին:
«Ազգիս Վրէժը Լուծելու» ուրիշ ի՞նչ աւելի մեծ զէնք՝ քան Հայ Լեզուի փրկութիւնը արտասահմանի մէջ:
Մեր Նահատակներուն Յիշատակը յարգելու ի՞նչ աւելի մեծ միջոցառում՝ քան վերաբացումը Զոյգ Շէնքերուն Մելգոնեանի:
Հայ Լեզուի փրկութեան ի՞նչ աւելի մեծ կրթական հաստատութիւն՝ քան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը:
Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ի՞նչ աւելի ապահով ամրոց՝ քան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը:
Հայ Ոգիի վերազարթօնքի եւ վերանորոգման ի՞նչ աւելի մեծ դարբնոց՝ քան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը:
Ձեզմէ շատերուն ծանօթ է թէ խումբ մը Մելգոնեանցի Շրջանաւարտներ «Կոչ – Բաց Նամակ»-ով մը դիմեցին Հ.Բ.Ը.Միութեան Պատկառելի Կեդրոնական Վարչութեան եւ անոր Նախագահ՝ Տիար Պերճ Սեդրակեանին որպէսզի վերաբանան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը:
Նոյնպէս, «Խնդրանք – Բաց Նամակ»-ով մը նոյն խումբը դիմեց Ամենայն Հայոց եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներուն, ՀՀ Վսեմաշուք Նախագահին, ՀՀ Սփիւռքի եւ Կրթական Նախարարներուն եւ Աւանդական երեք Կուսակցութիւններու Գերագոյն Մարմիններուն որպէսզի բարեխօսեն առ որ անկ է՝ վերաբանալու Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը:
Ժամանակը շատ սուղ է:
Կը սպասենք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան պատասխանին:
Մինչ այդ՝ ապահովութիւն եւ համբերութիւն կը մաղթենք մեր Սուրիահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
Armweeklynews.am
3 ردود على ““ԱՅՍ ԴՊՐՈՑԸ ԿԸ ԲԱՆԱՄ ԱԶԳԻՍ ՎՐԷ՜ԺԸ ԼՈՒԾԵԼՈՒ” – ՓԱԿԵԼՈՎ ՈՒ՞Մ ՎՐԷԺԸ ԼՈՒԾԵՑԻՔ”
اترك رداً على mihra tcholamia إلغاء الرد
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات


Ayo ayo jamaage hasaz e yev bedk e HPEM e corzi anznelou. Ayo turke ir nbadagin ge hasni yev menk dagavi mer hoghere veratarzin ge sbase k…100 a myag koskov te gorzov??????
Sorry need correction my previous Email. .
Mihran Tcholakian
Thanks and Good luck
Ի՞նչ, ինչպէ՞ս, ինչ՞ու կրնանք շարունակել առանց վերջակէտ դնելու: Շատերս գիտենք միմիայն լալ ու ողբալ: Երբ գործի ելլենք շատ լաւ գիտենք իրարու միս ուտել: Երբ կենսական գործել պէտք ըլլայ, այն ատէն կը քնանաք խոր քունով ինչպէս մինչեւ հիմա…