• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Քանի Իրաւագիր Կը Ստանան Ազգային Ժողով Անցած Քաղաքական Ուժերը. Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը Ամփոփեց

11.04.2017   07:35

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը յայտարարեց, թէ քանի իրաւագիր կը ստանան խորհրդարան անցած կուսակցութիւններն ու դաշինքները:

Այսպէս՝ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը կը ստանայ 58 իրաւագիր, որմէ երեքը` ազգային փոքրամասնութիւններուն (ասորի, քիւրտ, եզիտի), «Ծառուկեան» դաշինքը` 31, որմէ մէկը ռուս համայնքի ներկայացուցիչին,«Ելք» դաշինքը` 9, իսկ ՀՅԴ-ն` 7:

Տիգրան Մուկուչեանի խօսքով` ոչ մէկ քաղաքական ուժ լրացուցիչ իրաւագիր պիտի չստանայ:

Նշենք, որ ԿԸՅ վերջնական տուեալներով, ընտրութիւններուն մասնակցած է քուէարկելու իրաւունք ունեցող 2 միլիոն 588 հազար 468 քաղաքացիներէն 1 միլիոն 575 հազար 786 քաղաքացի կամ քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 60,93 տոկոսը: Հինգ ուժեր չեն յաղթահարած անհրաժեշտ շեմը եւ չեն մտած խորհրդարան: Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան երկու կուսակցութիւններ` Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, եւ երկու դաշինքներ` «Ծառուկեան» դաշինքը եւ «Ելք» դաշինքը:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner