• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներու Մասնակցութեամբ

01.03.2018   18:52

Փետրուար 28-ին տեղի ունեցաւ տեսաժողով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներու եւ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի տարածաշրջանի հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Հայաստանէն տեսաժողովին կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, ՍՆ տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու հետ կապերու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան, ինչպէս նաեւ նախարարութեան աշխատակիցներ:
Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի տարածաշրջանէն տեսակապով հանդիպման կը մասնակցէին «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան, «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, «Արարատ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Անի Եփրեմեան, Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան մամուլի պատասխանատու, «Էրեբունի» լրատուական կայքի գլխաւոր խմբագիր Ահարոն Շխրտմեան, «Խօսնակ» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան (Լիբանան), «Արաքս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Մովսէս Քէշիշեան (Իրան), «Ազդարար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Կարօ Արսլանեան (Քուէյթ), «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան (Սուրիա), «Սուրբ Թադէոս» լրագրի գլխաւոր խմագիր Ռաքէլ Մարգարեան (Յորդանան):
Ողջունելով տեսաժողովի մասնակիցներուն՝ նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան նշեց, որ արդէն որոշուած է համաժողովի կայացման յստակ ժամանակահատուածը, ուրուագծուած է քննարկուելիք հարցերու շրջանակը, համաժողովի ձեւաչափը ենթարկուած է որոշ փոփոխութիւններու: Նախարարի տեղակալը կարեւորեց տեսաժողովի իւրաքանչիւր մասնակիցի կարծիքը եւ յոյս յայտնեց, որ անոնք հանդէս կու գան նոր առաջարկներով ու կը ներկայացնեն իրենց դիտարկումները: Սերժ Սրապիոնեան շնորհաւորեց «Խօսնակ» պարբերականի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանին թերթի 60-ամեայ յոբելեանի առթիւ եւ մաղթեց, որ անսպառ ըլլայ «Խօսնակ»-ի խօսքի ուժը:
«Արաքս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Մովսէս Քէշիշեան յատկապէս կարեւորեց օտար լրատուամիջոցներու մէջ աշխատող հայ եւ, ինչու չէ, նաեւ օտարազգի լրագրողներու, հետազօտողներու ներգրաւումը համաժողովի աշխատանքներուն եւ նշեց, որ անոնց հրապարակումները կրնան դերակատարութիւն ունենալ համահայկական հարցերու վերաբերեալ հանրային կարծիք ձեւաւորելու գործընթացին մէջ: Շարունակելով ներկայացուած առաջարկը՝ «Ազդարար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Կարօ Արսլանեան շեշտեց, որ օտար լրատուամիջոցներու մէջ կան բազմաթիւ լրագրողներ, որոնք հետաքրքրուած են հայաստանեան իրականութեամբ, եւ համաժողովի աշխատանքներուն անոնց ներգրաւումը կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ:
«Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան կարեւոր համարեց նաեւ հայաստանեան եւ օտարերկրեայ լրատուամիջոցներու համագործակցութիւնը, գործակցութեան համաձայնագիրերու կնքումը, ինչի շնորհիւ կարելի կ’ըլլայ Հայաստանը ճանաչելի դարձնել նաեւ օտարազգիներուն:
«Էրեբունի» լրատուական կայքի գլխաւոր խմբագիր Ահարոն Շխրտմեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ օտարերկրեայ լրատուամիջոցներու հետ աշխատանքները պէտք է շարունակական ըլլան եւ ընթանան նաեւ համաժողովէն ետք:
«Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան անդրադարձաւ համաժողովի ձեւաչափի փոփոխութիւններուն եւ նշեց, որ մասնակիցները երեւանեան աշխատաժողովէն ետք մէկ օրով պիտի ըլլան Տաւուշի մարզի սահմանապահ բնակավայրերուն մէջ, ապա պիտի այցելեն Արցախ: Ըստ Գանտահարեանի՝ սահմանամերձ բնակավայրերուն ծանօթանալով՝ մասնակից լրագրողները իրենց յօդուածներուն մէջ կը կարողանան ճիշդ նկարագրել տիրող իրավիճակը, զայն ներկայացնել նաեւ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան: «Ի հարկէ, ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100, Երեւանի 2800, Արցախեան շարժումի 30 ամեակները»,- ընդգծեց «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը:
Ողջունելով նմանատիպ քննարկումներու կայացումը՝ «Խօսնակ» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան յոյս յայտնեց, որ համաժողովի աշխատանքներուն գործօն դեր կ’ունենան հայաստանեան եւ արցախեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները, տեղի կ’ունենան հանդիպումներ, կարծիքներ եւ փորձի փոխանակում նաեւ հայ երիտասարդութիւնը ներկայացնող շրջանակներուն հետ:
«Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան կարեւորեց նախկին համաժողովներու արդիւնքներու ներկայացումն ու ամփոփումը՝ արժեւորելով անոնց նկատառելի իրագործումները եւ հրաւիրելով տակաւին չիրականացուած ծրագիրներու քննարկման, այսպէսով կապ մըն ալ ստեղծելու համաժողովներուն միջեւ:
ՍՆ տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան նշեց, որ համաժողովի նախագիծի նախնական տարբերակը կը պատրաստուի եւ կը ներկայացուի տեսաժողովի մասնակիցներու դատին:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner