• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

National Geographic-ը Երեւանը Դասած է Համեղ Սնունդ Ունեցող 6 Քաղաքներու Շարքին

14.01.2017   14:00

Հեղինակաւոր National Geographic ամսագիրը հրապարակած է համեղ սնունդ ունեցող, սակայն այդ տեսանկիւնէն քիչերուն յայտնի քաղաքներուն ցանկը, որուն մէջ ներառուած է նաեւ Երեւանը:

NT-ի լրագրող Նենսի Գափթօնը Երեւանի մէջ այցելած է կեդրոնին մէջ գտնուող շարք մը յայտնի ճաշարաններ ու սրճարաններ, ուր համտեսած է տարբեր կերակրատեսակներ` առանձնակի ուշադրութիւն դարձնելով աւանդական տոլմային եւ, անշուշտ խորովածին։ Այս մասին կը փոխանցէ Tert.am-ը:

Նշենք, որ Գափթօնը Երեւանի մէջ յատկապէս սիրած է Քասքատը` իր բազմաթիւ հիւրընկալ սրճարաններով:

Յայտնի է, որ Երեւանէն զատ` 6 հորիզոնականէն բաղկացած ցանկին մէջ ներառուած են նաեւ՝ Պուտափեշտը (Հունգարիա), Տիթրոյտը (ԱՄՆ), Սանթիակօն (Չիլի), Տաքարը (Սենեկալ) եւ Վելինկթընը (Նոր Զելանտիա):

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner