Հակահայ Գրութիւններ Պոլսոյ Ս. Խաչ Դպրեվանքի Պատերուն Վրայ

Պոլսոյ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ տոքթ. Թորոս Ալճանի ստորագրութեամբ հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէ, թէ դպրեվանքի պատերուն վրայ անծանօթներ ցեղապաշտական եւ սպառնական բնոյթով նախադասութիւններ գրած են։ Յիշեալ հաղորդագրութիւնը Թուրքիոյ հանրապետութեան ուշադրութեան կը յանձնէ այս դժբախտ պատահարը։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա» թերթը։
Տոքթ. Ալճան կը հաղորդէ, թէ այս հարցով ներկայիս մօտէն կը հետաքրքրուին Պոլսոյ երեսփոխան Մարգար Եսայեանն ու Սկիւտարի ապահովութեան տնօրէն Կիւրհան Քայան։
«Այսպիսի արարքներ ու ասոնց նմանները բացայայտօրէն ատելութեան յանցագործութիւն են, բայց դժբախտաբար, փոքրամասնական համայնքները պարբերաբար ենթակայ կը դառնան նմանօրինակ յարձակումներու։ Այս օրերուն, երբ երկրի միութեան ու միասնութեան համար Թուրքիոյ բոլոր միաւորները ձեռք ձեռքի տուած են, կը յուսանք, որ այս գրգռութեան յանցագործները շուտով կը բռնուին ու դատարան կը յանձնուին։ Խստիւ կը պախարակենք այս յանցագործութեան հեղինակները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Ըստ «Տեմոքրաթհապեր» կայքին՝ պատին վրայ գրուած է. «Ձեզի բերած ենք Քիւրշաթ թագաւորի ատելութիւնը» (Քիւրշաթ թուրք հերոսի մը անունն է): Աղբիւրը նկատել կու տայ, որ գրութեան հեղինակները կը ներկայանան որպէս Ապտուլլահ Չաթլիի հետեւորդները, որովհետեւ անոնք իրենց գրութեան տակ դրած են վերջինիս անունը:
Նշենք նաեւ, որ Չաթլի Թուրքիոյ ազգայանամոլ շրջանակներուն համար յայտնի է իբրեւ եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ ԱՍԱԼԱի դէմ գործողութիւններ կազմակերպած անձնաւորութիւն մը:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

