• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Եթէ Գերմանիան Չուղղէ Իր Սխալը Մենք Համարժէք Գործողութիւններու Կը Դիմենք». Էրտողան

10.06.2016   07:45

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան բռնցքամարտիկ Մուհամմետ Ալիի յուղարկաւորութեան մասնակցելու նպատակով ԱՄՆ մեկնելէ առաջ, օդակայանին մէջ հանդիպած է լրագրողներու հետ:

Ըստ Ermenihaber.am-ի անգամ մը եւս ան անդրադարձած է Գերմանիոյ դաշնային խորհրդարանի` Պունտեսթակի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարող բանաձեւի ընդունման:

«Խորհրդարանին մէջ կայացած քուէարկութեան ընթացքին վարչապետին չմասնակցելու փաստը տրամաբանուած էր: Բնականաբար մեր յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն ատիկա կը պահանջուէր իրմէ», նշած է Էրտողան անհրաժեշտ համարելով, որ այս պահէն սկսեալ Գերմանիան միջոցներ պիտի ձեռնարկէ ուղղելու իր սխալը:

«Եթէ Գերմանիան չուղղէ իր սխալը, մենք համարժէք գործողութիւններու պիտի անցնինք ու մեր քայլերը պիտի կատարենք ըստ այդմ: Ասկէ ետք գործընթացները այնպէս պիտի չըլլան, ինչպէս էին մինչեւ հիմա», զգուշացուցած է Թուրքիոյ նախագահը:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner