• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Երկու Մշակոյթ Մէկ Տանիքի Տակ» Խորագիրով Քննարկում Պելճիքայի Լիէժ Քաղաքին ՄԷջ

21.04.2016   07:42

Պելճիքայի Լիէժ քաղաքի «Մեսրոպ Մաշտոց» միութիւնը Ապրիլ 15-ին, Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին նուիրուած «Երկու մշակոյթ մէկ տանիքի տակ» խորագիրով քննարկում մը կազմակերպած էր: Այս մասին ըստ «Հայերն Այսօր»-ի կը յայտնէ միութեան նախագահ Լուսինէ Ներսիսեան:

Հաւաքի սկիզբը ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ֆիլմ մը, որուն մէջ ներկայացուած էր հայ տղու եւ թուրք աղջկայ մէջ ամուսնութեան իրական պատմութիւնը: Ֆիլմէն յետոյ բանավէճ ծաւալեցաւ, որ վարեցին տ. Զատիկ վարդապետ Աւետիքեան  եւ Պելճիքայի մէջ հայ հոգեբան Նունէ Գարախանեան:

Քննարկման ընթացքին լսուեցան բազմաթիւ մասնագիտական բացատրութիւններ, կարծիքներ հնչեցին երկու մշակոյթներու համատեղ  կեանքի վերաբերեալ: Հետաքրքրական էին յատկապէս ձեռնարկին ներկայ այլազգիներու կարծիքը, որոնք ամուսնացած են հայ կանանց հետ:

Հաշուի առնելով ներկաներու հետաքրքրուածութիւնն ու աշխուժութիւնը, միութեան ղեկավարները խոստացան յաճախակիօրէն կազմակերպել նմանօրինակ քննարկումներ:

 

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner