• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Պաքուին Զէնք Մատակարարելու Խնդրով Հայաստան Թէլ Աւիւին Բողոք Ներկայայցուց.Haaretz

14.04.2016   18:05

Ըստ իսրայէլեան Haaretz թերթին, Հայաստան բողոք ներկայացուցած է Իսրայէլին,   Պաքուին  զէնք վաճառելու  խնդրով: Թերթին հրապարակման համաձայն, Հայաստան այդ բողոքը կատարած է այն դէպքէն ետք, երբ ազրպէյճանական բանակը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ յարձակման ժամանակ իսրայէլեան արտադրութեան անօդաչու անձնասպանական սարք գործածած է: «Երուսաղէմի մէջ բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը յայտարարեց, որ հայկական կողմը բողոք ներկայացուցած է Իսրայէլի կողմէ Ազրպէյճանին զէնքի մատակարարումներու առիթով, զէնքեր որոնք գործածուած են հայկական բանակին դէմ», կը գրէ իսրայէլեան թերթը:

 

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner