• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Եւրոպական Խորհրդարանի Պատգամաւորը Արցախի Անկախութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ

14.04.2016   17:56

Եւրոպական Խորհրդարանի (ԵԽ) Կանաչներ-Եւրոպական ազատ դաշինքի ներկայացուցիչ Ճոզէֆ Մարիա Թերիքապրաս (Սպանիա) Երեքշաբթի, Ապրիլ 12-ին ելոյթ ունեցած է ԵԽ լիագումար նիստին առջեւ՝ պահանջելով Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները ներառել ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի հովանիին տակ կատարուող բանակցութիւններուն մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը։

«1991-ի Դեկտեմբեր 10-ին, Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան գերակշռող մեծամասնութիւնը կողմ քուէարկեց անկախութեան հանրաքուէի ընթացքին: Այս ժողովրդավարական գործընթացին ի պատասխան, Ազրպէյճան սկսաւ ռազմական յարձակումի, որուն հետեւանքով շուրջ 30 հազար զոհեր արձանագրուեցան: Ապա Ազրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կնքուեցաւ հրադադարի համաձայնագիր: 1992-ին Մինսքի խմբակի ստեղծումը կարեւոր էր այս առումով, սակայն Ազրպէյճան կը հրաժարի հրադադարի խախտումները արձանագրելու նպատակով հետաքննութեան համակարգի կիրառումէն: Լեռնային Ղարաբաղը ամբողջութեամբ ժողովրդավարական է՝ օրինակելի դատական համակարգով եւ զեղծարարութեան ցած մակարդակով: Այդ իսկ պատճառով, մենք կը պահանջենք Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները ներառել՝ Մինսքի խմբակի բանակցային գործընթացի մէջ, քանի որ անոնք կրնան որոշել երկիրի բնակիչներուն ապագան: Ռազմական հակամարտութիւնը մէկընդմիշտ լուծելու նպատակով, անհրաժեշտ է նաեւ միջազգայնօրէն պաշտօնապէս ճանչնալ նորանկախ պետութիւնը», ըսած է սպանացի խորհրդարանականը:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner