• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Այս Պատերազմը Երկար Պատմութիւն Ունի». Իտալական Sky TG24 Հեռուստաալիքի Լրագրողի Նիւթը Արցախէն

13.04.2016   07:31

Իտալական Sky TG24 լրատուական հեռուստաալիքի լրագրողը նիւթ պատրաստած է Լեռնային Ղարաբաղէն` մեկնելով առաջնագիծ:

Իտալացի լրագրողը զինծառայողներու ուղեկցութեամբ, խորհրդային ինքնաշարժով հասած է առաջնագիծ։ Այս մասին կը յայտնէ Tert.am-ը:

Ցոյց տալով տարածքը լրագրողը նշած է, որ Ապրիլի 2-5 երկարող ժամանակաշրջանին այդտեղ տեղի ունեցած են թէժ մարտեր:

«Այստեղ ազրպէյճանական զօրքերը փորձած են ճեղքել եւ թափանցել դէպի Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի խորքերը», պատմած է լրագրողը:

Ինքնաշարժին մէջ անոր ուղեկցող զինծառայողներէն մէկը կը բացատրէ, որ ճամբան ուրկէ կ՛ընթանան, փորուած է մօտակայքը գտնուող ազրպէյճանցիներու հրթիռներէն եւ հրանօթներէն պաշտպանուելու համար:

Լրագրողը կը դիմաւորեն դիրքերուն մէջ եւ կը նախազգուշացնեն պահպանել անվտանգութեան կանոնները, քանի որ կը գտնուին առաջնագիծի վրայ, իսկ դիմացը կանգնած են ազրպէյճանցի դիպուկահարները: Զինուորականը այնուհետեւ ցոյց կու տայ լրագրողին, թէ ուր կանգնած են ազրպէյճանցի դիպուկահարները:

Լրագրողը կը նշէ, որ ազրպէյճանցիները կը գտնուին 150 մեթր հեռաւորութեան վրայ, եւ հարկաւոր է խօսիլ ցած ձայնով, իսկ դիմացը տեսնելու համար հարկաւոր է նայիլ յատուկ դիտման համար պատրաստուած անցքի միջով, ան ալ ընդամէնը քանի մը վայրկեան, այլապէս կարելի է գլուխէն կրակոց ստանալ: Ան կը հետաքրքրուի նաեւ, թէ ինչու համար ժանգոտած են տարրաները:

«Այս խրամատներուն մէջ տարուող պատերազմը երկար պատմութիւն ունի», կ՝ըսէ լրագողը եւ կը յիշեցնէ 1990-ականներու պատերազմի մասին:

Զինուորականը լրագրողին կը պատմէ, թէ ինչպէս ազրպէյճանցիները օրեր առաջ յարձակած են իրենց դիրքերուն վրայ եւ թէ իրենք ինչպէս ետ մղած են անոնց: «Մենք կը կրակենք միայն մեզ պաշտպանելու համար, երբեք չենք յարձակիր», ըսած է զինուորականը:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner