Սթամպուլի Մէջ Գաղտնի Փաստաթուղթ Մը Բացայայտուած Է Տինքը 1990ականներէն Հետապնդելու Մասին

Պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութեան թղթածրար մտած փաստաթուղթերը, հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը բացայայտեն իրականացած ոճիրի կողքին պետութեան, մասնաւորաբար ոստիկանութեան եւ հետախուզութեան գործողութիւններուն վերաբերեալ: Գործի քննութեան ծիրէն ներս յայտնաբերուած է փաստաթուղթ մը, որմով պարզուած է, թէ ինչո՛ւ Տինքին երկար տարիներ անձնագիր չէ տրամադրուած: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս» պարբերականը:
«Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինք շատ երկար տարիներ անցագիր չէր ունեցած։ Իր դիմումները մերժուած էին շուրջ 25 տարիներ։ 1997ի պատկանող եւ «գաղտնի» նշանակուած այդ փաստաթուղթի մէջ բացի Հրանդ Տինքէն, մեկնաբանութիւններ կային նաեւ այդ ժամանակ Պատրիարքական Փոխանորդ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի հասցէին։ «Ֆրադ Տինք անուն անձը մեր կողմէ կը հետապնդուի իր հայանպաստ գործունէութեան պատճառով։ Հայերու կողմէ հրատարակուած «Ակօս» թերթի խմբագիրն է եւ սերտ յարաբերութիւն ունի հայկական ազգայնական հակումներով ծանօթ Պատրիարքարանի Փոխանորդ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի հետ»։
Միւս կողմէ դարձեալ փաստաթուղթերով յայտնի կը դառնայ, թէ պետութիւնը հետաքրքրուած է Տինքի ոճրագործ Օկիւն Սամասթի եւ ոճիրի պատուիրատու Եասին Հայալի ազգային պատկանելիութիւնով։ Անվտանգութեան Ընդհանուր Տնօրէնութեան Լրաքաղութեան Բաժինի կողմէ ուղարկուած բացատրութեան մէջ յստակօրէն կը նշուի, թէ Կիւմիւշհանէ քաղաքի Տէմիրէօրէն գիւղի բնակիչ արձանագրուած Պահատտին- Հուրիի որդի, 1981-ին Տրապիզոն ծնած Եասին Հայալի արձանագրութիւնը հետախուզուած է մինչեւ 1904 թուական եւ տեսնուած է, թէ ընտանիքի անդամներուն մէջ կրօնափոխութիւն կամ ոչ իսլամ պատկանելութիւն մը գոյութիւն չունի։ Նմանապէս Տրապիզոնի Տիւզգէօյ գաւառի Չալգէօյ գիւղի տոմարին արձանագրուած Ահմէտ-Նավվայի որդի, 1990-ին Սկիւտար ծնած Օկիւն Սամասթի արձանագրութիւնը հետախուզուած է մինչեւ 1899 թուական եւ տեսնուած է, թէ ընտանիքի անդամներուն մէջ կրօնափոխութիւն կամ ոչ իսլամ պատկանելութիւն մը գոյութիւն չունի։
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

