• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Յունաստանի Խորհրդարանը Պիտի Քննէ Ցեղասպանութեան Հերքումը Պատժող Օրինագիծը

23.08.2014   19:13

Յունաստանի խորհրդարանը Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26-27ին պիտի քննէ ցեղապաշտութեան հիման վրայ բռնութեան հրահրման մասնակից քաղաքական կուսակցութիւններու եւ անհատներու համար խստացուող պատիժներու առնչուող նոր օրինագիծը:

Օրինագիծի դրոյթներուն համաձայն՝ ցեղապաշտութիւն քարոզող կուսակցութիւնները կամ միաւորումները 1-6 ամիսով պիտի զրկուին որեւէ տեսակի պետական օժանդակութենէ:

Արդարադատութեան նախարարը կրնայ նաեւ 10-100 հազար եուրօ տուգանք սահմանել ցեղապաշտութիւն քարոզող անձերուն, իսկ ուղղակի ցեղապաշտական արարքներու մասնակիցները կրնան 3 ամիսէն մինչեւ 3 տարուան բանտարկութեան ու 5-20,000 եուրօ տուգանք վճարելու դատապարտուիլ։

Արդարադատութեան նախարարութիւնը նկատի պիտի առնէ Նոր ժողովրդավարութիւն խմբակցութեան 38 պատգամաւորներու կողմէ տրուած այն առաջարկը, թէ՝ օրինագիծին մէջ յստակօրէն պէտք է նշուի Սեւ ծովու եւ Փոքր Ասիոյ տարածաշրջաններուն մէջ յոյներու, ինչպէս նաեւ հայերու ու ասորիներու ցեղասպանութեանց հերքումը՝ իբրեւ ցեղապաշտութեան դրսեւորում:

 

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner