Ստրասբուրգում հայերը միասնության ցույց են անում

 Ֆրանսիայի հայերը, հայ-ադրբեջանական սահմանին Ադրբեջանի կողմից հրահրված լարվածության ֆոնին, Ստրասբուրգում միասնության ցույց են անում՝ հայկական հայրենասիրական երգ ու պարի ներքո: «Արմենպրես»-ի հաղորդմամբ՝ հավաքվածքները ծածանում են Հայոց եռագույնը, երգում, հարենասիրական երգերի ներքո շուրջպար  բռնում:  Հայերը ստրասբուրգյան փողոցներում հնչեցրին և երգեցին նաև ՀՀ օրհներգը: Նրանք պատրաստվում են իրենց ընդառաջ եկող արբեջանցիներին դիմավորել հայկական պարերի ներքո՝ ըստ էության անտեսելով նրանց:

 

Ադրբեջանի զինված ուժերի զինծառայողները հուլիսի 12-ին՝ ժամը 12:30-ի սահմաններում, ՈՒԱԶ մակնիշի ավտոմեքենայով Տավուշի ուղղությամբ ՀՀ պետական սահմանը խախտելու փորձ էին կատարել: Հայկական կողմի նախազգուշացումից հետո Ադրբեջանի զինծառայողները, թողնելով ՈՒԱԶ մակնիշի ավտոմեքենան, վերադարձել էին իրենց դիրք: Ժամը 13:45-ին Ադրբեջանի զինված ուժերի զինծառայողները կրկնել էին հայկական զինված ուժերի սահմանային դիրքը գրավելու փորձը՝ կիրառելով հրետանային կրակ, սակայն ճնշվել էին հայկական կողմից և, կորուստներ կրելով, ետ շպրտվել: Ավելի ուշ ադրբեջանական կողմը վերսկսել էր հրետակոծությունը՝ թիրախավորելով քաղաքացիական ենթակառուցվածքներ: Հայ-ադրբեջանական սահմանին հուլիսի 19-ի լույս 20-ի գիշերը, ինչպես նաև այս պահին, պահպանվել է հարաբերական անդորր։ Հակառակորդը սահմանի առանձին հատվածներում հրաձգային զինատեսակներից 9 անգամ խախտել է կրակի դադարեցման ռեժիմը` հայկական դիրքերի ուղղությամբ արձակելով շուրջ 137 կրակոց:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Օժանդակութիւնը Կենդանութիւն Կ՚ապահովէ Լիբանանի Մէջ

Հակառակ օրէ օր զարգացող դժուարութիւններու եւ ծառացած մարտահրաւէրներու, Լիբանանի Հայ Աւետարանական Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Աւետարանչականի օժանդակութեան բաշխումի ծրագիրի առաջին փուլը յաջողութեամբ աւարտած է։

          Սնունդի եւ կենցաղային այլ կարիքներու երկու մեծ բեռնատարեր ժամանած են Յունիսի 16-ին Ընկերային Ծառայութեան Թրատ թաղամասի կեդրոնը։ Սննդեղէնները եւ կենցաղային կարիքներու մթերքը պահեստաւորուած են Պէյրութի շրջանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու երիտասարդական խումբերու կամաւորներու կողմէ։

          Յաջորդող երկու օրերը երիտասարդաց կամաւոր խումբին համար ամենածանր էր։ Անոնք բծախնդիր աշխատանքով եւ նուիրեալ ծառայութեամբ կրցան իրենց պարտականութիւնը աւարտել մինչեւ իրենց տրուած ժամկէտը։

          Երիտասարները լրիւ կազմակերպուած էին։ Անոնք կենցաղային պաշարը փաթեթաւորեցին երկու տարբեր ծրարներու մէջ՝ զատորոշելու սննդեղէնը եւ այլ կարիքները եւ տեղադրելու զանոնք յատուկ տուփերու մէջ։ Անոնք բաժնեցին 200 տուփ եւ 400 տոպրակ՝ 200 կարիքաւոր ընտանիքներու, իւրաքանչիւր ընտանիքի մէկ տուփ եւ երկու տոպրակ։ «Քանի մը օրուայ ընթացքին ես առանձնաշնորհումը ունեցայ ծառայելու մեր համայնքին իմ ընկերներուս կողքին… եւ անոնց աչքերուն մէջ տեսնել երջանկութիւն, այդ ինքնին բաւարար էր երախտապարտ ըլլալու համար», ըսաւ երիտասարդ կամաւոր Յարութ Մելիքեանը։

          Կամաւոր երիտասարդները սնունդի եւ այլ կենցաղային կարիքներու ծրարներու մէկ մասը բաժնեցին Կեդրոնի տարածքին մէջ, իսկ մնացածը անձամբ հասցուցին նշանակուած տուները։ Ծրարներու յանձնումէն ետք ստեղծուեցան նաեւ կարճ աղօթքի հնարաւորութիւններ։ Երիտասարդ կամաւոր Դալար Հայտօսթեան, որ ծրար մը հասցուց տարեց կնոջ մը ըսաւ. «Ես հարցուցի կնոջ արդեօք ան որեւէ աղօթքի խնդրանք ունէր, որու համար կրնայի աղօթել։ Անոր դէմքը պայծառացաւ եւ ան անընդհատ շնորհակալութիւն յայտնեց ինծի»։

          Օգնութիւն ստացող ընտանիքներու մէջ կային անոնք, որոնք շարունակ տառապած են նիւթական դժուարութիւններէ եւ ուրիշներ՝ որոնք վերջերս կորսնցուցած են իրենց աշխատանքը եւ կամ կը ստանան իրենց աշխատավարձի միայն 25%-ը՝ ստեղծուած տնտեսական իրավիճակի կամ համաճարակի պատճառով։ «Իմ զգացումս այն էր, որ ներկայ դժուարին հանգամանքները, ալ աւելի ազդեցիկ դարձուցին մեր համայնքային ծառայութիւնը» ըսաւ կամաւոր Ճօրճ Սահիլի։

          Շնորհիւ բարերարներու աջակցութեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կարողացաւ օժանդակել 200 կարիքաւոր ընտանիքներու։ Օգնութիւններու բաժանումէն մէկ օր ետք, Հայ Աւետարանական Ընկերային Ծառայութեան Կեդրոնը արդէն հեռախօսազանգեր ստացաւ նպաստընկալներէն, յայտնելով անոնց, թէ առաջին անգամն էր որ անոնք կը ստանային այսքան առատ եւ որակեալ ծրարներու նուիրատուութիւն։ Երիտասարդ կամաւոր Կարին Ադամեան, երախտապարտ իրեն ընծայուած ծառայութեան այս հնարաւորութեան համար ըսաւ. «Շնորհակալ եմ Աստուծոյ որ ինծի հնարաւորութիւնը տուաւ փոխադարձելու իմ համայնքին, եւ ծառայելով Անոր՝ ծառայելու նաեւ ուրիշներու»։

          «Հակառակ մեր մտքերուն եւ հոգիներուն վրայ ճնշող սարսափելի հեռանկարին՝ կարիքաւոր ընտանիքներու սնունդ բաժանելու ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր կամաւորներու վկայութիւնները մեզի կու տան յոյսի, քաջալերանքի եւ իրագործումի փայլք», ըսաւ Զաւէն Խանճեան՝ Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէնը։ «Այս ծառայութիւնը պիտի չմնայ մէկուսացած գործունէութիւն, այլ շարունակական «ի հա՛րկ է ընել»ու ծառայութիւն մեր համայնքին, որ զոհն է տեղական, տարածաշրջանային եւ արտաքին ազդակներու, որոնք կիրարկած են այս անարդար հաւաքական պատիժը եւ ստեղծած Լիբանանի ներկայ ողբերգական իրավիճակը»։

          Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը յանձնառու է արտացոլացնելու Աստուծոյ սէրը մարդոց հանդէպ եւ իր ստացած օրհնութիւնները բաժնելու կարիքաւորներու հետ։ Եթէ կը փափաքիք աջակցիլ Աւետարանչականին որ ան շարունակէ հասնիլ համաճարակի պատճառով տառապող մարդոց եւ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մեր տառապող ժողովուրդին, կրնաք զանագահարել մեր Կեդրոնատեղին՝ 201.265.2607 հեռախօսահամարով կամ ձեր նուիրատուութիւնները կատարել այցելելով www.amaa.org կայքէջը։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1918-ին, որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, իր ծառայութիւնները մատուցանելու բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ իրագործելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ բարեսիրական ծառայութիւններ քսանչորս տարբեր երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Աւետարանչականի կայքէջը www.amaa.org։

 

 

 

 

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

 

 

 

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանը Յանձնեց 2019-2020 Տարեշրջանի 36 Աւարտականներու Հունձքը

Հինգշաբթի, 16 Յուլիս 2020-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը յանձնեց 2019-2020 տարեշրջանի աւարտականներու հունձքը՝ քորոնաժահրի պարտադրած արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ: Ի տարբերութիւն աւանդական դարձած համաժողովրդական հանդիսութեան, արարողութեան ներկայ եղան բացառապէս շրջանաւարտներու ընտանեկան մօտիկ պարագաներն ու ուսուցչական-տեսչական կազմերու անդամները: Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ, Սուրբ Մեսրոպի յուշակոթողին առջեւ կայացած հանդէսին նախագահեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան վարժարաններու  վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան:

 

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք խօսք առաւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Տնօրէնը նախ հրաւիրեց բոլոր ներկաները, որ յոտնկայս ծափահարութիւններով գնահատեն վարժարանի ուսուցիչներու նուիրումն եւ պատրաստակամութիւնը, որոնցմով անոնք այս տարեշրջանին շարունակեցին կատարել իրենց պարտականութիւնները առցանց՝ ընկերային-տնտեսական եւ քորոնաժահրի տարածման դժուարին պայմաններուն մէջ, չընկրկելով արտակարգ իրավիճակի դժուարութիւններուն առջեւ: Պարոն Գալուստ նոյնքան կարեւորեց ծնողներու կեցուածքը, որ յատկանշուեցաւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ՝ վարժարանին հետ ձեռք ձեռքի՝ իրենց զաւակները հասցնելու կրթական այս հանգրուանի աւարտին:

 

Պարոն Գալուստ կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն, որ հաւատարիմ մնան Լիբանանին, հակառակ տիրող ծայրայեղ դժուարին պայմաններուն: “Դուք ժառանգներն էք մեր 1.5 միլիոն սուրբ նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքով ու մահով հաստատեցին մարդու եւ հայ քրիստոնեայի օրինակելի կերպարը՝ իրենց հաւատքին, ինքնութեան եւ արժէքներուն անսասան հաւատարմութեամբ”, ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Դուք քոյրերն ու եղբայրներն էք նաեւ այս օրերուն Հայաստանի սահմաններուն վրայ մարտնչող հայ զինուորներուն, որոնց պարտիք նեցուկ ըլլալ յարմար բոլոր միջոցներով»:

 

Պարոն Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեանի բարեկամներուն եւ բարերարներուն, շեշտելով, որ շնորհիւ անոնց նեցուկին, Մեսրոպեանը կը շարունակէ ընթանալ զարգացման ճանապարհով: Ան մասնաւորապէս որդիական երախտիք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեանի գլխաւոր հովանի՝ Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան պետին՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, որ գիշեր-ցերեկ կը հսկէ վարժարանի գործունէութեան: Տնօրէնը մեծագոյն շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հայ կաթողիկէ վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանին, որ բծախնդրօրէն եւ ջանասիրաբար կը հետեւի վարժարանի գործունէութեան եւ ամուր նեցուկ կը կանգնի անոր ծրագիրներուն: Ընդգծելով Հայ Եկեղեցւոյ անփոխարինելի դերակատարութիւնը՝ Պարոն Գալուստ մեծապէս գնահատեց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան ներդրումը՝ Մեսրոպեանի աշակերտներուն հոգեւոր եւ կրօնական դաստիարակութեան մէջ, շեշտելով, որ հայ քրիստոնեայի ձեւաւորումը ամէնաէական յատկանիշներէն մէկն է, որ Մեսրոպեանը կ՛առանձնացնէ կրթական միջավայրին մէջ: Խօսքի աւարտին, Պարոն Գալուստ յատուկ վկայագրեր շնորհեց աւարտական դասարանի երեք բաժիններու առաւելագոյն նիշեր ապահոված աշակերտներուն:

 

Շրջանաւարտներու անունով խօսքեր արտասանեցին Նարեկ Աշգարեան եւ Սելին Ղազարեան (հայերէն), Ճեսիքա Պաժին (ֆրանսերէն), Ռոպէր Թորանեան (արաբերէն) եւ Ճենիֆըր Միքայէլեան (անգլերէն), որոնք արտայայտեցին իրենց երախտիքի ապրումները վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն հանդէպ, վստահեցնելով, որ ուսման թէ այլ ասպարէզներու մէջ պիտի ըլլան կրողները այն արժէքներուն, որոնցմով կազմաւորուեցան Մեսրոպեանի մէջ:

 

Մեսրոպեանի ուսուցչական կազմին անունով խօսք առաւ պարոն Պարոն Ատիպ Ժըմայել, որ դիտել տուաւ, որ Լիբանան անցած է բազմաթիւ արհաւիրքներու մէջէն, սակայն միշտ կրցած է փիւնիկի նման վեր յառնիլ մոխիրներէն: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի անցեալն ու ներկան պէտք է դասագիրք ըլլան աւարտականներուն համար, իւրացնելու համար անոր էջերէն բացուող յոյսի, կամքի, զօրութեան եւ սիրոյ դասերը: «Ձեր դէմքերը թող նային միշտ առաջ եւ միշտ դէպի վեր, որպէսզի միշտ տեսնէք յաջողութեան արեւներն ու աստղերը ձեր կեանքին մէջ”, ըսաւ ան:

Հանդէսի գեղարուեստական մասով ելոյթներ ունեցան շրջանաւարտներ Մարի-Ռոզ Տաղլեան (ասմունք, արաբերէն), Քէյվըն Ղազար (նուագ, դաշնամուր), Գարլա Քէշիշեան, Սալի Խալիֆէ, Սելին Գահվէճեան եւ Սարա Տահլան (Հայկական պար). հուսկ, շրջանաւարտները՝ “Վերջին զանգը” խմբային երգով, արտայայտեցին իրենց ուրախութեամբ ու տխրութեամբ խառն ապրումները՝ դպրոցական կեանքի աւարտին առիթով:

 

Շրջանաւարտներուն կողմէ յաջորդ հունձքի ներկայացուցիչներուն “Մեսրոպեան Վահան”ի փոխանցումէն ետք խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան: Ան շեշտեց, որ մարդու մը համար նոյնիսկ ամենաբարձր վկայականներն ու մեծագոյն հարստութիւնները իմաստազուրկ են, եթէ այդ մարդուն կեանքին եւ գործունէութեան մէջ Աստուած բացակայ է: Գերապայծառը դիտել տուաւ, որ աշխարհ կը տառապի բազմատեսակ տագնապներու մէջ, որովհետեւ մարդկութեան կեանքին մէջ բացակայ են Աստուածային սէրն ու համերաշխութիւնը: “Մարդ իր ամենաբարձր վկայականը կրնայ ստանալ երկինքին մէջ, որպէս Քրիստոսի դպրոցի աւարտական, եթէ կարողացած է աշխարհի վրայ իր կեանքը ապրիլ Աստուածային շնորհքով”, ըսաւ ան: Գերապայծառը բարձրօրէն գնահատեց Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի անխոնջ, անսակարկ եւ զոհողութեան ոգիով կատարած երկար տարիներու աշխատանքը, որուն շնորհիւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին հպարտութիւն կ՛ապրի ի տես Մեսրոպեան վարժարանին: Ան մեծապէս դրուատեց ուսուցիչներու գործունէութիւնը, դիտել տալով անոր առաքելական բնոյթը՝ ի սէր հայ աշակերտին: Գերապայծառ հայրը կոչ ուղղեց վստահիլ Աստուծոյ եւ անոր ուղղուած աղօթքի ուժին, յաղթահարելու համար Լիբանանի ներկայ դժուարին պայմանները:

 

Հուսկ վկայականներ շնորհուեցան Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 36 աւարտականներուն, որոնք հանդիսութեան աւարտին ընդունեցին շնորհաւորանքներ:

Նշենք, որ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի շրջանաւարտներու աւարտական հանդէսը տեղի պիտի ունենայ առանձնաբար, Հինգշաբթի, 23 Յուլիսին:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը 

 

 

 

 

Azerbaijani Embassy in France colored with “No to War”, “Stop Aliyev” notes

The entrance of the Embassy of Azerbaijan in Paris, France, has been colored with the notes “No to War”, “Stop Aliyev”, Zartonk Media reports.  

The notes were made on the night of July 14, as a sign of protest against the recent Azerbaijani attack on Armenia.

The door of the Embassy was also covered with a red color, symbolizing the actions of Azerbaijani president Ilham Aliyev’s bloodthirsty regime towards the peaceful Armenian neighbours.

Azerbaijan is targeting the Armenian civilian settlements in Tavush province from July 13, using mortar shells and UAVs.

Փարիզում Ադրբեջանի դեսպանատունը ներկվել է «Ո՛չ պատերազմին» և «Կանգնեցրե՛ք Ալիևին» գրություններով

Փարիզում Ադրբեջանի դեսպանատան շենքի մուտքը ներկվել է «Ո՛չ պատերազմին» և «Կանգնեցրե՛ք Ալիևին» գրություններով: «Արմենպրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին հաղորդում է «Զարթոնք Մեդիա»-ն:

Դեսպանատան շենքի մուտքի առջև և դիմային հատվածում նման գրություններ են հայտնվել հուլիսի 14-ի գիշերը: Ադրբեջանի դեսպանության դռան վրա նաև արնագույն ներկ է թափվել՝ խորհրդանշելով խաղաղ հայ հարևանների նկատմամբ Ալևի արյունարբու ռեժիմի գործողությունները:

ՀՀ պաշտպանության նախարարությունը հայտնել էրոր Ադրբեջանի զինված ուժերի զինծառայողները հուլիսի 12-ին՝ ժամը 12:30-ի սահմաններումՈՒԱԶ մակնիշի ավտոմեքենայով Տավուշի ուղղությամբ ՀՀ պետական սահմանը խախտելու փորձ են կատարել: «Հայկական կողմի նախազգուշացումից հետո Ադրբեջանի զինծառայողներըթողնելով ՈՒԱԶ մակնիշի ավտոմեքենանվերադարձել են իրենց դիրքԺամը 13: 45-ին Ադրբեջանի զինված ուժերի զինծառայողները կրկնել են հայկական զինված ուժերի սահմանային դիրքը գրավելու փորձըկիրառելով հրետանային կրակսակայն ճնշվել են հայկական կողմից ևկորուստներ կրելովհետ շպրտվել»,- հայտնել էր ՀՀ պաշտպանության նախարարության մամուլի խոսնակ Շուշան Ստեփանյանը՝ հավելելովոր հայկական կողմից կորուստներ չկան:

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Ազատուհի, Ժագ և Ռոպէր Գայսէրլեաններ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Ատրպատականի առաջնորդին, նախարարներուն և երեսփոխաններուն, Լիբանանահայ մշակութային և բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն, հայ մամուլին և բոլոր անոնց, որոնք անձամբ հեռակայ կարգով՝ Ել-նամակի, հեռաձայնի և ընկերային ցանցերու միջոցով, ցաւակցագիրով, փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութեամբ կամ այլապէս բաժնեկից եղան իրենց մօր ողբ. Երանուհի Գայսէրլեանի դառնաղէտ կորուստին առիթով:

            Այս առիթով Գայսէրլեան ընտանիք կը կատարէ հետեւեալ նուիրատուութիւնները:

– «Քորոնա»ի Ճգնաժամային Շտապ Ֆոնտին                   3,000,000 լ.ո.

– Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ                                                             1,000,000 լ.ո.

-Ք.Ա.Հ.Լ Լիբանանի Հայ Անկարներու Կեդրոններ                    1,000,000 լ.ո.

-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի նախկին սաներու

և Սկաուտներու Միութիւն                                                      500,000 լ.ո.

-Լ.Օ.Խ-ի «Կարս» մասնաճիւղին                                                500,000 լ.ո.

-Լ.Օ.Խ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղին                                            500,000 լ.ո.

-«Ազդակ»ին                                                                             300,000 լ.ո.

-«Զարթօնք»ին                                                             300,000 լ.ո.

-«Արարատ»ին                                                               300,000 լ.ո.

-«Ծաղիկ»ին                                                                             200,000 լ.ո.

-«Խօսնակ»ին                                                               200,000 լ.ո.

-«Ք.Ա.Հ.Լ Տեղեկատու»ին                                                         200,000 լ.ո.

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Երանուհի Գայսէրլեանի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ  Կիրակի, 12 Յուլիս 2020-ին, Էշրէֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

 

«Արժէքներ Ոտնահարելու Եւ Միջազգային Սկզբունքներ Անտեսելու Թուրքիոյ Վարքագիծը Կը Շարունակուի». Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Քիչ առաջ համացանցի ճամբով իմացանք, թէ թրքական դատարանը որոշած է Կոստանդնուպոլսոյ յունաց Այա Սոֆիա պատմական Մայր Տաճարը վերածել մզկիթի։

Արդարեւ, 537 թուականին կառուցուած այս տաճարը բիւզանդական ճարտարապետական արուեստի գագաթը կը նկատուի։ Բիւզանդական կայսրութեան անկումով եւ Օսմանեան կայսրութեան գրաւումով, 1453-ին տաճարը վերածուած էր մզկիթի եւ ապա, 1935-ին՝ թանգարանի։

Անցնող օրերուն, եկեղեցիներու պետեր եւ ընդհանրապէս միջազգային շրջանակներ կոչ ուղղեցին Թուրքիոյ չդիմելու Այա Սոֆիան վերստին մզկիթի վերածելու քայլին եւ պահելու անոր ներկայ կարգավիճակը։ Հայ թէ օտար մամլոյ ներկայացուցիչներ ուզեցին Մեր տեսակէտը ունենալ այս մասին։ Մենք չուզեցինք կարծիք յայտնել՝ նախատեսելով թրքական դատարանին առնելիք որոշումին բնոյթը։ Կ՚ուզենք հետեւեալ ընդգծումները կատարել.-

Առաջին, Թուրքիան իր նախագահին ներկայ նախաձեռնութեան ճամբով, հոգեւոր ու մշակութային արժէքներ ոտնահարելու, միջազգային օրէնքով ճշդուած սկզբունքներ անտեսելու եւ պատմութիւնը նենգափոխելու իր վարքագիծը փաստօրէն կը շարունակէ։

Երկրորդ, մեկնելով ներկայի եւ ապագայի իր ներքին թէ արտաքին շահերէն, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական նպատակներէն, Թուրքիան նոյնիսկ կ՚անտեսէ իր հին թէ նոր բարեկամներու թելադրութիւնը։

Երրորդ, Թուրքիա իր այս որոշումով գիտակցօրէն կը հարուածէ քրիստոնեայ-իսլամ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ հիմնուած համակեցութիւնը՝ տեղական, շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ, հակառակ այս գծով կատարուած զգուշացումներուն։

Չորրորդ, Թուրքիա իր ներկայ քայլով կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, թէ Արեւմուտքին եւ քրիստոնեայ համայնքներուն բացուելու իր ցոյց տուած նշանները կեղծ էին։

Հինգերորդ, ո՞ւր էին արեւմտեան աշխարհի ղեկավարները, քաղաքական թէ հոգեւոր, երբ հայոց ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդին պատկանող հազարաւոր եկեղեցիներ ախոռներու, սրճարաններու, մզկիթներու եւ այլ հանրային վայրերու վերածուեցան…։

Այո՛, ցեղասպանութիւնը ա՛յլապէս կը շարունակուի նո՛յն ցեղասպանին կողմէ, աշխարհի լռութեան դիմաց։ Օսմանեան կայսրութեան այլամերժ գաղափարախօսութիւնը ա՛յլապէս կը թափանցէ ամէն տեղ՝ արաբական աշխարհէն սկսեալ մինչեւ արեւմտեան երկիրներ, աշխարհի լռութեան դիմաց։

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

Սուրիահայ Գաղթականներու Աջակցելու Նպատակով Համաձայնագիր՝ ՀԿԽԸի Եւ ՀԲԸՄի Միջեւ

Հայկական Կարմիր Խաչ ընկերութիւնը (ՀԿԽԸ) եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր մը՝ «Սիրիահայ փախստականների աջակցութիւն» ծրագիրին ծիրին մէջ առողջապահական աջակցութիւն տրամադրելու համար կարիքաւոր սուրիահայերուն:

25,500 ամերիկեան տոլարի աջակցութիւն պիտի տրամադրէ նշեալ առողջապահական ծառայութիւնները կազմակերպելու համար, իսկ ՀԲԸՄ-ը պիտի ապահովէ բշժկական օգնութիւներու տրամադրումը եւ յետագայ բժշկական կարիքներու գնահատումը՝ ՀԲԸՄ-ի Քլոտիա Նազարեանի անուան բժշկական կեդրոնին մէջ:

«Հայկական Կարմիր Խաչի ընկերութիւնը սուրիահայերու մարդասիրական կարիքներուն արձագանգած է անոնց ժամանման առաջին իսկ օրուընէ՝ 2012 թուականէն: Այդ աջակցութիւնը եղած է բազմաբնոյթ՝ իրաւական խորհրդատուութենէն եւ մարդասիրական օգնութեան տրամադրումէն մինչեւ սեփական գործ հիմնելու հնարաւորութեան ստեղծում եւ զարգացում: Ուրախ եմ, որ այս ծրագրի շնորհիւ կրնանք սուրիահայերուն աջակցել նաեւ առողջապահական ծառայութիւններ ստանալու ոլորտին մէջ, քանի որ ատոր կարիքը շատ մեծ է»,  ըսաւ ՀԿԽԸ գլխաւոր քարտուղար Աննա Եղիազարեան:

«Սուրիահայ փախստականներու աջակցութիւն» ծրագիրը, որ ի գործ դրուած էր 2019-ի Նոյեմբեր 1-էն, պիտի շարունակուի մինչեւ 2020-ի Հոկտեմբեր 31: Անոր նպատակն է բարելաւել Հայաստանի մէջ սուրիացի փախստականներու բարեկեցութիւնը՝ ապահովելով մարդասիրական աջակցութիւն եւ կրթութեան հասանելիութիւն։

«Սիրիական ճգանաժամի առաջին իսկ օրուընէ ՀԲԸՄ-ը սուրիահայերու աջակցութեան ուղղուած մարդասիրական, ընկերային, կրթական ու առողջապահական լայնածաւալ ծրագրեր իրագործած է Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի մէջ: Սուրիահայ հարիւրաւոր երիտասարդներ, որոնք իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանան Հայաստանի մէջ, անցնող տարիներուն օտուած են ուսումնական վարձավճարներու փոխհատուցման մեր ծրագրէն: Ծրագրերու իրականացման գործընթացին մէջ մենք չափազանց կարեւոր կը համաևենք համագործակցութեան ընդլայնումը միջազգային կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու հետ, որոնց հետ համատեղ աշխատելու մեր փորձը արդիւնաւէտօրէն կը ծառայէ ճգնաժամային իրավիճակի մէջ յայտնուած մարդոց կարիքներու բաւարարման: Այս տեսակէտէ մեծապէս կարեւոր կը համարեմ այս համագործակցութիւնը ՀԿԽԸ-ի հետ»,- ըսաւ  ՀԲԸՄ Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուբեան:

Ծրագիրի շրջագիծին մէջ.

– 60 առաւել խոցելի ընտանիքներ կը ստանան տարեկան 4 անգամ ուտելիքի ծրարներ.

– 170 առաւել խոցելի ընտանիքներ կը ստանան տարեկան 2 անգամ հագուստ գնելու կտրոններ.

– 30 առաւել խոցելի ընտանիքներու՝ անյետաձգելի առողջապահական ծառայութեան կարիք ունեցող անդամներուն կը տրամադրուի անհրաժեշտ գումար.

– Առաւել խոցելի ընտանիքներու 40 ուսանողներու կը տրամադրուի ուսման վճարի մասնակի փոխհատուցում:

Աջակցութեան ընդհանուր գումարը 100,000 տոլար է:

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

Յայտարարութիւն

Ուրախութեամբ կ’ուզենք յայտնել, որ «Թռչնոց Բոյն»ը, իր 2019-2020 տարեշրջանը լրումին հասցուց՝ Աստուածային օրհնութեամբ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հոգատարութեամբ եւ մերազն երախտարժան բարերարներու օժանդակութեամբ:

Այս ամառ, Լիբանանի տնտեսական դժուար պայմաններու բերումով, Վեհափառ Հայրապետին բարձր տնօրինութեամբ, «Թռչնոց Բոյն»ը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը, ուսումնական ամբողջական ծրագրով, ինչպէս նաեւ արուեստի, մշակութային եւ մարզական բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով:

Մեր ծրագիրներու իրականացման համար «Թռչնոց Բոյն»էն ներս սիրայօժար կը ծառայեն 11 մանկավարժ, հոգեբան եւ այլ մասնագիտութեանց տէր նուիրեալ երիտասարդներ:

Ամառնային պատարագները կը շարունակուին բացօթեայ:

Այս առիթով, անգամ մը եւս մեր խորհին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Արամ Ա. վեհափառ Հայրապետին, մեր բարերարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ սատար կը հանդիսանան «Թռչնոց Բոյն»ի առաքելութեան:

Որեւէ առիթով կրնաք հեռաձանել «Թռչնոց Բոյն», 09-540027 կամ 09-540867 թիւերուն:

 

ՄԵՂՐԻԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԲԱՐԻՔԵԱՆ

ՏԵՍՈՒՉ

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը