Սէրը Հիմքն Ու Էութիւնն Է Քրիստոնէական Հաւատքին Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Հայ Եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան ամէնէն հարուստ ու խորհրդաւոր օրերէն մէկն է Քրիստոսի տնօրինական կեանքի վերջին Հինգշաբթին՝ Աւագ Հինգշաբթին։ Այս օրը Ս. Պատարագի եւ Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման, Ոտնլուայի, Քրիստոսի մատնութեան, ձերբակալութեան ու խաչելութեան յիշատակումի օրն է։
Դարերէն մեզի եկող աւանդութեան համաձայն, Աւագ Հինգշաբթի՝ 13 Ապրիլ, 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Հաղորդութեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։
Նոյն օրը յետ միջօրէի ժամը 4:00-ին՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հոգեպարար արարողութիւնը, որ քրիստոնէական կեանքին մէջ խոնարհութեան ու հեզութեան մեծագոյն խորհուրդն ու օրինակը կը բովանդակէ իր մէջ:
Նորին Սրբութիւնը, Քրիստոսի օրինակով, ղենջակ կապած, 12 առաքեալները խորհրդանշող 12 դպրեվանեցիներու ոտքերը լուալէ ետք, իր հայրապետական պատգամին մէջ շեշտեց սիրոյ, համերաշխութեան, խաղաղութեան ու խոնարհութեան անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Եթէ ուզենք քրիստոնէութիւնը մէկ բառի մէջ խտացնել կամ փորձել Աստուածաշունչը մէկ բառով արտայայտել, ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ, եթէ ոչ ՍԷՐ բառը: Մեր հաւատքի բոլոր արտայայտութիւնները, Աստուածաշունչէն սկսեալ մինչեւ մեր եկեղեցւոյ ծէսն ու խորհուրդները, որպէս հիմք, նպատակ ունին ՍԷՐը»։ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը շարունակելով ընդգծեց Աստուծոյ մարդուն հանդէպ ունեցած անսահման սէրը, յայտնելով՝ թէ Աստուծոյ մարդուն հետ ունեցած յարաբերութիւնը սիրոյ վրայ հիմնուած է: Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը աւարտեց կոչ ուղղելով հաւատացեալ ժողովուրդին առաջնորդուելու Քրիստոսի սիրոյ օրինակով:
Երեկոյեան ժամը 7:00-ին հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան տեղի ունեցաւ Քրիստոսի մատնութիւնը, չարչարանքները եւ խաչելութիւնը խորհրդանշող, որ հայ եկեղեցւոյ ամէնէն հոգեպարար եւ յուզիչ արարողութիւնն է՝ Խաւարման Գիշերը:
Արարողութեանց աւարտին, Նորին Սրբութեան «Պահպանիչ» աղօթքով ու Քրիստոսի կենարար Ս. Խաչի օրհնութեամբ, հաւատացեալներ Աւագ Հինգշաբթիի խորհուրդով վերանորոգուած, ուշ գիշերին մեկնեցան Անթիլիասի Մայրավանքէն։
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

