• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«The Promise»ը

12.04.2017   19:26

Երկուշաբթի, 10 Ապրիլ, 2017-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինը կանխաւ ցուցադրեց համայն հայութեան մօտ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած, շուտով հանրութեան հասանելի «The Promise» տեսաերիզը, նպատակ ունենալով ստացուած եկամուտը ամբողջութեամբ յատկացնել Հ.Բ.Ը.Միութեան վարժարաններուն:

Սոյն նախաձեռնութեան աջակցեցան աւելի քան 950 մասնակիցներ, արժեւորելով դպրոցական գործունէութիւնները եւ շարունակելով Հ.Բ.Ը.Միութեան անշեղ առաքելութիւնը:

Այս խօսուն պատմական փաստը անգամ մը եւս ընդգծեց Հ.Բ.Ը.Միութեան մարդասիրական նպատակը, ինչպէս նաեւ տեսաերիզի կարեւորութիւնը՝ համայն հայութեան համար:

Անզուգական անձնաւորութեան մը՝ հանգուցեալ Քըրք Գրիգորեանի նիւթական նպաստով  հանրութեան հրամցուող «The Promise» տեսաերիզը, իր առանձնայատկութեամբ, հիմնական նիւթ ունենալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, նոր լոյս պիտի սփռէ մեր պատմութեան էջերուն:

Օսմանեան Կայսրութեան վերջին շրջանի նկարագրութիւնն է «The Promise» տեսաերիզը. նիւթը՝ սիրոյ եռանկիւն մը: Հերոսներն են բժշկական ճիւղի փայլուն ուսանող Միքայէլը, գեղեցկուհի Աննան, իր հարուստ կենսափորձով, եւ Փարիզ հաստատուած ամերիկացի նշանաւոր լրագրող Քրիսը:

DSC_5402

Գիտակցութենէ աւելի հրամայական մը կը համարուի հայերուս համար «The Promise» տեսաերիզի քաջալերանքը, միեւնոյն ատեն ապահովելով անոր յաջողութիւնը:

Հ.Բ.Ը.Միութեան համար եզակի հպարտանք կը համարուի Միութեանս Կեդրոնական Վարչական Խորհուրդի անդամ «The Promise»ի բեմադրիչներէն՝ Էրիք Իսրայէլեանի կարեւոր ներդրումը տեսաերիզի յաջող արտադրութեան  մէջ, շօշափելի իրականութիւն դարձնելով մեր ազգային ժառանգութեան երաշխիքը համարուող ազդու այս վկայութիւնը՝ «The Promise» ը:

 

 

 

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner