• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Արցախը Թնդաց Երգ Ու Պարով` Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանէն Ներս

12.04.2017   19:44

«Ես հայրենիքս գրկած եմ ապրում,
Որ նրա ազնիւ ու տոհմիկ արեան
Կանչը ժառանգեմ՝ ոգու ճիչ որպէս։
Որպէս ազգիս արեան պահապան
Գուրգուրեմ նրան սիրահարի պէս… »

Մետաքսէ

Արցախը Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի աշակերտութեան սրտին ու հոգիին մէջ է: Ան` հայ աշակերտին առօրեայ մտածումին ու ապրելակերպին մաս կազմած, հայօրէն ապրելու եւ տէր դառնալու պատմական նշանակութիւն ունեցող պապենական այն հողն է, ուր քաջարի հայ մարտիկները գրաւեցին անոր բարձունքները հպարտութեամբ ու անսասանութեամբ:

2

Արցախը այն ամրակուռ ամրոցն է, որուն երդիքին տակ հաւաքուած հայ ազգը քաջարի, զայն կը պաշտպանէ փառապանծօրէն յաղթանակած շունչով ու մեծ երազի տեսիլքով, ներշնչանքի աղբիւր դարձած, սիրոյ եւ հայրենասիրութեան անվիճելի համոզումով, որ Ան Մե՛րն է ու Մե՛րը պիտի մնայ յաւիտեան, քանի հայ ազգը կ’ապրի, ու միակամ ոգիով պիտի շարունակէ գոյատեւել յանուն հայրենիքի անպարտելի գոյութեան ու յաւերժութեան:

3

Դպրոցական կեանքը հաճելի է ո՛չ միայն ուսումնառութեան մէջ, այլ նաեւ իր բազմաբեղուն արտադասարանային եւ մշակութային գործունէութիւններով: Հայ երգը, պարն ու արուեստը անքակտելի մաս կը կազմեն աշակերտի դպրոցական կեանքի ապրելակերպին մէջ: Իւրաքանչիւր երգի կամ պարի դասապահ, դպրոցը կը թնդայ խինդով, աշխոյժ ու կայտառ երաժշտութեամբ: Հայրենիքի շունչը, անոր կարօտալի բոյրը կը սփռուի ամէնուրեք:

Միանալով Հ.Հ. Սփիւռքի նախարար՝ Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի նախաձեռնած համահայկական շարժումին՝ «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար», ինչպէս նաեւ նոր սերունդը հայկական մշակոյթով հետաքրքրուած պահելու հրամայականով, անգամ մը եւս այս տարի վարժարանիս հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը կազմակերպեցին աւանդութիւն դարձած մեր այս ձեռնարկը՝ «Ազատ Արցախը Սպասում է Մեզ» խորագիրով, ուր կը գտնենք իւրաքանչիւր հայու հպարտութիւնն ու արժանապատուութիւնը, միաւորելով համայն հայութեան երազանքներն ու մղումները:

4

Շաբաթ, 8 Ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանի Պարսամեան սրահը ողողուած էր հոծ բազմութեամբ, որոնք եկած էին ըմբոշխնելու այն, ինչ որ ընդհանրապէս Հայկական է ու մասնաւորապէս՝ Արցախեան:

«Արցախը Սպասում է Մեզ» խորագիրով պատրաստուած ճոխ հանդիսութիւնը իր հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ պատուեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Տիար Սամուէլ Մկրտչեան, իսկ նախագահութիւնը ստանձնեց «Լիբանան-Հայաստան բարեկամական Միութեան հիմնադիր, Ատենադպիր՝ Տիար Պերճ Արապեան: Ներկայ էին նաեւ՝ ՌԱԿ կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Ընկ. Հրայր Հովիվեան, ԹՄՄ հիմնադիրներու մարմնի ատենապետ՝ նախկին պետական երեսփոխան Ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ անդամներ, ՌԱԿ Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տագեսեան եւ անդամներ, վարժարանիս հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան եւ  անդամներ, ազգային բարերար ՝ Պր. Յովիկ Քիւրքճեան, Սանուց Միութեան ներկայացուցիչներ, պատուարժան հիւրեր, ծնողներ եւ բարեկամներ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգները յոտնկայս ունկնդրելէ ետք՝ վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկ. Կալինա Շեմեմեան-Նաճարեան, ողջոյնի իր խօսքը արտասանելով ըսաւ, թէ վարժարանս յամառօրէն հաւատալով նոր սերունդին հայրենասիրական դաստիարակութեան՝ անգամ մը եւս կը ջամբէ հայ մշակոյթը մեր մատղաշ սերունդին՝ հայ երգի ու պարի միջոցաւ, տեսնելու համար թէ  մեր աշակերտները որքան կը սիրեն իրենց հայրենիքն ու Արցախը, որովհետեւ սիրել զանոնք՝ նախ եւ առաջ կը նշանակէ իմանալ անոնց պատմութիւնը, հոգեւոր արժէքները, ինչպէս նաեւ ունենալ անոնց պահպանելու ձգտումն ու ցանկութիւնը:

5

Վարժարանիս տնօրէնուհին՝ անդրադառնալով ձեռնարկին նպատակին՝ ան ըսաւ, որ սոյն երեկոյին գլխաւոր նպատակն է հայկական աւանդական երգ ու պարի պահպանումն ու տարածումը, մեր ժառանգութիւնը նոր սերունդին աւելի ճանաչելի դարձնելը, ապրիլ ու ապրեցնել հայ աշակերտը իր նախնիներու ստեղծագործութիւններով ու տեսլականներով, եւ վերջապէս հայ երաժշտութեան ընդմէջէն հայ աշակերտը հաղորդակից դարձնելու իր արմատներէն բխող հայ մեղեդիին ու հայկական շունչին: Ան նաեւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան աննախընթաց երեկոյի յաջողութեան:

Կոկիկ, դասական, հաճելի ու սիրով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը ազդարարեց իր սկիզբը հայրենաշունչ խմբերգներով, մասնակցութեամբ՝ նախ. Ա.Բ.Գ դասարաններուն: Հնչեցին «Ժառանգներն ենք Արցախի», «Հայ ենք մենք», «Գաւառական երգերու շարան» խմբերգները, ընկերակցութեամբ՝ Ազատ Գէորգ (նախ. Գ. դասարան) եւ  Պերճ Գոմպէճեան (նախ. Ա. Դասարան) տհոլով, իսկ Կարէն Յակոբեան եւ Լեւոն Գալայճեան (նախ. Գ. Դասարան) դափով, որմէ ետք մեներգով հանդէս եկաւ միջն. Բ. դասարանէն Սէլին Յովհաննէսեան՝ գեղեցկօրէն մեկնաբանելով «Պիտ պաշտպանենք» երգը, ապա նախ. Զ. դասարանի աշակերտները ներկայացան «Երեւան Էրեբունի» խմբերգով:

 

Շարունակելով խանդավառ մթնոլորտը՝ խմբային պարով ելոյթ ունեցան վարժարանիս «Կարս» պարախումբի փոքրերը՝ նախ. Գ. Եւ Դ. դասարանները, ներկայացնելով «Մամա» պարը, որմէ ետք միջն. Բ. դասարանէն Սէլին Յովհաննէսեան եւ Ռուպինա Օհան ներկայացուցին «Ծաղկած բալենի» գեղեցիկ նազ պարը:

Հայ մանուկները մեր ժողովուրդի ապագայ յոյսն են, որոնցմով պիտի շարունակուի մեր փառապանծ գոյատեւումը: Հպարտութեամբ ու բարձր ոգիով՝ մանկապարտէզի մանուկները տողանցեցին Արցախի դրօշներով «Գնում ենք Արցախ» երգի հնչիւններուն տակ, իրենց ուսերուն վրայ դրած եւ հպարտօրէն կրելով Հայաստանի դրօշը: Ապա, խանդավառելով մթնոլորտը, խմբերգեցին՝ «Արցախի ազատամարտիկների հիմն»-ը, «Ուրախ առաւօտ», «Գնում ենք Արցախ» եւ «Արմենիան հող ա» երգերը՝ ընկերակցութեամբ տհոլի վրայ Դաւիթ Գոմպէճեանի (կոկոն դասարան):

7

Նախ. Դ. եւ Զ. դասարանէն՝ Ալին Գէորգեան ու Մոսիկ Տէօրտիւլեան  իրենց անոյշ ձայնով երգեցին «Ղարաբաղ իմ» կարօտի զգացումներով գովերգելով Արցախը, որմէ ետք նախ. Ե. եւ Զ., միջն. Է. Ը. եւ Թ. դասարանի աշակերտները յաջորդաբար ներկայացուցին «Հայ ենք մենք» ու «Եարխուշթա» խմբային պարերը:

Գեղեցիկ ու նախշուն հագուստներով, խանդավառ ու համադաս խմբային պարով՝ հանդէս եկան Կարս պարախումբի փոքրերը՝ նախ Ա. Բ. Գ. եւ Դ. դասարանի աշակերտները՝ ներկայացնելով «Նանուլ» պարը: Գեղեցիկ ձայնով Վարդի Սալխանեան միջն. Բ. Դասարանէն մեներգեց «Ախպերս ու ես»-ը սրինգի ընկերակցութեամբ՝ Պր. Աւետիս  Տիպանին ու կիթառի վրայ՝ Պր. Արէն Տօնէրեանին:

Յաջորդաբար՝ խմբերգներով հանդէս եկան նախ. Դ. Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները՝ հնչեցնելով «Ես ապրում եմ Ղարաբաղում» եւ «Պատերազմ էք գնում» երգերը, մենակատարութեամբ Տէյվիտ Գէորգի եւ Ալինա Քաթիպեանի, երաժշտական գործիքներու ընկերակցութեամբ թմբուկով՝ Սահակ Ճօ Փափազեանի (նախ. Դ. Դասարան) ու շեփորով՝ Դալար Գէորգեան (միջն. Գ. դասարան):

«Ես սիրում եմ իմ երկիրը» երգի ներքոյ թնդաց սրահը ներկաներու որոտընդոստ ծափերով, յայտագիրի վերջին խմբային պարով՝ մասնակցութեամբ վարժարանիս բոլոր աշակերտութեան, ձեռքերը վեր բարձրացնելով, ու եռագոյն դրօշները ծածանելով փաստեցին իրենց հաւատարմութիւնը վարժարանիս կրթադաստիարակչական սկզբունքներուն՝, պահպանելով հայկական ու հայեցի դաստիարակութեան շունչը, ինչպէս նաեւ սէրը դէպի հայ երգը, պարն ու արուեստը, կառչած մնալով Հայրենիքին ու Արցախին համար պայքարելու ուխտին ու յաւերժ գոյութեան:

Փառատօնի աւարտին՝ վարժարանիս ժրաջան տնօրէնուհին՝ հակիրճ սրտի խօսքով անդրադարձաւ եզրափակիչ ելոյթին, անոր մէջ վեր առնելով հայեցի կրթադաստիարակութիւնը վարժարանէն ներս, վառ պահելու համար գուրգուրանքը յանուն հայրենիքի՝ Հայաստանին ու Արցախին, վեր առնելով հայոց բանակի քաջարի ու անզուգական մարտիկ՝ Մոնթէ Մելքոնեանի լոզունգ դարձած յաւերժ խօսքը՝ «Եթէ կորսնցնենք Արցախը, կը շրջենք մեր պատմութեան վերջին էջը»: Ապա, շնորհակալութիւն յայտնեց գեղարուեստական յայտագիրի ղեկավար՝ Պրն. Գէորգ Մանուէլ Քէշիշեանին եւ պարուսոյց՝ Տիկ. Նանոր Տօնէրեան-Քէլէշեանին, ինչպէս նաեւ արուեստագէտ՝ Պրն. Արէն Վաչէ Տօնէրեանին, որ իր կամաւոր աշխատանքով (երգեհոնի եւ կիթառի ընկերակցութեամբ) օժանդակեց սոյն հանդիսութեան, վարժարանիս աշակերտութեան, ինչպէս նաեւ պատասխանատու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որմէ ետք բեմ հրաւիրեց ԹՄՄ հիմնադիրներու մարմինի ատենապետը, ինչպէս նաեւ վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետը եւ երեկոյի նախագահը, որպէսզի յուշանուէրներով պատուեն երգի ու պարի ելոյթի պատասխանատու ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ Պրն. Տօնէրեանը: Ապա, բեմ հրաւիրեց  Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր Դեսպան՝ Տիար Սամուէլ Մկրտչեանը, որպէսզի փոխանցէ իր սրտի խօսքը: Պրն. Դեսպանը իր երախտագիտական եւ ջերմ զգացումները արտայայտեց երեկոյի բարձրաճաշակ ներկայացման համար եւ յորդորեց կառչած մնալ հայրենիքին եւ դառնալ անոր գոյատեւման եւ բարգաւաճման ջատագովը:

Բարձր ոգիով ու անսահման հայրենասիրութեամբ տոգորուած՝ ներկաները վայելեցին վարժարանիս աշակերտութեան կատարումները եւ բարձր գնահատանքի արժանացնելով մեկնեցան այն համոզումով, որ հայ սերունդը տակաւին կը շարունակէ փայփայել եւ պահպանել հայ մշակոյթն ու արուեստը՝ զայն փոխանցելու համար յաջորդ սերունդներուն:

Հազա՜ր օրհնանք ու պատիւ մօտիկ անցեալին մեր տառապեալ երկրագունդի ամենատաք կիզակէտը եղած բազմախոց, բայց հպարտ Արցախ հայաշխարհին: Իր մարտիրոս առիւծ որդիներուն համար, բառին ազնուագոյն եւ ամէնէն իրաւ առումով՝ դարձած աշխարհի ամենախաղաղ եւ գեղեցկագոյն մայր երկիրը, ոգիի, լոյսի, ցնծութեան եւ անժամանցելի սրբութիւններու աստուածօրհնութիւնը:

Բոլորին վարձքը կատար:

Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ

 

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner