• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան Պարգեւատրուեցաւ Լոս Անճելըսի Մէջ

11.04.2017   07:30

4 Ապրիլ, 2017-ին, Երեքշաբթի առաւօտեան մեր սիրտերը լեցուեցան ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ, երբ ներկայ գտնուեցանք Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու ընդհանուր ժողովին Քէնէթ Հան համալիրի սրահին մէջ:

Ժամը 10:45-ին բեմ հրաւիրուեցաւ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան ստանալու համար գաւառի կողմէ գովեստի յատուկ գնահատագիր մը, տրուած վերահսկիչ Տիկ. Քաթրին Պարկըրի կողմէ, որ կը պարունակէ ստորագրութիւնները բոլոր հինգ վերահսկիչներու: Տիկին Պարկըր նաեւ հռչակեց Ապրիլը, որպէս հայոց պատմութեան նուիրուած ամիս:

Տիկ. Պարկըր կարճ կերպով նախ նշեցԴոկտ. Կարպիսին անցած ուղին, ապա անդրադարձաւ անոր կատարած ազգային, կրթական, մասնագիտական, հանրային, նահանգային եւ միջազգային բեղուն գործունէութեան մասին, որպէս անհատ քաղաքացի, քառասուն երկար տարիներու վրայ երկարող իր պարտականութիւններուն գիտակից անձ:

Այս համառօտ ներկայացումէ ետք ներկաներու բուռն ծափահարութիւններէն յետոյ յանձնեց պատուոգիրը, որ մեծ պատիւ է եւ պարտաւորեցնող: Ապա շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Դոկտ. Կարպիս, ինչպէս միշտ ան ազատ եւ անկաշկանդ խօսքի վարպետ է: Ան իր կուռ ճառին մէջ այս գնահատագիրը նուիրեց մեր երկու միլիոն նահատակներու յիշատակին, մատնանշելով թուրք կառավարութեան անմարդկային ցեղասպանական արարքը հանդէպ հայ ժողովուրդին, նոյնիսկ իրենց հողերուն վրայ:

Անոնք որոնք չեն գիտեր՝ աւելցնենք.

Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան հիմնադիր նախագահն է Մաշտոց Գոլէճի: Այս տարի պիտի նշուի գոլէճի 25 ամեակը, Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ծաւալած համալսարանական գործունէութեան 40 ամեակը: Ան երկար տարիներ եղած է տարբեր միութիւններու ատենապետ նաեւ տարբեր բարեսիրական միութիւններու խորհուրդի անդամ: Դոկտ. Կարպիս Ռոթըրի միջազգային կազմակերպութեան վարչական խորհուրդի գանձապահն է: Իր անունով կը կոչուի Ռոթըրիի միջազգային կազմակերպութեան խաղաղութեան նուիրուած հիմնարկը:

Դոկտ. Կարպիս վերջին քանի մը տասնամեակներուն հրաւիրուած է հայկական եւ օտար տարբեր գաղութներ որտեղ ելոյթ ունեցած է զանազան նիւթերով՝ կրօնական, ազգային, կրթական, համայնքային եւ այլն: Դոկտ. Տէր Եղիայեան յարգուած եւ փնտռուած անձնաւորութիւն է Լոս Անճելըսի բոլոր պետական մարմիններուն կողմէ: Ան գործունեայ մասնակցութիւն ունի Լոս Անճելըս գաւառի ծրագիրներու իրագործման, մասնաւորաբար նաեւ գաւառի բանտերու հոգաբարձական խորհուրդի անդամ է եւ օտար տարբեր մարմիններու պատուոյ անդամ:

Մեծապէս կը շնորհաւորենք Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին իր գործունէութեան 40 ամեակի առիթով: Կը մաղթենք քաջառողջութիւն, յարատեւութիւն, համբերութիւն, եւ անսպառ եռանդ՝ շարունակելու համար իր ազգանուէր բեղուն գործունէութիւնը:

Յ. Ն.

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner