• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Տեղապահի Ընտրութիւնները Պիտի Կայանան Մարտ 15-ին

10.03.2017   08:40

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւնները պիտի իրականացուին Մարտ 15-ին: Ընտրութիւններուն արդիւնքները պիտի յայտարարուին նոյն օրը: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ակօս» թերթը:

Տեղապահի ընտրութիւններուն համար ներկայացուած է երեք հոգեւորականի թեկնածութիւնը՝ Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքչեան, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան:

Ընտրութիւններուն ժամանակ քուէարկութիւնը պիտի իրականացուի դռնփակ կարգով` պատրիարքարանի 30 հոգեւորականի կողմէն: Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահ պիտի ընտրուի այն թեկնածուն, որ կը ստանայ առաւելագոյն ձայները:

Ընտրուած տեղապահը պիտի ղեկավարէ նոր պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպման գործընթացը, ինչպէս նաեւ պիտի ըլլայ պատրիարքարանի փաստացի ղեկավարը՝ մինչեւ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը:

Տեղապահի ընտրութենէն ետք՝ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան պիտի ձգէ փոխանորդի իր պաշտօնը:

Ընտրական գործընթացներուն մասնակցելու նպատակով՝ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքչեան՝ կը հասնի Պոլիս:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner