Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Ազգային Վարժարաններու Միաւորման Օրակարգով Գումարեց Արտակարգ Նիստ Մը

Չորեքշաբթի, 8 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ․ Տէր Շահէ եպս. Փանոսեանին, Ազգային առաջնորդարանի Երջօ Սամուէլեան «Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի արտակարգ նիստ մը, ներկայութեամբ՝ Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան, Ուսումնական Խորհուրդի եւ Ազգային Միացեալ վարժարանի կրթական խորհուրդի անդամներուն: Նիստի միակ օրակարգն էր Ազգային վարժարաններու միաւորման ծրագրի ամբողջացումը, միաւորման գործընթացին մաս դարձնելով Ազգային Ռուբինեան-Սահակ Մեսրոպեան եւ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանները։
Սրբազան Հօր բացման աղօթքէն ետք, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ՝ Տիար Ստեփան Տէր Պետրոսեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Ապա, Ազգային վարչութեան անունով պատրաստուած գրաւոր տեղեկագիր- ուսումնասիրութիւն մը փոխանցեց Յակոբ Հաւաթեան։ Ան դիտել տուաւ, որ Ազգային Միացեալ վարժարանի պաշտօնական բացման հանդիսութենէն ետք, 2017-2018 կրթական տարեշրջանի մեկնարկման, դպրոցներու միաւորման, անձնակազմի եւ ուսուցչական կազմի պատրաստութեան, կահաւորումի եւ լրացուցիչ այլ աշխատանքները կ՛ընթանան գոհացուցիչ թափով եւ տնօրէնութեան կողքին գործող կրթական խորհուրդը մօտէն կը հետեւի ծրագիրներու մշակման եւ ընդհանուր աշխատանքներու գործադրութեան։ Տիար Հաւաթեան ուրախութեամբ նշեց, որ ժողովուրդին մօտ Ազգային Միացեալ վարժարանի շուրջ ստեղծուած է դրական եւ խանդավառ մթնոլորտ եւ յիշեց, որ նախնական արձանագրութիւնները սկսած են եւ միաւորուող վարժարաններու ծնողներուն հետ տեղի կ’ունենան ծանօթացման հանդիպումներ։ Պրն. Հաւաթեան յոյս յայտնեց, որ մինչեւ Մարտ ամսուան վերջաւորութիւն, գրեթէ իրականացած կ’ըլլայ ուսուցչակազմի ամբողջացումը: Ան աւելցուց, որ կրթական ծրագիրի պատրաստութեան եւ ուսուցիչներու վերաորակաւորման իմաստով, կրթական խորհուրդն ու տնօրէնութիւնը նախատեսած են նախապատրաստական հանգրուան մը, իսկ քարոզչական աշխատանքներու ծիրէն ներս յատուկ ծրագիրով դպրոցը պիտի ծանօթացուի բոլոր ծնողներուն։
Անդրադառնալով Ազգ. Ռուբինեան վարժարանին, Ազգային վարչութեան ատենապետը ըսաւ, որ հայ աշակերտութեան թիւի նուազումին եւ վարժարանէն ներս տեղացի աշակերտներու նկատառելի ներկայութեան պատճառով, Ռուբինեան վարժարանը դժուարաւ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ հետեւաբար, անհրաժեշտ նկատուեցաւ հոն յաճախող հայ աշակերտները եւս համախմբել Ազգային Միացեալ Վարժարանէն ներս, որպէսզի անոնց ուսումնառութիւնը տեղի ունենայ աւելի բարենպաստ պայմաններու մէջ։ Այնուհետեւ, Տիար Հաւաթեան թիւերով ներկայացուց վարժարանի աշակերտութեան վերջին քանի մը տարիներու պատկերն ու պիւտճէական տուեալները, որոնք Ազգային վարչութեան որդեգրած որոշումին հիմքը կը կազմէին։
Անդրադառնալով Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան Քոլէճի վիճակին, Տիար Հաւաթեան ներկայացուց վարժարանի աշակերտական պատկերը, որ տարուէ տարի անկումի մէջ ըլլալով, կը բարդացնէ վարժարանին տնտեսական վիճակը: Ան նաեւ յիշեց, որ Միացեալ վարժարանի բացման հանդիսութենէն ի վեր, Ֆանարի եւ մօտակայ շրջաններուն մէջ, ծնողներուն մօտ սկսած է տեսանելի դառնալ իրենց զաւակները նոր վարժարան ուղարկելու յստակ վիճակ։ Հետեւաբար, մէկ կամ երկու տարի ետք հարկադրաբար վարժարանը փակելու փոխարէն, այսօր միացումը բնական ձեւով եւ խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ կարելի գտնելով եւ ի մտի ունենալով հայ աշակերտին կարիքները, Ազգային Վարչութիւնը կ’առաջարկէ Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան Քոլէճը եւս միաւորել: Ան յայտնեց, թէ «Ազգային վարչութիւնը կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւր հայ աշակերտի իրաւունքն է իր կազմաւորումը ստանալ արդիական եւ գեղեցիկ կառոյցի մէջ. որով, թելադրելի է որ հայ աշակերտութիւնը համախմբենք արդիական բոլոր կարելիութիւններով օժտուած նոր կրթօճախին մէջ եւ յանձնառու դառնանք ազգային կրթութեան համակարգը օժտելու ժամանակակից պայմանները բաւարարող անհրաժեշտ բոլոր գործօններով, որուն մէջ որակաւոր վկայեալ եւ երիտասարդ մարդուժը պէտք է կազմէ գործի յաջողութեան բանալին։ Ան դիտել տուաւ, որ վարժարաններու միաւորումով կրնայ նոր որակ ստանալ մեր կրթական աշխատանքը եւ այդպիսով նաեւ կ’երաշխաւորուի հինէն եկող եւ դէպի ապագայ ընթացող հայ մարդու պատրաստութեան առաքելութիւնը։ Տիար Հաւաթեան եզրակացուց ըսելով, թէ Ազգային առաջնորդարանի վարժարաններու այս նոր ցանցը կոչուած է մաքուր նկարագրով, ազգային ու կրօնական շունչով, հայութեամբ հպարտ, պատկանելիութեամբ գիտակից եւ ազգային կեանքի ծառայութեան պատրաստակամ ներուժ մատակարարելու մեր կեանքին»։
Իր կարգին, Սրբազան հայրը նշեց, որ թէեւ Ազգային Ռուբինեան վարժարանը արդէն իսկ վարժարաններու միաւորման գործընթացին մաս կը կազմէր, մինչեւ վերջերս, Ազգային Վարչութեան օրակարգին վրայ չէր ներկայացած Ազգային Սուրէն Խանամիրեան Քոլէճի պարագան։ Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ երբ հարցը փոխանցուեցաւ Ազգային վարչութեան, ընդհանուր տուեալները սերտելով, կողմնորոշուելու համար, Ազգ. Վարչութիւնը դարձեալ նկատի ունեցաւ հայ աշակերտին համար լաւագոյն կրթական պայմաններ տրամադրելու պահանջքը: Հետեւաբար, այս հանգրուանին ու ընդհանուր խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանի միաւորը բարենպաստ համարելով, Սրբազան Հայրը եւս Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին առաջարկեց որդեգրել Ազգային Վարչութեան տեսակէտը։
Զոյգ կրթական կառոյցներու միաւորման մասին Ազգային երեսփոխանները արտայայտելով իրենց տեսակէտները, յայտնեցին, որ անհրաժեշտ է Ազգ. Միացեալ Վարժարանը օժտել արդի կրթական ծրագիրով, որպէսզի այլ յաջողութիւն գտած կրթական հաստատութիւններու մակարդակով եւ մրցունակ ոգիով կարելի ըլլայ աւելի մեծ թիւով աշակերտութիւն ներգրաւել վարժարանէն ներս։ Առաջարկուեցաւ, վերամուտի առիթով ծաւալել քարոզչական ընդարձակ աշխատանք եւ այդ ծիրէն ներս ստեղծել կարելիութիւններ՝ նաեւ շրջանցելու նիւթական դժուար պայմաններու մէջ գտնուող ծնողներու դժուարութիւնները։ Առաջարկուեցաւ սկսնական շրջանին համար տարբեր շրջաններէ եկող աշակերտներու փոխադրութիւնը դարձնել անվճար։
Աւարտին, քուէարկութեան դնելով Ազգային Վարչութեան ներկայացուցած բանաձեւը, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը որդեգրեց Ազգ. Ռուբինեան եւ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանները Ազգային Միացեալ վարժարանին միաւորելու Ազգային վարչութեան ներկայացուցած առաջարկը։
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

