• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը Նուիրումի Եւ Ծառայութեան Վերանորոգ Ուխտով Եզրափակեց Տարեկան Վարչական Ընդհանուր Անդամական Ժողովը

08.03.2017   20:28

Միութենավայել եւ  տեսլապաշտ մթնոլորտի մէջ,  Կիրակի,  5 Մարտ 2017-ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական Վարչութեան  ատենապետ Վիգէն Չերչեանի, ներկայութեամբ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական  Վարչութեան  անդամներուն, Հայ  Երիտասարդաց   Ընկերակցութեան  մարզական, մշակութային, սկաուտական, համալսարանական, երիտասարդական, կրտսերաց  միաւորներու, ՀԵԸ  Անդրանիկ Անթիլիաս եւ Անդրանիկ Սեւան  մասնաճիւղերու  գործադիր  մարմիններու, Զահլէի եւ Ամանոսի  մասնաճիւղերու վարչական  կազմերու, աւելի քան  երկու  հարիւր անդամ-անդամուհիներու՝ բացուած յայտարարեց ՀԵԸ-ի  տարեկան  վարչական  ընդհանուր ժողովը:

Ներկաները՝  յոտնկայս, միասնաբար  երգեցին Լիբանանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգները:   Բարի գալուստի իր խօսքին մէջ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը յայտնեց, թէ  շնորհիւ  հաւաքական եւ միասնական աշխատանքին, Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան  բոլոր մասնաճիւղերը եւ վարչութիւնները անխտիր,  բարեյաջող տարեշրջան մը  եւս բոլորած են՝ հարազատ մնալով 110-ամեայ ՀԲԸՄ-ի եւ 85-ամեայ ՀԵԸ-ի հիմնադրիներու ուղիին եւ սկզբունքներուն: Ան, արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթեց ընդհանուր վարչական ժողովին:

 

Կեդրոնական  վարչութեան  ատենապետը յայտնեց, թէ  անցնող տարուան աշխատանքներուն  մէջ պիտի առանձնացնէ երկու կարեւոր իրագործում. Կեդրոնական  Վարչութեան  հովանաւորութեամբ լոյս տեսած է  ՀԵԸ-ի՝ 2014-2015 տարեշրջաններու    գործունէութիւնը համապարփակօրէն արտացոլացնող  գունաւոր, պատկերազարդ  երկամեայ  «Տեղեկատու»-ն: Այս առիթով, ան շնորհակալութիւն  յայտնեց   ՀԵԸ-ի  մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակի  պատասխանատու եւ «Տեղեկատու»-ի  հայերէն  բաժինի խմբագիր Ահարոն Շխրտըմեանին, անգլերէն լեզուի  թարգմանիչ Արին Ղազարեանին եւ սրբագրութեան պատասախանատու Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեաններուն, իրենց  բծախնդիր աշխատանքին համար: Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը յայտնեց, թէ «Տեղեկատու»-ն պիտի դառնայ աւանդութիւն:

Երկրրոդ  կարեւոր իրագործումը զորս կատարուած էր ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  անմիջական հետապնդումներով,  ՀԵԸ  Անդրանիկի  ֆութպոլի դաշտը (Նաքքաշ)  վերանորոգելու, զայն արհեստական խոտով օժտելու որոշումն էր, զորս դիմաւորուեցաւ մեծ  ոգեւորութեամբ: Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը  նշեց, թէ  դաշտին կից պիտի հիմնուի ֆութպոլի դպրոց մը, որպէսզի  հայ պատանիները եւ  երիտասարդները ՀԵԸ-ի դաշտին մէջ սորվին ֆութպոլը:

Տարեկան վարչական  ընդհանուր ժողովի առաջին բաժինը  յատկացուած  էր   2015-2016  տարեշրջանի գործունէութեանց  տեղեկագիրներուն, իսկ երկրրոդը՝ նոր  ծրագիրներու  եւ առաջարկներու:

Յաջորդաբար, խօսք առին ՀԵԸ-ի մասնաճիւղերու եւ վարչութիւններու 26 ներկայացուցիչներ: Անոնք  ընթերցեցին իրենց համապատասխան  վարչութիւններուն գործունէութեանց  տեղեկագիրը: Տեղեկագիրներուն ընթերցման զուգահեռ, իւրաքանչիւր մասնաճիւղ եւ վարչութիւն՝ տեսաերիզի  վրայ  ցուցադրեց  իր  գործունէութիւնը ամփոփող  ժապաւէն մը:

Կարճ ընդմիջումէ ետք, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ յիշատակի նկարի արարողութիւն, ներկաները  վերադարձան ժողովասրահ՝ շարունակելու  ժողովին երկրորդ մասը, որ  յատկացուած էր  նոր տարեշրջանի գործունէութեան ծրագիրներու,   առաջարկներու եւ օրակարգերու քննարկման: Հաւաքական աշխատանքի յանձնառութեան եւ նուիրումի պատրաստակամութեան վառ օրինակ մըն էր ընդհանուր վարչական ժողովին մթնոլորտը: ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը առ ի քննարկում արձանագրեց ներկայացուող առաջարկները՝ խոստանալով  շուտափոյթ լուծումներ գտնել  անոնց:

Daregan  Jhoghov -2017b

Տարեկան ընդհանուր վարչական ժողովին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան: Ան, յանուն ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, մէկ առ մէկ  շնորհաւորեց մասնաճիւղերու, վարչութիւններու, կեդրոնական գրասենեակի վարիչ տնօրէնի եւ պաշտօնէութեան աշխատանքը եւ նորանոր  յաջողութիւններ մաղթեց բոլորին:

Տարեկան ընդհանուր վարչական ժողովը իր աշխատանքը աւարտեց ազգային, միութենական ծառայութիւնը վերանորոգ ուխտով շարունակելու յանձնառութեամբ:

                                                                 ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner