• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Կարօ Փայլան Որոշած է Դիմել Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան

03.03.2017   08:41

Պոլսոյ հայկական «Ակօս» պարբերականը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը մերժած է Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի հայցը խորհրդարանին մէջ իր խօսքերը արձանագրութենէն հանելու եւ իրեն 3 նիստի չմասնակցելու պատիժը բողոքարկելու հետ կապուած:

Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ելոյթի ժամանակ խօսած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որմէ ետք խորհրդարանի ղեկավարութիւնը Կարօ Փայլանին որպէս պատիժ արգիլած էր անոր 3 նիստի մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նիստի արձանագրութենէն հանած էր Հայոց ցեղասպանութեան  վերաբերող հատուածը:

Կարօ Փայլան Սահմանադրական դատարանէն մերժում ստանալէ ետք որոշած է դիմել ՄԻԵԴ: «Երանի Թուրքիոյ դատարանը այս հարցի լուծումը տար: Ինծի հանդէպ կայացուցած որոշումը ժողովրդավարութեան հարուած էր: Քանի որ մեր դատարանը այդ որոշումը չէ չեղարկած, ես պիտի դիմեմ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան»,–ըսած է Կարօ Փայլան:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner