Երախտաշատ Հայագէտ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Թէքէեան Կեդրոնի Յարկին Տակ

*ԱՒԵՏԻՍ ՏԻՊԱՆ*
«Զարթօնք«ի աշխատակից
«Հայաստանը Քաղաքակրթութեան Բնօրրանն է՝
Հին Աշխարհի Առաջատար Եւ Զարգացած Երկրներէն Մէկը»
Ֆրանս Վերֆէլ
Վկայութիւն մըն է այս եւ փաստ, թէ հայ ժողովուրդը պատմութիւն եւ քաղաքակրթութիւն կերտողն է աշխարհին մէջ: Վկայ պատմութեան թաւալքին վրայ երկարող հայու անսակարկ մաքառումը գոյատեւման համար ու պատմութիւն կերտելու շնորհաշատ աննկարագրելի տենչին: Նամանաւանդ Սփիւռքի մէջ ապրող հայու պայքարը երկճակատ կամ եռաճակատ դաշտերուն վրայ:
Արդարեւ, Սփիւռքի հայապահպանումը թէ՛ հաւաքական եւ թէ՛ անհատական ճիգեր ու ջանքեր կը պահանջէ:
ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութիւնը արդար եւ ճիշդ նկատեց պատուել ու առաւել լուսարձակի տակ առնել մարդիկ, անհատներ, որոնք հայապահպանութեան մէծ նպաստ ունեցած են, երախտաշատ մտաւորականներ են, անսակարկ նուիրեալներ՝ հայութեան տեւականացման: Ուստի, ինչպէս օրին հաղորդուած էր «Զարթօնք»ի մէջ, ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութիւնը Ուրբաթ 24 Փետրուար 2017-ի, երեկոյան ժամը 7-ին կազմակերպեց մեծ պատմաբան՝ Փրոֆ. Ռիչըըրտ Յովհաննէսեանի վաստակը պատուող եւ իր նորագոյն հատորի՝ Armenian Communities of the Northeastern Mediterranean Mousa dagh – Dort Yol & Kessab ներկայացման ձեռնարկը:
Սոյն ձեռնարկին իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Լիբանանի մօտ Հ.Հ. դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառի ներկայացուցիչ՝ Գերշ. Նորայր Եպս. Աշըգեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Գրիգոր-Պետրոս Ի.-ի ներկայացուցիչ՝ Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ՝ Ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ անդամներ, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ ընկ.հի Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեան եւ Ընկ. Սեւակ Յակոբեան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տագէսեան եւ անդամներ, Տոքթ. Ռիշար Գոյումճեան՝ Ներկայացուցիչ Լիբանանի Ուժերու Կուսակցութեան, ՀԵԸ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն. Վիգէն Չէրչեան, ինչպէս նաեւ մեծարեալին դուստրը՝ Անի Յովհաննէսեան:
Շնորհահանդէսին բացումը կատարեց եւ ներկաները ողջունեց ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան: Ան անդրադարձաւ ձեռնարկին կարեւորութեան եւ աննախընթացութեան մասին, որովհետեւ նպատակ կը հետապնդէ առանձնացնել ու մեծարել մէկը, մտաւորական մը, որ իր կախարդական հմայքով հարազատ հայրենասիրութեամբ եւ նախանձախնդիր ժրաջանութեամբ հայկականութեան ու հայագիտութեան ջերմով վարակեց ոչ միայն ամերիկահայ նորահաս սերունդներ, այլ աշխարհով մէկ տարածուած հայ երիտասարդներ, որոնք հետեւեցան ու կը հետեւին Իր գծած ուղիին եւ կը պայծառացնեն հայագիտութեան այլեւայլ էջերը՝ գիտական ամուր վերլուծումներով, կ’աջակցին մեր առարկայական ինքնաճանաչողութեան եւ իրենց նուիրումով վառ կը պահեն հայութեան գոյերթը:
Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան հակիրճ սակայն բազմաբովանդակալից կերպով ու սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց հռչակաւոր պատմաբանին աւանդը հայագիտութեան զարգացման մէջ` լուսարձակի տակ առնելով անոր բազմավաստակ նուիրումը եւ հարուստ գրապատմագրական, գիտաժողովներու ու հրատարակչական գործերու վերլուծումը ու հաստատելով անոնց գնահատանքի բարձրորակ դրոշմը: Արդարեւ, յարգելի Դոկտորը տուաւ ճշգրիտ ու պատուաբեր նկարագրութիւն պատմաբանի գիտական մշակի բերքին ու հաւաքականութեան անոր բերած դերի մասին:
Առաջին գիրքերուն մասին Դոկտ. Տագէսեանը անդրադարձը տուաւ անոնց, որպէս ընդհանրական հայ իրականութեան մասին արտայատող հատորներ: Սակայն պատմաբանին ամենակարեւոր ու խնդրայարոյց նիւթերն էին Հայաստանի Հանրապետութեան 1918-1920 թուականները եւ հետաքրքրականն այն է, որ պատմաբանը զայն «առասպելական»էն փոխադրեց «իրապաշտ» ու գիտականօրէն համեմուած եւ անգլերէն լեզուով նիւթը շօշափելի դարձուց համաշխարհային հանրութեան համար: Նոյն տրամաբանութեամբ ներկայացուց նաեւ ցեղասպանութեան փաստացի իրականութիւնը, որ լայն ու հաստատական ընդունելութիւն գտաւ Ամերիկեան, եւրոպական եւ այլ զանգուածներու քով, կապ ստեղծելով անցեալը ներկային հետ, երիտասարդ հայը իր արմատին, ինչպէս նաեւ օտարին ծանօթացնելու համար հայ դատի թնճուկային եւ ընդհանրական հարցին հետ:
Դոկտ. Տագէսեանի խօսքերով՝ Փրոֆ. Յովհաննէսեանը իր աշխատութիւններով ինքզինք գերազանցեց, ունենալով շնորհքը դառնալու ազգային տիպար ու կոչուելով սփիւռքահայ գրականութեան ու նամանաւանդ պատմագրութեան պատրիարք:
Ապա Խօսքը տրուեցաւ Փրոֆ. Յովհաննէսեանին: Մեծ պատմաբանը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ԹՄՄ-ին այս բացառիկ կարգադրութեան ու հրաւէրին համար, ապա լայնածաւալ կերպով անդրադարձաւ իր կենսագրութեան, մատնանշելով անոր ծնողքին ապրած ուղին որ Հայաստանէն անցնելով դէպի ԱՄՆ, հայու ճակատագիրի ու պատմութեան ծալքերուն, անդառնալի փաստերուն ու վկայութիւններուն եւ զանոնք երեւան հանեց: Պէյրութը իւրայատուկ եւ իր կեանքին համար անկիւնադարձային քաղաք մը հանդիսանալով, մասնաւոր տեղ գտեր է անոր հոգիին մէջ: Ան, սահիկներու տարափով մեզի ճամբորդական ուղեւորութեամբ տեղափոխեց Մուսա Տաղ, Տորթ եօլ, Վագըֆ եւ Քեսապ, ծանօթացնելով անոնց պատմութեան ու հարուստ մշակոյթներուն եւ ապրելակերպին՝ տալով ծանօթ պատմական նշանակութիւն ունեցող տեղանուններ, ինչպէս նաեւ անձնաւորութիւններու անուններ, որոնք անդառնալի դրոշմը ձգած են այդ վայրերու հոգեմտաւոր եւ աշխարհիկ կեանքին մէջ:
Պատմաբանին դուստրը՝ Անին, փաստագրական տեսերիզով մեզի տարաւ պատմական Համշէնի գեղատեսիլ վայրերը, ծանօթացնելով նաեւ Համշէնցու խօսած հայերէնին, որ հարազատ արտացոլումն էր անոր հողին կառչածութեան եւ անսակարկ հայապահպանութեան, թէեւ պատմութեան տխուր հոսանքը ազդելով անոնց էութեան վրայ յաճախ կ’ըսեն որ իրենք հայ չեն: Սակայն իրենց հոգիի ու սրտի խորքը պահպանած են հայու տոհմիկ սովորութիւնները:
Այս շահեկան երեկոյի աւարտին ԹՄՄ-ի կողմէ յարգելի պատմաբանը յուշանուէրով մը պատուուեցաւ ձեռամբ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի:: Խանդավառ երեկոն շարունակուեցաւ մտերմիկ զրոյցներով ու պատմաբանին կողմէ իր վերջին հրատարակած գիրքին մակագրումով:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

