• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

‘Աթէշեանի Փոխարէն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Տեղապահ Կրնայ Դառնալ Գերմանիոյ Հայ Համայնքի Հոգեւոր Առաջնորդը

03.03.2017   08:37

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի եկեղեցական խորհուրդի նախագահ,  Տ. Սահակ եպս․ Մաշալեան Պոլսոյ հայկական պարբերականներէն «Ակօս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահի պաշտօնին ընտրուելու համար թէեւ ինքն ու պատրիարքի փոխանորդ, արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան նոյնպէս իրաւունքներ ունին, սակայն ըստ Մաշալեանի` ներկայ փուլին այդ պաշտօնին համար ամենայարմար թեկնածուն Գերմանիոյ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ, արքեպիսկոպոս Գարեգին Բեկչեանն է:

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 23-24-ին Էջմիածինի մէջ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին որոշուած է Մարտ 15-ին դադրեցնել Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանի լիազօրութիւններն ու ընտրել պատրիարքի տեղապահ եւ վերջինիս գլխաւորութեամբ հետամուտ ըլլալ պատրիարքի ընտրութիւններու նախապատրաստման ու իրականացման:

«Ես` որպէս տեղապահ, կը տեսնեմ եւ կ’առաջարկեմ արքեպիսկոպոս Բեկչեանը, որ իր խաղաղասէր բնոյթով եւ տարիներու առաջնորդական փորձով ունակ է կարգաւորելու այս լարուած իրավիճակը», – ըսած է Մաշալեան:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner