Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Երեքշաբթի, 28 Փետրուարին, վարժարանս հիւրընկալեց այս օրերուն Լիբանան գտնուող ամերիկաբնակ հայ պատմաբան, դասախօս փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, որ հանրածանօթ է Հայաստանի, Անդրկովկասի եւ Միջին Արեւելքի պատմութեան հարցերուն, Հայաստանի 20-րդ դարու սկիզբի, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան, Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան եւ պատմագրութեան նուիրուած իր աշխատութիւններով եւ հեղինակած գիրքերով:
Վարժարանիս աշակերտներուն հետ հանդիպման սկիզբը, 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Թամար Կանիմեան ներկայացուց փրոֆէսորը, այնուհետեւ, վերջինս խօսք առնելով անդրադարձաւ իր մանկութեան, պատանեկութեան եւ ամերիկահայ կեանքի պայմաններուն, երբ սկսած է իր մէջ զօրանալ հայերէնին տիրապետելու հզօր ցանկութիւնը: Ան խօսեցաւ իր հեղինակած գիրքերուն մասին, որոնք բոլորն ալ վկայութիւնն են իր գիտական բերքին, որուն միջոցով ան հայ հաւաքականութեան մէջ ունեցած է իր գնահատելի դերն ու ներդրումը: Ան նաեւ վաւերագրական ժապաւէններ ցուցադրեց իր դստեր՝ Անի Յովհաննէսեան Գրիգորեանի կատարած գիտաշխատական այցելութենէն պատմական Մուսա Լեռ եւ հանդիպումը համշէնահայութեան հետ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ» եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշաններուն արժանացած փրոֆէսոր Յովհաննէսեան աշակերտները մղեց լաւ գիտնալու հայոց լեզուն եւ պատմութիւնը, պահելու իրենց մշակութային արժէքները, ինչպէս նաեւ գիտակցելու ցեղասպանութիւնը վերապրած ազգ ըլլալու կարեւորութեան եւ անկէ մղուելով անեղծ պահելու մեր հայկական ինքնութիւնը:
Աւարտին, տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան նախ շնորհաւորեց փրոֆ. Յովհաննէսեանը, որ ծնած ըլլալով ամերիկեան օտար միջավայրի մէջ, կրցած է ոչ միայն տիրապետել հայոց լեզուին եւ պատմութեան, այլ նաեւ մեր ազգային պատմութիւնը լաւապէս տարածել եւ փոխանցել թէ՛ հայերուն եւ թէ օտարներուն: Տիկ. Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս շինիչ հանդիպումին համար եւ մաղթեց, որ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան պատմաբանը օրինակ հանդիսանայ ներկայ եւ գալիք նոր սերունդին:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

