Սիրոյ Տօնը Թէքէեան Կեդրոնին Մէջ

*ԱՒԵՏԻՍ ՏԻՊԱՆ*
Փետրուար 14-ը աշխարհի շատ մը երկիրներուն մէջ կը տօնուի իբրեւ սիրահարներու օր: Սուրբ Վալէնթայն անունը կրող տօնէն անմասն չեն մնար նաեւ հայ սիրահարները, թէպէտ Առաքելական Եկեղեցին ջանք ու եռանդ չի խնայեր, որպէսզի առաւել մեծ տարածում գտնէ հայկական Սուրբ Սարգիսի տօնը:
Տարուէ տարի Սուրբ Սարգիս տօնող երիտասարդներուն թիւը կ’աւելնայ, սակայն անոր զուգահեռ չեն պակսիր նաեւ Սուրբ Վալէնթայն նշողները:
Առասպելական պատմութեան համաձայն՝ Վալէնթայնը քահանայ մըն է, որ գաղտնի կերպով կ’ամուսնացնէր սիրահար զոյգեր, քանի որ հռոմէացի տիրակալ Քլաուտիոս Երկրորդը արգիլած էր պատերազմի մեկնող տղաներու ամուսնութիւնը: Սակայն Վալէնթայնի գործունէութիւնը շուտով կը բացայայտուի եւ կը բանտարկեն զինք: Բանտին մէջ ան կը ծանօթանայ Յուլիա անունով աղջկայ մը հետ, որուն կը սիրահարուի: Սակայն քահանան մահապատիժի կ’ենթարկուի եւ առասպելին համաձայն այս դէպքը տեղի կ’ունենայ փետրուար 14-ին:
Պարզ չէ, թէ այս պատմութիւնը իրական է թէ ոչ, սակայն ակնյայտ է որ Սուրբ Վալէնթայնի տօնի նշումը կը մնայ սիրոյ գլխաւոր տօնակատարութիւնը աշխարհին մէջ:
Կազմակերպութեամբ ՌԱԿ Տամատեան եւ Յովսէփեան ակումբներու զոյգ վարչութեանց, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-պարահանդէս նուիրուած սիրոյ, երախտագիտութեան եւ մարտիրոսութեան (St. Valentine’s Day), Շաբաթ, 11 Փետրուար 2017-ի երեկոյեան, ժամը 8:30-էն սկսեալ, Թէքէեան Կեդրոնի Հրաչեայ Սեդրակեան սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան անդամներուն, ակումբներու վարչութեանց ներկայացուցիչներուն եւ մեծ թիւով համակիրներու:
Երեկոյեան ճաշկերոյթի մասնակից ընկեր-ընկերուհիներ եւ բարեկամներ խումբ-խումբ կը հասնէին ժամադրավայր, ուր կը դիմաւորուէին ՌԱԿ Տամատեան եւ Յովսէփեան ակումբի վարչականներուն զուարթ ժպիտներով:
Թէքէեան Կեդրոնի Հրաչեայ Սեդրակեան շքեղ սրահը դարձած էր աւելի գեղեցիկ՝ զարդարուած սիրոյ եւ երախտագիտութեան նուիրուած կարմիր ծաղիկներով եւ սրտանման փուչիկներով:
Ներկաներուն մօտ կը տիրէր ընդհանուր գոհունակութիւն:
Բարի գալստեան յատուկ խօսքերով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Տամատեան Ակումբի վարչականներէն, ծանօթ դերասան, երգիծագիր՝ ընկ. Տիրան Սարգիսեան: Ան ուրախութեամբ ողջունեց ներկաները, կարեւորեց օրուան պատգամը, պատմութիւնը տուաւ սիրոյ, երախտագիտութեան եւ մարտիրոսութեան սկզբունքներուն, եւ ճաշկերոյթի բոլոր ընթրիքին իր զուարճախօսութիւններով ուրախացուց տիկինները, ապա գնահատեց կազմակերպիչ վարչութեանց աշխատանքը եւ յանձնարարեց, որ աւանդութիւն դարձած այս ձեռնարկը ամէն տարի քաջալերուի բոլոր վարչութիւններու կողմէ:
Անկրկնելի, արտասովոր ու բացառիկ ապրուած պահեր՝ երգով, պարով ու նուագով խանդավառեցին անզուգական երգչուհի Շաքէ եւ Սեդրակ Պաղտասարեանները մատուցելով ազգային-հայրենասիրական երգեր: Ներկաները վայելեցին իւրայատուկ եւ անմոռանալի պահեր:
Տամատեան-Յովսէփեան ակումբի վարչականները ջանք չէին խնայած՝ կազմակերպելու համար յաջող ճաշկերոյթ մը: Եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, վիճակահանութիւն 4 մեծ նուէրներու՝ Երեւան-Պէյրութ-Երեւան օդանաւային տոմս տրամադրուած Armenian Airlines-ի կողմէ, Պէյրութ-Լառնագա-Պէյրութ օդանաւային տոմս տրամադրուած Փօլօ Թրաւըլէն, ադամանդակուռ ոսկեղեն տրամադրուած Պր. Յակոբ Տաքեսեանի եւ ընկ. Վարդիվառ Եալմանեանի կողմէ:
Թող յաւերժ ապրի սէրը ամէն մարդու բաբախող սրտին մէջ: Շնորհակալութիւն նուիրատուներուն եւ մասնակիցներուն:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

