Պէյրութի Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ «Սէրը Հայրենի Երգի Թեւերով»

Հայապահպանման կարեւորագոյն զէնքերէն մին է հայ մշակոյթը, ուստի, անոր դերը լիարժէք գնահատելով եւ անոր փրկարար գործածութիւնը շարունակելով, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը իր կրթական առաքելութեան կողքին կ՛ըլլայ նաեւ հայ մշակութային արժէքներու պահպանման ու տարածման ջահակիրը։
Հաւատալով որ հայ մշակոյթը կը պահպանուի այնքան ատեն որ մեր միտքն ու սիրտը միշտ բաց կը պահենք հայ մշակութային արժէքներով հաղորդուելու մարտահրաւէրին առջեւ, եւ այդ տիպար օրինակով մեր նորահաս սերունդները հաղորդակից կը պահենք մեր մշակոյթի կենսունակութեան, վարժարանիս տնօրէնութիւնը կազմակերպեց հայկական ժողովրդական եւ գուսանական երգերու համերգ մը, «ՀայՀամերգ»ի հետ համագործակցաբար, եւ մասնակցութեամբ հայրենի եւ լիբանանահայ արուեստագէտներու, ներկաներուն պարգեւելով հայ մշակոյթով հաղորդուելու գեղեցիկ առիթ մը, եւ բոլորին յիշեցնելով, որ ազգապահպանման մեր դժուարին պայքարին ամէնէն ազդու զէնքերն են հայ մշակոյթի անկորնչելի գանձերուն պահպանումն ու թարմացումը, եւ մանաւանդ սերունդէ սերունդ անոնց անխաթար փոխանցումը:
Արդարեւ, Ուրբաթ, 27 Մարտ 2015-ի երեկոյեան, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ, երկու ժամուան տեւողութեամբ, ժողովրդական եւ գուսանական երգերու ունկնդրութեան բարձրորակ եւ հիանալի պահ մը փոխանցեցին Նարինէ Տոխոյեան, Գրիգոր Միրզոյեան եւ Մարինա Ռոստոմեան «սոլիսթներ», Վարազդատ Խաչումեան «ջութակ» եւ Սամուէլ Յովհաննիսեան «դաշնամուր» հայրենի արուեստագէտները: Ելոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ արուեստագէտներ Յակոբ Քելուկեան «տուտուկով» եւ Գէորգ Քէօշկէրեան «տհոլով»:
Գուսան Շերամի, գուսան Աշոտի, աշուղ Ճիւանիի, Կոմիտասի, Սայեաթ Նովայի, Խաչատուր Աւետիսեանի, Ալեքսէյ Հեքիմեանի, Վլատիլէն Պալեանի եւ այլոց ստեղծագործութեամբ մեր ժողովրդական եւ գուսանական անմահացած եւ յաւերժացած երգերու բացառիկ ներկայացումը ներկաներուն տուաւ թեւեր, որոնցմով անոնք ապրեցան սէրը, հայրենասիրութիւնը եւ մարդկային ամէնէն գեղեցիկ զգացումները:
«ՀայՀամերգ»ը, յանձինս Պրն. Յակոբ Գույումճեանին, եւ վարժարանիս տնօրէնութիւնը միասնաբար եկան ապացուցելու այն համոզումը, որ չի մեռնիր այն ժողովուրդը որ մեզ նման երգել գիտէ: Եւ ա՛յս եղաւ պատգամը «Սէրը Հայրենի Երգի Թեւերով» ելոյթին, այն պահուն, երբ ազգովին կը նշենք Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, մեր նահատակներու ժառանգ թողած կտակին հանդէպ մեր գերագոյն յարգանքը դրսեւորելով՝ հայկական մշակութային արժէքներու ծաւալման նպաստող նախաձեռնութիւններ ի գործ դնելու ճամբով։
Նշենք նաեւ, որ համերգի աւարտին տեղի ունեցաւ Զատկուան անուշեղէններու եւ հայկական գեղարուեստի գործերու ցուցահանդէս-վաճառք:
Լրատուական Մարմին
Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

