Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Լա Քրեսենթա Հովիտի Ծուխի Յաղթական 10-ամեակը

*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*
Շաբաթ, Հոտկտեմբեր 25, 2014, Կլենտէյլի Ֆինիսիա ճաշարանին մէջ, մեծաշուք հանդիսութեամբ պիտի նշուի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Լա Քրեսենթա, Լա Գանիատա, Թահանկա եւ Սանլէնտ քաղաքներուն մէջ ապրող մոտ 20 հազարէ աւելի հայութեան հոգեւոր սնունդ հայթայթող՝ Լա Քրեսենթա Հովիտի Ծուխի հիմնադրութեան յաղթական 10-ամեակը:
Յա՛ղթական տասնամեակը ըսինք, որովհետեւ այս Ծուխը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն ի վեր, Աստուծոյ կամքով եւ օրհնութեամբ ու Առաջնորդ՝ Յովնան Սրբազանի ղեկավարութեամբ, ձիւնագնդակի նման թաւալելով մեծցաւ, աճեցաւ եւ այս չորս քաղաքներու հայութեան համար հոգեւոր ջերմ տուն մը եղաւ իր բազմերես ծառայութիւններով եւ իր գեղակերտ եկեղեցիով, սրահով եւ յարակից բաժիններով, որ կը գտնուին Tujunga քաղաքի Montair փողոցի վրայ:
Այդ օրուայ մեծաշուք հանդիսութիւնը իր օրհնաբեր ներկայութեամբ պիտի հովանաւորէ թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, իսկ նախագահութիւնը՝ ազնուօրէն ստանձնած են Կլենտէյլի ծանօթ երիտասարդներէն Տէր œ Տոքթ. Վարդան եւ Արմինէ Կարպետեանները: Տոքթ. Արմինէ Կարպետեան, ատամնաբոյժի իր ասպարէզի կողքին, Կլենտէյլ քաղաքի Կրթական Խորհուրդի ընտրեալ անդամ է, իսկ Պրն. Վարդան Կարպետեան հանրածանօթ հասարակական գործիչ մըն է Կլենտէյլի մէջ: Ան, Real Estate-ի առուծախի առընթեր, քաղաքապետարանի, մեր գաղութի եւ Կլենտէյլի ժողովուրդի զանազան մարմիններուն մէջ աշխատելով, իր կամաւոր եւ արդիւնաշատ նպաստը կը բերէ մեր քաղաքին եւ ժողովուրդին:
Յոբելինական այս ձեռնարկը կազմակերպուած է յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ, գլխաւորութեամբ Ծուխիս ժրաջան երիտասարդ հովիւ՝ արժանապատիւ Տէր Աւետիս քհնյ. Աբովեանի եւ ատենապետութեամբ Ծուխիս եւ Առաջնորդարանի ղեկավարներէն՝ Տիկին Լենա Սիմոնեանի: Տասնամեակի անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող այս ձեռնարկը կազմակերպուած է, Պօղոս Առաքեալի խօսքերէն՝ »Ապրիլ հաւատքով, աղօթել յոյսով, ծառայել սիրով« նշանաբանով: Այդ օր տեղի պիտի ունենայ մոմավառութիւն: Հրաւիրուած են Ծուխիս բարերարներէն, նուիրեալներէն եւ բարեկամներէն ընտրանի հիւրեր:
Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան պիտի պարգեւատրէ որոշ ազգայիններ »Հայու Հոգի« շքանշանով:
Տասնամեակի առիթով պիտի պատրաստուի յատուկ գրքոյկ մը:
Օրուան հանդիսավարն է Արեւմտեան Թեմի Զուարթնոց Մշակութային Յանձնախումբի եռանդուն ատենապետ, Ծուխիս տասը տարիներու ընդհանուր անդամական ժողովի ատենապետ՝ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան:
Մուտքի նուէրն է, ընթրիքը եւ թեթեւ խմիչքը ներառեալ՝ 80 տոլար:
Տոմսերու համար հեռաձայնել, Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Տիկին Լենա Սիմոնեանին (818) 383-1322 թիւին:
Ջերմօրէն հրաւիրուած են մեր ժողովուրդը, թեմիս բոլոր Ծուխերու անդամները, Արեւմտեան Թեմի պատասխանատուները այս խիստ յիշարժան ձեռնարկին, միասնաբար փառք տալու Աստուծոյ Իր բոլոր բարիքներուն œ օրհնութիւններուն համար œ ցնծութեամբ նշելու մեր Ծուխի հիմնադրութեան նշանակալից այս տարեդարձը:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

