Զաւէն Խանճեան՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Վարիչ

Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարչութեան ատենապետ դոկտ. Ճոզէֆ Ծերունեան կը տեղեկացնէ, թէ ընկերակցութեան գործադիր վարիչ նշանակուած է Զաւէն Խանճեանը։ Ան պաշտօնը պիտի ստանձնէ Սեպտեմբեր 1, 2014ին։
Զաւէն Խանճեան ծնած ու հասակ նետած է Հալէպի մէջ. երիտասարդ հասակէն գործօն անդամ մը եղած է տեղւոյն Էմանուէլ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ։
«Ալեփփօ Քոլեճ»էն վկայուելէ ետք, ան ուսումը շարունակած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ՝ գործարարական ճիւղի պսակաւոր արուեստից վկայական ստանալով 1967ին, որուն յաջորդած 13 տարիներուն ընթացքին, ան Ծոցի զանազան հեղինակաւոր ընկերութիւններու մէջ պաշտօններ ստանձնած է։
1979ին, ան իր ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Քալիֆորնիա՝ կալուծային առուծախի ասպարէզը նետուելով, եւ 1987ին Կլենտէյլի մէջ հաստատած է իր «Խանճեան Ռիըլթի» ընկերութիւնը։
Խանճեան եղած է Մեծն Լոս Անճելըսի համայնքին մէջ գործօն անդամ՝ ղեկավար պաշտօններ ստանձնելով հետեւեալ կազմակերպութեանց մէջ.
«Հայաստան» հիմնադրամ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն, Մերիտնեան Հայ Աւետարանական վարժարան, Միացեալ հայ ժողովական եկեղեցի, Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարան, Երիտասարդ քրիստոնեայ տղամարդկանց միութեան Կլենտէյլի մասնաճիւղ, բարեգործական «Սելվէյշըն Արմի» կազմակերպութեան Կլենտէյլի մասնաճիւղ, Հայեր Արցախի համար, Կալուածային առուծախի մարզի հայ գործարարներու միութիւն։
Իսկ վերջերս, ան ստանձնած է ատենապետի պաշտօնը Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան մարմինին, որ կրցած է մարդասիրական նպատակներու համար աւելի քան մէկ միլիոն տոլար գոյացնել։
Անոր բազմաթիւ յօդուածները՝ հայերէնով եւ անգլերէնով, լոյս տեսած են ամերիկահայ մամուլին մէջ. ան հեղինակն է երեք հայերէն հատորներու։
Խանճեան ամուսնացած է Սոնա Քելիկեանի հետ։ Ամոլը ունի 3 զաւակներ եւ 5 թոռներ։
Նշենք, որ պատուելի Մկրտիչ Մելքոնեան մինչեւ Հոկտեմբեր պիտի շարունակէ մնալ ընկերակցութեան ժամանակաւոր գործադիր վարիչի պաշտօնին վրայ, փոխանցման սահուն շրջան մը ապահովելու համար, որմէ ետք ան պիտի վերստանձնէ իր նախկին պաշտօնները։ Ան տարուան մէկ կէսը պիտի տրամադրէ Հայաստանի մէջ ընկերակցութեան պատուելիներու պատուելիի պաշտօնին, իսկ միւսը՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի տարածքին վարչական շարք մը պարտականութեանց։
1918ին հաստատուած Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.amaa.org կայքը։
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

