Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը զօրակցի Իրաքի քրիստոնեաներուն հետ

*ՊԷՅՐՈՒԹ – ԼԻԲԱՆԱՆ * Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը հարցազրոյց մը ունեցաւ Թէլէլիւմիէր-Նուրսաթ հեռուստակայանի խօսնակին հետ, երեքշաբթի, 22 յուլիս 2014, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ:
Հարցազրոյցի ընթացքիին Հոգեւոր Տէրը յիշեց, որ 21-րդ դարուն քրիստոնեաներուն կրած հալածանքները ամենասաստիկն են պատմութեան ընթացքին: Իրաքի քրիստոնեաները, որոնք հազարներով փախուստ կու տան Մուսուլէն եւ այլ շրջաններէն, արդէն փոքրամասնութիւն կը կազմեն եւ որոնց թիւը վերջին տարիներուն զգալիօրէն նուազեցաւ «Արաբական գարուն» արտայայտութեան շրջանին: Այսօր Մուսուլ գրեթէ դատարկ է քրիստոնեաներէն աւելցուց Հոգեւոր Տէրը:
Իսլամ ծայրահեղականներու տուած վերջնագրին համաձայն, Իրաքի քրիստոնեաները ստիպուած եղան լքելու իրենց երկիրը, ապա՝ այլ ճակատագրի պիտի ենթարկուէին:
Հոգեւոր Տէրը շեշտեց, որ քրիստոնեաներուն միակ ապաւէնը Քրիստոսն է եւ ոչ՝ զէնքը: Քրիստոնեաները խաղաղութեան կողմնակից ենք եւ ոչ պատերազմի, ըսաւ ան, ապա՝ կոչ ուղղեց բոլոր միջազգային հասարարական կազմակերպութիւններուն եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան մարմիններուն ձեռնածալ չմնալ ու աշխատիլ վերջ տալ հալածանքներուն:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

