Գոյատեւում

Վստահաբար ամբողջ Տիեզերքը իր համակարգով կ՛ընթանայ պայմանաւորուածութեամբ. Մեզի յայտնի  է արեգակնային դրութիւնը, յարաշարժ ու ժամանակացոյցի նման ընթացքով Արեւ լուսին աստղեր: Բայց մենք  գանք մեր Երկիր մոլորակին, ոտքերնիս թող թեքերի ցամաքամասերու վրայ, ինչ որ արդէն եղած է ու կը շարունակուի իբրեւ տեղափոխութիւն կամ գաղթ որպէս ինչպէս որեւէ կենդանութիւն այս մոլորակի: Պրպտող մարդ արարածը հանգիստ չի կրնար մնալ ե՛ւ հարցումներով ե՛ւ անոնց պատասխաններով պայմանաւորուած է կարծես իր գոյութիւնը, մանաւանդ՝ գոյութեան  իմաստը, ինչ որ մարդու  յատուկ է: Մարդ արարածը, նայած իր ապրած աշխարհագրական դիրքին, վայրին, ունեցած է մասնայատուկ գոյն, ձեւ, կենցաղ, խառնուածք որով կը տարբերի ա՛յլ վայրի  բնակիչներէն որմէ՝ ցեղային տարբերութիւններ, կրօնական մտածելակերպի, որմէ կենցաղավարութիւն, հագուստ կապուստ, մանաւանդ լեզու եւ ըմբռնումներ որոնք բազմահազար տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած ու կազմաւորուած են, որոնցմէ մին նաեւ հայը. Այսինքն՝ մենք: Անձնապէս այս ՄԵՆՔ բառը կը դժուարանամ  գործածել այնքան կրկնուած ու չարչարուած բառ մըն է, աւելի քան Դ. Վարուժանի  Տալիթան: Սակայն փախուստ չկայ պիտի գործածենք եթէ պէտք ըլլայ մանրամասնութեան, պէտք է յստակեցնել:

Հօրս քով տարիքոտ անձ մը կու գար իբր այցելութիւն, եւ շատ կարճ խօսակցութեան մէջ արդէն կը լսուէր «Այնթապցի թող ըլլայ, ցեխոտ թող ըլլայ» (ի հարկէ թրքերէն, քանի որ Այնթապ, Քիլիս, Մարաշ եւ այլն ստիպուած էին թրքերէն խօսիլ որպէսզի լեզունին զոհ չ՛երթայ թուրքի  պատիժին): Կիլիկիա չմնաց Ֆրանսան նուիրեց զայն Թուրքերուն իսկ հայեր ապաստանեցան ֆրանսայի հովանաւորութեան տակ մնացած Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Գաղթական հայեր նոր կեանք սկսան. Եւ ի՜նչ կեանք. Բայց պէտք է ապրիլ. Ապրիլ հայօրէն. Եկեղեցի, դպրոց, ակումբ ընդհանուրին իսկ ընտանիքներ՝ ամէն ոք իր հասողութեան չափով. Թիթեղ, փայտի  կտորներ, անհրաժեշտութիւններ էին «տուն» մը ունենալու թէեւ կային նաեւ աւելի յարմարաւէտ բնակարաններ որոնք  հասու չէին շատերու: Իմ յաճախած դպրոցս ալ՝ Սահակեան վարժարան, կ՛ըսէին թէ զինուորական ախոռ եղած է. Բայց ընդարձակ էր եւ ունէր դաշտ, խաղավայր: Ձմրան  տանիքը կը կաթկթէր…բայց հայը կը կերտուէր.- դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ սունկի նման աճեցան: Հին օրերը փոխուեցան նո՛ր մտայնութեամբ պայմանաւորուեցան: Կիլիկեան յուշերը անդենականի անցան: Նոր երկիր, նոր դար նոր բարքեր.այս անգամ քիչ մը արաբականացած. Տարուինի խօսքը գործնականացաւ. «Յարմարուողը կը գոյատեւէ»: Այդ յարմարուածութիւնը մարդ ի՛նք իր մէջ պիտի ունենայ նախ. Բայց երբ հաւաքականութեան հետ է մեր գործը, կը նշանակէ նաեւ՝ տարակարծութիւններ անխուսափելի են ինչ որ բնական է. Բայց իբրեւ լոզունգ երբ «մէկ հայութիւն» ըսենք, այդ ի հարկէ կ՛ըլլայ կեղեւ եւ ոչ թէ՝ կորիզ, խօսք, եւ ոչ թէ՝ գործք ու կը յիշես Կապուտիկեանի «Փշրուեցինք աստղերի պէս ու ցրուեցինք աշխարհում»ը: Աշխարհ. Այսինքն՝ ձուլարան: Իսկ ով ինչ կը փնտռէ կարելի է այս նոր դարուն. Անկարելիութիւններ եղեր են կարելիութիւններ ու աշխարհը շրջուած է ամբողջութեամբ  հին հասկացողութիւններ տեղի տուած են նորերու. Հայրենիք հասկացողութիւնն ալ մանաւանդ՝ շնորհիւ «Նոր աշխարհ»ներու գրաւչութեան. Ձեւով մը մեզի համար «Ուր հաց հոն կաց» կը գործնականացուած է լայն չափանիշով ու դեռ կը քաջալերուի ազատութեան, մարդավայել  կեանքի պիտակի տակ:

«Անձը թէ գանձը» արդէն անձ եւ գանձ միաձուլուած են այս դրամատիրական աշխարհի մէջ, որու մէջ մեր Հայրենիքն ալ կ՛ընդգրկուի…ի՞նչ ըսել. Հարցի մը պարագային ընդհանրապէս թեր, դէմ եւ ձեռնպահներ կը գտնուին «Մէկ Հայաստան մէկ հայութիւն» լոզունգին վերոյիշեալ երեք թեւերն ալ գոյ են ե՛ւ պատմական անցեալի  եւ ներկայ իրավիճակի իբրեւ արդիւնք. Հայաստան  տակաւին լինելութեան  ճամբուն վրայ է փոթորիկներով առլի. Հին ուժեր, նոր  իրականութիւն, հայութիւնը  կ՛անհանգստացնեն. Ձայներ չեն պակսիր ոչ մէկ անկիւնէ, աշխարհի  չորս ծագերէն, մանաւանդ՝ Աւետեաց Երկրէն: Ո՞վ պիտի հանդարտեցնէ փոթորիկը, ո՞վ պիտի տայ հասարակ յայտարարը երբ արդէն դուրսի ուժեր եւս օրն ի բուն կ՛ուզեն  ոչ միայն հայու վերացումը, այլ՝ համայն ազգերու, յանուն մէկ հասարակութեան:

Եկէք ջուր չտրամադրենք այս ազգակործան ջաղացքին:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Մշակութային Արձագանգ. Աֆորիզմներ Պեռնարտ Շօ

 

  • Այս երկու կոչումներից՝ կնոջ մշտական մայրութեան ու տղամարդու յաւերժ մանկութեան, ես, ինձ թւում է, նախընտրում եմ տղամարդունը:
  • Յիշո՞ւմ էք ֆրանսացուն, ով հարցրել է՝ որ տարիքում ենք մենք անտարբեր դառնում սիրոյ գայթակղութեան նկատմաmբ: Ծեր կինը պատասխանել է, որ դեռ չգիտի:
  • Իտէալիստների կարող ենք հանդիպել նոյնիսկ մեր աշխարհում: Նրանց միայն կարելի է փրկել զգացմունքային սիրտ եւ բաւական մեծ օժիտ ունեցող աղջիկների հետ ամուսնանալու միջոցով:
  • Բոլոր տղամարդիկ նոյնն են այն կնոջ համար, որով հիանում են:
  • Ես տարբեր կանանց եմ հանդիպել եւ իմացել այն ամենը, ինչ կարելի էր նրանցից իմանալ: Եւ դա եղել է «սիրոյ արդիւնքում», որովհետեւ ես շատ փող չունէի:
  • Ամենամեծ մեղքը ոչ-թէ մերձաւորի նկատմամբ ատելութիւնն է, այլ անտարբերութիւնը. ահա անմարդկային վերաբերմունքի իսկական բարձրակէտը:
  • Միշտ պէտք է չափազանցնես գաղափարդ այն աստիճանի, որ ստիպես մարդկանց վեր ցատկել տեղից ու լսել քեզ, ու նաեւ այնպէս վախեցնես, որ սկսեն գործել: Ես միշտ գիտակցաբար այդպէս եմ վարւում:
  • Մարդուն կարելի է իշխել միայն իր հաւատքի միջոցով, եւ ոչ՝ Ձեր:
  • Գիշերը ծերերին հանգստութիւն է բերում, երիտասարդներին՝ յոյս:
  • Կենդանի անյաջողութիւնն աւելի լաւ է, քան անկենդան գլուխգործոցը:
  • Ազատութիւնը պատասխանատւութիւն է: Ահա թէ ինչու են բոլորը դրանից վախենում:
  • Մարդը կարող է բարձրանալ մինչեւ ամենաբարձր գագաթները, բայց այնտեղ երկար մնալ չի կարող:
  • Զգուշացէ՛ք նրանից, ով հարուածին հարուածով չի պատասխանում, նա ե՛ւ ձեզ չի ների, ե՛ւ թոյլ չի տայ՝ ինքներդ ձեզ ներէք:
  • Մարդիկ միշտ մեղքը բարդում են հանգամանքների վրայ: Ես չեմ հաւատում հանգամանքների ուժին: Այս աշխարհում յաջողութեան է հասնում միայն նա, ով փնտրում է իրեն անհրաժեշտ պայմանները, իսկ եթէ չի գտնում, ինքն է դրանք ստեղծում:
  • Այն ինչ մենք յաջողութիւն ենք անուանում, իրականում փոխհատուցում է բոլոր այն մարդկանց, ովքեր տաղանդով են օժտուած:
  • Խելացի մարդը յարմարւում է աշխարհին, «անխելքը» յամառօրէն փորձում է աշխարհը յարմարեցնել իրեն: Այդ պատճառով էլ առաջընթացը կախուած է «անխելք» մարդկանցից:
  • Եթէ մի օր երջանկութեան ետեւից վազելիս գտնէք այն, իր ակնոցը փնտռող պառաւի նման կը բացայայտէք, որ երջանկութիւնը ողջ ընթացքում ձեր քթի տակ է եղել:
  • Մարդն իր արարքներն արդարացնելու համար ցանկացած պատճառ կը գտնի, բացի մէկից. իր մեղքերի համար՝ ցանկացած արդարացում, բացի մէկից. իր անվտանգութեան համար՝ ցանկացած առիթ, բացի մէկից: Իսկ այդ մէկը վախկոտութիւնն է:
  • Երբեք թոյլ չտաք, որ մահուան վախը ղեկավարի ձեր կեանքը: Հէնց սա է հերոսութեան գաղտնիքը:
  • Վախի գերին լինել. ահա վախի ամենավատ տեսակը:
  • Միակ դասը, որը կարելի է քաղել պատմութիւնից, այն է, որ մարդիկ պատմութիւնից դասեր չեն քաղում:

 

Համադրեց՝ Ռ.Օ.

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Տեսակէտ. Օսմանեան Գրաւումի 600ամեակ Սելճուքեան Գրաւումի 1000ամեակ

Սուլթան Էրտողան (… կանխածի՞ն), յաճախ իր փարանոյա-ն սանձազերծելով, կը սոնքար թէ ինք ժառանգորդն է օսմանցիներուն եւ սելճուքներուն, եւ մեծ շուքով պիտի նշէ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումին 600-ամեակը՝ 2053 թուին, եւ սելճուքներու Ա. Յաղթական արշաւանքին 1000-ամեակը՝ 2071 թուին։

Կ՚երեւի թէ՝ վերջերս, ան կորսնցուցած է լաւատեսութիւնը իր հեռանկարներուն նկատմամբ։ Անհամբերացած ու մեծ շտապողականութեամբ, յանկարծ որոշեց մեծ շուքով նշել Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումին 567-րդ տարեդարձը՝ 29 Մայիս 2020 թուին, 33 տարի չսպասելով…։ Եւ շատ մեծ շուքով ու շռնդալից նշումն ալ կատարեց բիւզանդական Այա-Սօֆիյա Տաճարին մէջ, իսլամական ու օսմանական ռազմական արարողութիւններով ու Քուր՚անէն ընթերցումներով եւ օսմանեան զինուորական երաժշտութեամբ, հսկայ տաճարին պատերը ծածկելով օսմանեան բանակի յաղթական դրուագներու մեծադիր պատկերներով…։ Եւ… Գորոնայէն վախնալով, թէ այլ գաղտնի պատճառով, Էրտողան վիտէոյի միջոցով անձնապէս հովանաւորեց մեծաշուք պետական հանդիսութիւնը։ Իր երկար ճառի եզրակացութեան մէջ ըսաւ. «Բիւզանդիոնի անհաւատներու կայսրութիւնը ՍԵՒ քաղաքակրթութիւն էր, որուն յաղթեց օսմանեան իսլամի լուսաւորութեան քաղաքակրթութիւնը…»։ (Նախորդող տարիներուն, ան այս տարեդարձը նշել կու տար երկրորդական պաշտօնատարի մը՝ խորհրդանշական եւ անշուք ձեւով…)։

Այս ճառը կը նմանէր Զիա Կէօք Ալփի եւ Նիհալ Ատսըզի փանթուրքական առասպելապատումին։ Զիա Կէօք Ալփ գրած էր (իր “Türkçülüğün Esaslari” հատորին մէջ) 1923-ին, “Güneş Dil Teorisi”ի մը մասին, որ կ՚ըսէր թէ՝ թրքերէն լեզուն Արեւային է, եւ Մայրը՝ աշխարհի միւս բոլոր լեզուներուն… առանց խպնելու, որ Teorisi բառը թրքերէն չի կրնար ըլլալ, քանի որ Կեդրոնական Ասիոյ ժողովուրդները վաչկատուն ու վարձկան զինուորներէ բաղկացած էր, որոնց իմացական կարողութիւնը չի կրնար ըմբռնել «տեսութիւն» յղացքը։ (Հետեւաբար, ներկայի թրքերէնին մէջ գտնուող հայերէն եզրերը մե՞նք փոխ առած ենք թրքերէնէն…։ Կամ՝ ներկայի թրքերէնին մէջ գտնուող տասնեակ հազարաւոր պարսկերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ տակաւին ուրիշ լեզուներու եզրերը… այդ ժողովուրդնե՞րը փոխ առեր են թրքերէնէն։ Բացէք թրքերէն լեզուով հրատարակուած որեւէ էջ. այդ էջին մէջ գործածուած եզրերուն առնուազն 50 տոկոսը թրքերէն չեն ըլլար)։

Իսկ աւելի ուշ, Նիհալ Ատսըզ՝ իր “Türk Tarihinde Meseleler” հատորին մէջ (1977-ին) գրած էր թէ՝ օսմանցիները “Orta Doğu Asiadan Geldiler ve Medenierliği Dünyada Yaydilar” (Միջին Ասիայէն եկան եւ քաղաքակրթութիւնը տարածեցին Աշխարհին մէջ…)։

Այս եւ միւս փանթուրքական առասպելապատումները այսօր սկսած են կորսնցնել իրենց կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը, երբ զիրենք հովանաւորող Արեւմտեան վերջին իմփերիալիզմը նահանջի մէջ էխուճապի մատնելով Սուլթան Էրտողանը, որ հաւանաբար չսպասէ մինչեւ 2071… մեծ շուքով տօնելու համար նաեւ՝ սելճուքեան յաղթական Ա. Արշաւանքին մէկ տարեդարձը։ Սակայն այդքանով չի կրնար ջնջել պատմական այն փաստը, որ 1042 թուին, Անիի Թագաւորութեան վրայ սելճուքեան առաջին արշաւանքը (Գագիկ Բ. Թագաւորի օրով) պարտուած էր հայկական բանակէն՝ Զօր. Վահրամ Պահլաւունիի հրամանատարութեամբ։ Սակայն, Բիւզանդիոնի Մորիկ Կայսրը՝ փոխանակ Անիի Թագաւորութեան պատնէշը զօրացնելու սելճուքեան յաջորդական արշաւանքներուն դէմ, գործեց պատմական մեծագոյն սխալը 1045 թուին, երբ ինք գրաւեց Անիի Թագաւորութիւնը, դաւաճանութեամբ Վեստ Սարգիսի եւ Պետրոս Գետադարձ Կաթողիկոսի… տկարացնելով իր բանակը սելճուքեան յաջորդ արշաւանքներուն առջեւ, եւ՝ պարտուեցաւ։ Այլապէս՝ սելճուքեան արշաւանքը չէր կրնար յաղթանակել՝ բիւզանդական ու հայկական բանակներու միացեալ ճակատին վրայ…։

Վերադառնալով Կոստանդնուպոլսոյ (Constantinople) գրաւումին, այս պատմական քաղաքին անունը նախ փոխուեցաւ Էսթանայի, ապա՝ Իսլամպուլի, եւ հուսկ՝ Իսթանպուլի։

Այլեւս յոռետես ու խուճապահար դարձած Սուլթան Էրտողան, առայժմ կը մխիթարուի AKP-ի նոր-օսմանական ռազմական կարգ մը նուաճումներով՝ Հիւսիսային Իրաքի, Հիւսիս-Արեւմտեան Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ։ Սակայն, Իրաքի մէջ ձեւականօրէն կը համագործակցի թշնամի Իրանի հետ, Սուրիոյ մէջ՝ Ռուսաստանի հետ, իսկ Լիպիոյ մէջ՝ զօրավիգ կը կանգնի ԱՄՆ-ի դրածոյ իշխանութեան հետ (Ֆայէլ Ալ-Սարրաժի վարչապետութեամբ), ողոքել յուսալով Թրամփը, եւ կը պատերազմի այս իշխանութեան ընդդիմադիր՝ Մարեշալ Խալիֆէ Հաֆթարի դէմ, որուն ուղղակի նեցուկ կը կանգնի Ռուսաստանը, եւ անուղղակի՝ Եգիպտոսը, Սէուտական Արաբիան եւ Էմիրութիւնները, որպէսզի արգիլեն Թուրքիոյ, Իսլամ Սիւննիթ աշխարհի առաջնորդութիւնը, յափշտակելու Սէուտ Արաբիոյ ձեռքէն…։ Միաժամանակ, պատերազմելով հանդերձ Հաֆթարի բանակին դէմ, կը զգուշանայ ուղղակի ճակատելէ Ռուսաստանի հետ… եւ թրքական բանակի զինուորներէն աւելի՝ հոն կ՚օգտագործէ իրեն վարձկան սուրիացի ահաբեկիչները, զորս ան քաշեց Իտլիպէն՝ Ռուսաստանի պահանջով։

Տակաւին, Սուլթան Էրտողան հանգիստ չունի նաեւ ներքին ճակատի վրայ, ուր չկայ ազգային համերաշխութիւն կամ միասնականութիւն։ Նախ՝ նոյնինքն AKP կուսակցութիւնը ունեցաւ մեծ պառակտում մը, երբ իր անմիջական գործակիցները (Ապտալլա Կիւլ, Ահմէտ Տաւութօղլու եւ Ալի Պապաճան) հրաժարեցան AKP-էն, եւ հիմնեցին իրենց անջատ կուսակցութիւնները։ Ապա՝ կայ ԱՄՆ ապաստանած Կիւլէնի հետեւորդներու ընդդիմութիւնը։ Յետոյ՝ շատ աւելի մեծ ընդդիմութիւնը՝ քիւրտերու եւ ալեւիներու, որոնք կը կազմեն մօտ 40 միլիոն «թուրքիացի» (թիւրքիէլի) եւ մօտ 10-15 միլիոն բազմազգի լայիք ու դեմոկրատական կուսակցութիւններ ու կազմակերպութիւններ, որոնք դէմ են Սուլթան Էրտողանի միանձնեայ ֆաշիզմին…։ Եւ՝ այս բոլոր ընդդիմադիրներու պատգամախօս գրողներն ու մանաւանդ լրագրողները՝ խիզախօրէն ամէն օր ԶԼՄ-ու մէջ կը մերկացնեն Սուլթան Էրտողանի վարած արկածախնդրական ու ֆաշական քաղաքականութիւնը, յաչս հանրութեան հեղինակազրկելով զինք։

29 Մայիս 2020 թուի այս աննախընթացօրէն մեծաշռինդ հանդիսութիւնը Այա Սօֆիայի Տաճարին մէջ, բուռն բանավէճեր ստեղծեց իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր թերթերու միջեւ, որոնց իբր նմոյշ պիտի անդրադառնանք այստեղ AKP-ական «Եէնի Շաֆաք»ի եւ CHP-ական «Ճումհուրիէթ»ի միջեւ անցած բանավէճին։

«Եէնի Շաֆաք»ի մէջ, Զէքի Քուրշուն՝ իր գրգռիչ յօդուածով, Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումը համարեց համազօր Մուհամմետ Մարգարէի Մեքքէ մուտքին… եւ՝ աւելիին…։ Որովհետեւ՝ եթէ Մարգարէին Մեքքէ մուտքը, Մեքքէին տուաւ համաշխարհային ճանաչում, որպէս իսլամ աշխարհի մեծագոյն սրբատեղին, Կոստանդնուպոլսոյ «ազատագրում»ը (գրաւումը) ողջ աշխարհին դաս տուաւ՝ կրօնական համակեցութեան քաղաքակրթութեան շուրջ… (եղե՜ր)։

Իսկ նոյն թերթի խմբագրապետը՝ Իպրահիմ Գարակիւլ, փոխանորդելով Էրտողանի կատաղութիւնը, իր խմբագրականին մէջ կատաղի յարձակում մը կատարեց Թուրքիոյ «թէ՛ արեւմտեան եւ թէ ալ՝ արեւելեան թշնամիներուն» դէմ… «որոնք կ՚ուզեն խեղդամահ ընել Թուրքիան»…։

Ովքե՞ր կրնան ըլլալ Թուրքիոյ «արեւելեան» թշնամիները, եթէ ոչ՝ Ռուսաստանը, Իրանը եւ Չինաստանը։ Ասիկա աննախադէպ հրապարակային թշնամական պոռթկում մըն է՝ յատկապէս Ռուսաստանի դէմ։ Որոշ է թէ՝ խմբագրապետը, միայն ամիս մը առաջ, համարձակութիւնը ունեցած պիտի չըլլար նման պոռթկում մը ունենալու՝ «Թուրքիոյ արեւելեան թշնամիներուն» դէմ։ Իսկ այսօր, որոշ է թէ՝ ան վերջերս ստացած է Սուլթանի կանաչ լոյսը կամ հրահանգը այս ուղղութեամբ… (Մեր անմիջապէս նախորդ գրութեան մէջ, մենք կանխագուշակած էինք, թէ Էրտողան կորսնցուցած է իր լաւատեսութիւնը՝ Փութինի հետ իր յարաբերութեան հեռանկարին նկատմամբ)։ Ուրեմն, այսօր՝ առաւել յոռետես դարձած ըլլալով այդ հեռանկարին նկատմամբ, աւելի մեծ խուճապով շտապած է՝ օդին մէջ ճօճելու օսմանեան եւ սելճուքեան հնամաշ ու ժամանակավրէպ դարձած յաղթանակներուն սուրը, հրաժարելով Ռուսաստանի նկատմամբ ցարդ ցուցաբերած իր հաշուենկատ փրակմաթիզմէն։

Իսկ առ ի պատասխան «Եէնի Շաֆաք»ի կատաղի յարձակողականին, ընդդիմադիր «Ճումհուրիէթ» թերթին մէջ, Էրտալ Աթապէկ երկարաշունչ պատմական յօդուած մը գրած է։ Ան նախ կը նկարագրէ, թէ նոր-օսմանականութեան կարօտախտով վարակեալները ինչպիսի միամտութեամբ կը հրճուին, երբ լսեն «Ճիհատ-Ֆաթհ-Ղանիմէ» երրորդութեան յաղթանակներուն լուրերը։ (Յիշեալ երրորդութեան «Ճիհատ»ը իսլամի պաշտպանութեան համար թափուած ջանքն է, «Ֆաթհ»ը իսլամի կողմէ ձեռքբերուած նուաճումն է, որ գրաւում մըն է, բայց իսլամի տրամաբանութեամբ՝ «ազատագրում» է, իսկ «Ղանիմէ»ն գրաւումով ձեռքբերուած աւարն է։ Այս երրորդութեան ոչ մէկ բաղադրիչը կապ ունի քաղաքակրթութեան հետ, իսկ գրաւումն ու աւարը՝ բարբարոսական են)։ Եւ կը շարունակէ. «Մուհամմէտ Մարգարէի մուտքովը Մեքքէ, միաստուածեան երրորդ կրօն մը հաստատեց, որ հարիւրաւոր միլիոններով հետեւորդներ ունեցաւ։ Սակայն, Ֆաթիհ Սուլթան Մուհամմէտ Բ.ի գրաւումը Իսթանպուլի՝ յատուկ տեղ մը ունենալով հանդերձ Օսմանեան Կայսրութեան պատմութեան մէջ, միայն հանգրուան մըն է աշխարհի պատմութեան մէջ, իր արիւնալի պատերազմի էջերով ու բնիկ ժողովուրդներու ջարդերով, եւ անփառունակ վախճանով։ Մինչդեռ, այդ առաջին օրերուն, Եւրոպան արդէն մուտք գործած էր Վերածնութեան (Renaissance) դարաշրջան, ուր կային 50-է աւելի համալսարաններ, ուր աշխարհահռչակ աստղաբնագէտ Կալիլէօն, մաթեմաթիկա կը դասախօսէր Բիզայի համալսարանին մէջ, եւ Եւրոպան վերջ կը դնէր օսմանեան պետութեան նմանող աստուածպետական (Théocratique) իշխանութիւններուն եւ կ՚իրագործէր Բարենորոգութիւնը (La Réforme), մուտք գործելով մարդկայնական գիտութիւններու (Sciences Humanistes), մտածողութեան եւ արուեստներու դարաշրջան, եւ Սբ. Գիրքը լատիներէնէ կը թարգմանուէր՝ ֆրանսերէնի, անգլերէնի եւ գերմաներէնի, եւ հոն սկսած էր գործել Կիւթենպերկի առաջին տպարանը…։ Մինչդեռ՝ օսմանեան պետութիւնը ամբողջութեամբ դուրս մնացած էր այս ամէնուն լուսաւորութեան աշխարհէն, եւ ոչ մէկ նորարար ճիգ թափած էր այս մարզերէն ներս։ Իսկ տպարանը՝ հազիւ կրցած էր հոն մուտք գործել 1730 թուին, եւ սակայն մերժեց Քուր՚անը թարգմանել օսմաներէնի, անոր ընթերցումը սահմանափակելով արաբերէնի ծանօթներուն միայն։ Իսկ միայն Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքն էր, որ լայիք պետութիւն հաստատելով հանդերձ, Քուր՚անը թարգմանել տուաւ լատինատառ թրքերէնի, հրաժարելով օսմաներէնի տառերէն…»։ (Ի դէպ, կը պատմուի թէ՝ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. կարծած է, որ քիմիագիտութեան դասագիրքին մէջ H2O ջուրի նշանը կը նշանակէ՝ Համիտ Բ. հաւասար է զեռոյի… եւ պահանջած է ջնջել H2O-ն դասագիրքէն…)։

Եւ Էրտալ Աթապէկ, եզրափակելով իր յօդուածը, կը գրէ. «Իսթանպուլի գրաւման տարեդարձին առիթով Էրտողանի կազմակերպած այս աննախընթացօրէն շռնդալից, եւ բիւզանդական քրիստոնէական Այա-Սօֆիյա Տաճարին մէջ կայացած՝ պետական ու զինուորական ալ հանդիսաւորութեամբ եւ օսմանեան քայլերգերով այս բեմադրութեան համապատկերը ցոյց կու տայ՝ թէ երկրի իշխանութիւնը երկիրը դէպի ո՞ր արկածախնդրութեան կ՚առաջնորդէ»։ («Եէնի Շաֆաք» եւ «Ճումհուրիէթ» թերթերէն մէջբերումները կատարած ենք լիբանանցի հմուտ թրքագէտ Մուհամմէտ Նուրետտինի յօդուածէն, որ լոյս տեսաւ լիբանանեան «Ալ-Ախպար» օրաթերթի 2 Յունիս 2020 թուակիր համարին մէջ։ Մենք հեռախօսային զանգով շնորհաւորեցինք զինք, իր այս յօդուածին համար, եւ որոշեցինք հայ ընթերցողին հասանելի դարձնել՝ երկու հակադիր մէջբերումները)։

Ահա այսպէս, Օսման եւ Սելճուք բարբարոսներու ժառանգորդ Սուլթան Էրտողան՝ քաղաքակրթութեան դասեր կու տայ աշխարհին, այսօր՝ 21-րդ դարուն մէջ, առանց խպնելու, առանց այլայլելու կամ վարանելու։ Անաչառ հոգէախտաբան մը ի՞նչ ախտաճանաչում պիտի տար արդեօք՝ այս պահուն, Էրտողանի հոգեվիճակին մասին։

Եթէ՝ Սուլթան Էրտողան, AKP-ի երկարատեւ իշխանութեան շրջանին, Թուրքիոյ «խորքային իշխանութիւնը» հանդիսացող Քեմալական Բանակը մաքրագործած չըլլար՝ հեղինակաւոր ու բարձրաստիճան քեմալական զինուորականներէն, ներկայի Թուրքիոյ պարզած ներքին արտակարգօրէն խռովեալ եւ անկայուն իրավիճակը, անխուսափելի դարձուցած պիտի ըլլար զինուորական նոր յեղաշրջում մը։ Սակայն այսօր՝ Քեմալականութեան առումով, ամորձահատուած բանակը, ցոյց չի տար այդպիսի յեղաշրջումի մը պատրաստակամութիւնը կամ ցանկութիւնը։

Իսկ Սուլթան Էրտողանի հակառակորդ ընդդիմադիր բոլոր դեմոկրատական ուժերը դէմ են զինուորական յեղաշրջումին, զայդ նկատելով՝ հակադեմոկրատական ու ֆաշական յեղաշրջում, եւ սակայն, իրենք եւս պատրաստ չեն (կամ ցարդ յաջողած չեն) միաւորուելու միացեալ ճակատի մը մէջ, որպէսզի իրականացնեն դեմոկրատական յեղաշրջումը, կամ՝ յեղափոխութիւնը…։ Եւ այս երկու կողմերուն (բանակին ու ժողովուրդին) անպատրաստութենէն կ՚օգտուի Սուլթան Էրտողան, իր միանձնեայ բռնատիրութիւնը պարտադրելու համար։

Որովհետեւ՝ անպատրաստութեան պատճառը այն է, որ այդ բոլոր ուժերը չեն ներկայացներ միասեռ զանգուած մը… այլ՝ բաժանուած են ցեղային, ազգային, կրօնական ու դասակարգային ալ առումներով…։

 

ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

 

 

 

 

 

Մինիափոլիս, Պոլիս, Ուրիշ Տեղեր, Պէյրութ Եւ… Հայութիւն

Ամէն օր աշխարհը այնքան շահեկան, հետաքրքրական, զարմանալի լուր կը հայթայթէ որ մարդ կը շփոթի՝ որմէկուն աւելի կարեւորութիւն տայ: (Հասկնալի է մեզի հրամցուած լուրերը, աշխարհի դէպքերուն եւ իրադարձութիւններուն շատ մանր տոկոսը կը կազմեն):

Մարդկութիւնը ամէն վայրկեան տեղատարափին տակ է լրատուութեան, որ անպայման եւ միայն արհեստագիտական հաղորդամիջոցները չեն: Չմոռնանք բամ-բաս-բայը, այսինքն բամբասանքը, տարաձայնութիւնները…: Յամենայնդէպս, այս պահուս, ասիկա չէ նիւթը զոր կ’ուզեմ բաժնեկցիլ, այլ Մինիափոլիսի դէպքը եւ անոր յառաջացուցած կոհակները միտքիս մէջ: Աւելի ճիշտը՝ կոհակներէն մէկը…:

Մեզմէ շատ շատերը իմացան ու գիտեն արդէն Մինիափոլիսի մէջ ճերմակամորթ ոստիկանի մը կողմէ սեւամորթ ‘յանցաւոր’ի մը խեղդամահութեան դէպքը եւ անոր յաջորդող բողոքի ցոյցերը:

“I can’t breath”ը ֆիզիքական իր իմաստի սահմանէն անցաւ հոգեբարոյական, ազատութեան բնագաւառները, կոխոտեց ընկերութեան մէջ ընդհանրապէս խեղդամահ ընող անցարգելները…:

Գիտենք արդէն, թէ այնուհետեւ – եւ միքանի օր առաջ – նման դէպք մը պատահեցաւ Աթլանթայի մէջ, բայց վստահ եմ որ ամէնօրեայ տխուր ու անընդունելի նման երեւոյթներ կը պատահին աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ, տարբեր տարողութեամբ, ձեւերով ու գունաւորումներով:

Մինիափոլիսի դէպքին պարագային՝ եղածին դէմ բողոքողներուն մէջ մեծաթիւ ճերմակամորթներու ներկայութիւնը մտածումներու տեղիք տուաւ:

Այս մասին կ’ուզեմ բաժնեկցիլ:

Այդ սպիտակամորթ ցուցարարները եթէ ցեղային կամ մորթի գոյնի նախապատուութեան արժէքով կողմնորոշուէին՝ բնականաբար պիտի պաշտպանէին սպիտակամորթ ոստիկանները: Բայց անոնց արժէհամակարգին մէջ մարդկային իրաւանց հարցերը գերակշռեցին ցեղային թէ այլ նախապատուութիւնները եւ տեղափոխուեցան մարդկային իրաւանց խմբակի շարքերուն:

Նման պարագաներու հանդիպեցայ Պոլսոյ մէջ, միքանի տարի առաջ: Հոն ալ թուրքերու խումբ մը յառաջացած էր որ ինքզինք կը հեռացնէր, կ’անջատէր ցեղասպանութիւն գործած թուրքերէն եւ կ’անցնէր ցեղասպանուածներուն, մարդկային իրաւանց խմբակի շարքերը, կը պաշտպանէր անոնց՝ ա՛յդ առնչութեան շահերը:

Բոլորս մոռցանք, կամ շատ փոշի նստաւ արդէն Հարաւային Ափրիկէի ափարթայտին աւարտման գործընթացին վրայ: Հոն՝ Նելսըն Մանտելային եւ շատ ուրիշներու տասնամեակներու պայքարին, միջազգային ընկերութեան ճնշումներուն իբրեւ արդիւնք, իշխող եւ գերիշխող ոչ-սեւերուն մէջ այնքան շատցաւ թիւը անոնց որոնք ընդդիմացան եւ հակառակեցան իշխանաւորներու ընթացքին, որ հակառակ իրենց մորթագոյնին եւ այլ նախապատուութիւններու, նախընտրեցին դիրքաւորուիլ յօգուտ մարդկային իրաւանց եւ … ափարթայտը տեղի տուաւ:

Կրնանք հետեւցնել, թէ հոն ուր մարդկային իրաւունքները դարձան գերագոյն արժէք՝ բոլոր միւս հասկացութիւնները, գաղափարները տեղի տուին: Տարբեր չէ պարագան Իսրայէլի, Թուրքիոյ եւ բոլորիս:

Միշտ չէ որ գերագոյն արժէքը մարդկային իրաւունքներն են:

Վերցնենք Պէյրութը իր շուրջ հնգամսեայ ցոյցերով. սկզբնական օրերուն ցուցարարներուն համար գերագոյն արժէքը կացութեան յեղաշրջումն էր, եւ մարտակոչը՝ «բոլոր բոլորը»: Սակայն շուտով այդ արժէհամակարգը խաթարուեցաւ եւ նոյն ցուցարարները սկսան ըսել «Բոլոր բոլորը, բացի՝…» եւ այդ «բացի»ն իւրաքանչիւր ցուցարարի մտքին մէջ անուն մը կամ երեւոյթ մըն էր որ… գերակշռեց ցուցարարներուն սկզբնական գերակշիռ արժէքը:

Ըսել ուզածս այն է որ երբ բան մը գերագոյն արժէք կը դարձնես՝ միւս բոլոր արժէքները, կը վերածուին ենթակայ եւ կը դառնան երկրորդական ու կը մղեն քեզ որ այդ «երկրորդական» դարձած հասկացութիւններուն հանդէպ նուազ առնչեալ ու նախանձախնդիր վերաբերում, ընթացք ու յանձնառութիւն որդեգրես:

Պէյրութի ցուցարարներու պարագային տեսանք ինչպէս արժէհամակարգերը դիրքափոխուեցան: Ուրեմն կարելի է հետեւցնել, թէ արժէհամակարգերը  կեանքի տարբեր տեւողութիւններ ունին եւ կա՛ն արժէհամակարգեր որ գրեթէ (յարաբերականօրէն) յաւիտենական են: Կարելի է հետեւցնել, նաեւ թէ արժէհամակարգերու մրցակցութիւն մը կայ՝ հրապուրելու եւ գրաւելու անհատը…:

Մերօրեայ համաշխարհային կենցաղին մէջ մեզի համար արժէք դարձած են ոչ-անպայման հիմնարար, խորքային խորհուրդներ ու գաղափարներ: Միշտ չէ, որ հայրենիքի գաղափարը գերագոյն եւ բացարձակ արժէք կը նկատուի հիմա:

Մարդ կը փնտռէ այդ հայրենիքին դրսեւորած արժէքները, խորհրդանշած, ապրած եւ ապրեցնող արժէքները: Եւ այդ հայրենիքը միայն պետութիւնը չէ, այլ այդ պետութիւնը վարող իշխանութիւնը, ղեկավարութիւնը եւ ժողովուրդը:

Հայութեան համար, որպէսզի դրական չափերով կառչած մնանք հայրենիքին, հայկական ինքնութեան, պայման է որ անոնք աստարուած ըլլան մարդկային իրաւանց արժէհամակարգով:

Ուշադիր, այդ հայրենիքը միայն Հայաստանը չէ, այլ որեւէ հաւաքականութիւն որուն մաս կը կազմենք, ընկերութիւն-համայնքէն մինչեւ ընտանիք, եւ … նոյնիսկ …անձ:

 

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Հրեղէն  Փառքի Լոյս  Հայրերին Ծնողները Հաւասար են Աստուծոյ, Նոյնիսկ Աստուած Չի կարող Վճարել Պարտքը Ծնողքների

Միջօրէ, արեւ աստուած Միհրը, երկիր մոլորակի իր ընթացքին մի ակնթարթ կանգնի երկնակամարի բարձունքին,   լոյսի ճառագայթները որպէս հրավառութիւն խուրձ-խուրձ նետի մոլորակի դէմքին, ողջոյն յղի հայրերին: Արե՜ւ, արմէնները նրա լոյսին պաշտամունք նուիրեցին, որ իրենց լեռների աշխարհին յաւերժութիւն պարգեւէր, իրենց արտերի ցորեանին լոյս շաղէր, իրենց այգիներին պտղաբերութեան ծիածան փռէր, իրենց հոգիներին կեանքի հէքիաթ հոսէր: Միհր կոչեցին նրան, իրենց մեհեաններ բերին, որոնց ճակատներին յաւերժութեան խորհրդանիշ կարմիր բոցոտ նուռեր, նրա կրակով հրդեհուած խաղողի ողկոյզներ քանդակեցին, նրանց շուրջ բոլորը արեւի կրակով բոցավառուող նռնենիներ տնկեցին: Նրա ճառագայթների փունջերից կրակ վառեցին իրենց ատրուշաններերում, արեւորդի՝ արեւ աստուծոյ որդիներ, կոչեցին իրենց: Եթէ մայրերի օրուան ձօնուած տօնախմբութեանը նրանց լանջերը տիեզերքից քաղած աստղերի փունջերով քօղեցին,  երկնակարում շանթերի ահարկու համազարկերով ողջունեն հայրերին,  լոյսով տօնախմբեն նրանց փառաբանման օրը: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ցնծում են այսօր, թող ցնծայ աշխարհն այսօր, շանթերի լոյսի ժպիտների համբոյրներ հայրերի խոհուն ճակատներին, երախտագիտութեան տեղատարափ անձրեւ, երջանիկ օրերի մաղթանքի աղօթք նրանց յախուռն զարկերով սրտերին:

            Տարին էր 1909, Ամերիկուհի՝ Սոնորա Սմարթ Տոտը քաղաքի տաճարում ունկնդրել մայրերի օրուայ յիշատակութեան տօնակատարութեանը նուիրուած վարդապետի ողջոյնի քարոզը: Թախծոտ աղօթել էր, որ յաւերժութեան ճանապարհով քայլող մայրիկի հոգուն Արարիչը լոյս շաղէր: Մայրիկի կորստեան ցաւի տառապանքն էր պատել հոգին, մայրական գգուանք չէր ծորել սրտին, մայրական տիեզերական սիրոյ շողեր չէին պատել դէմքը, չէր հպել մօր լանջին, որ նրա սրտի տրոփիւնի զարկերը մայրութեան սիրոյ լոյս յորդէին իր հոգու տաճարի խորանին: Եւ մայրը, Սոնորային արեւի լոյս պարգեւելու պահին .  .  . իր լոյսն էր հանգել: Տաճարում հնչած աղօթքների մրմունջները, մայրերին ձօնուած անանձնական սիրոյ ողջոյնները պլպլացող մոմերի լոյսին յենած, գնում գգւում յաւերժութեան ճամբաներով քայլող մայրերին: Սոնորան ընկողմանել էր մայրական վշտի ցաւի յորձանուտ, խորհրդածել . . .  ինչու՞ նաեւ հայրերին երջանիկ մաղթանքների, նրանց խոնջանքի երախտիքի, նրանց արարման խրախճանքի հանդէսների տօնախմբութիւն չլինէր, նրանց աշխատանքի  հեւքով մեծացած զաւակները իրենց հոգիների խորքերից  քաղած սիրոյ երախտիքի փունջեր չմատուցէին:

            Սոնորան եւ իր հինգ քոյր ու եղբայրները, Վիլեամ Ճէքսոն Սմարթ հայրիկի խնամքին էին մնացել: Կեանքի վայելքները զոհաբերած՝ բարեպաշտ, քրիստոնէական սիրով մեծացած հայրը, աւելի քան երկու տասնամեակներ խնամել  իր վեց զաւակներին, մայրական սիրոյ հուր կաթել նրանց սրտերին:

            1910 թուականի Յունիսի 19-ին՝ հայրիկի ծննդեան օրը, Սոնորան Վաշինգտոն նահանգի Սպակէյն քաղաքում, տօնախմբութիւն էր կազմակերպել՝ բոլոր հայրերի ծննդեան տարեդարձների մեծարման համար: Աստուածային երախտագիտութեամբ լեցուն աղջիկ, քու անունն էլ փառաբանւում է հայրերի մեծարման օրուայ հետ: Հայրական սիրոյ կրակի ջահը ձեռքիդ քայլում ես ծաղիկների ու աստղերի լոյսով վարար քու յաւերժութեան ճանապարհին, նրանց հոգիները քեզ գրկած գնում տիեզերական ճախրանքի ճամբաներով: :

            Եւ ամէն տարի, Արարիչի հանգստեան Կիրակի օրը, սկսել էին հայրերի մեծարանքի ոչ պաշտօնական տօնախմբութիւններ կատարել, հրավառութիւններ արել, նրանց արի սրտերը ցնծութեան լոյսով հեղեղել: 1924 թուական, երկրի նախագահ՝ Կալվին Կուլիչը, ամէն տարուայ Յունիս ամսուայ երրորդ Կիրակի օրը հռչակել էր՝ ՝՝Հայրերի Օր՝՝: Օրուայ ծաղիկը ընտրել է՝ Աստղիկ դիցուհու արիւնից շառագունած ծաղիկների գեղուհի՝ վարդը, որի վրայ յենած սոխակները տիեզերքի ողջոյնն են հնչում աշխարհին: Կարմիր վարդերը՝ կեանքի հէքիաթի վայելքով հրճուող հայրերին, սպիտակները նրանց շիրիմներին՝ որպէս լուսնեակից քաղած ձիւնալոյս պսակ:

            Տիեզերքի Արարիչին ՝՝Հայր Մեր՝՝ ենք կանչում: ՝՝Հայր Մեր՝՝ տէրունական աղօթքը մրմնջում վերացած ու լուռ երկիւղածութեամբ: Խաղաղութեան անդորր իջնում մեր հոգիներին, չարից փրկուելու աղերսանք, մեր անուշ մանչերին հանապազօրեայ հաց պարգեւելու յոյսի ըղձանք, հայրենի երկրին խաղաղութիւն: Խաղաղութիւն ենք խնդրել, որ ոչ մի կաթիլ արիւն չհոսէր  հաց արարողից:  Տեսե՞լ ես ինչպէ˜ս էին մեր ռանչպար հայրերը հայեացքները դէպի երկնի կապոյտը յառած՝ ցորեանի հատիկները թեւատարած ափերով շաղ տալիս արտերի հողի  երեսին, հոռովելներ կանչելով եզներին եղբայր դարձրել, արօրների արեւաշող խոփերը հողի կուրծքը պատռելով ծածկել այն, որոնց մահով արտերն էին կանաչ հագել, արտերն են ոսկեփայլ ծփացել, արեւահուր հասկերը զեփիւռին յենած քնքուշ պար բռնել, ամբարները աղօրիքով լցուել: Հայոց հեթանոս աստուածների տիեզերական  խորհուրդի կրակը հոգում՝ բանաստեղծ Վարուժանը, հացի արարման ”աղօթք” երկնել:

            Հայաստան երկիրը Հայր-ենիք ենք կոչել, քաջ նախնիների արարման քրտինքով, խոնջենքով, սրբացած հողը՝ հայրենի հող անուանել, Արշակների սրտերին պայքարի, կռուի շանթեր է փոթորկել: Հայրենի հողում, հայրերը շէներ, ոստաններ պատել յետնորդների համար, այդ նրանք են դիւցազնօրէն կռուել նրա պաշտպանութեան համար: Երբ հայրենիք ենք կանչում, սարսռում են մեր հոգիները, հայրենիք մրմնջալով՝ ուժգին տրոփում  են մեր սրտերը, կորցրած երկրի կարօտի յուշերից փլւում են մեր հոգիների տաճարները, նրա խռովքից մեր ակներից հոսող մարգարտաշար հատիկները համբուրում են  մեր այտերը: Նրա բազում-բազում որդիք, հայրենի հողի պաշտպանութեան համար իրենց գարնանային կեանքի երազներն են զոհել: Կամաւորական Արմենակ արի հայրս, հայրենի հողի համար մարտի ելել թշնամու դէմ, հայրենազրկուած հայեր վերադարձել երկիր: Տարիներ յետոյ, զաւակներին բերել հայրենիք՝ Զանգեզուր աշխարհի լեռներ, տուն պատել Արարատի ստուերի տակ, այգի արարել, հոգին զուարթ շունչով արբեցել:  

Հայրերի արարած օճախները հայրական տուն  կոչել, ուր գնացինք նրա կարօտի մրմունջները խռովքով պատել մեր հոգիները: Իմ, ձեր ծննդավայրերի հայրենի տնե~րը, մեր հոգիների տաճարներն են: Ամէն օր ու պահ այցի եմ գնում նրան, նրա պատշգամբում հայրենի հողի կռուից վերադարձած հայրիկիս եմ գրկել, մայրիկիս ճակատիս համբոյրը այրում է սիրտս: Խռովում է հոգիս, կարօտի սարսուռի անուրջների հետ երեւակայութեանս լոյսի շողերին բազմած, գնում ընկողմանում նրանց գիրկը: Հայրը ինքը տունն է, իր վսեմ ճակատի վրայ է պահում այն, որ չփլի, շարունակի ապաստան լինել զաւակներին: Աշխարհի մեծեր փլեցին մեր տները, թշնամու դէմ կռուի ելած այդ արի մարդկանց հեռու,, շա˜տ հեռու տարան: Այդ վեց շէների բնակիչներ որոշել էին այրել իրենց տները, որ դուշմանի մարդիկ չկոխէին իրենց ոտնահետքերին, արգելեցին, զաւթողի իրաւունքով ասացին՝ Ո՝Չ . . . : Գեղեցիկ էին իրենց շէները, անցորդներ հաւաստել էին, որ նրանք նման են Իտալիայի Նափոլի քաղաքին մօտիկ շէներին: Պատմում են, որ ինն մուսաները իրենց Ապոլլոն եղբայրի հետ իջել այդ արի մարդկանց լեռներ, մուսաների լեռներ, թասերով գինի խմել, բանաստեղծութիւն երկնել,, աստղեր զարկել այդ լեռների գագթներին, քաջութիւն լինէր:

            Սահակ Բագրատունի իմաստուն Մեծ իշխան, ազգի պատմութիւնը երկնելու համար աղերսել էր Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտ՝ Խորոնք շէնի Մովսէս Խորենացուն, իր տոհմին ու ազգին յաւերժացնելու համար Մատեան երկնէր: Եւ Խորենացի իմաստուն այրը իր ցեղի արարումները որոնելու ելաւ, նրանց մտքի թռիչքներով աւանդուած պատումներից ու այլ գրքերից ճշմարիտը, իրականը պեղեց, իր ազգի բագինին ՝՝Հայոց Պատմութիւն՝՝ մատեանը ձօնեց, նրանից բռնկած ջահերը արմին-հայերի հոգիներին իմաստութեան լոյս կաթում: Սիւնեաց Բակուր Նահապետի Գողթն աշխարհի քերթողների տաղերը բանաստեղծութեան լոյս ճառագեցին մեր հոգիների տաճարների խորաններին, հուր հերով ու արեգակունք ակներով Վահագնի ծնունդի հրաշապատումը աւետեց, նախնեաց մեծ գործերի հպարտանքը ու նրանց վսեմութեան պատգամը փայլատակեց աշխարհներ: Եւ նրան ՝՝Պատմահայր՝՝ կոչեցինք:

            Սպիտակ թղթին հակած, մտքիս ղօղանջում են թոռնիկներիս կանչերի արձագանգը, երբ նրանք բակում խաղալիս ինչպէ~ս էին ՝՝Մեծ Հայրիկ՝՝ կանչում եւ գիտէ՞ք այն ինչքան անուշ էր հնչում: Նրանց խաղընկերները զարմացած նայում   ինչո՞ւ էին պապիկին ՝Մեծ Հայրիկ՝՝ կանչում: Եւ ՝՝հայրիկների՝՝ սիրոյ ջերմութեամբ լեցուն այդ մանչերն էլ, ինձ հանդիպելու ատեն զուարթ ձայնով ՝՝Մեծ Հայրիկ՝՝ կանչել:

            Տիեզերական բարութեան ջահը ձեռքին երկիր մոլորակ ժամանած բարի հսկան՝ Սարոյեանը, ասել էր, որ բոլոր հայերը բանաստեղծ են: Ճշմարիտ էր այդ իմաստունը, իսկապէս հայոց դպրութեան, արուեստների, բանաստեղծների հովանաւոր՝ Տիր աստուածը, ինչքա~ն քերթողներ, գուսաններ էր պարգեւել Արմինն-Հայ արի ցեղին: Գուսաններ՝ Սայեաթ, Ջիւանի, Շերամ, Հաւասի, Աշոտ, Շահեն, Դոստի իրենց երգերով փառաբանել  հայրերին: Ցեղին սրտի ջահը ձեռքին՝ ”Վահագն Յարդագողի Ճանապարհ”ի հայոց հեթանոս աստուածների տաճարից հայրենի երկիր եկած Վարուժանը, աղաչել էր հայրիկին՝  իր ձիւնոտ վարսերի խորհուրդով, մտքի անդաստանից յորդած աղօթքով օրհնէր իրեն.

 

Հայր իմ, օրհնէ, ժամը հասաւ, պիտ երթամ,

Նոր կեանք մ՝ինծի կը սպասէ:

Պատանութիւնն ես թողեցի, նոր արիւն

Երակիս մէջ կը վազէ:

Իմ արիւնս է գոյացած քու քրտինքէդ.

Յոգնութեանդ ծիլն եմ տխուր:

Հոգիդ, կաղնի,  երբ կործքդ կ՝ուտար մրրիկին՝

Ես շուքին տակ, հանգիստ, լուռ:

Հայր իմ, օրհնէ, դողդոջ ձեռքերդ գլխուս դիր,

Թող մատներէդ կաթի վար

Աղօթքդ՝ եկած հոգուոյդ պայծառ խորանէն:

Վերջին ժամն է, օրհնէ հայր:

 

            Հայ իմաստուն մի այր, մայրիկին աշխարհներ տարաւ՝ ՝՝Մայրիկ՝՝ շարժանկարով: Տեսե՞լ էք արդեօք, մի ուրիշ Հայ իմաստունի՝ ՝՝Հայրիկ՝՝ շարժանկարը: Պաստառի վրայ պարթեւահասակ խոշոր Մհեր-Ֆրունզիկ ՝՝Հայրիկ՝՝-ն է յաղթ քայլում,  հեռու բազմութեան մէջէն իր մանչն է վազում, ՝՝Հայրի~կ՝՝ կանչելով գիրկն ընկում: Ինչքա~ն անհամբեր սպասել ենք հայրական տան սեմին, վազել հայրիկին ընդառաջ, խոնջած հայրը սիրոյ թովչանքի քրքիչով գրկել, սեղմել է մեզ իր լանջին: Չէ, մեր հայրերը մեր ցեղի ոգին են: Հայր-մայր, բնութեան արարումն է, իրենց շարունակական կեցութեան հրաշապատումը, սիրոյ ու գուրգուրանքի անյաղթ զգացում, բնութեան հանդէպ սիրոյ, ինքն-իրեն բազմացնելու կրկնութեան ընթացքի փոփոխութիւն:

            Մեր լեռները  ՝՝Լեռներ Հայրենի՝՝ կոչեցինք: Բարձր են  մեր երկրի լեռները, սպիտակ թագեր են նրանց գագաթներին, ամպերի ճերմակ շապիկներ  հագել: Գիշերները աստղերն են այցի գալիս նրանց, լուսնեակը իջնում է  իր սպիտակ համբոյրը շաղելու ճակատներին, արեւն իր երթը աւարտելուց առաջ կարմիր պատմուճան փռում նրանց երեսներին, երկնքում պայթած շանթերը կրակէ գօտի կապում մէջքերնին, նրանց սրտերից կրակ է ժայթքում:

 Այնտեղ կռուի եկած դրացի Ասորեստան երկրի մարդիկ իրենց Աքքատերէն լեզուի խօսքի ”կրակ” իմաստով արմինների Արմինա երկիրը ”Ուրաշտու-Ուրարտու”անուանել: Պատմաբաններ, որոշ Հայ  պատմաբաններ, Արմինա երկրի այդ անուանումը համարում են Ուրարտու-Ուրաշտու անունով առանձին երկիր: Աքեմէնեան հարստութեան թագաւոր Դարեհ Ա. Իր 1200 տողանոց Բեհիստունեան արձանագրութիւնում Պարսկերէն լեզուի բնագրի խօսքում արմինների երկիրը ”Արմինա” երկիր, Պարսկերէն բնագրի Էլամերէն լեզուի խօսքով ”Հարմինուա” երկիր, Պարսկերէն բնագրի Աքքատերէն լեզուի  խօսքով Ուրաշտու-Ուրարտու, որոնք նոյն Արմինա երկրի տարբեր անուանումներ էն, ոչ թէ տարբեր երկրներ:

            Ո՜վ Արմին-Հայ մարդ, որ արեւի լոյսի ու կեանքի հէքիաթն ես ըմբոշխնում, իմացի՝ր, այն քեզ պարգեւել է  հայրդ, խոնարհիր նրա սպիտակ թագին, նրա կեանքի իմաստութեանը եւ դու Քրիստոնեայ հայ, կատարի′ր պատուիրանը քու պաշտած Աստուծոյ՝

ՅԱՐԳԻՐ  ՈՒ  ՊԱՏՈՒԻՐ  ԾՆՈՂՔԴ

՝՝ՊԱՏՈՒԷ  ՔՈՒ  ՀԱՅՐԴ  ՈՒ  ՄԱՅՐԴ,  ՈՐՊԷՍԶԻ  ՔՈՒ  ՕՐԵՐԴ  ԵՐԿԱՅՆ  ԸԼԼԱՆ  ԱՅՆ  ԵՐԿՐԻՆ  ՎՐԱՅ  ՈՐ  ՔՈՒ  ՏԷՐ ԱՍՏՈՒԱԾՏ  ԿՈՒՏԱՅ  ՔԵԶԻ՝՝ (Ելից 20-12)

Եւ ամենաթանկագին օրինակը, որ հայրը կարող էր տալ իր զաւակներին, նրանց մայրերին շնորհած իր սիրոյ գուրգուրանք է:

 ՊՕՂՈՍ  ԱՐՄԷՆԱԿ  ԼԱԳԻՍԵԱՆ

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Թագաժահրի Օրագրութիւն (Ա. Մաս). Զգուշ Ապրելակերպի Եւ Արժէքներու  Հասկացողութիւն

Թագաժահրի երեւոյթը ու տարածումը որքան ալ սահմանափակումներ պարտադրեց անձնական‚ հասարակական ու տնտեսական ապրելակերպերուն‚ ծայրայեղօրէն ալ ընտելացուց մարդկային‚ մասնաւորապէս դիմատետրեան ու ուաթսափեան յարաբերութիւնները։  Ըստ երեւոյթին‚ տակաւին որոշ ատեն մը եւս պիտի շարունակենք ընկերային յարաբերութիւնները դիմակներու ետին‚ առանց ձեռնուելու‚ առանց ընտանեկան եւ բարեկամական այցելութիւններու‚ զրկուելով նաեւ եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններէ եւ կատարելէ ընկերային զանազան պարտականութիւններ։

 

Թագաժահրի երեւոյթը ոչ միայն խախտեց ամբողջ աշխարհի կարգավիճակը‚ այլ նաեւ տակնուվրայ ըրաւ ընկերային ապրելակերպի ու կենցաղի բոլոր հասկացողութիւնները։  Շաբաթներ կ՝անցնին եւ հարազատներ ու բարեկամներ առանց նոյնիսկ իրարու հետ տեսնուելու կը կարողանան յարաբերիլ հեռաձայնային եւ համակարկգչային հաղորդակցութեան միջոցներով միայն‚ եւ լաւագոյն պարագային ալ ֆիզիքական որոշ հեռաւորութենէ մը‚ առանց նոյնիսկ ողջագուրուելու‚ եւ այս բոլորը դիմակաւոր դէմքերով։

 

Զգուշաւոր ապրելակերպը իր հետ բերաւ նաեւ ընկերային ու գաղութային կեանքի նոր հասկացողութիւն‚ որուն առաջին զոհերը դարձան հասարակական կառոյցներէն ընդհանրապէս վարժարանները‚ եկեղեցիները‚ ակումբները եւ նաեւ տպագիր մամուլը։  Պիտի չհամարձակինք խօսքը ընել շուկայական կեանքի ու յարաբերութիւններու։  Որքան ալ փորձեր կատարուեցան եւ տակաւին ալ կը կատարուին բնականոնի մօտեցող ապրելակերպի հաստատումին‚ յստակ է‚ որ ոչ դիմատետրը‚ ոչ խելացի հեռաձայնը եւ ոչ ալ համակարգիչը պիտի կարենան “բնականոն”ի մօտեցնել մարդկային եւ ընկերային բոլոր տեսակի յարաբերութիւնները։  Ներկայ “պարտադրողական”  ապրելակերպով‚ բաւական երկար ատեն կարելի պիտի չըլլայ ներկայ գտնուիլ ընկերային եւ մշակութային ձեռնարկներու‚ աւարտահանդէսներու‚ հարսանիքի եւ կամ յուղարկաւորութեան արարողութեան մը։  Պիտի չհամարձակինք մտածելու շարժանկարի սրահ եւ կամ ճաշարան մը այցելելու մասին։

 

Վերջին երեք ամիսներու ընթացքին վերահասու եղանք բազմաթիւ մահերու։  Օրաթերթային դասականացած մահազդները փոխանակուած են դիմատետրային մահազդներով։  Էջերով գրութիւններ եւ զիրար հրմշտկող լուսանկարներ‚ եւ հանգուցեալին եւ անոր վաստակին մասին հազիւ մակերեսային տեղեկութիւն մը։  Ի՞նչպէս չփնտռել օրաթերթային “հողվրտիք” ենթախորագրեալ յօդուածները։  Փոխարէնը‚ անխուսափելիօրէն տասնեակներով‚ միատող‚ իրարանման‚ հազուագիւտօրէն հայատառ‚ եւ ընդհանրապէս ալ լատինատառ ցաւակցական արտայայտութիւններ։  Լաւագոյն պարագային կը գրառուի “Աստուած հոգին լուսաւորէ” եւ կամ “R.I.P.”։  Չենք փափաքիր նման ցաւակցագիրները նկատել անընդունելի տափակութիւններ։  Յարգելով հանդերձ ցաւակցական արտայայտութիւններու ետին գտնուող ազնիւ զգացումները‚ իսկապէս ի՞նչ է իմաստը եւ կամ արժէքը‚ մեքենաբար կրկնուող նոյնանման արտայայտութիւններուն։  Երբ մարդոց մտածումներն ու զգացումներն այնքան երանգաւորուած են‚ ի՞նչպէս կարելի է նոյն տարազումով (չգործածելու համար թութականման բառը) վշտակցութիւնները։  Տակաւին կան նաեւ արտայայտութիւններ‚ որոնք ամէն պարզ սովորական մահկանացուին համար ալ‚ կը գործածուին անտեղիօրէն‚ ինչպէս “յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի”։  Որքան փափաքելի պիտի ըլլար թագաժահրի պարտադիր մեկուսացումի այս օրերուն‚ մարդիկ գոնէ միայն հինգ վայրկեանով մէկդի դնէին իրենց խելացի հեռաձայնները եւ համակարգիչները‚ եւ խոկային թէ իսկապէս ի՞նչ կը պատահի‚ եւ ի՛նչ պիտի պատահի։

 

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Հաճընցի Վերապատուելի. Տիգրան Համբարձում Րէճէպեան

«Իմ 80 Տարուան Կեանքիս Յուշերը». այսպէս կոչած է իր գիրքը` վերապատուելի Տիգրան Րէճէպեան (Արարատ տպարան, 1950, Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա):

Քանի մը տարի առաջ հայրս ցոյց տուաւ գիրք մը, որուն մէջ յոբելեարին ձօնած իր բանաստեղծութիւնը կար: Վերապատուելին հօրս քերայրն է:

Վերապատուելի Րէճէպեանի 80 տարուան կեանքին յուշերը` արժէքաւոր գիրք մըն է: Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր հօր` Համբարձում աղա Րէճէպեանին, եւ եղբօր՝ Տոքթ. Յակոբ Րէճէպեանին, որոնք կրթութեան բոլոր ծախսերը հոգացած են:

Հայրը: Համբարձում Աղա Րէճէպեան- Ծնած է Հաճըն, 1845-ին: Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն բարձրագոյն վարժարանէն. հայերէնին, մանաւանդ թրքերէնին տիրապետած է յաջողապէս:

Հազիւ 18 տարեկան մեկնած է Մերսին եւ հոն հետեւած` վաճառականութեան:

20 տարեկանին Հաճըն վերադառնալով, ամուսնացած է եւ ունեցած` հինգ զաւակ. Տոքթ. Յակոբ, վերապատուելի Տիգրան, դեղագործ Նազարէթ, Միսաք եւ Յովսէփ:

Հաճնոյ մէջ զբաղած է վաճառականութեամբ, վարած է կառավարական պաշտօններ, երկար տարիներ՝ տեղակալներու մօտ խորհրդատու անդամ, քաղաքապետ, 16 տարի բողոքականներու ազգապետ: Ան պարգեւատրուած է թուրք կառավարութեան կողմէ:  

Հաճընցին կը յարգէր եւ կը սիրէր զինք, իր մաքուր, իսկական հայու նկարագրին եւ զոհողութեան համար: Համբարձում Աղա Րէճէպեան քաջ էր եւ անվախ:

Րէճէպեան ընտանիքը զերծ չմնաց տարագրութենէն: Համբարձում Աղա իր սիրելիներուն հետ, մեծ աքսորի ցուպն իր ձեռին, քալեց անապատի խորերը եւ ի վերջոյ Ռագգա գիւղակին մէջ 1918-ին կը մահանայ, 73 տարեկանին:

Գիրքին Ա. մասը կ՛ամփոփէ իր 70-րդ տարեդարձին (1940) առթիւ գրուած ոտանաւորներն ու գրուածքները, որոնցմէ կը կատարենք մէջբերումներ:

– Վերապատուելիի հօրեղբօր տղուն` Ճորճ Ա. Րէճէպեանի խօսքէն հատուած մը. «Սիրելի եղբայրս, դուք հինգ եղբայր էիք, որոնցմէ երկուքը սպաննուեցան անգութ թուրքին կողմէ, իսկ միւս երկուքը հիւանդութեան պատճառով կեանքէն հեռացան: Դուն մնացիր իբրեւ հիմնաքար: Դուն ազգասէր, հայրենասէր, հիւրասէր, եղբայրասէր, բարեկամասէր ես եւ նաեւ անկեղծ սիրտ մը ունիս:

Ալթուն Կանաչեան Րէճէպեան` (հօրս հօրաքոյրը) վերապատուելիին տիկինը, այսպէս արտայայտուած է իր խօսքին մէջ. «Պատուելին ճշմարիտ, օրինաւոր, մարմնապէս եւ մտովին, սրտով ու հոգիով մաքուր անձ մըն է: Անոր հետ ապրեցայ 28 երկար տարի: Տեսանք դժուարութիւններ, հանդիպեցանք փոթորիկներու, սպանդի եւ տեղահանութեան, այս բոլորը Էնվէրի եւ Թալաաթի հրամանով:

Աստուծոյ հազար փառք, որ այսօր առիթը ունինք պատուելիին 70-ամեակը տօնելու»:

Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ անգլերէն բանաստեղծութիւններ, որոնց հայերէնի թարգմանութիւնները կատարած են իր բարեկամները:

Լաւագոյն թարգմանիչներէն եղած է իր 34 տարուան բարեկամ, բարեսիրտ  վերապատուելի Փափազեան: Ան ամերիկացի նշանաւոր բանաստեղծներէն  Հէնրի Վատսվըրդ Լօնկ Ֆէլոյի «A Psalm Of Life» բանաստեղծութիւնը թարգմանած` գիրքին մէջ զետեղած է: Անոնք 1905-1907 թուականներուն Կիլիկիոյ բողոքականութեան կեդրոնը եղող Այնթապի երեք մեծ եկեղեցիներուն մէջ միասին գործած են:

 

Վեր. Համբարձում Աշճեանի մասին

Ան յարգելի անձնաւորութիւն մըն է. անկեղծ, քաջ, ազգասէր, ազնիւ եւ ճշմարիտ քրիստոնեայ մը: Անոր խիզախութեան մասին վերապատուելին շատ կարեւոր դէպք մը կը յիշէ:

Ատանայի կոտորածէն (1909) քիչ մը վերջ, Ատանայի բողոքական հովիւ եղած ատեն, այս վեհանձն մարդը Ճեմալ փաշային 400 երեւելիներու տուած ճաշկերոյթին ժամանակ իր պատմական եւ պատուական ճառը կը կարդայ: Իր կեանքը վտանգի մէջ դնելով եւ իր ազգին համար զոհուելու պատրաստ ըլլալով, այդ ճառին մէջ Ատանայի կոտորածին բոլոր յանցանքը թուրք կառավարութեան վրայ կը ձգէ: Պոլսոյ բոլոր թերթերը կը հրատարակեն անոր ճառը:

Խիզախ վերապատուելին երկու անգամ աքսորուած է, հինգ անգամ բանտարկուած եւ անգամ մըն ալ` Պատերազմական Ատեանին յանձնուած (Նոյնիսկ ուզած են կախաղան հանել):

Վեր. Րէճէպեան իրեն ղրկուած թարգմանութիւնները, յօդուածները,  բանաստեղծութիւնները հաւաքած եւ զետեղած է իր 70 եւ 77-ամեակներուն նուիրուած գիրքին մէջ:

Գիրքէն  քաղուած Վեր. Րէճէպեանի ինքնակենսագրութենէն գլխաւոր կէտեր.

1870 Սեպտ. 12-ին ծնած եմ:

1893 Սեպտ. 12-ին Նիւ Եորք հասայ առաջին անգամ:

1898 Սեպտ. 12-ին ամերիկեան քաղաքացի եղայ:

1949 Սեպտ. 12-ին այս գիրքին յառաջաբանս գրեցի:

 Նախնական ուսումը ստացած է Հաճընի մէջ: Յետոյ շրջանաւարտ եղած է Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճէն (1892) B.A. (Պսակաւոր Արուեստից) տիտղոսով:

Հայերէնին մէջ եղած է պերճախօս եւ հրապարակախօս եւ առաջին մրցանակը շահած է:

1892-ին Գոլէճէն վկայական առած օրը արտասանած ճառին նիւթը եղած է «ճշդապահութիւն»ը։ Այդ օրէն մինչեւ կեանքի վերջը վերապատուելին ճշդապահ եղած է:                                                                                                                                                    

15 Սեպտեմբեր 1892-էն մինչեւ 15 Յունիս 1893 Մարաշի Աստուածաբանական ճեմարանը յաճախած է եւ այդտեղ եղած է նաեւ գրադարանի տեսուչ:

12 Սեպտեմբեր 1893-ին Նիւ Եորք նահանգին մէջ գտնուող Օպըրնի Աստուածաբանական ճեմարանը յաճախած է, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1896-ին: Չորս տարի Ամերիկայի տարբեր քաղաքներու մէջ դասախօսութիւններ տուած է եւ քարոզած…

1900 Նոյեմբերէն նորէն վերադարձած է քարոզչութեան եւ հովուութեան պաշտօնով զբաղած Հաճընի, Այնթապի եւ Մարաշի մեծ բողոքական եկեղեցիներու մէջ: Երկու տարի եղած է Տարսոնի Ճենանեան որբանոցին տնօրէնը եւ երկու տարի ալ Հաճընի Ակադեմիային նախագահը եւ գանձապահը:

1914-ին կրկին Ամերիկա մեկնած է եւ 15 տարի քարոզած Ամերիկեան Երիցական եկեղեցիներուն մէջ: Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան անդամ եղած է եւ վարած` Հաճընի մասնաճիւղին ատենապետութիւնը:

Ան գրած է. «Բոլոր կեանքիս մէջ դրամի ետեւէ եղած չեմ, եղած եմ առատաձեռն: Նշանակէտս եղած է մաքուր եւ անկեղծ նկարագիր մը ունենալ եւ միշտ զուարթ կեանք մը ապրելու աշխատած եմ` Տէրոջը օգնութեամբ: Խղճմտանքիս միշտ հնազանդ եղած եմ, ագահութիւնը եւ կեղծաւորութիւնը կ՛ատեմ:

Աստուած զիս առաջնորդեց, որ Երուասաղէմ այցելեմ: 1914-ին, Համաշխարհային պատերազմին ատեն, նորէն Ամերիկա եկայ, եթէ ոչ տարբեր պատճառներով, թուրք կառավարութիւնը զիս պիտի կախէր: 1939-ին, Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, նորէն Ամերիկա էի»:

 

Վերապատուելիին ներկայացուցած կեանքի սկզբունքները եղած են`

1- Աստուծոյ Հաւատք

2- Քրիստոսի նմանիլ կամ հետեւիլ կեանքով

3- Սուրբ Գիրքին սէր

4- Արդարութիւն

5- Պարտաճանաչութիւն, Անկեղծութիւն, Ազգասիրութիւն

 

Կեանքի մէջ երջանկութեան համար ներկայացուցած կանոններն են`

1- Աշխատիլ. գործը գլխաւոր սնունդն է մարմնին եւ մտքին

2- Բարեկամներ ունենալ պէտք է: Բարեկամն ու բարեկամութիւնը,

    ճշմարիտ, անկեղծ, սրտանց եւ հաւատարիմ ըլլալու է:

3- Հոգ մի ըներ եւ լաւատես եղիր:                                                                                               

4- Երջանկութեան վրայ խորհէ: Խորհուրդներդ եւ մտածումներդ երջանիկ

    եւ ուրախ թող ըլլան: 

5- Ինքնավստահութիւն ունեցիր:                                                                              

6- Ծառայութեան կեանք մը ունեցիր:        

7- Աստուծոյ հաւատք ունեցիր. սիրէ Աստուած, սիրէ մարդկութիւնը:

 

Ամուսնացած զոյգերու ընտանեկան կեանքին երջանկութեան 

համար ներկայացուցած կարեւոր կանոններն են`   

1- Գիտնալ սիրել ու զոհուիլ եւ չքննադատել զիրար:

2- Անկեղծ գնահատել եւ գովեստ տալ:

3- Քաղաքավար ըլլալ իրարու հետ:

4- Հաճելի բաներ ընել:

5- Համաձայն ըլլալ եւ սխալները ընդունիլ:

 

Կեանքի մէջ յաջողութեան համար մեծ գաղտնիքներ են`

1- Աղէկ նկարագիր մը ունենալ պէտք է:

2- Անձնաքննութիւն, քաղաքավարութիւն եւ կենցաղագիտութիւն պէտք է:

3- Աշխատասիրութիւն եւ խնայողութիւն պէտք է:

4- Ինքնազսպութիւն պէտք է:

5- Արժանապատուութիւն պէտք է:

6- Կեդրոնացում պէտք է:

 

Ժողովրդական ըլլալու համար օրէնքներ են` 

1- Մի՛ մոռնար, որ ազնիւ մէկը ըլլալու ես եւ ուրիշները քննադատելու չես:

2- Մի՛ մոռնար, որ կենցաղագիտութիւն եւ ժպիտ ունենալու ես:

3- Ուրիշներուն օգտակար ըլլալու ես:

4- Հաճելի, քաղաքավար, մտախոհ եւ խոհեմ ըլլալու ես:

5- Արժանապատուութիւն եւ ծանրութիւն ունենալու ես:                                 

6- Մի՛ մոռնար, որ համագործակցութիւն ունենալու ես:

 

Առաջնորդ ըլլալու համար կարեւոր պայմաններ են` 

1- Յիշէ որ ծառայութիւն ընելու ես:

2- Յիշէ որ զօրաւոր կամք եւ ինքնավստահութիւն ունենալ պէտք է:

3- Յիշէ որ խոհեմ ըլալ եւ համոզումի քաջութիւն ունենալ պէտք է:

4- Արժանապատուութիւն եւ ծանրութիւն ունենալ պէտք է:

5- Հրապուրիչ եւ գրաւիչ անձնականութիւն մը ունենալ պէտք է:

6- Յիշէ որ կարողութեան տէր ըլլալ պէտք է:

7- Յիշէ որ տեսիլք ունենալ պէտք է եւ դիւանագիտութիւն:

 

Հարստութեան համար 2 կարեւոր դիտողութիւններ եւ 2 գլխաւոր պայմաններ են` 

Ա. Բաներ կան, որ դրամէն աւելի կարեւոր են:

Բ. Դրամ ունի, բայց նորէն աղքատ է ան մարդը եթէ ուրիշ կարեւոր բաները չունի:

Հարստութեան գլխաւոր 2 պայմաններն են` 

Աշխատասիրութիւն եւ Խնայողութիւն:

 

Գիրքին Բ. Մաս

Հետեւեալ ոտանաւորը հայրս` Պօղոս Կանաչեան, գրած եւ նուիրած է վերապատուելի Րէճէպեանին՝ (1948թ.) իր քերայրին 77-ամեակին առիթով:

 

Թուրքերու Դէմ Պայքարած

Մաղթանքներս իմ սրտագին,

իմ սիրելի Քերայր անգին,

Եօթանասուն եօթը ամեակին,

Զոր շնորհեց Աստուած բարին:

Դու Րէճէպեան գերդաստանի,

Զաւակը մեծ հայրենասէրի,

Պայքարած ես դէմ թուրքերու,

Բարձրահամբաւ քաջ հաճընցի:

Եղած ես դուն կղերական,

Հովիւ բարի ժողովրդեան,

Նաեւ գործիչ քաղաքական,

Ազգիս սիրուած անգին խորան:

Թէեւ հիմա հեռու քեզմէ,

Կը գրեմ քեզ օտար երկրէ,

Աստուած երկար կեանք պարգեւէ,

Իր պսակին արժանացնէ:

 

1948թ. հաճընցի հայրենակից՝ «Նոր Հաճըն» եւ «Շարժում» թերթերու խմբագիր Աբրահամ Էօլմէսէքեանի խօսքէն հատուածներ:

Ան կը գրէ. «Րէճէպեան գերդաստանը ազգին տուած է օգտակար զաւակներ: Բժիշկ, տնօրէն, դեղագործ եւ գործակատար: Մեր յոբելեարը հոգեւոր եւ ազգային գործիչ էր, նաեւ պերճախօս-հռետոր: 1903-1905 վարած է Թարսուսի Ճենանեան որբանոցի տնօրէնութիւնը: 1910-ին, Ատանայի կոտորածին ատեն ջարդուած հաճընցի քարոզիչներուն եւ Կիլիկիոյ դաշտին մէջ կոտորուող ժողովուրդի յիշատակին 1200 հոգինոց ժողովին ան ազդեցիկ ճառ կը խօսի եւ վերջին տողը կ՛ըլլայ. «Սիրելի ժողովուրդ, նախ Աստուծոյ փարեցէք եւ յետոյ զէնքին»:

Իր ժամանակի առաջնորդները կ՛ըսէին. «Կիլիկիոյ բողոքական պատուելիներուն մէջ միակ քաջը, ազգասէրը, մայրենի եկեղեցին սիրողը եւ յեղափոխականը Վեր. Րէճէպեանն է: Երբ հօրը կ՛առեւանգեն` կը յայտնէ, որ եթէ հայրը չգտնուի, Հաճընի բոլոր թուրքերը ջարդել կու տայ»:

1913-1914 թուականներուն վերապատուելին Հնչակեան կուսակցութեան Հաճնոյ մասնաճիւղի ատենապետն էր: Թուրք կառավարութիւնը վերապատուելիին եկեղեցւոյ մէջ յեղափոխական ճառը, փաշային վրայ պոռալը, ժանտարմաներուն վրայ ատրճանակով յարձակիլը եւ կուսակցութեան ատենապետ ըլլալը նկատի ունենալով, կ՛որոշեն կախաղան հանել քանի մը հաճընցիներու հետ: Այս մասին կը յայտնէ Կարապետ Կիզիրեան եւ վերապատուելին կը փախչի Ամերիկա, սակայն Կիզիրեան կը նահատակուի:  Յետոյ արդէն կը սկսի հալածանքը: 1936-ին կը քաշուի գործէ եւ երէցկինին հետ խոր ծերութեան մէջ խաղաղ կեանք մը կ՛անցընէ:

Գիրքին մէջ գրուածքներ կան, որ նուիրուած են իր տոքթոր եղբօրը` Յակոբի յիշատակին: Գրողներէն են` Տոքթ. Ա. Նագաշեան, Գ. Պ. Գուշեան  եւ Փրոֆ. Գր. Հ. Գալուստեան, որոնք վկայած են անոր մասին, թէ ան եղած էր մաքրամիտ ու մաքրասիրտ, անկեղծ, զուարթ եւ հաճոյակատար անձ մը, իր անունին կցուած ածական մը ունեցած է՝ «Լաւ մարդ է»: Իսկական հայ էր, ծառայասէր ու կարօտեալին հասնող, անշշուկ բարեգործ, ազատատենչ, հայրենասէր, անձնուէր դաստիարակ, ճարտար վիրաբոյժ…:

Վեր. Սամուէլ Մ. Րէճէպեան գրած է. «Տոքթ. Յակոբի մահով Րէճէպեան գերդաստանի ամենափայլուն աստղը մարեցաւ եւ Հաճնոյ հոյակապ դէմքէրէն մին անհետացաւ:

Հաճըն քաղաքը անով պարծենալու շատ պատճառներ ունեցաւ: Ան Հաճըն, Ատանա, Թարսուս եւ Մերսին քաղաքներու մէջ առաջնակարգ բժիշկ մը կը նկատուէր եւ մինչեւ իսկ Ամերիկայի մէջ ալ մեծ եւ բարի համբաւ ունէր: Նախախնամական դեր մը կատարեց Գոնիայի Ճենանեան Գոլէճի համար (պահեց գոլէճը): Գոնիայի հայութեան եւ աւետարանական համայնքին շատ օգտակար եղաւ»:

Վեր. Րէճէպեանի գիրքը տեղեկութիւններ կու տայ նաեւ Հաճընի մասին: Գիրքը իր աւարտին հասցնելով ան կը զգայ, թէ իր «Իմ 80 Տարուան Կեանքիս Յուշերը» գիրքը իր վերջին գրութիւնը պիտի ըլլայ, եւ կեանքին ամենավերջին յօդուածը: Ան համոզուած ըլլալով, որ կեանքը աւելի երկար ապրիլ չ՛արժեր, կը նախընտրէր մտնել յաւիտենական երջանկութեան կեանքը:

Վեր. Րէճէպեան կ՛անդրադառնայ մեծ յաղթութիւններու: 

Կը գրէ. «Յաղթութիւն շահողը թէ՛ սրտի գոհունակութիւն մը ունի եւ թէ՛ ուրիշներէն մրցանակներ եւ գովեստներ կը շահի»:

Հետեւեալ յաղթութիւնները կը յիշէ.

– Յաղթութիւն է փոթորիկի մէջ հանդարտ կենալ ու համբերել:

– Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Յաղթութիւն է մեզի պատահած բոլոր բաները Տէրոջը կողմանէ ղրկուած ընդունիլ: (Հրովմ. 8.28):  

– Յաղթութիւն է լոյս չերեւցած պահուն յուսալ եւ ուրիշի յաջողութեան վրայ ուրախանալ:

– Սողոմոն Իմաստուն կ՛ըսէ. «Յաղթութիւն է քաղաք առնելէն աւելի ոգին զսպել»:     

(Առակ. 16.32): 

 

Կեանքի ասպարէզին մէջ յաղթութիւն շահելու համար, մարդ

  1. Աստուածավախ եւ կրօնասէր ըլլալու է:
  2. Իր անձին յաղթող ըլլալու է:
  3. Գաղափարականի տէր, ծրագրի կամ մեթոտի մարդ ըլլալու է:
  4. Անձնաքննութիւն ընելու է: 
  5. Արժանապատուութիւն ճանչնալու է:
  6. Նպատակի տէր անձ մը ըլլալու է:
  7. Փառասիրութիւն (ambition) ունենալու է:
  8. Յառաջադէմ ըլլալու է եւ ինքնավստահութիւն ունենալու է:
  9. Առողջ մարմին, գործունեայ եւ արթուն միտք ունենալու է:
  10. Քաջ, անվախ, անկախ եւ ինքնիշխան ըլլալու է:
  11. Կեանքի մէջ սկզբունքներ ունենալու է:                                                                  
  12. Անձնականութիւն եւ ժողովրդականութիւն ունենալու է:

     Մ.Մ. Գասպարեանի Ներբողագիրը` որպէս վերջաբան.

        «Արժանապատիւ հնչակեան ընկեր

 

Հաճի Տիգրան Պատուելի Հայրիկին

      Քաջ եւ հնչակեան գաղափարակից պատուելի Րէճէպեանի սոյն կենսագրականը, որ իր հմտալից խրատականներով, իր կեանքին արժէքաւոր անցեալի ազատամարտ դրուագներով, բարոյատիպ կեանքով, եւ առաւելապէս դիւցազն Հաճընի եւ անոր անվեհեր հերոսներուն մտքի, սրտի ու գրչի մշակներուն դրուատիքներով` իր 80-ամեայ տարեդարձին նուիրուած` Յուշարձան մըն է: Մեծ հրճուանքով կարդացի այն կէտը, որ պատուելի Րէճէպեան թուրք գազան բռնակալութեան դէմ ըմբոստ եւ ազատասէր իր հոգիով յիշեցուց ինձ ա՛յն Հայ բարձր հայրենասէր կրօնաւորները, որոնց անունը կը փայլի վսեմ պատմութեան մէջ: Այս գիրքը առաւել իմաստ ունի անով, որ հոն յիշուած են շարք մը արժէքաւոր անձերուն մշակութային գործունէութիւնները, այս անձերուն ալ տեղ տալով` իր այս գիրքին մէջ` բացառիկ հանգամանք մը եւ աննախընթաց մըն է որ կ՛աւելցնէ արժանիքը այս գիրքին:

Պատիւ Պատ. Րէճէպեանի եւ իր իմաստալից կեանքին, յարգանք անոր 80-ամեայ յոբելեանին:

ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ ԱՍՄԻՆԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

«Բազմաշնորհ» Հայրապետը

Հայ բանաստեղծ, աստուածաբան, մատենագիր, երաժիշտ-երգահան, քաղաքական գործիչ, ուսուցիչ, տեսաբան, ստեղծագործ, գեղագէտ, բարենորոգիչ՝ Ներսէս Դ. Կլայեցի Կաթողիկոս, ծնած է 1102[1] թուականին, Ծոփաց նահանգի Անձիտ գաւառը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Կարմիր վանքի դպրոցին մէջ: Մինչեւ կաթողիկոս ձեռնադրուիլը եղած է Գրիգոր Գ. Պահլավունի Կաթողիկոսին օգնականն ու խորհրդատուն: Կաթողիկոսական օծում ու ձեռնադրութիւն ստացած է 1166-ին: Իսկ վախճանած է 1173-ին, Հռոմկլայի մէջ:

Բազմակողմանի դրուածքով անձնաւորութիւն մըն էր Ներսէս Կլայեցի, որուն համար ալ զինք կոչած են Շնորհալի: Հրապարակախօս, դիւանագէտ, մանկավարժ, ֆրանսացի հայագէտ, ինչպէս պիտի ըսէր ֆրանսացի գրագէտ մը.- «տեսակ մը հմտութիւն, յորում յաջողած չըլլայ այս հռչակաւոր Հայրապետը[2]»:

Որքան մեծ աստուածաբան է Շնորհալին, նոյնքան ալ ընտիր բանաստեղծ է: Որքան շատ եւ բովանդակալից են իր արձակ գրութիւնները, նոյնքան առատ եւ սքանչելի են իր քերթողական երկերը: Ներսէս Շնորհալիէն մեզի հասած է գրական հարուստ ժառանգութիւն մը՝ արձակ (մեկնութիւններ, թուղթեր, ճառեր) եւ չափածոյ[3] (շարականներ, տաղեր, մեղեդիներ, գանձեր, ներբողներ, հանելուկներ, վիպերգական[4] բնոյթի քերթուածներ եւ այլն):

Բազմաբովանդակ ու հարուստ է Ներսէս Շնորհալիի չափածոն: Գրիգոր Նարեկացիէն ետք ան աւելիով զարգացուց հայ չափածոյ խօսքը թէ՛ բովանդակութեան եւ թէ՛ ձեւի առումով: Իտէալականացնելով անցեալը, Ներսէս Շնորհալի իր գրութիւններով փորձեց կենդանի պահել քաղաքական ազատութեան հասնելու գաղափարը, եւ յաճախ նկարագրեց հայրենի երկրի պետութեան վերածնունդը: Ան շարականին ընդմէջէն, փորձեց ազգային ու քաղաքացիական գաղափարներ արտայայտել, բովանդակութեան մէջ հայրենասիրական տրամադրութիւններ ներմուծելով: Յիշարժան են Աբգար թագաւորին, Տրդատ Մեծին, Աշխէն թագուհիին, Աւարայրի հերոսներուն ու Ղեւոնդեանց նահատակներուն նուիրուած շարականները: Առանձնապէս, բարձր արուեստով ստեղծուած է Վարդանանց հերոսներու նուիրուած «Նորահրաշ պսակաւոր»ը: Դարեր շարունակ լայն ժողովրդականութիւն վայելած են ու մինչեւ այսօր կը վայելեն «Առաւօտ լուսոյ», «Աշխարհ ամենայն», «Զարթիք փառք իմ» երգերն ու արեւագալի շարականները, որոնք խօսքի ու երաժշտութեան զուարթ շեշտերով կը փառաբանեն բնութեան եւ մարդկային հոգիի զարթօնքը:

Մեր Ժամագիրքն ու Շարակնոցը լեցուն են Շնորհալիի շարականներով ու երգերով: Կրնանք ըսել, թէ Շարակնոցի մէջ ամէնէն շատ շարական ներդրողը եղաւ Շնորհալին, աւելի քան 30 կտորներով: Իսկ Ժամագիրքի պարագային՝ աւելի քան 15 երգերով:

Ներսէս Շնորհալի աւելի նշանաւոր է 24 տուներէ բաղկացած իր Հաւատով Խոստովանիմ[5] սկզբնաւորութեամբ աղօթաշարքով, որ մեր Ժամագիրքին մէջ մտած է որպէս հսկումի մէկ մասը:

Ներսէս Շնորհալիէն պահպանուած են մանկավարժական-ուսուցողական բնոյթի ոտանաւորներ եւ ուղերձներ, որոնց նախօրինակը չենք տեսներ հայ բանաստեղծութեան աշխարհին մէջ: Ասոնք գրուած են ընթերցողին բարոյապէս կրթելու ու օգտակար գիտելիքներ տալու նպատակով: Խրատական ոտանաւորներէն ոմանք ունին կարճ տողեր՝ բաղկացած 36 յանգաւոր տուներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը սկսի հայոց այբուբենի հերթական տառի անունով: Բանաստեղծը այս ձեւը ընտրած է, ինչպէս ինք կը նշէ, որպէսզի մանուկները դիւրութեամբ կարենան ե՛ւ նիւթը մտապահել, ե՛ւ իւրացնել հայերէն գիրերու կարգը:

Մեծ է Ներսէս Շնորհալիի «Վիպասանութիւն[6]», «Ողբ Եդեսիոյ[7]», «Ատենաբանութիւն[8]» եւ «Յիսուս որդի[9]» մեծածաւալ ստեղծագործութիւններու գրապատմական նշանակութիւնը: Բնականաբար, կարելի է շատ երկար խօսիլ ամէն մէկուն բովանդակութեան, արժէքին ու կարեւորութեան մասին, սակայն կը բաւարարուինք միայն անոնց անունները յիշելով եւ հակիրճ բացատրութիւններ տալով:

Հայ եկեղեցուոյ պատմութեան մէջ Գրիգոր Լուսաւորիչէն, Սահակ Պարթեւէն, Մեսրոպ Մաշտոցէն ու Գրիգոր Նարեկացիէն ետք, ոչ մէկը այնքան չէ մեծարուած ու սիրուած, որքան Ներսէս Շնորհալին՝ որպէս սուրբ, հայրապետ ու մատենագիր: Ժամանակակիցներն ու յաջորդները զինք մեծարած են Երգեցող, Երկրորդ Լուսաւորիչ Հայոց, Տիեզերալոյս, Եռամեծ վարդապետ, Երանաշնորհ սուրբ, Համահրեշտակ եւ այլ պատուանուններով: Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի յիշատակը Հայ Եկեղեցին կը նշէ Խաչվերացի 5-րդ Կիրակիին նախորդող Շաբաթ օրը՝ «Սրբոց թարգմանչաց վարդապետաց» տօնին հետ:

Անցեալին, Հայ Եկեղեցին շատ մը ուրիշներու կողքին սահմանած է նաեւ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը:

Կիրակոս Գանձակեցի[10], խօսելով Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին մասին, հետեւեալ ձեւով կ’արտայայտուի.- «Այս Ներսէսը իմաստութեամբ աւելի մեծ էր, քան իր ժամանակի բազում վարդապետներ, եւ ոչ միայն հայոց, այլեւ յոյների ու ասորիների մէջ, այնքան, որ նրա իմաստնութեան համբաւը տարածուեց բոլոր ազգերի մէջ»:

Գանձակեցիի իսկ վկայութեամբ, Շնորհալիի սրբութեան ու շնորհքներու համբաւը տարածուած էր մինչեւ Բիւզանդական արքունիք, ուր երբ կ’իմանան անոր վախճանման մասին, օրուան կայսրը հառաչանքով կ’ըսէ.- «Մեծ եւ արթուն զգայարան մը վերացաւ Աստուծոյ եկեղեցիէն: Հայերը զրկուեցան իրենց երկրորդ Լուսաւորիչէն: Ով երանելի Հայրապետ, ինչպէ՜ս իմ ցանկութիւնս անկատար ձգելով առ Քրիստոս մեկնեցար: Սակայն մենք քու անունդ առաջին սուրբերու հետ՝ յիշատակութեան արժանի կը տնօրինենք, տօնելով ուրախութեամբ ի Քրիստոս»:

Այնքա՜ն խօսքեր տակաւին կարելի է ըսել այս բազմաշնորհ հայրապետին մասին, որ ոչ միայն էջեր, այլ գիրքեր կարելի է գրել: Մեծ է անոր վաստակը Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին ու պատմութեան մէջ: Փաստօրէն, շատ մը աղօթքներ, շարականներ ու ծիսական արարողութիւններ կը պարտինք Շնորհալի Հայրապետին:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

 

 

[1]  Ոմանք նաեւ կը պաշտպանեն այն կարծիքը որ ան ծնած է 1101 թուականին:

[2]  Ղեւոնդ Ալիշան, Շնորհալի եւ պարագայ իւր, Վենետիկ, 1873, էջ 491:

[3] Չափածոյ կը նշանակէ չափով յօրինուած ստեղծագործութիւններու ամբողջութիւնը իբրեւ գեղարուեստական գրականութեան ճիւղ:

[4]  Վիպերգութիւն կը նշանակէ քնարական-պատմողական երկարաշունչ քերթուածներ, զգայուն եւ քնքուշ նիւթերու վրայ գրուած, ուր դէպքերն ու դէմքերը կը ներկայացուին հեղինակին ապրումներուն եւ մտածումներուն հետ:

[5]  Վենետիկեան Հայրերու հոգածութեամբ թարգմանուած է 36 լեզուներու:

[6]  Շնորհալիի գրական գործերուն առաջինն է, որ կը բովանդակէ իր ազգատոհմի պատմութիւնը՝ քերթողական ոճով:

[7]  Գրուած է քաղաքի Քրիստոնեաներու ջարդին առիթով:

[8] Շնորհալին այս մէկը կարդացած է իր կաթողիկոս ընտրուելուն առիթով հաւաքուած եպիսկոպոսներու ժողովին ընթացքին:

[9] Աղօթագիրք մըն է, որ զանազան առիթներով թարգմանուած տարբեր լեզուներու ու ապա հրատարակուած:

[10] Կիրակոս Գանձակեցի ծնած է 1200-ին, Գանձակի մէջ. վախճանած՝ 1271-ին, Իրան: Հայ պատմաբան եւ եկեղեցական գործիչ:

 

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱԲՂ. ՔԻՒՐԻՒՄԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Մի Երգի Պատմութիւն – 49 – Տը Լայըն Սլիիփս Թունայթ – Տը Թոքընս   (The Lion Sleeps Tonight-The Tokens )

1961 թուականին ամերիկեան երաժշտական շուկան ցնցեց մի երգ, որը ծնունդ  էր առել 1939 թուականին հեռաւոր Հարաւային Աֆրիկայում եւ մինչ Տը Թոքընս խմբի կատարմամբ հիթ դառնալը, մի քանի անգամ ձեւափոխութիւնների էր ենթարկուել։

            Երգի հեղինակն էր Հարաւ Աֆրիկեան Հանրապետութիւնում ապրող, ազգութեամբ զուլուս մի երիտասարդ, ում անունն էր Սոլոմ Լինտա։ Ինչպէս իր եղբայրակից զուլուսները, նա եւս,  ողջ մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անց էր կացրել  հովուութիւն անելով, եւ առիւծների մասին քաջատեղեակ էր իր իսկ  սեփական փորձից։ Բացի հովուութիւն անելուց, պատանեակը յաճախ էր տեղական հարսանեկան արարողութիւնների ժամանակ երգում  եւ առիթը բաց չէր թողնում ծանօթանալու  եւ կապ հաստատելու բոլոր նրանց հետ, ով որեւէ կապ ունէր երգարուեստի հետ ։  Այսպէս նա 1939 թուականին Evening Birds խմբի հետ յայտնուեց ձայնագրման արհեստանոցում եւ ձայնագրեց «Mbube» (զուլուսերէն՝ առիւծ) երգը։

Երգը կատարւում էր a capella՝ առանց երաժշտական նուագակցութեան, միայն ռիթմիկ «Uyimbube, uyimbube »-ի (զուլուսերենից թարգմանաբար ՝ «դո՛ւ առիւծ» ) ուղեցութեամբ։ Երգը ծայրից մինչեւ վերջ իր մէջ պարունակում էր ընդամէնը 7-8 բառ, չհաշուած  մէջ ընդ մէջ կրկնուող «Ույիմպուպեն» ։

            Երգը ՀԱՀ-ում բաւականին մեծ յաջողութիւն ունեցաւ, սակայն Սոլոմոնը վաճառքներից հասոյթ չուներ, թէպէտ հարկ է մէջբերել, որ նրա մտքով անգամ չէր անցել, որ կարող է հեղինակային իրաւունք պաշտպանել։ Մի քանի դրամով վաճառել էր երգը ՝ ձայնագրուած լինելու  գաղափարից ոգեշնչուած։

            Որոշ ժամանակ անց, այս երգի սկաւառակը յայտնուեց Միացեալ Նահանգներում։ Երգը պատահաբար յատնուեց նաեւ ամերիկացի  ՝  ժողովրդական երգերի երգիչ Փիթ Սիկերի տեսադաշտում ։ Նայ յայտնի էր նրանով, որ մեծ սէր էր   տածում  ժողովրդական երգերի ՝  յատկապէս քիչ յայտնի եւ փոքր ցեղախմբերի ժողովրդական գործունէութեան հանդէպ ։  Քանի որ նայ զուլուսերէն ոչ մէկ բառ էր հասկանում, երգի վերնագիրը՝ «Մպուպէ-առիւծ» , նա վերծանեց իւրովի եւ ենթադրեց, որ երգը նուիրուած է   զուլուսների թագաւոր Շակային, որը  փրկեց իր ժողովրդին «Սպիտակ նուաճողներից» ։ Իսկ այ «mbube» բառը նա , չգիտես թէ  ինչու, լսել էր «Wimmoweh» եւ երգը ձայնագրելուց եւ թողարկելուց յետոյ այն հենց այդպէս էր անուանեց։ 1959 թուականին Նահանգներում երգը բաւական մեծ հաջողութեամբ  թողարկուեց  եւ    վաճառվեց  ։ Սակայն երգի աստեղային ժամը դեռ առջեւում էր։

 Մէկ տասնամեակ անց  երգը գրաւեց Ճորճ Վայսի ուշադրութիւնը։ Մինչ այդ նա  արդէն յայտնի էր իր «Can’t Help Falling in Love» (Elvis Presley)   եւ  «What a Wonderful World» (Louis  Armstrong ) երգերով։  Նա երգը դարձրեց իսկական հիթ։ Նախ եւ առաջ ձեւափոխեց եւ կարգաւորեց երաժշտական կառուցուածքը, այնուհետ աղքատիկ՝  8 բառից բաղկացած բնագրին աւելացրեց 2-րդ եւ 3-րդ տները , ինչպէս նաեւ հանեց ջուգլիների ձայներ յիշեցնող վայրի աղաղակումները , թողնելով միայն  «Wimmoweh» արտայայտութիւնը։ Երգը վերանուանուեց «Առիւծը քնած է այս գիշեր» («The Lion Sleeps Tonight») ։ Քանի որ Վայսը երգը մշակելիս նկատի էր առել բազմաձայն երգեցողութիւն, երգի կատարողներ ընտրեց The Tokens խումբը։ Չնայած նրան, որ թէ Վայսը եւ  թէ խումբը  չէին կարծում որ այն հիթ կը դառնայ, այնուամենայնիւ  1961 թուականին թողարկուելով, երգը  դարձաւ ամերիկեան ազգային հիթ-շքերթի առաջատար։

1990-ականներին երգը մի նոր ալիքով նորից վերակենդանացաւ, երբ այն  որպէս երաժշտական թեմայ գործածուեց «Առիւծ արքայ» («The Lion King») ֆիլմում  եւ  «Էյս Վենթուրա ․կենդանիների հետախոյզ» (« Ace Ventura : Pet Detective») ֆիլմում։

2000 թուականին հարաւաֆրիկեան լրագրող Ռայան Մելանը  «Rolling Stone» ամսագրում հրատարակեց մի յօդուած , ուր կոչ էր անում վերականգնել Սոլոմոն  Լինտայի հանդէպ հեղինակային իրաւունքի արդարութիւնը։ Երբ 1962 թուականին երգը ամերիկեան արտադրողներին  հսկայական  գումարներ էր բերում, երգի հեղինակը մահացաւ ծայրայեղ չքաւորութեան մէջ։ Նրա ընտանիքն այնքան աղքատ էր ապրում, որ անգամ նրա գերեզմանին տապանաքար չդրուեց ։ 2006 թուականին , այնուամենայնիւ , փաստաբանները կարողացան վերականգնել Լինտայի հեղինակային իրաւունքները եւ  հասոյթի մի մաս յատկացուեց նրա  դստերը, որը նոյնպէս ծայրայեղ աղքատութեան մէջ էր ապրում։

Մինչ այսօր ձայնագրուել է երգի մօտաւորապէս 160 տարբերակ եւ հաւատալի չէ, որ երգը գրել է աֆրիկեան երուանդավանում հովուութիւն անող , երաժշտական կրթութիւն չստացած մի պատանեակ։

 

«Ջունգլիներում, թաւ ջունգլիներում

Քնած է առիւծն այս գիշեր․․․»

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

Նամակ Ամերիկայէն – 6 – Նախագահ Թրամփի Սպիտակ Տան Երթը Կը Դառնայ Կնճռոտ

Հակառակ այն բացայայտ իրողութեան թէ Ամերիկայի նախագահ Տանըլտ Թրամփ առաջին օրէն իսկ նսեմացուց Քորոնա ժահրի սպառնացող մահասփիւռ վտանգը իր ժողովուրդին, աւելի քան հարիւր հազար ամերիկացիք ցարդ կորսնցուցած են իրենց կեանքը: Մարդկային այս ողբերգութեան զուգահեռ, ԱՄՆ-ի տնտեսութիւնը ստացաւ աննախընթաց հարուած: Հետեւաբար, զոյգ ճակատներու վրայ նախագահ Թրամփի հեղինակութիւնն ու վարկը սկսան նահանջել: Մինչեւ ընթացիկ տարուան Մարտի սկիզբը, Թրամփի վերընտրութեան հաւանականութիւնը բարձր կը գնահատուէր: Որեւէ հանրապետական կուսակցութեան պատկանող քաղաքական գործիչ  չէր համարձակեր մրցակցութեան մարտահրաւէր կարդալ Թրամփին: Նախկին Նիւ Եորքցի կալուածատէրը անխոցելի կը նկատուէր արդարեւ:    

Տուէք ինծի տոլար մը, այլապէս Թրամփին պիտի քուէարկեմ։

Ծանօթ. Այս մուրացկանին միլիոնատէր ըլլալու հաւանականութիւնը մեծ է

 

            Սակայն Քորոնա ժահրին պատճառած պատուհասը չէր բաւեր կարծէք, վերջին տասնեակ մը օրերուն Ամերիկայի քաղաքներուն մէջ բեմադրուող քաղաքացիական խլրտումները առաւել կասկածի տակ դրին Թրամփին զօրաւոր եւ սկզբունքի տէր առաջնորդի մը յատկանիշները: Սեւ քաղաքացի Ճորճ Ֆլորտի ողբերգական մահը ճերմակ ոստիկանի մը ձեռքով Միննիսոթա  նահանգի Մինէափոլիս քաղաքին մէջ, անգամ մը եւս լուսարձակի տակ դրաւ սեւերու դէմ շարունակաբար կիրակուող տնտեսային, ընկերային եւ Արդարադատական խտրականութիւնները: Ամերիկայի բոլոր նահանգներուն մէջ լայնածաւալ բողոքի ցոյցեր ծայր տուին, միլիոնաւորներու մասնակցութեամբ՝ դատապարտելով ոչ միայն մահը, այլ պահանջելով վերջ տալ նման արարքներու:

            Ցեղային խտրականութիւնը սակայն դժբախտաբար անբաժան մէկ մասն է Ամերիկայի մշակոյթին: Զանգուածային զայրոյթի այս ցուցադրութիւնը արմատական ոչ մէկ բարեփոխումներ կրնայ ներմուծել ամերիկեան կեանքի կենսական բնագաւառներէն ներս: Հաւանական է որոշ կարգ մը օրէնքներ որդեգրուին տեղական իշխանութիւններու կողմէ, բողոքի այս ալիքը կրնայ կարգ մը սեւ քաղաքական գործիչներու ասպարէզը յաջողեցնել, օրինակ քաղաքի մը քաղաքապետը կամ դատական ատեանի մը մէջ բարձր աթոռ մը ապահովել: Բոլոր զարգացումները,  չըսելու համար յառաջդիմութիւնները, գեղագիտական գօտիէն դուրս չեն ելլեր: Քանի մը օրեր առաջ երբ քաղաքացիական պոռթկումի ալիքը իր գագաթնակէտին էր հասած,  յայտնի պասքէթպոլիստ Մայքըլ Ճորտըն, յախուռն յօդուած մը ստորագրած էր, սաստիկ կերպով քննադատելով Ամերիկայի սեւ բնակչութեան դէմ կիրակուող խտրականութիւնն ու անարդարութիւնը: Իսկ քանի մը օր ետք, ան իր քսակը լայն բացած՝ հարիւր միլիոն տոլարի յատկացում մը կատարեց բոլոր այն կազմակերպութիւններուն, որոնք կը պայքարին ընկերային եւ տնտեսական անհաւասարութեան դէմ:

Մարտ ամսուան ընթացքին Քորոնա ժահրին ճանկեղը երբ սկսան աւեր սփռել Ամերիկայի տարածքին վրայ, նախագահ Թրամփ սկսաւ գիտակցիլ սպառնացող վտանգին՝ իր վերընտրութեան հաւանականութեան վրայ:

            Ինքզինք յորջորջած որպէս կարգ եւ կանոնի, կարգապահութեան եւ ապահովութեան նախագահ, Թրամփ՝ իր հակառակորդներուն գնահատումով կ’անտեսէ սահմանադրական սեղմումներ եւ կը կառավարէ երկիրը իր նախասիրած եղանակով: Սակայն իր քաղաքական հակառակորդները չեն միայն զինք խծբծողները: Նոյնիսկ չափաւորական համարուող հանրապետականներ սկսած են աստիճանաբար Թրամփի դէմ դիրքորոշուիլ:

            Անցեալ շաբաթ, երբ բազմածաւալ բազմութիւն մը ցոյցեր կը կատարէր Սպիտակ Տան դիմացը գտնուող Lաֆայէթ Փարքին մէջ, նախագահը ուզեց մերձակայ եկեղեցին երթալ: Անմիջապէս ջոկատներ զինուած վահաններով, գաւազաններով եւ արցունքաբեր ռումբերով, ազգային պահակագունդին մասնակցութեամբ՝ խժդուժ բռնութեամբ հեռացուցին ցուցարարները այդ փարքէն, մինչ շատցած  թռչող տորոններ եւ ինքնաթիռ մը (helicopter) սարսափի մատնեցին ցուցարարները: Ամերիկայի Սահմանադրութեան դէմ բացայայտ խախտում մըն է ամերիկեան զինեալ ուժերուն գործածութիւնը ամերիկեան երկրամասին վրայ: Այս ոտնձգութիւնը խորապէս վրդովումի ալիք մը յառաջացուց չափաւորականներու մօտ, որոնց համար Սահմանադրութիւնը սրբութիւններու սրբոցն է:

2016-ի նախագահական ընտրապայքարի շրջանին, երեւելի Հանրապետական քաղաքական դէմքեր, թիկունք չկանգնեցան Թրամփի թեկնածութեան: նախկին նախագահ Ճորճ Պուշ, Ֆլորիտայի նահանգապետ եւ Ճորճին կրտսեր եղբայրը՝ Ճէք Պուշ, ի միջի այլոց, հաւանական չնկատեցին Թրամփին յաղթանակը եւ երկրորդ՝ պահպանողական օրակարգ չկար: Սակայն 2020ի նախագահական պայքարը բոլորովին տարբեր տարազ մը կը զգենու: Ընդդիմանալ պաշտօնի վրայ գտնուող միեւնոյն կուսակցութեան պատկանող նախագահին՝ կը նշանակէ ձախողութեան մատնել պահպանողական օրակարգը, որուն կարեւոր բաղկացուցիչ տարրերը կը կազմեն նախագահին կողմէ նշանակումը աջակողմեան դատախազներու, քաջալերել մեծ ընկերութիւնները շահերուն նպաստող օրէնսդրութիւնները, դէմ կենալ կլիմայական պաշտպանութեան եւ հարուստներուն տուրքերը կրճատել: Առաւել ըլլալով ընդդիմանալ ներկայ նախագահին՝ կը նշանակէ դառնալ թիրախը անոր թունալից մոլուցքին:

Հակառակ այս իրողութեանց ստուարաթիւ ակնյայտ հանրապետական անձնաւորութիւններ արդէն հրապարակաւ սկսած են խարանել եւ  բուռն քննադատել նախագահ Թրամփը:

Նախկին պետական քարտուղար եւ բարձրաստիճան զինուորական Քոլին Բաուլ հեռուստատեսիլի վրայ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, կշտամբեց Թրամփը յայտարարելով թէ ան դատարկ է բարոյական արժէքներէ, նսեմացուցած է Ամերիկայի վարկն ու հեղինակութիւնը միջազգային թատերաբեմին վրայ եւ սխալ անձն է Ամերիկան չորս տարիներ եւս ղեկավարելու: Ան առանց տատամսելու աւելցուց թէ ինք պիտի քուէարկէ Թրամփի մրցակից Դեմոկրատ Ճօ Պայտընին, որուն հետ սերտ գործակցած է աւելի քան երեք տասնեակ տարիներ: Թրամփի դահլիճին առաջին պաշտպանութեան նախարար Ճիմ Մաթիս քանի մը օրեր առաջ խարանեց նախագահը՝ զայն այպանելով երկիրը «բաժնել եւ տիրելու» յանցանքով:

ՀակաԹրամփ արշաւը՝ Հանրապետականներու շարքերէն ներս, սկսած է դառնալ լայնածաւալ: Նախկին նախագահներ Պուշի եւ Ռէկընի երէց օգնականները, որոնք 2016-ի ընտրպայքարին միացեալ հաղորդագրութեամբ մը դէմ դիրքորոշուած էին Թրամփին թեկնածութեան, ներկայիս աշխատանքի լծուած են ձախողցնելու անոր վերընտրութիւնը: Մեծ է նաեւ թիւը հեղինակաւոր հանրապետական առաջնորդներու որոնք դժուարութիւն ունին իրենց սկզբունքներն ու քաղաքական շահերը, հաշիւները իրարու հաշտեցնելու:

Նիւ Եորք

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը