Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ (5)

Մեր թերթավաճառ Պարգեւը ամիսներ առաջ  աւետած էր, որ «Կարմիր բանակը մտաւ Պերլին»,– վերջապէ՜ս,– ու  մեր հոգիները խաղաղեր էին  այդ երկար մղձաւանջէն, երբ օր մըն ալ պայթեցուց բոլորովին անսպասելի ռումբ մը.

–Բոլոր հայերը պիտի երթան Հայաստա՜՜՜ն…

Ճիշդ կը լսէի՞նք…Հայատա՞ն…բոլոր հայե՞րը…մե՞նք ալ…ե՞ս ալ…

Հայոց պատմութենէն գիտէինք, որ գոյութիւն ունեցած է հեքիաթային  երկիր մը՝ Հայաստան անունով, բայց ան մինչեւ հիմա   գոյութիւն  ունի՞ ուրեմն…

«Հայրենիք»-ի ձայնին վաճառքը իսկոյն կրկնապատկուեցաւ, սակայն կայ աւելին. թերթ  գնող թէ չգնող  անցորդներն ու թաղեցիները շրջապատեցին թերթավաճառը՝ հարցումներու տարափ մը տեղացնելով անոր գլխուն. կ’ուզէին   աւելի լուսաբանուիլ, ուստի չէին վարաներ զանազան մանրամասնութիւններ հարցնելու՝  ստոյգ բան մը  գիտնալու համար:

–Այո, եղբա՛յր, այո՛, բոլորս պիտի տանին, մէկ հայ պիտի չմնայ  դուրսը:

1945-ի վերջերուն…1946-ի  սկիզբներուն էր:

 

*   *   *

Եւ այնուհետեւ ելեկտրականացաւ հայ կեանքը իր բոլոր բաղադրիչներով եւ այնքանով, որ մենք կը յաջողէինք ըմբռնել. մեզի համար կար երազային ճամբորդութիւն մը,  երազային նաւով մը, դէպի երազային երկիր մը, ճիշդ հոն, ուր Սասունցի Դաւիթը իր թուրով   երկու կտոր ըրաւ Մսրայ Մելիքը, Հայկ Նահապետ սպաննեց Բէլը, ուր շատակեր Շարան կ’ուտէր Շիրակի դաշտին ամբողջ ցորենը, Արշակ երկրորդ ոչնչացուց  պարսիկ կէս միլիոննոց բանակը՝ ողջ ձգելով միայն  Շապուհը, որ փախաւ-գնաց՝ անամօթաբար  լքելով  իր կանանոցը…

Բայց եւ այնպէս շուտով սկսաւ  հեքիաթը  շօշափելի իրականութեան վերածելու ծառայող առաջին եռուզեռը. Ճիշդ մեր բնակարանին դիմացը կը գտնուէր  Պուրճ-Համմուտի քանի մը հազուագիւտ երկյարկանի շէնքերէն մէկը, որուն երկրորդ յարկի հիւրանոցը վերածուեցաւ գրասենեակի եւ տրամադրուեցաւ,– ինչպէս  կը կոչուէր այն օրերուն,– «Ներգաղթի կոմիտէին»[1]:

Ներգաղթի կոմիտէ կոչուածը կը բաղկանար երկու սակաւախօս, շատ խոհուն, յարատեւ ժպտող, ծայրայեղօրէն զգուշ ու կիրթ անձնաւորութիւններէ, որոնք շաբաթը քանի մը  անգամ կու գային գրասենեակ՝ բերելով յատուկ տոմարներ, որոնց մէջ կ’արձանագրէին «Հայաստան երթալ ցանկացողների անունները»՝ առ ի սերտողութիւն:

Կարծես կը հեգնէին մեզ. չցանկացող կա՞ր…

Եւ ահա շրջակայ թաղերու ողջ բնակչութիւնը առտուան լոյսը չբացուած սկսաւ խուժել գրասենեակ՝ առաջինը արձանագրուելու մարմաջէն տարուած բազմութիւններով՝ յառաջացնելով վէճի, վիճաբանութեան, հրմշտուքի ու կռիւի խայտաբղէտ ու զաւեշտական տեսարաններ: Կոմիտէի ներկայացուցիչները  կը գրէին թեկնածուներուն բոլոր տուեալները՝ անուն-մականուն, բնիկ որտեղացի, զբաղում, զաւակներու թիւ ու տարիք եւ  այլն: Արձանագրութեան կ’ընկերանար թելադութիւն մըն ալ, թէ շուտով պիտի հրաւէր ստանան, ուրեմն՝ համբերեն:

Եւ այնուհետեւ կը սկսէր անորոշ սպասումի, անվերջանալի զրոյցներու, խառնակ գիշերներու երկար շրջան մը, որ զերծ չէր կասկածէ ու մտահոգութենէ: Մարդիկ պարզապէս չէին հաւատար, որ նման բան մը կրնար տեղի ունենալ:

Սակայն ժամանակը եկաւ հաստատելու, որ հեքիաթ չէր այս բոլորը,  երբ օր մըն ալ մեր թաղերուն մէջ երեւցաւ  ծանօթ  նամակաբաշխը յիշեցնող  մարդ մը՝ մախաղը ուսին, ձեռքին դեղին տրցակներ. ան բնակարաններու թիւերուն կը նայէր, անուններ կը հարցնէր, տուները կը մտնէր եւ կը յանձնէր տուեալ անունը կրող դեղին տոմս մը, որ կը հաստատէր ենթակային ընդունուած ըլլալը եւ կը թելադրէր պատրաստ ըլլալ:

–Բայց տուներնիդ մի՛ ծախէք, սպասեցէ՛ք, պիտի բերեմ կարմիր թուղթ մըն ալ, այն ատեն պիտի ծախէք տուներնիդ եւ նաւահանգիստ երթաք,– բերանացի ու  բարեխղճօրէն կը յանձնարարէր ցրուիչը՝ լաւ սորված դասի մը պէս:

Այս բոլորը արդէն կը վանէին յետին  կասկածներն ալ:

Տոմս ստացողները կը դառնային հետաքրքութեան իւրայատուկ առարկայ. հեռու-մօտիկ կու գային «իրենց աչքերով տեսնելու», շօշափելու, հոտոտելու ու կարդալու այդ տոմսերը եւ  իրենց կարգին համոզուելու:

Այնուհետեւ սկսաւ ուրիշ եռուզեռ մը ու տագնապ մը. ի՞նչ ընել, որո՞ւ ծախել  տունը, ինչպէ՞ս յաճախորդ գտնել, երբ ամբողջ Պուրճ-Համմուտը վերածուած էր անմիջական  ու հաւանական  տօնավաճառներու հաւաքականութեան մը:

Եւ չես գիտեր ուրկէ եւ ինչպէս, ահա մեր թաղերուն  մէջ սկսան երեւիլ տեղացի արաբ հայրենակիցներ, որոնց հետ  սակարկութիւններ տեղի կ’ունենային  եւ  համաձայնութիւններ կը գոյանային: Ընդհանրապէս տանտէր ու յաճախորդ կը համաձայնէին գինի մը շուրջ, մինչեւ անգամ կը վճարուէր պզտիկ կանխավճար մը՝ սպասելով բո՛ւն վաճառքին, որ  պիտի կնքուէր  ի մօտոյ:  Եւ մարդիկ իրենց տարիներու  վաստակով ու քրտինքով ձեռք ձգած տնակը,– որ ընդհանրապէս միասենեակ բոյն մըն  էր՝ խոհանոցով մը ու բաղնիքով մը եւ քանի մը թիզ ազատ տարածքով, ուր գրեթէ ամէն ոք  քանի մը որթատունկ, սալորենի, թզենի կամ նռնենի տնկած էր՝ ի յիշատակ Արեւմտեան Հայաստան ձգուած փարթամ այգիներու ու մրգաստաններու,– կը յօժարէին ծախել քանի մը հարիւր լիբանանեան ոսկիի, օրուան սակերով՝ երկու, երեք կամ լաւագոյն պարագային չորս-հինգ հարիւր դոլարի՝ վախնալով որ վերջին պահուն յանկարծ «այդքան տուող  ալ չգտնէին»:

Կար աւելին. եղան այնպիսիներ, որոնք,  «աւելի հեռատեսութեամբ» եւ առանց հրաւէրի,  ուղղակի ծախեցին բնակարաննին՝ համոզուած,  որ պիտի երթան, եւ իրենց կարգին սկսան պատրաստութիւն տեսնել՝ ծախսելով  ունեցածնին:

Եւ ահա օր մըն ալ ցրուիչի ձեռքերուն մէջ դեղին տրցակներուն հետ երեւցան կարմիր  տրցակներ եւս, որոնց գործած տպաւորութիւնը ուղղակի կախարդական էր. այստեղ յստակ նշուած էին մեկնումի օրն ու ժամը, յորում բախտաւորները կը հրաւիրուէին վերջնականապէս պատրաստ գտնուելու նաւահանգիստի տարածքին: Նշուած էր մինչեւ անգամ  նաւուն անունը:

Շատ-շատեր,– ասոնց կարգին մօրաքոյրս ալ,– իրենց տունը վաճառած եւ դրամն ալ գանձած ըլլալով,  նշանակուած օրէն առաջ կը փութային նաւահանգիստ եւ քարափին կից մարգագետնին վրայ կ’անցընէին մնացած քանի մը օրերը, ոմանք փոքրիկ վրաններու տակ,  ուրիշներ ուղղակի բացօթեայ:

Չուշացաւ մեծ աւետիսն ալ, որ  քանի մը օր ետք` յունիսի երկրորդ կէսին,  պսակումը պիտի դառնար այս բոլորին, երբ  թերթավաճառ Պարգեւ  բոլորովին նոր եռանդով մը յայտարարեց.

–Թրանսիլվանիա նաւը  կը մտնէ  Լիբանա՜ն…

Թրանսիլվանիա  1946.– Առաջին հայրենադարձները

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Իրօք ալ յաջորդ օրը ան  իր պատկառելի,– պէտք է ըսէի՝ «վեհաշուք»,–  զանգուածով հասաւ նաւահանգիստ, հայրենադարձներու, հարազատներու եւ հետաքրքիրներու  ցնծութեան աղաղակներուն ու ծափերուն տակ,– որոնց  միացան անճարցիները իրենց ահեղաթունդ թմբուկներով ու խլացուցիչ զուռնաներով,–  եւ զգուշօրէն մօտեցաւ քարափին  եւ անոր կապուեցաւ կամրջակով մը:

Երկու կամ երեք օր ետք ան արդէն լեցուած էր բեռներով ու խուռներամ հայրենադարձներով, երբ կամրջակը քաշեցին ու նաւը շարժեցաւ՝ մեկնողներու եւ մնացողներու ճիչերուն տակ, որոնք շուտով վերածուեցան սրտերէ բխած համերգի մը, որ առաջին անգամ կը լսէինք եւ հետագային  աւելի յաճախ պիտի լսուէր.

«Ա՜յ կարաւան, ջա՜ն կարաւան, քշի՛ր քո ճամբան…»:

Այնուհետեւ կարաւան անունով  բնորոշուեցան այն նաւերը, որոնք հայ հայրենադարձներով լեցուն կը մեկնէին Հայաստան:  Ուրեմն առաջին կարաւանին յաջորդեցին երկու ուրիշներ մինչեւ աշուն, ապա կանգ առին՝ նոր թափով վերսկսելու համար 1947-ի ամառը, որ եւ անակնկալօրէն եղաւ վերջինը Լիբանանի պարագային: Ան փոքր  չափերով շարունակուեցաւ 1948-ին Եւրոպայէն   եւ Միացեալ Նահանգներէն  ու այնպէս ալ վերջնականապէս դադրեցաւ հրամանովը Ստալինի, որու քաղաքական նպատակներուն չէր ծառայեր ան այլեւս:

Ստալին ոչ միայն վերջ տուաւ արեւմտահայերու հայրենադարձին, այլեւ 1949-ին մօտ 6.500  արեւմտահայ ընտանիք նենգաբար աքսորեց Սիպերիա  եւ  Altaï:

 

*   *   *

Հայրենադարձը շատ բարդ եւ շատ ընդարձակ դիպաշար մըն է՝ պատմական շատ հակասական արժեւորումներով, որոնց մանրամասնութեան մէջ չեմ մտներ: Կը գոհանամ անոր հետեւանքներովը  Պուրճ-Համմուտի վրայ:

Անցնող երկու տարիները պատճառ դարձան, որ անոր հայ բնակչութեան մօտաւորապէս մէկ երրորդը փոխարինուէր տեղացիներով, որոնք ընդհանրապէս կու գային հարաւի շիա համայնքէն: Իսկ 1948-ի արաբո-իսրայէլեան պատերազմին հետեւանքով Լիբանան խուժած հարիւր հազարաւոր պաղեստինցիներուն մէկ մասը իր կարգին հաստատուեցաւ Պուրճ-Համմուտի մէջ, բայց մանաւանդ անոնք հաստատուեցան ներկայիս ծանօթ «Նապաա» կոչուած բնակատեղին, որ իր խտութեամբ  պահ մը գերազանցեց Պուրճ-Համմուտը, որուն ուղիղ շարունակութիւնն է ան: Մինչդեռ մինչեւ 1946 ան ամայի ճահիճ մըն էր, ուրկէ կը բխէին երեք ակեր. մերոնք «Իւչ կէօզ» (երեք ակ) կը կոչէին զայն: Նապաա  եւս  կը նշանակէ ակ:

Ազգագրական այս նոր տուեալները, գումարուելով ժամանակին հետ ձեռք բերուած որոշ բարեկեցութեան մը, իրենց կարգին պատճառ դարձան, որ Պուրճ-Համմուտի հայութեան  մէկ կարեւոր մասը լքէ զայն՝ դէպի այլ շրջաններ, չհաշուած հետագային ընդմիշտ գաղթողները: Այս բոլորը աւելի նսեմացուցին  անոր հայեցի դիմագիծը, եւ այդ նսեմացումը կը շարունակուի ցաւագին թափով  մը:

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

 

 Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը   

 

Մի Երգի Պատմութիւն – 51 – Տոնթ Սթափ Թիլ Եու Կեթ Ինաֆ –Մայքլ Ճեքսըն (Don’t Stop ‘til You Get Enough – Michael Jackson )

Ուրախ, կայտառ ու վառվռուն այս երգը գիտեն ոչ միայն Ճեքսընի երկրպագուները։ Այն 1979-ին  ողողեց ամերիկեան եւ համաշխարհային հիթ-շքերթները։ Սա Ճեքսընի առաջին միայնակ ձայնագրութիւնն էր։ Մինչ այդ նա երգում էր ընտանեկան The Jackson 5 խմբում եւ ընտանիքի կամ այսպէս ասած խմբի անդամների յետ միասին ունէր մեծ համբաւ, իսկ նրանց երգերը մէկը միւսի յետեւից գրաւում էին հսկայական լսարաններ։

1978 թուականին Մայքլը նկարահանուեց  «Հրաշագործը» շարժանկարում, ուր մարմնաւորում էր խրտուիլակի դեր։ Նկարահանումների ժամանակ նա ծանօթացաւ բեմադրիչ Քուինսի Ճոնսի (Quincy Jones) հետ ։ Ճեքսընը խնդրեց խորհուրդ տալ լաւագոյն արտադրիչին, որին ճանաչում էր Ճոնսը՝ որի հետ Ճեքսընը կը սկսէր աշխատել ապագայ  նախագծերի վրայ։ Ճոնսը առանց համեստութիւն անելու առաջարկեց ինքն իրեն։  Այսպէս սկսուեց նրանց համագործակցութիւնը։ Առաջին համատեղ աշխատանքն եղաւ «Off The Wall»  ալպոմը։  Մինչ աշխատանքները սկսելը նրանք հարիւրից աւել տարբեր երգեր լսեցին, ընտրելու համար նրանք, որոնք տեղ կը գտնէին ապագայ ալպոմում։ Դրանցից մէկն էր  «Don’t Stop ‘til You Get Enough» երգը, որը ալպոմից զատ թողարկուեց նաեւ միայնակ սկաւառակի տեսքով։ Երգերը ձայնագրւում էին Լոս Անճելըսում՝ ձայնագրման արուեստանոցում ։

 «Don’t Stop ‘til You Get Enough» երգը գրել է Մայքլը։ Նա պատմում է, որ այս երգի մեղեդին ոչ մի կերպ դուրս չէր գալիս նրա գլխից, բայց եւ ամբողջացնելու համար նրան օգնութիւն էր պէտք։  Նա չէր տիրապետում ոչ մի երաժշտական գործիքի։ Նրա եղբայրը՝ Ռենտին (Randy Jackson) օգնեց նուագել եւ ձայնագրել երգի նախաբանը։ Ճեքսընի երգչային հնարքներից եղաւ նրա ֆալցետային ձայնը (falsetto) , որը երգին առանձին հմայք է հաղորդում, եւ որը յետագայում նայ դարձրեց իր առանձնայատկութիւնը ։    Մայքլի մայրը, ով «Եհովայի վկաներ»  աղանդի հաւատացեալ էր, լսելով երգը, ցնցուել էր երգի բնագրից, որն իր կարծիքով սեռական բնոյթի կոչ էր հնչում։ Բնականաբար Մայքլը ներկայացրել է երգի իր տեսլականը, որով համոզել է մորը, որ երգը բնաւ ոչ մի այլասերում չունի։

          Երգի թողարկումից յետոյ այն լայն լսարանի կողմից հաւանութեան արժանացաւ, գրաւեց հիթ-շքերթների առաջատար դիրքերը, ստացաւ «ոսկէ» որակում,  ինչպէս նաեւ ունեցաւ դրական արձագանք երաժշտաքննադատների կողմից։ Տաս տարի տարի անց, ունեցած վաճառքների շնորհիվ դարձաւ «պլատինե» ։

          2006 թուականին եւրոպական լսարանի համար ձայնագրուեց Ճեքսընի սիրուած 20 երգերի հաւաքածու, որի մէջ մտաւ նաեւ «Don’t Stop ‘til You Get Enough» երգը։

Այս երգը, ինչպէս եւ Ճեքսընի շատ այլ երգեր աւելի հանրայայտ դարձան նրա մահուանից յետոյ, երբ ողջ աշխարհը սկսեց վերյիշել եւ վերապրել  նրա բոլոր յայտնի երգերը։

          Կարծում եմ կարիք չկայ նշելու, որ երգը վերաերգուել է բազմաթիւ անգամներ՝ տարբեր յայտնի երգիչների կողմից։

          Նշեմ նաեւ , որ երգը Ճեքսընի առաջին ինքնուրոյն երգն էր նրա առաջին ինքնուրոյն ալպոմից, որտեղ նա հանդէս եկաւ որպէս մենակատար երգիչ եւ ձայնագրման աշխատանքներով զբաղուեց ինքնուրոյն՝ առանց հոր եւ եղբայրների օգնութեան , ցոյց տալով իր անկախութիւնը ։ Սա եղաւ նաեւ նրա առաջին երգը, որը  Billboard Hot 100-ում զբաղեցրեց առաջին հորիզոնականը ։  

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ                                                                                                            

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

 

 

 

  Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը   

 

«Թուրքիոյ Մէջ Ատելութեան Հարցեր. Հայկական Մտահոգութիւններ» Մամլոյ Առցանց Լսարան – 1 –

Այժմէական Հարցերու Բազմաձայն Քննարկումներ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

«Զարթօնք», «Արեւ» եւ «Սարտարապատ թերթերու համատեղ կազմակերպութեամբ Չորեքշաբթի, 24 Յունիս 2020-ի Լոնտոնի ժամով 17:00-ին անցկացրին կայացուցին իրենց միացեալ առաջին մամուլի լսարանը:

 

Թեման՝ «Թուրքիոյ Մէջ Ատելութեան Հարցեր. Հայկական Մտահոգութիւններ»:

Օրուայ զեկուցաբերը՝ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, լրագրող եւ հասարակական գործիչ Արա Գօչունեանն էր: Յարգելի զեկուցաբերը հանդէս եկաւ չափազանց հետաքրքիր զեկոյցով:

Մասնակիցները՝ աշխարհի տարբեր երկիրների հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներ, որոնք մտահոգ են Թուրքիոյ մէջ ատելութեան  խնդիրներով: Աշխարհի տարբեր երկիրներէ շուրջ 85 մասնակիցներէ կազմուած առցանց հարթակը վարեց՝ ծանօթ մտաւորական, Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր եւ նոյն համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:

Ներկաներուն ողջունեց Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը: Ան բարձր գնահատեց նման հանդիպումներու ու քննարկումներու կարեւորութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց մեծաթիւ մասնակցութեան համար:

Արա Գօչունեան նախ մատնանշելով  ընկերային ցանցերու ներկայ ժամանակաշրջանի իրողութիւնները եւ անոնց լոյսին ներքեւ ներածական մը խօսեցաւ աշխարհի վրայ ատելութեան հարցերու, դրսեւորումներու կապակցութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ ան անդրադարձաւ նաեւ հայ իրականութեան՝ մանաւանդ սփիւռքահայ իրականութեան։ Արդարեւ, հայկական համայնքները աշխարհի բազում երկիրներու մէջ կ՚ապրին փոքրամասնութեան կարգավիճակով։ Երկրագունդի վրայ ատելութեան երեւոյթներու ապրած վերելքը չափազանց մտահոգիչ է, որովհետեւ կը սպառնայ համակեցութեան, համագոյակցութեան նախընթացներուն, ինչ որ փոքրամասնութիւններու տեսակէտէ բացարձակապէս բաղձալի չէ։ Այս խնդրի Թուրքիոյ դրսեւորումներուն շուրջ ալ մանրամասն խորհրդածութիւններ ըրաւ Արա Գօչունեան՝ մինչ այդ պատասխանելով առցանց լսարանի մասնակիցներու զանազան հարցումներուն։

«Աշխարհի մէջ զանգուածներու վրայ ազդելու միջոցները յայտնի էին: Ինսթիթուցիոնալ միջոցներն էին անոնք: Յատուկ ուղղորդուած մետիաներ կային, որոնք զանգուածներուն ուղղութիւն կու տային: Այսօր իրավիճակը շատ փոխուած է, որովհետեւ նախկին ինսթիթուցիոնալ վիճակները թէեւ կան, սակայն այդքան ազդեցիկ չեն: Ամեն ինչ ընկերային ցանցերու վրայ  տեղի կ՛ունենայ: Գործնական դրսեւորումները եւս այդ հարթակներուն վրայ տեղի կ՛ունենան: Շատ յաճախ մենք կը խօսինք, որ ընկերային ցանցերու միջավայրը ծայրայեղականութեան միջավայր կը ստեղծէ: Սա անշուշտ գործի բացասական կողմն է: Մենք այսօր, երբ կը խօսինք ատելութեան մասին, ապա պէտք է նշել, որ ան մեր ունեցած պատկերացումներէն  դուրս չափումներ ալ ունի: Մենք պէտք չէ մոռանանք, որ համաշխարհայնացում ըսուած երեւոյթը, որուն մէջն ենք, միշտ ունի իր հակասութիւնները: Համաշխարհայնացումը մէկ կողմէն մեզի կը բերէ համահարթեցման երեւոյթներ, միւս կողմէ կը սկսի տեղական մշակոյթի կամ լեզուներու վերելքը: Այսինքն, մետալի միւս երեսին տուեալ պահուն վերելք ապրած արժէքներու հակապատկերն ալ որոշ չափով թափ կը ստանայ: Այս գործընթացին մէջ է, որ ընկերային ցանցերը այսքան զարգացան»,- մանրամասնեց Արա Գօչունեան:

Պրն. Գօչունեանի  խօսքով՝ այսօր աշխարհի վրայ շատ աւելի հրատապ խնդիր է ընկերային անարդարութեան դրսեւորումները: «Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ լայն զանգուածներու եկամուտները, երբ կը նուազին, ընկերային ու հասարակական կեանքին մէջ ծայրայեղական դրսեւորումներ կ՛աճին»,- ըսաւ բանախօսը, ապա շարունակեց, ըսելով որ «ընկերային ցանցերուն վրայ ատելութեան խնդիրը հիմնականին մէջ ազգամիջեան կամ միջպետական խոր արմատներ չունի: Ան հիմնականին մէջ  պայմանաւորուած է կենցաղի, ապրելակերպի ու հնարաւորութիւններու վերաբերեալ նախանձ յառաջացնող երեւոյթներու հետ, երբ մարդիկ ամեն օր ցոյց կու տան, թէ ի՞նչ ունին, ի՞նչ հնարաւորութիւններ ունին, ի՞նչ ճաշարաններ կը յաճախեն: Անոնք այս ամէնը կը նկարեն, կը հրապարակեն եւ այլն»:

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան շեշտադրեց նման հարթակներու կարեւորութեանը, որ առիթը կու տայ բազմակարծութեան դրսեւորումի, ուր տարբեր ենթահողերէ եկող եւ մտահոգութիւններ ունեցող մասնակիցներ իրենց հարցերը կը կիսուին եւ գաղափարներ կը փոխանակեն: Զրուցավարը ապա առիթը տուաւ հարցադրումներու:

Տրուած հարցումներու լոյսին տակ, մանրամասն խորհրդածութիւններ ըրաւ Արա Գօչունեան: Ան համբերութեամբ պատասխանեց առցանց լսարանի մասնակիցներու զանազան շահեկան հարցումներուն։ Ան յիշեցուց նաեւ վերջին շրջանին Պոլսահայ համայնքի օրակարգին վրայ եկած զանազան խնդիրները՝ եկեղեցիներու դէմ կատարուած ոտնձգութիւններէ սկսեալ մինչեւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին հասցէագրուած սպառնալիքներն ու ընկերային մետիայի «աստղ» Մուրատ Էօվիւչի գրառումները։ Լսարանի մասնակիցները հետաքրքրուած էին, թէ այս բոլորը մշտական վտանգի մը ազդանշաններն են, թէ ոչ զուգադիպած են այս շրջանին եւ «եղանակային» բնոյթ մը ունին։

Ի պատասխան Արա Գօչունեան յայտնեց, որ ատելութեան դրսեւորումները երբեք պէտք չէ ստորագնահատուին եւ անոնց դէմ միշտ պէտք է զգոյշ ըլլալ։ Յամենայնդէպս, ըստ իրեն, վերոյիշեալ բոլոր դէպքերու պարագային շատ կարեւոր էր իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած վերաբերմունքը։ Արդարեւ, ըստ զեկուցաբերին, պետութիւնը ամենաարագ ձեւով արձագանգած է այս խնդիրներուն եւ պատկան մարմիններու միջամտութիւններուն շնորհիւ արդէն համապատասխան դատական գործերը սկսած են։ 

 

Աշխարհի վրայ ահագնացող ատելութեան այս խնդիրները հայ իրականութեան  տեսանկիւնէն ահազանգային նշանակութիւն ունին: Ըստ բանախօսին՝ եթէ այսօր տեղի ունեցող գործընթացները մեկնաբանենք Սփիւռքի տեսանկիւնէն, բաւական մտահոգիչ պատկեր կը ստանանք: «Հայ Սփիւռքը աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ կ՛ապրի առհասարակ փոքրամասնութեան կարգավիճակով: Սփիւռքի առողջ գոյատեւման, լայն հասարակութիւններու հետ առողջ յարաբերութեան մէջ գտնուելու տեսանկիւնէն, անհրաժեշտ նախապայման է համակեցութեան խնդիրը», – տեսակէտ յայտնեց Արա Գօչունեան:

Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն՝ օրուայ զեկուցավար Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ստացած հարցումները ձեռնհասութեամբ համադրելով  փոխանցեց զեկուցաբերին, որ լսարանի մասնակիցներուն հետաքրքիր հարցումներուն համապարփակօրէն պատասխանեց եւ այսպէս մօտ երկու ժամ տեւողութեամբ հետաքրքրական քննարկում ծաւալեցաւ:

Նշենք, որ սոյն միատեղ կազմակերպուած առցանց լսարանին մետիա գործընկերներն էին ու պիտի շարունակեն մնալ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթն ու «ՌԱԿ Մամուլ» լրատուական կայքը:

Աւարտին, ոգեւորուած նման լսարան կազմելու ու տարատեսակ հարցեր քննարկելու կարեւորութեամբ, Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, լսարանը կազմակերպող իր գործընկերներուն ու պաշտօնակիցներուն անունով յայտարարեց, որ այսօրուայ լսարանը վերջինը պիտի չըլլայ, այլ ընթացք պիտի տայ զանազան թեմաներու շուրջ նմանօրինակ լսարաններու երկար շարքի մը: Հետեւաբար պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ ամեն Չորեքշաբթի նոյն ժամերուն նման քննարկումներ կազմակերպել:

Նշենք, որ վերոյիշեալ երեք թերթերուն սոյն միատեղ կազմակերպած առցանց լսարանին մետիա գործընկերներն էին ու յառաջիկային ալ պիտի շարունակեն մնալ` Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթն ու «ՌԱԿ Մամուլ» լրատուական կայքը:

 

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

 

  Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը       

Կիլիկիոյ Հայրապետին Նուիրուած 117 Տարեկան Մաղթերգի Հեղինակին Ծոռը, Արդարօրէն Հպարտ Է… Ձօն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ընտրութեան Եւ Օծման 25-Ամեայ Յոբելեանին Առիթով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող բոլոր հանդիսութիւն­ներուն աւարտին, ինչպէս նաեւ թեմերուն մէջ տեղի ունեցող այն հանդիսութիւններուն վերջաւորութեան, որոնց կը նախագահէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, միաբերան կ՛երգուի «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը: Պարզունակ երգ մը՝ որ իր զինուորական քայլերգի նմա­նող հար­ուածային կշռոյթով, հպար­տու­թեամբ կը փքացնէ երգողներուն եւ լսող­ներուն կուրծքն ու միան­գամայն կը հրճուեցնէ անոնց հոգիները խանդավառութեամբ, ամրա­պնդելով Կիլիկեան Սուրբ Աթո­ռին նուիրական առաքելութիւնը:

   _Գիտէի՞ք, այս երգին հեղինակը հօրս հօրեղբա՛յրն է, _ ըսաւ Արա Գասապ­եա­նը մի քանի տարիներ առաջ, Անթիլիասի Կաթողիկոսարանին մէջ կողքիս կանգ­նած, երբ Հայրապե­տական սուրբ պատարագի աւարտին, Վեհարանի աստիճաննե­րուն վրայ որոտած վե­րոյիշ­եալ մաղթերգը երգչա­խումբին եւ ներկայ ժողովուրդին միա­ցեալ կա­տար­մամբ: Վեհափա­ռը տամկացած աչօք կ՛օրհնէր շուրջը խռնուած հա­ւա­տացեալ ժողո­վուրդը, որ երգի բառերը սրտին ու հոգի­ին վրայ դաջած, կ՛աղօթէր իր Հայրապետին կե­նաց արեւ­շատութեան հա­մար:

  Արային խօսքին ձայնային ելեւէջներուն մէջ կար ո՛չ միայն զէյթունցի տղա­մար­դուն յատուկ խրոխտ ձայնանիշը, այլեւ նման երգի մը հեղինակային իրաւունքի հեռաւոր սեփա­կանատէրը ըլլալու արդար հպարտութիւնը, որ խորապէս տպաւորեց զիս: Ան բացատրեց, որ Գրիգոր Գասապեանը իր հօր հօրեղբայրն էր, բնիկ Զէյթունցի, եւ Զէյ­թունի Հայոց գլխաւոր դպրոցի բազմավաստակ տնօրէնը, իսկ անոր եղբօրոր­դին՝ նոյնպէս բազմավաստակ ուսուցիչ եւ մանկավարժ Տաճատ Գասապ­եանը, այս­ինքն իր հայրը, ծնած էր Հալէպ, արդէն Զէյթունէն աքսորական ընտանիքի երդիքին տակ: Զէյ­թունցի գերդաս­տանի շառաւիղ ընտանիք մը, որու իւրաքան­չիւր անդամին մէջ զգալի է «Զէյթունցի­ական ջիղ»ը:

Պատգամաւորական ժողովը, որ ընտրեց Կիլիկիոյ Գահուն համար Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսը
Պատգամաւորական ժողովը, որ ընտրեց Կիլիկիոյ Գահուն համար Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսը
Սահակ Բ. Կաթողիկոս՝ Հայրապետական նժոյգով

20-րդ դարասկիզբին, Կիլիկիոյ մէջ Շնորհալիներուգահի Հայրապետ կ՛ընտ­րուի Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսը, 12 Հոկտեմբեր 1902 թուականին, իսկ օ­ծու­մը տե­ղի կ՛ունենայ 20 Ապրիլ 1903-ին: Հայրապետական օծման հանդիսաւոր ա­րա­­րո­ղու­թենէն ընդամէնը մի քանի ամիս­ներ ետք, Կիլիկեան ծագումով՝ խարբերդ­ցի այս խի­զախ հո­գե­ւորականը իր նժոյգին հեծած, Լեւոնի Բերդը դարերով իր ամպ­հովանին դար­ձու­ցած Սիսի պատմական Մայրավանքէն Հովուապետա­կան

 

 

այցելու­թ­եան  կը  ձեռ­նար­կէ,  հանդիպելու համար Մեծի  Տանն  Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսու­թեան բոլոր թեմե­րուն մէջ ապրող ժողովուրդը՝ Ատանայի, Հա­ճնոյ, Մարաշի, Հալէպի, Զէյ­թունի, Մա­լաթ­իոյ, Տիվ­րիկի, Կիւրինի, Եօզղատի, Գըրշէհիրի, պա­պե­նական Խար­­բերդի եւ այլ շրջան­նե­րու մէջ, ոգեւորելու համար իր բանաւոր հօ­տը:

Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Աբարդեանց Զէյթունի առաջնորդը

          Սահակ Վեհափառ Զէյթուն հասնելով, արծուեբոյն այս քա­ղաքի լեռնցի ժո­ղովուրդին կողմէ ջերմ ընդունելութեան կ՛արժանանայ, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ՝ Տ. Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Աբարդեանցի: Զէյթունի մէջ անցուցած իր ութ օրե­րու ընթացքին, Հայոց Հայրապետը այցելութիւններ կու տայ ազգային հաստատութիւններու, որոնց շարքին Զէյթունի Հա­յոց գլխաւոր վարժարանը: Աշակերտութիւնը կանոնաւոր շքեր­թով կը դիմաւորէ Հայոց Հովուապետը որոտընդոստ ծա­­­փողջոյններով, իսկ վար­ժա­րանի տնօրէնի ողջոյնի խօս­քերէն ետք, Սահակ Կաթողիկոս կ՛օրհնէ աշակերտութ­իւ­նը, դպրոցի աստիճաններուն վրայ կանգնած: Հազիւ Հայրապե­տին խօսքն ու «Պահ­պանիչ» աղօթքը աւարտած, աշակեր­տու­թիւնը խանդավառութեամբ կ՛երգէ իր տնօ­րէնին՝ Գրիգոր Գասապեանին բառերով ու երաժշտութեամբ յօրինուած եր­գը՝ հայ­րա­պե­տական մաղթեր­գը, որուն առաջին կատարումն էր այդ, աւելի քան դար մը ա­ռաջ.                                                       

«Ի վեհ բարձանց սուրբ Սիոնի,

Թռիչս առեալ աղաւնի,

Ի Շնորհալւոյն բարձրեալ գահ,

Մի՛ մերձեսցի նմա մահ.

Հապօ՜ն եղբարք իմ Հայկազնեան,

Օ՛ն, մաղթեսցո՛ւք միաբան.

Պահեա՛, ո՛վ Տէր, անսասան

Զսուրբ Աթոռն Կիլիկեան.

Կեցցէ՛, կեցցէ՛ առյաւէտ

Տէր Տէր Սահակ Հայրապետ»:

            Սահակ Վեհափառ նախքան Կիլիկիոյ գահուն բազմիլը, Երուսաղէմի Սրբոց Յա­կոբեանց վանքի լուսարարապետի պաշտօնը վարած է: Ան հաւատարիմ իր կոչ­ման ու կա­տա­րած հոգեւորականի ուխտին, եւ ընդառաջելով ազատ ընտրութեամբ մեր ժո­­ղովուրդի դրսեւորած կամքին, Սիս գալով կը ստանձնէ Կաթողիկոսական ծանր լուծը, տեղական շատ վատ պայմաններու մէջ, որոնք արդէն շուտով վատթարագոյնի պիտի փոխակերպուէին Ատանայի կոտորածով եւ ապա՝ Հայոց Ցեղասպանութեամբ իր լրման հասած համամարդկային ողբերգութ­եամբ:

            Կիլիկեան հայութիւնը Պատգամաւորական ժողովի գումարմամբ եւ կատա­րած ընտրութեամբ ծանօթացեր էր արդէն իր ազգընտիր Հովուապետին, որ Երուսաղէ­մէն մինչեւ Կիլիկիա գալով, անձնուիրութեամբ փարած էր իր գործին: Ուստի, Զէյթունի վարժարանի տնօրէնը գրելով իր բանաստեղծութեան բառերը, Սիոնի վեհ բարձուն­քէն թռիչք առած «աղաւնի»ին՝ Սահակ Վե­հափառին կ՛ակնարկէ, որ գալով բարձրա­ցաւ Շնորհալիի գահուն, թող մահը բնա՛ւ չմերձենայ անոր: Ուստի կոչ կ՛ուղղէ ան Հայ­կազնեան ցեղիս բոլոր զաւակներուն, միասնաբար մաղթել, որ Տէրը անսասա՛ն պահէ Կիլիկեան Սուրբ Աթո­ռը, եւ առյաւէ՛տ ապրի Սահակ Հայրա­պետը:

         Այս անպաճոյճ, բայց ջերմ ու պարզ շունչով բառերուն տասնա­տողեայ յարակ­ցու­թիւնը, անձի մը կենսագ­րա­կանին խտացումը ըլլալէ բացի, Սուրբ Աթոռին պատ­մու­­թ­եան բարձրակէտերը կ՛ընդգծէ, գիսաւոր աստղի արծաթահոս լուսագրիչով. Շնոր­հա­լիներու գահը՝ իր փառաւոր անցեալով, Հայկազնեան ցեղը՝ իր տառապակոծ, մե­ռած ու վերյառնած ներկայով, արեւմտահայութեան ամրոց՝ Կիլիկեան Սուրբ Աթոռը, ու վեր­­ջապէս յոյսի նոր աղբիւր՝ Հայոց նորընտիր Հայրապետը…::

            Իրաւունք ունէր Արան հպարտանալու իր հօր հօրեղբայրով՝ այս բանաստեղծ- տնօրէնով որուն քնարերգա­կան տողերը իրենց երաժշտութեամբ, միայն մէկ առի­թով պիտի չլսուէին, ո՛չ ալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պիտի կարենար վերջ դնել անոր քայլերգային հնչեղութեան: Չկա՛յ Զէյթունի Հայոց դպրոցը. անիկա աւերուած է բար­բարոսին ձեռքով եւ վերջնական փլուզման ենթարկուած: Կոտորուած են անոր ա­շա­­կերտներէն շատերը, իսկ Ցեղասպանութենէն հրաշքով վերապրածները արդէն այսօր այս կեան­քին մէջ չեն: Չկա՛յ մանաւանդ հեղինակը՝ Գրիգոր Գասապեանը, բայց կա՛յ իր պարզունակ երգը, որ արդէն 117 տա­ր­իներէ ի վեր կ՛երգուի Մեծի Տանն Կիլիկ­իոյ գահին վրայ իրարու յաջորդած ութ Կաթողիկոսներու վեհաշուք ներկայութեան, մին­չեւ Սուրբ Աթոռոյս ազ­գը­նտիր Գահա­կալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

            Զէյթունցի տնօրէնին հեղինակած երգին վերջին տողը, անցեալ տասնամեակնե­րուն միշտ փոփոխու­թ­եան ենթարկուած է, Սահակ Կաթողիկոսի անուան փո­խարէն յարմարեցնելով Կիլիկիոյ գահին բարձրացած նոր կաթողիկոսին անունը: Դպրեվանքի ուսանողու­թեան մեր տարիներէն սկսեալ, նախ Երջանկա­յիշա­տակ Խորէն Ա. Վեհա­փա­ռին, ապա երբ Միա­բան դար­ձանք՝ Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Վեհա­փա­ռին ա­նունը երգեցինք, իսկ այսօր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վե­հափառին անունը կ՛եր­գենք նոյն երգին ոստոստուն երաժշտութեամբ, միշտ միեւնոյն ոգեւորութեամբ եւ յառաջատեսիլ հայեացքով:

 

 

 

Մեզմէ առաջ եկող սե­րունդ­ները վստահաբար երգեցին Տ.Տ. Բաբգէն Ա, Տ.Տ. Պետրոս Ա, Տ.Տ. Գարեգին Ա. եւ Տ.Տ. Զարեհ Ա. անմահա­նուն   Կաթողիկոսներուն   անունը տեղադրելով վերջին տողին վրայ:

                Այո՛ Զէյթունցի էր այս բառերն ու երաժշտութ­իւնը յօրինողը. այո՛ Զէյթունի խրոխտ երկինքին տակ առաջին անգամ երգուեցաւ այս քայլերգը մատա­ղա­տի սե­րունդի անմեղ շրթներէն, հնչե՛ղ ձայնով: Բայց հեղինակն ու այդ օր սոյն երգին ունկն­դիր Սահակ Հայ­րապետն ու Զէյթունցիները մարգարէ չէին, կարենալ գուշակելու, որ 20-րդ դարու վերջալոյսին, Զէյթունցի ար­մատ­նե­րով Կաթողիկոս մը պիտի ընտրուէր եւ բազմէր Կիլիկիոյ գահին՝ Արամ Ա. Վեհափառը: Բազմաշնորհ հոգեւորական մը, որ Կաթողիկոսական 25 տարիներու իր փորձառութեամբ, 21-րդ դարու առաջին քառոր­դէն կը տեսնէ մինչեւ դարավերջ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին դիմագրաւելիք մարտահրա­ւէրները: Իւրայատուկ անձնաւորութիւն, որուն համար սոյն մաղթերգի տողերը աղօ­թական փոխասացութեամբ պէտք է արտասանել, քաջառողջ երկարակեցութեան խոր մաղթանօք, համայն ազգիս սրտայորդ ու սիրազեղ երգեցողութեամբ:

            Զէյթունցի տնօրէն Գրիգոր Գասապեանին մտքէն իսկ չէր անցեր, որ երգի առա­ջին կատարումի թուականին յաջորդող տասնամեակներուն, յատկապէս 1930 թուա­կա­­նէն ետք, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ տարագիր Կաթողիկոսութիւնը իր նոր կայքը ու­նեցաւ Անթիլիասի գեղածիծաղ ծովափին, այս երգը բազմաթիւ մշակումներ պիտի ու­նենար, որոնցմէ ամէնէն գեղեցիկը Զարեհ Վրդ. Ազնաւորեանին կողմէ յօրինուած:

            2000 թուականի Նոյեմբեր ամսուն, երբ հոգեւորական ծառայութեամբ Միաց­եալ Նահանգներ կը գտնուէինք, պատիւն ունեցանք մաս կազմելու Տ.Տ. Արամ Ա. Կա­թողիկոսի Հովուա­պե­տական այցելութեան շքախումբին: Վեհափառ Հայրապետին Արեւմ­տեան թեմի տարբեր քա­ղաքները այցելելու ծիրէն ներս, Ֆրէզնոյի մէջ, տեղի Հա­­յոց Ս. Երրորդու­թիւն եկեղեցւոյ Հոգաբարձու­թիւնը անակնկալ մը մա­տուցեց Նորին Սրբու­թեան, երբ Հայոց Հայրապետը մուտք գոր­ծեց յիշեալ քաղաքի Համաժո­ղովնե­րու դահ­լի­ճը, «Գանատական Պղնձեայ Փողերախումբի Հա­մոյթը» նոր մշակումով եւ մեծ թափով հնչե­ցուց «Ի վեհ բարձանց»ը, Կիլիկիոյ արքաներու փառահեղ ընդունե­լութեամբ դիմաւորելով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը՝ Հայոց առիւծասիրտ արքաներու եւ Կի­լիկեան Թագաւորութ­եան կենդանի յիշատակը եւ Հայոց պահանջատիրական պայ­քարի «Կարմիր կնիք»ը:

            Իրաւունք ունի՛ Արան հպարտանալու իր հօր հօրեղբայրով, որ իր դուզնաքեայ բանիւք դեռ հարիւրամեակներ լարուած պիտի պահէ իր սիրոյ ու յարգանքի բանաս­տեղծական քնարը եւ երաժշտական համեստ նուագարանը, որպէսզի միշտ հիւսուի փառքը մեր Սուրբ Աթոռին եւ անոր Աթոռակալին:

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Առաջնորդ Ատրպատականի Հայոց Թեմի

 

Ծ. Խմբ.- Նշենք, որ  Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան սրբազան հօր վերի շահեկան յօդուածին մէջ նշուած Արան (շառաւիղը Զէյթունցի տնօրէն Գրիգոր Գասապեանին եւ որդին լիբանանահայ վաստակաշատ կրթական մշակ ողբ. ընկ. Տաճատ Գասապեանին) ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ժրաջան անդամն է այսօր եւ մեր ազնիւ գործընկերը:

 

  Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը          

Խոհեր՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Նոր Հորիզոններու Դիմաց» Հատորին Առիթով

Ստուարածաւալ գիրք մը (584 էջ), որ իր մէջ կը բովանդակէ շուրջ տասնամեայ ժամանակահատուածի մը ընթացքին հեղինակին արտասանած եւ ստորագրած բանաւոր ու գրաւոր խօսքերուն ու ելոյթներուն այն ընտիր էջերը, որոնց համադրումով պիտի կազմուէր կոթողային սոյն հատորը:

Եթէ ինծի հարց տրուէր, ընտրել սոյն գիրքէն յատկանշական տող մը՝ որ պիտի իմաստաւորէր ամբողջութիւնը հատորին,- առանց անտեսելու կամ արժեզրկելու նաեւ բազմաթիւ այլ ուրիշներ,- պիտի առանձնացնէի խորագիրը գիրքին առաջին գրութեան՝ «Կառչիլ յաւիտենական արժէքներուն» (տես էջ 13): Արդարեւ, մարդ արարածին մտորումներուն կիզակէտը կարելի է համարել սոյն խորագիրը, զայն ընդգծել, թէկուզ մեծատառով գրել, որպէսզի մեր աչքերը յառենք  մեր կեանքին ԻՄԱՍՏ պարգեւող այս կարգախօսին:

Արամ Ա. Կաթողիկոս 1974-էն ի վեր հրատարակած է 33 անուն գիրք՝ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով (տեսնել ցուցակը՝ սոյն հատորի աւարտին): Որքան հոգեւորական մարդը՝ իրմէ ներս, նոյնքան եւ՝ ազգային արժէքներով մտատանջուող Հայ Մարդն է ան, որուն ամէնօրեայ մտածումները, խոհերը, զանազան առիթներով խօսած քարոզներն ու հրապարակային ելոյթները վերածուելով  շուրջ հարիւրեակ մը  խոհագրութեան կամ յօդուածի, մեզի կը ներկայացնէ հեղինակը իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Այնպիսի ամբողջութիւն մը, որուն մէջ Հայ Մարդու ազգային-աշխարհական եւ անոր զուգահեռ հոգեւորական ապրումներու եւ պարտաւորութեանց նուիրեալ բարձրաստիճան եկեղեցականը ոչ թէ զիրար չեն խանգարեր, այլ՝ կը միաւորուին մէկ անձնաւորութեան մէջ:

Սոյն մատեանին առաջին 100 էջերուն մէջ հայ եկեղեցականը կը վերլուծէ հայ եկեղեցւոյ կենսական ներգործումը մեր ժողովուրդին առօրեայ կեանքին մէջ: Այսինքն՝ «Քրիստոսով վերամարդանալ» եւ «Եկեղեցին՝ Աստուծոյ ժողովուրդը» խորագրերու ներքեւ մէկտեղուած  մօտ 25 յօդուածներ կու գան առաջնորդելու հայ մարդը մօտեցնելու Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին, քրիստոնէական հոգեբարոյական եւ աստուածաբանական համոզումներուն եւ սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմական արժէքին ու նշանակութեան:

Վեհափառին սոյն հատորին մեծագոյն մասին մէջ ամբողջական հայ տարագիր մարդու սիրտն է, որ կը տրոփէ ընդմիշտ: Ըլլալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին Գահակալը, խորապէս գիտակ իր ստանձնած պարտաւորութեանց ու կատարելիք դերին, վերջին հարիւրամեակին արեւմտահայութեան կրած մարդկային եւ հողային մեր կորուստներուն, Սիսի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի բռնագրաւումին եւ անոր դատական հետապնդումներուն, առաւել եւս՝ ներկայ Հայաստանի, Արցախի եւ համայն սփիւռքահայութեան գոյավիճակին, իր ժամանակի յարափոփոխ զարգացումներու լոյսին տակ կը տեսնենք լուծումները վեհափառ հայրապետին:

Արդարեւ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի բազմաբեւեռ ու բարդ իրավիճակը կը պարտադրէ դժուարին հանգուցալուծումներ, որոնց պատասխանները պիտի տրուին դէպքերու պատմա-իրաւա-քաղաքական ժամանակակից հոլովոյթներու եզրակացութեան լոյսին տակ:

Այս նիւթերը շօշափող 75-է աւելի հասարակագիտական յօդուածներ, ելոյթներ եւ հարցազրոյցներ լուսարձակի տակ կը բերեն բազմապիսի հարցադրումներ, որոնք ժամանակի ընթացքին, հարկ է, որ լուսաբանուին մասնագիտական բացայայտումներով:

Որովհետեւ, ոչ միայն կը յիշենք, ԱՅԼԵՒ՝ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ:

Գրախօսական այս ամփոփ գրառումը լոյս կը տեսնէ Վեհափառին գահակալութեան 25-ամեակին առիթով:

Հանգրուան մըն է այս թուականը, ու Վեհափառը պատմութեան դատաստանին կը ներկայանայ իր 33 քառալեզու երկերու հանրամատչելի եւ յոյժ ուսանելի Միտքի բերքահաւաքով:

Յարգս Արժանաւորին:

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

 

                                        Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը                       

Բարձրակարգ ֆիլմեր, սպասված հանդիպումներ. «Ոսկե ծիրանը» կանցկացվի կենդանի, քաղաքային մթնոլորտում

Երևանյան ամառները գունազարդող «Ոսկե ծիրան» միջազգային կինոփառատոնը կորոնավիրուսի տարածման պատճառով այս տարի կանցնացվի նոյեմբերին:  Փառատոնի շրջանակում կինոյի երկրպագուները հնարավորություն կստանան դիտել հեղինակավոր կինոփառատոններում հաղթած ինչպես լիամետրաժ, այնպես էլ կարճամետրաժ գեղարվեստական և վավերագրական ֆիլմեր: Ավանդույթի համաձայն՝ փառատոնի շրջանակում Շառլ Ազնավուրի անվան հրապարակում կբացվեն կինոարվեստի հայ նվիրյալների աստղերը:

Սպասվող կինոփառատոնի մասին «Արմենպրես»ի թղթակիցը զրուցել է «Ոսկե ծիրանի» ծրագրերի ղեկավար Կարեն Ավետիսյանի հետ:

– Համավարակի տարածման պատճառով այս տարի մի շարք փառատոններ անցկացվում են առցանց հարթակումԻ՞նչ ձևաչափով է կազմակերպվելու «Ոսկե ծիրանը»: Փառատոնի անցկացման ժամկետները հստակեցվա՞ծ են:

– Ինչպես ավելի վաղ հայտնել էինք, փառատոնը կկայանա նոյեմբերի առաջին շաբաթվա ընթացքում՝ 1-8-ը: Ամեն ինչ անում ենք, որ հրաժարվենք օնլայն ձևաչափից՝ համոզված լինելով, որ «Ոսկե ծիրանի» դեպքում միշտ կարևոր է եղել  կենդանի, քաղաքային մթնոլորտը։ Իհարկե, իր մասշտաբով փառատոնը, հնարավոր է, ավելի սակավամարդ ու համեստ լինի՝ հաշվի առնելով այն հանգամանքը, որ ոչ ոք չգիտի, թե կոնկրետ նոյեմբերը որքան և ինչ տեսակ սահմանափակումներ կունենա։ Բայց դա բնավ չի նշանակում, որ առցանց տիրույթում միջոցառումներ ու անելիքներ չենք ունենա։ Որոշելով «չկորցնել» ավանդական փառատոնային հուլիսը՝ իրականացնելու ենք փառատոնի արտադրական և կրթական մասը՝ GAIFF Pro նախաձեռնությունը: Ինչպես և նախորդ տարիներին, ստացել ենք տարբեր երկրներից նախագծերի հայտեր և պայմանավորվածություններ ձեռք բերել առաջատար միջազգային փորձագետների հետ առցանց անցկացնելու GAIFF Pro հարթակի աշխատանքները:

Կա մեկ այլ կարևոր պարտք և արարողություն, որը սկսելու ենք հենց հունիսից: Խոսքը Շառլ Ազնավուրի հրապարակում պատվավոր աստղերի բացման մասին է: Այս տարի տոնելու ենք ռեժիսոր Գրիգոր Մելիք-Ավագյանի 100, Աղասի Այվազյանի 95, Առնոլդ Աղաբաբովի 90, Հրանտ Մաթևոսյանի 85 և Ռուբեն Գևորգյանցի 75-ամյակները:  

– «Ոսկե ծիրանի» շրջանակում մշտապես հնարավորություն ենք ունենում դիտել ԿաննիԲեռլինի և այլ հեղինակավոր կինոփառատոններում ներկայացված և քննադատների բարձր գնահատականին արժանացած ֆիլմեր: 2020-ին ի՞նչ անակնկալներ են մեզ սպասում:

– Խոշոր փառատոններից միայն երկուսին բախտ վիճակվեց 2020-ին նախորդել կորոնավիրուսին և անցկացվել կենդանի ձևաչափով: Խոսքը Ռոտերդամի և Բեռլինի միջազգային կինոփառատոնների մասին է: Բանակցում ենք այդ կինոփառատոններում ներկայացված ամենակարևոր ֆիլմերի երևանյան պրեմիերաները կազմակերպելու շուրջ:

Ինչ վերաբերում է անակնկալներին, ապա, նոյեմբերից բացի, հուլիսին ևս որոշակի փառատոնային ակտիվություն ցուցաբերելը արդեն իսկ անակնկալ է, մնացածն էլ՝ ընթացքում:

– Այս տարի քանի՞ մրցութային անվանակարգ է լինելուՀատուկ մրցանակներ նախատեսվո՞մ ենԱրդեն հստակ թիվ կա՞թե քանի երկրից մասնակցության քանի հայտ է ներկայացվել:

­ Մրցութային ծրագրերն անփոփոխ են. դեռևս նախորդ տարվանից վերագործարկված «Կորիզը»՝ տարածաշրջանային կարճամետրաժ ֆիլմերի ծրագիրը, «Տարածաշրջանային համայնապատկեր» լիամետրաժ ծրագիրը, միջազգային մրցութային ծրագիրը, ինչպես նաև «Երևանյան պրեմիերաներ», «Ծուռ ծիրան» և ետահայաց ցուցադրություններ:

Հայտերի քանակը բացարձակ չի նվազել, քանի որ նախքան համաճարակը աշխարհում արդեն հասցրել էին նկարահանել բազմաթիվ ֆիլմեր, ուստի ֆիլմերի ընտրությունը շարունակում է մեծ լինել:

Խոսեցինք հոբելյաններից և հետահայաց ցուցադրություններից. հարկ եմ համարում ասել, որ չենք կարող անտեսել Տոնինո Գուերայի և Ֆեդերիկո Ֆելինիի 100-ամյա հոբելյանները։ Նոյեմբերին անպայման կանդրադառնանք այս երկու հանճարեղ վարպետներին: 

– Եթե հնարավոր լինի փառատոնի շրջանակում Հայաստանում հյուրընկալել կինոոլորտի ներկայացուցիչներինրանց շարքում ականավոր դեմքերի կտեսնե՞նքԵթե այոկարո՞ղ եք բացել փակագծերը:

– Իհարկե, ճամփորդությունները 2020-ին դարձել են խնդրահարույց և սահմանափակ, բայց մինչ այս հաստատված ժյուրիի անդամներ, հյուրեր հայտնել են, որ բաց սահմանների պարագայում չեն չեղարկի իրենց այցերը Հայաստան: Մենք էլ մինչև նոյեմբեր կշարունակենք մեր բանակցությունները։

90-Ամեակ Դպրեվանքի. Շահէ Արքեպիսկոպոս Գասպարեան Վերատեսուչ Կիլիկիոյ Աթոռի Անթիլիասի Դպրեվանքին (1882-1935) 

«Արմաշի երիցագոյն աշակերտը այդ օր եպիսկոպոս կը ձեռնադրէր Արմաշի կրտսերագոյն իր աշակերտներէն մին, սերտ կապ մը հաստատելով երկու նոյնանման հաստատութեանց միջեւ, Արմաշի եւ Անթիլիասի Դպրեվանքներուն, առաջինին փակումէն 15 տարիներ ետք, եւ երկրորդին բացման վաղորդայնին»

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ 

Ընտիր Հոգեւորականը

            Արմաշական միջին սերունդի ընտիր հոգեւորականներէն մին էր Շահէ Արքեպիսկոպոս Գասպարեան, ծննդեամբ Այնթապցի եւ սննդեամբ Արմաշու Դպրեվանքի վերատեսուչ Եղիշէ Եպիսկոպոս Դուրեանի շունչին տակ, որմէ 1904 թուին քահանայական ձեռնադրութիւն կը ստանային Չարխափանի Սուրբ Աստուածածին Մայր Տաճարին մէջ չորս օծակիցներ միասին։ Դուրեանի Զմիւռնիոյ առաջնորդութեան ընթացքին պատահեցան չորսերու ձեռնադրութիւնը, երբ Սրբազանը յատկապէս Արմաշ եկաւ իր աշակերտները ձեռնադրելու։ Աւաղ սակայն Շահէ Արք. եպիսկոպոս Գասպարեանի կեանքի տարիները կարճ եղան, երբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին կատարած իր առաջին այցելութեան 1935 թուին, Երեւանի իր պանդոկին մէջ յանկարծամահ կ՛ըլլար։

            Ծնած Այնթապ 1882.ին, Արմաշու Դպրեվանք ընդունուած 1899-ին, աւարտաճառի նիւթը եղած է «Քրիստոսի բնութեանց խնդրոյն մասին Հայ Եկեղեցւոյ կարծիքը»։ Նախ վարեց Հալէպի եւ ապա Ատանայի առաջնորդութիւնը «ընդհանուր համակրութեամբ եւ արդիւնաւոր գործունէութեամբ» ինչպէս կը վկայէր Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան իր «Խոհք եւ Խօսք» գիրքին մէջ։ Բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար Շահէ Վարդապետ կանուխէն Ամերիկա կը մեկնէր 1914-ին Պոսթոնի մօտ Քէյմպրիճի եպիսկոպոսական աստուածաբանական ընծայարան, վարելով միանգամայն Պոսթոնի հայահոծ գաղութին հովւութիւնը։ Իր ուսման շրջանին 1914 Փետրուար 23 թուակիր արժէքաւոր յօդուած մը գրած է «Վերածնութեան Ճամբուն Վրայ» վերնագրով, յիշեցնելով հայոց ուրացուած պայքարը եւ անոնց պարտականութիւնը հանդէպ իրենց եկեղեցիին եւ կրօնքին, լոյս տեսած «Արմաշի 25-ամեայ Յոբելեանի Յուշամատեան»ին մէջ։

            Շահէ Ծ. Վարդապետ Գասպարեան 1917-1920 վարած է Ամերիկայի թեմին առաջնորդական տեղապահի պատասխանատու պաշտօնը՝ թելադրութեամբ Բաբգէն Եպիսկոպոս Կիւլէսէրեանի որ տասնամեակ մը Ամերիկայի թեմէն ներս գործող անպաշտօն միակ եպիսկոպոսն էր։ Դարձեալ ըստ Օրմանեանի «Շահէ Գասպարեան ապագային համար արժանաւոր եւ օգտակար զարգացեալ եկեղեցական գործիչ մը ըլլալու սահմանուած կը տեսնուի»։

Վերատեսուչ Դպրեվանքի

            1931 Մայիս 24.ին Կիլիկիոյ նորընտիր Աթոռակից Բաբգէն Ա. Կաթողիկոս Կիւլէսէրեան կը կատարէր իր անդրանիկ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը որ եղաւ նաեւ առաջինը Անթիլիասի նորահաստատ կայքին մէջ։ Ձեռնադրութեան կը նախագահէր Տ.Տ. Սահակ Բ. Կաթողիկոս Կիլիկիոյ, եւ խարտաւիլակութեան պաշտօնը կը կատարէր ձեռնադրեալին ուսուցիչ եւ Եգիպտահայ թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան, որ նոյն տարին Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռի Հայոց Պատրիարք կ՛ընտրուէր։ Ձեռնադրեալը՝ Շահէ Ծ. Վարդապետ Գասպարեան վարկ եւ անուն կերտած էր որպէս վարչագէտ եւ ուսումնական անբասիր հոգեւորական թէ՛ Հալէպի եւ թէ՛ Ամերիկայի մէջ, առաջինին որպէս առաջնորդ, եւ երկրորդին որպէս Պոսթոնի համայնքին հոգեւոր տեսուչ 17 բեղմնաւոր տարիներ։ 1930 Հոկտեմբերին կը հրաւիրուէր Բաբգէն Ա Աթոռակից Կաթողիկոսէն Լիբանան մեկնելու եւ ներկայ ըլլալու Դպրեվանքի բացումին եւ ստանձնելու իր վերատեսուչի նոր պաշտօնը։

            Շահէ Արքեպիսկոպոս Գասպարեան Դպրեվանքի վերատեսուչի իր հնգամեայ պատասխանատու պաշտօնը պատուով եւ արդիւնքով կատարեց, ընծայելով եկեղեցիին ու ազգին առաջին երախայրիքը՝ Տ. Զարեհ վարդապետ Փայասլեան, յետագային Տ.Տ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Կիլիկիոյ, եւ Տ. Դերենիկ վարդապետ Փոլատեան, յետագային Եպիսկոպոս եւ Վերատեսուչ Դպրեվանքին, որոնց ձեռնադրութիւնը ինք կատարեց 1935 թուին։

 Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւնը

            Կիլիկիոյ Աթոռակից Բաբգէն Կաթողիկոս նոր հաստատուած էր Կիլիկեան Աթոռ, եւ Շահէ Ծ. Վարդապետ պիտի դառնար իր գործակիցը, ուսուցիչ եւ աշակերտ, երկուքն ալ ազգակիցներ Այնթապէն, որոնք տարիներ գործակցած էին Ամերիկայի թեմէն ներս։ Անթիլիաս հասնելուն չորրորդ օրը Բաբգէն Կաթողիկոս կը գրէր Շահէ Ծ. Վարդապետին «Հալէպէն սկսելու աշակերտներ հաւաքելու կենսական գործը» ուր նախապէս վարած էր առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը, «մեծ կարեւորութիւն ընծայելով առաջին դասարանի կազմութեան»։ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն ու իր Աթոռակիցը լաւագոյն թեկնածուն ընտրած էին եւ հարկ տեսած զինք եպիսկոպոսացնել 1931.ի Հոգեգալստեան կիրակին՝ Մայիս 24-ին, Անթիլիասի նորաօծ Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցիին կից ընդարձակ փայտաշէն տաղաւար եկեղեցիին մէջ։

            Առժամեայ Խորանին հիւսիսային կողմը եօթնաստիճան սեղան մը պէտք էր օծուէր զոր կատարեց Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան, ուր կատարեցին եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան առաջին մասը՝ եմիփորոնի տուուչութեամբ։ Ձեռնադրութեան առիթով Եգիպտահայ թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս յատկապէս կու գար նաեւ որպէս ընծայեալին Արմաշական ուսուցիչը, կատարելու համար խարտաւիլակի պաշտօնը, «իր իսկ ձեռքով ներկայացնելով Արմաշական ընտրեալը եւ գիտակցաբար վկայելով անոր արժանաւորութեան մասին»։

            Հոգեգալստեան օրը իրենց պաշտօնին եւ աստիճանին համեմատ զգեստաւորուեցան բոլորը, կաթողիկոսէն մինչեւ դպիր եւ Ս. Թարգմանչաց եկեղեցիէն թափօրով ուղղուեցան դէպի տաղաւար, ըստ ցուցման Մաշտոցին։ Ձեռնադրիչն էր Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսը ընթերակայ ունենալով Եղիշէ Կարոյեան եւ Խադ Աջապահեան եպիսկոպոսները։ Երբ ձեռնադրող Հայրապետը գոչեց, ըսելով «ածէք զդա այսուհետեւ ի վերայ արծւոյն», իսկոյն ընծայեալը արծուենշան կաթողիկոսական գորգին վրայ ծնրադիր՝ բարձրաձայն կարդաց իր ուխտագիրը, տուաւ իր հաւատոյ դաւանանքը, յայտարարեց իր ուղղափառութիւնը, պատասխանելով Կաթողիկոսի հարցումներուն։

            Շահէ Վարդապետին տրուեցաւ եմիփորոն եւ եպիսկոպոսական խոյր, մինչ Ճաշու Գիրքի ընթերցումէն առաջ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս «արծաթապատ փոքրիկ Աւետարան մը կը դնէր ծնրադիր ընծայեալին ծոծրակէն վար՝ թիկունքին վրայ», բանալով Ղուկասու չորրորդ գլխու «Հոգի Տեառն ի վերայ իմ» համարները։ Ձեռնադրիչ Կաթողիկոսը իր ձեռքը կը դնէր Շահէ Վարդապետի գլխուն վրայ ու կը կարդար յատուկ աղօթքը, ապա կ՛երգէին «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» մաղթերգը։

Օծումը

            «Ողջոյն»էն առաջ ծերունի Սահակ Կաթողիկոս որ նոր մտած էր եկեղեցի, ուզեց մասնակցիլ սրբազան ծէսին։ Բեմ բարձրանալով օծեց ճակատը նորընծայ Շահէ Եպիսկոպոսին «ի նշան իր հայրական սիրոյն, ի գնահատումն իր արժանիքներուն եւ ի գոհացումն իւր իսկ սրտին բաղձանաց»։ Բաբգէն Կաթողիկոս օծեց Շահէ Եպիսկոպոսին աջ ձեռքին փթամատը, կարդալով եպիսկոպոսական իշխանութեան աղօթքը, տալով անոր եպիսկոպոսական գաւազանը եւ մատանին։ Ձեռնադրութեան ուշագրաւ կէտն այն էր որ Արմաշի երիցագոյն աշակերտը Արմաշի կրտսերագոյն իր աշակերտը եպիսկոպոս կը ձեռնադրէր, սերտ կապ մը հաստատելով երկու նոյնանման հաստատութեանց միջեւ, Արմաշի եւ Անթիլիասի դպրեվանքներուն, առաջինին փակումէն ուղիղ 15 տարիներ ետք, եւ երկրորդին բացման վաղորդայնին։ Նոյն օր Արմաշի հոգեւորականներէն հինգ հոգի ներկայ էին եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան։

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

Գաբրիէլ Կարսիա Մարգեսը իր եւ իր կեանքի մասին

Ծնուած՝ 1927-ին, Գոլոմպիա,

Մահը՝ 2014-ին, Մեքսիքօ

 

  • 15 տարեկանում հասկացայ մայրերը ամենագիտունն են աշխարհում, իսկ հայրերը՝ երբեմն:
  • 20 տարեկանում հասկացայ՝ ապօրինի գործը ինչքան էլ վարպետօրէն կատարուի, չունի օգուտ։
  • 25 տարեկանում հասկացայ նորածին երեխան մօրը զրկում է առաւօտեան հանգստանալուց, իսկ հօրը՝ գիշերը քնելուց:
  • 30 տարեկանում հասկացայ տղամարդը գրաւիչ է իր հզօրութեամբ, իսկ կինը հզօր է իր գրաւչութեամբ։
  • 35 տարեկանում հասկացայ՝ մարդ իր ապագան չի ժառանգում. ապագան կերտում է ինքը՝ մարդը:
  • 40 տարեկանում հասկացայ բախտաւոր լինելու գաղտնիքը իրականացրած գործերի մէջ չէ։ Բախտաւոր ես, եթէ սիրում ես այն աշխատանքը, որ կատարում ես։
  • 45 տարեկանում հասկացայ, որ մարդու կեանքում պատահածները, նրա կեանքի քիչ բաժինն են։ Կեանքի հիմնական մասը՝ մեր հակազդեցութիւններն ու նախաձեռնութիւններն են այդ պատահածների նկատմամբ։
  • 50 տարեկանում հասկացայ՝ մարդու ամենալաւ ընկերը գիրքն է։ Ամենավատ թշնամին՝ կոյր մոլեռանդութիւնը:
  • 55 տարեկանում հասկացայ փոքր որոշումները կայացնում են խելքով։ Մեծ որոշումները՝ սրտով:
  • 60 տարեկանում հասկացայ՝ առանց սիրոյ հնարաւոր է զոհաբերել, բայց առանց զոհաբերութեան չի կարելի սիրել:
  • 65 տարեկանում հասկացայ երկար կեանք ունենալու համար, պիտի սնուել հարկ եղած ուտելիքով։ Իսկ յետոյ պիտի ուտես այն՝ ինչ ուզում ես։
  • 70 տարեկանում հասկացայ մեր կեանքը լաւ օրէնքներով չի պայմանաւորուած։ Կեանքը՝ վատ օրէնքների հետ եւ ներքոյ՝ ճիշտ գոյակցութիւնն է:
  • 75 տարեկանում հասկացայ ամեն մարդ շարունակում է առաջանալ եւ կատարելագործուել մինչեւ այն ժամանակ, երբ նկատում է, որ ինքը դեռ կատարեալ չէ։ Իսկ երբ նկատեց, որ դարձել է հասուն ու անթերի, ապա սկիզբ է առնում գահավիժումը։
  • 80 տարեկանում հասկացայ, որ սիրելն ու սիրուելը կեանքի ամենահաճելի բաներն են:
  • 85 տարեկանում հասկացայ կեանքը գեղեցիկ է:

Թարգմանեց՝ Ռ.Օ.

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

Գայլն Ու Ոչխարները (Ժամանակակից Հեքիաթ)

 ՀԵՆՐԻԿ ԱՆԱՍԵԱՆ

ՄԻ ԱՄԼԻԿ ԳԱՌ, ԻՐԵՆ ՀԱՄԱՐ

ՋՈՒՐ ԷՐ ԽՄՈՒՄ ԱՌՈՒԱԿԻՑ

 

   …Երկա~ր, շատ երկար մտածեց Գայլը. Իր բնակած անտառում գնալով պակասում էր ոչխարների թիւը: Դժուարացել էր ապրուստ հայթայթելը:

   Դէ~, ինքն ի՞նչ աշխատող, նա վարժուած չէր ազնիւ աշխատանքով ապրուստ հայթայթել: Այն ոչխարնե­րը, որոնց վրայ աչք էր տնկել` լափելու, կամաց-կա­մաց հեռանում էին անտառից: Մի անգամ լսեց, որ հեռաւոր, անյայտ երկիր են ուղեւորւում ոչխարները, ուր, ինչպէս ասում էին` աւելի հեշտ էր ապրուստ հայ­թայթելը: Եւ, իսկապէս, այդ նոր երկրում մեծա­թիւ ոչխարներ, տարբեր հնարքներով կարողացել էին քիչ թէ շատ ընդունելի պայմաններ ստեղծել իրենց ընտանիքների համար:

   Այս ամէնը ճշդելուց յետոյ, մտածեց, մտածեց գայլը, ու մի օր էլ որոշեց իր ընկերների, բազմաթիւ այլ գայլերի հետ ճանապարհ ընկնել դէպի այդ նոր եր­կի­րը` դիւրին ապրուստի հեռանկարով ոգեւորուած:

   Շուտով գայլը զգաց, որ այդ նոր երկրում բաւական դժուար է լինելու իր գործը: Ինչպէս միշտ, այս ան­գամ էլ օգնութեան եկաւ Աղուէսը, որն իր խորաման­կութեամբ բարձր դիրքի էր հասել ու իր համար «խակ խաղող» չկար այլեւս, ու դունչն ամէն տեղ հասնում էր:

   – Լսիր, Գայլ եղբայր,- դիմեց Աղուէսը իր մօտ խորհր­դի  եկած  Գայլին,- ճի՜շդ է,  որ դու ինձնից աւելի ուժեղ ես եւ գիշատիչ, բայց  գիտես նաեւ, որ  ես քեզ­նից աւելի խելացի եմ, եւ միշտ, իմ խորամանկու­թեամբ յաղթել եմ քեզ: Հիմա դու եկել ես այն երկիրը, ուր մենք պէտք է բարեկամներ լինենք, որպէսզի մի­ացեալ ուժերով կարողա­նանք ոչխարների այս հս­կայ բանակի հախից գալ` ոչ թէ նրանց ուտելով, այլ` աշխատեցնելով: Թող մեզ համար ձրիաբար աշխա­տեն, մի կտոր հաց է` կը տանք էլի: Որպէսզի կարո­ղա­նանք մեր նպատակին հասնել, անհրաժեշտ է, որ երկուսս էլ ոչխա­րի մորթի հագնենք եւ, որպէս տե­ղա­ցի ոչխարներ, իբր գործից-բանից հասկացող­ներ, նրանց գցենք մեր ճանկը:

   – Իսկ նրանք չե՞ն հասկանայ, որ մենք ոչխարներ չենք:

   – Ի՞նչ պիտի հասկանան…, ոչ բերան ունեն, ոչ էլ բերաններում խոտ կայ, արօտա­վայրի տեղին էլ ծա­նօթ չեն, չգիտեն թէ ինչ գազաններով են շրջապատ­ուած: Մեր քաղցր լեզուից արբեցած, ուզե~ն, չ՚ուզե~ն մեր ճանկը կ՚ընկնեն:

   – Հա~, լաւ ես ասում Աղուէս եղբայր, դու ինձ­նից աւելի խելացի ես ու խորամանկ,- ասաց Գայ­լը,- աւե­լի լաւ է դրանց աշխատեցնել` քան թէ խժռել, թէ չէ ո՞ւր կը հասնի` կե՜ր, հա կե՜ր…, վերջում ոչինչ չի մնայ ուտելու: Այսպիսով գոնէ կիմանանք, որ յաւի­տեանս ոչխարներ ունենք, որոնք մեզ կը կերա­կրեն:

                                                                             * * *

   … Եւ այսպէս, ոչխարների մորթի հագած Գայլն ու Աղուէսը թեւները քշտած գործի անցան: Գործարար ոչխարների տեսք առած, մի քանի օր յետոյ, շքեղ ընդունարան­նե­րում, բազմոցներին  թիկնած, գրաւիչ ու բարեհամբոյր ժպիտներները դէմքերին,  հագը­-կապը­ տեղին, սկսեցին յաճախորդներ ընդունել: Իսկ ոչխարները գալի~ս էին ու գալիս: Գալիս էին ու ընկնում Գայլի ու Աղուէսի սուր ճանկերի մէջ:

   – Հա~, լաւ ես արել, որ եկել ես մեր երկիրը,- ասաց Գայլ-Ոչխարը` աշխատանք գտնելու յոյսով իր մօտ եկած Մայր ոչխարին:

   – Լաւը` լաւ, բայց դժուար է խոտի բանը, եղբայր հարազատ, եւ յետոյ, նախապէս եկած ոչխարներն էլ իրենց համար տարածութիւններ են առանձնացրել, ցանկապա­տել, ու չեն թողնում մեզ` իրենց ազգա­կից­­նե­րին արածել: Նոյնիսկ` տարիներ առաջ, միեւ­նոյն արօտավայրից օգտուած ազգա­կիցներն անգամ երես են թեքում մեզնից: Ես իմացայ, որ դուք լաւ արօտավայր ունէք, եւ աշխատանքի դիմաց թողնում էք, որ աշխատաւորները արածեն:

   – Ճի՜շդ ես իմացել,- ասաց ծպտուած Գայլը` աւելի հաստատուն տեղաւորուելով բազկաթոռի մէջ,- պայ­մա­նը այսպիսին է, քոյր ոչխար, նախ` մի քանի ամիս պիտի ձրիաբար աշխատես, համոզես մեզ, որ դու կա­րող ես քեզ վստահուած գործը առաջ տանել:

   – Ինչպէ~ս թէ ձրի,- յուսահատ բացականչեց Մայր ոչխարը, հապա ո՞նց եմ կերա­կրե­լու գառնուկներիս:

   – Այո՜, այո~ ձրի…, իսկ գառնուկներիդ համար` մի անհանգստանայ, էստեղ, էս հսկայ տարածութիւնը տէրեր ունի, գիտես էլի` առիւծները, վագրերը ու միւս կենդանիները: Նրանք յատուկ արօտավայրեր են առանձնացրել մեզ նմանների համար: Մինչեւ չ՚ապացուցէք, որ էս երկրի հալալ-զուլալ, հարազատ բնակիչներն էք`ստիպուած էք օգտուել կառավարա­կան արօտավայրերից:

 –  Որ այդպէս է` կարելի  է  փորձել,-  կմկմալով պատաս­խանեց մայր-ոչխարը, եւ յաջորդ օրն իսկ անցաւ աշխատանքի` հենց Գայլ-ոչխարի ընդունարանում:

 

* * *

   … Գիշեր-ցերեկն իրար խառնած, աշխատում էր Մայր ոչխարը: Նուիրումը սահման չ՚ունէր: Տէրը նայում էր, ժպտում, քաջալերում: Այսպէս անցաւ մի քանի ամիս: Մայր ոչխարը յոգնած, հազիւ իրեն գցում էր գոմը եւ ախորժակ էլ չէր ունենում իր նման­ների համար առանձնացուած խղճուկ արօտավայ­րից օգտուելու:

   Տեսնելով, որ տէրը չի մտածում իրեն վար­ձատրե­լու մասին, մի օր, համբերութիւնից դուրս ելած դիմեց նրան.

   – Տէր իմ, ժամանակը չէ՞ արդեօք ինձ վճարելու:

   – Օհօ~, շատ ես շտապում բարեկամ, շա~տ…, հա­զիւ չորս ամիս եղաւ աշխատելդ, համբերիր…, դու դեռ քեզ չես դրսեւորել ինչպէս որ պէտք է, երկու ամիս եւս` ես քեզ կը վճարեմ…

   Անցաւ եւս երկու ամիս:

   – Այսօր վեց ամիսը լրացաւ, յարգելի տէրս,- դիմեց մայր ոչխարը` իր նմանների

քրտին­քով ուռճացած տիրոջը, որն արդէն գիրութիւնից հազիւ էր տեղա­ւորւում բազկաթոռի մէջ:

   – Ճիշդ է, բարեկամս, լրացաւ…, ես քեզ վճարելու եմ, բայց քանի որ նոր արօտա­վայրեր ստեղծելու համար զգալի դժուարութիւնների առջեւ ենք կանգ­նած, ստիպուած եմ քեզ եւ քո ընտանիքին խոստա­ցածս տարածութիւնից շատ աւելի փոքր տարածու­թիւն  յատկացնել: Ստիպուած  ես եւս  մէկ տարի դիմանալ: 

– Ի~…ի~…ի՞նչ,- ապշած ու զարմանքից քարացած Մայր ոչխարը ուրիշ ոչինչ չգտաւ ասելու, եւ միայն իր անզօր, թուլացած թաթերը առաջ պարզած` փորձեց յարձակուել տիրոջ վրայ:

   Բայց ի՞նչ իմանար խեղճ Մայր ոչխարը, որ դիմա­ցինը` այդքան բարեհամբոյր ժպիտով տէրը ոչ թէ ոչ­խար էր, այլ` գայլ, ոչխարի մորթի հագած գայլ:

   – Դո՜ւ, ապերախտ անասուն,- բղաւում էր տէրը,- ես քեզ վեց ամիս աշխատանք եմ տուել, պայմաններ ստեղծել քեզ համար, խորհուրդներ տուել, բացա­տրել թէ ինչպէս օգտուել «կառավարական արօտա­վայ­րից», իսկ դո՜ւ, որպէս մի ապերախտ անասուն, դեռ դժգոհո՞ւմ ես…

   Գայլը չէր նկատել, որ բազկաթոռից վեր ցատկելիս ու անզգոյշ շարժումներ անելիս, բացուել էին ոչխա­րի մորթու ծպտուած կոճակները:

   – Լա~ւ…, լա~ւ…, տէր իմ,- փորձում էր արդարա­նալ Մայր ոչխարը` աչքը չկտրելով տիրոջից,- ես…, ես էլի կը սպասեմ, բայց…, բայց չեմ հասկանում տէր իմ, իմ օրինա­կան խնդրանքը այդքան ազդե՞ց ձեր վրայ, որ…, որ…, ներեցէք, սկսում եմ ձեզ չճանա­չել…: Ներեցէք, տէր իմ, բայց քիչ է մնում, որ ձեզ մեր դարաւոր թշնամուն` գայլին նմանեցնեմ…

   – Այո՜, այո՜…, ես կարող եմ գայլի նմանուել, երբ իմ ստորադասը փորձում է բան խնդրել ինձնից: Իսկ քեզ` ներում չկայ…, դո՜ւրս այստեղից, դո՜ւրս, մէկ էլ չ՚երեւաս…

   Շուարած Մայր ոչխարը գլխիկոր դուրս եկաւ տիրոջ առանձնասենեակից` այդպէս էլ չհասկանա­լով,  թէ իր օրինական  խնդրանքը  ինչո՞ւ պիտի այդպէս ազդէր տիրոջ վրայ, որ նա զայրոյթից պայթած` գայլի նմանուէր:

   Այդպէս չհասկացան նաեւ իրենից յետոյ եկող բա­ւա­կան թուով միամիտ ոչխարներ եւս: Եւ նրանք, ինչպէս եւ ինքը, դառը փորձութիւնիղ յետոյ եկաւ այն համոզման, որ հարկաւոր է յոյսը դնել միայն ու միայն սեփական ուժի վրայ:

   Եւ այսպէս, յուսախաբ ոչխարները ժամանակի ըն­թացքում իրենց ուժերով, իրենց գառների օգնու­թեամբ սկսեցին մացառուտներից մաքրել չոր ու անապատ վայրերը, ջուր հասցնել հեռաւոր վայրե­րից, խոտ ու բոյս աճեցնել: Որոշ ժամանակ անց բարիքը հոսեց նրանց «բնակարաններից» ներս եւ նրանց կեանքը մտաւ բնական հունի մէջ:

 

* * *

   …Ասում են, որ մինչեւ օրս էլ, ոչխարի մորթի հա­գած Գայլն ու Աղուէսը շարունակում են իրենց ճան­կը գցել միամիտ ոչխարների, ու առանց վար­ձա­տրու­թեան, եւ կամ էլ չնչին գումարով աշխա­տեց­նում են իրենց օգտին:

  Սակայն, գազանների եւ ընտանի կենդանիների մէջ արդէն սկսել են պտտուել շշուկներ` մորթափոխ եղած գայլերի ու աղուէսների մասին:

   Ասում են, որ պատահում է նաեւ հակառակը, մէկ-մէկ էլ իրական ոչխարներն են գայլի մորթի հագնում:

   …Իսկ ոչխարները գալի~ս են ու գալիս: Եթէ պա­տա­հեց, որ իրենց բախտից բարի մի ազգակից հան­դի­պեց` ուրեմն չեն ընկնի գայլերի ու աղուէսների գիր­կը, ու, որոշ նե­ղու­թիւններից յետոյ, կը կարողա­նան իրենց համար  արօտավայրեր  ունենալ: Իսկ թէ

ընկան ծպտուած գայլերի գրասենեակները, նրանց քաղցր-մեղցր լեզուից արբե­ցած`կ՚ընկնեն նրանց ճան­­կը ու ապագայի վառ յոյսերով տարուած, երկա~ր-եր­կա~ր ժամանակ ձրիաբար կ՚աշխատեն նրանց հա­մար:

   Այստեղ վերջանում է մեր հեքիաթը: Երկնքից ընկ­նում է երեք խնձոր. Մէկը, որ որդնած է` Գայլերի համար է, միւսը` միամիտ ու ազնիւ ոչխարների, իսկ երրորդը` հեքիաթի հեղինակի, որ հաւատում է նման հեքիաթների, որոնք, դժբախտաբար իրակա­նու­թիւն են:

   Հեքիաթի հեղինակը համոզուած է, որ օտար ուժե­րն ու ազգակիցները պէտք չէ, որ խանգարեն «առուակից իրեն համար ջուր խմող ամլիկ գառին»,- թող խմի, թող խմի` իրեն համար, թէ պէտք է` թող արածի նաեւ…:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Մի Երգի Պատմութիւն -50 – Այ Ուոնթ Թու Նօ Ուաթ Լավ Իզ – Ֆորեյնըր (I Want To Know What Love is – Foreigner)

Խմբի ստեղծագործական գործունէութեանը քիչ ծանօթ  ընթերցողը թերեւս կը կարծի, որ սա Foreigner խմբի միակ յայտնի երգն է եւ այս  խումբը, այսպէս ասած, մէկ երգով յայտնի դարձած եւ անհետացած խմբերից է։ Իրականում այդպէս չէ, քանի որ խումբն իր ողջ գործունէութիւնը ծաւալել է այլ ոճում` երգելով hard rock, arena rock, pop rock ոճերում, իսկ I Want To Know What Love Is երգը իր արտայայտչամիջոցներով  եւ ենթատեսակային առումով տարբերւում է խմբի ընդհանուր ստեղծագործական ոճից։ Դա է պատճառը, որ ունկնդիրները յաճախ կարծում են այս երգը խմբի միակ յայտնի ստեղծագործութիւնն է ։

Խմբի գրեթէ բոլոր երգերը գրուել են  Լու Կրեմմի  (Lou Gramm) եւ  Միք Ճոնսի (Mick Jones) համատեղ ուժերով։ Այս երգը գրելիս գրեթէ ամբողջութեամբ ստեղծագործել է  Ճոնսը,  Կրեմմը գրեթէ չի մասնակցել։ Այնուամենայնիւ, տարիներ անց, Կրեմմը յայտարարեց որ Ճոնսի հետ հաւասար համահեղինակ է, սակայն հրաժարուել է իր հեղինակային իրաւունքներից յօգուտ Ճոնսի, որն իր ագահութեան պատճառով չէր ուզում նրան տալ հասոյթի 5 տոկոսից աւելին ։

Միք Ճոնսը պատմում է ․«I Want To Know What Love Is» երգը, ի սկզբանէ,  ծնուեց որպէս անձնական զգացումների արտացոլում։  Ես բազմաթիւ սիրավէպերի միջով եմ անցել, որոնք ժամանակի յետ քայքայւում , անյետանում-գնում էին։ Բայց ես առաջուայ նման  փնտռում եմ այն, ինչ կը շարունակուի իմ կեանքի իրականութեան  մէջ։ Այս ամենը ինչ-որ պահից անկախացաւ եւ սկսեց առանձին իր կեանքով ապրել։ Այն անձնական սիրային զգացողութիւնների պատմութիւնից վերածուեց աւելի մեծ, համընդհանուր սիրոյ դրսեւորման մասին մտորումների։ Երբ ձայնագրում էինք երգը, անընդհատ շարունակւում էր ստեղծագործելու տարրը, հետզհետէ հեռացնելով երգը իմ անձնական դաշտից ՝ բերելով համամարդկային , ընդհանրական մի դաշտ։  Իւրաքանչիւր  ձայնագրման փորձի ժամանակ աւելանում էր մի նոր միտք կամ մասնիկ։ Վերջ ի վերջոյ աւելացաւ կոսփել-երգչախումբը (gospel choir)։   Գիտէ՞ք,  լինում էր այնպիսի մի պահ, որ  ինձ թւում էր, որ ես իրական հոգեւոր երգ եմ գրել, բայց պատահում էր եւ այնպէս, որ ինձ մօտ տպաւորութիւն էր առաջանում, որ ես այս ամենի յետ ոչ մի կապ չունեմ՝ բացի թղթի կտորի վրայ մի քանի մեղեդի եւ միտք յանձնելուց» ։

Խմբի շատ երկրպագուներ կարծում են, որ Միքը երգը գրել է իր ապագայ կնոջ՝ Էնն Տեքսթեր-Ճոնսի (Ann Dexter-Jones ) յետ յարաբերութիւններից տպաւորուած՝  փորձելով արտացոլել սեփական զգացողութիւնները։

Երգի ձայնագրման եւ տեսահոլովակի նկարահանման աշխատանքներին մասնակցել է Նիւ Ճըրսիի (New Jersey) Հաւաքական Կոսփել Երգչախումբը, որի մասին յետագայում Ճոնսը շատ ջերմօրէն կը խօսի՝  նրանց համագործակցութեան մասին պատմելիս։  

Երգը ձայնագրուեց եւ թողարկուեց 1984 թուականին, առանձնացնելով միայնակ սկաւառակի տեսքով  Agent Provocateur ալպոմից։ Երգը գլխաւորեց ԱՄՆ-ի, Մեծ Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Գանատայի ազգային հիթ-շքերթները, ինչպէս նաեւ ժամանակի ընթացքում մտաւ Rolling Stone ամսագրի «Բոլոր ժամանակների 500 լաւագոյն երգեր»-ի ցանկի մէջ եւ VH1 հեռուստաալիքի « 80-ականների 100 լաւագոյն երգեր»-ի ցանկի մէջ։

Երգը , մի քանի տարի անց , մեծ ոգեւորութեամբ  երգեցին Մարիա Քերին (Mariah Carey ) եւ Տայանա Ռոսը (Diana Ross), ինչպէս նաեւ Թոմ Քրուզը (Tom Cruise ) եւ Մալին Աքերմանը (Malin Akerman)  «Rock of Ages» (2012) շարժանկարում ։ Երգը նաեւ հնչել է «Alvin and the Chipmunks» շարժանկարում։

«Դժուար չէ հասկանալ, թէ ինչու հենց այս երգը դարձաւ Foreigners  խմբի ամենայայտնի երգը, որը գլխաւորեց հիթ-շքերթները։ Երգի երազկոտ, հմայող տրամադրութիւնը առաջանում է  մասամբ Լու Կրեմմի սրտաբուխ կատարման, մասամբ էլ երգչախմբի ճոխ հնչողութեան շնորհիւ»,- Պրեթ Ատամս (Bret Adams )  Allmusic:

 ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը