• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ – Ողբ. Ընկեր Վահագն Քիրիշճեանի Ընտանիքին

11.03.2015   22:29

Party LogoՄարտ  11, 2015

Ազնուափայլ Ընկերուհի Ծովիկ Քիրիշճեան

Սիրելի Թամար, Սեզա եւ Կարէն

Վշտակիր անդամներ Քիրիշճեան ընտանիքի

 

Թանկագին հարազատներ,

Սրտի խոր ցաւով իմացանք Ձեր սիրելի կողակիցին, հօր եւ հարազատին՝ մեր սիրելի ընկեր Վահագնին մահուան գոյժը:

Ընկեր Վահագնը մեզի ծանօթ է, որպէս օրինակելի կուսակցական եւ ազնուական Հայ Մարդ: Այն տարիներ շարունակ իր ազգին ու Հայրենիքին ծառայած է Կուսակցութեանս եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան միջոցաւ:

Ընկեր Վահագնին նման նուիրեալ գաղափարի ընկերներուն  օրինակը սերունդներու համար պիտի ըլլան ուղեցոյց՝անսահման զոհաբերութեան, նուիրումի, աշխատասիրութեան եւ յարատեւութեան։

Հոգեհարազատ սիրելիներ,

Այս տխուր առիթով, Ձեր գաղափարակից ընկերները Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեանս  մէջ, մեր աշխարհասփիւռ շարքային ընկերներուն անունով խորազգաց ցաւակցութիւններ կը յայտնենք Ձեր բոլորին:

Անհուն մխիթարութիւն Ձեզի եւ բիւր յարգանք ու յաւերժական հանգիստ մեր սիրեցեալ ընկեր Վահագնին:

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

 

Իւճին Քարաճեան                                                             Մայք Խարապեան

Ատենադպիր                                                                        Ատենապետ

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner