• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Կազմութիւն Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբին

17.10.2014   22:53

Հայոց Ցեղասպանութեան 1օօ-ամեակի սեմին եւ աւելի եւս նպատակադրելու եւ կազմակերպելու համար Հայ Դատի վերաբերող առկախ հարցեր եւ հետապնդումներ, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմուեցաւ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբը, որ պիտի գայ աւելնալու ՌԱԿ-ի այլ շրջանակներու, նամանաւանդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, արդէն իսկ գործող նոյնանուն յանձնախումբերուն վրայ աւելի եւս խթանելու նոյնանպատակ վեհ աշխատանքը:

Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբը կը բաղկանայ հետեւեալ հաւատաւոր ընկերներէն եւ նուիրեալ բարեկամներէն՝

Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան

Գրիգոր Մանուկեան

Յակոբ Սիւթճեան

Սարօ Ասիլեան

Լեւոն Բարսեղեան

Արմէն Վայէճեան

Երուանդ Թագւորեան

Վիգէն Թոսունեան

Յակոբ Գէորգեան

Յառաջիկայ օրերուն յանձնախումբին աշխատանքները պիտի կեդրոնանան հետեւեալ կէտերուն վրայ՝

1. Իրաւաբանական օգնութիւն գրաւեալ հողերու վրայ կալուած ունեցողներու դատերու հետապնդումին,
2. Գտնել իսլամացած կամ քրտացած հայեր եւ անոն հետ կապ ստեղծել,
3. Լայնախոհ մտաւորականներու հետ կապեր ստեղծել,
4. Քաջալերել եւ յօդուածներ ստորագրել արաբական կամ օտար տպագիր մամուլին կամ կայքերուն վրայ նկատի ունենալով բարեկամութիւնը շրջանի բնիկ ժողովուրդներուն միջեւ,
5. Մղել երիտասարդ-երիտասարդուհիներ հետեւելու Երեւանի Պետական Համալսարանի հրամցուցած Ցեղասպանագիտութեան Ճիւղին մէջ Մաքիստրոսի մակարդակի ուսման ծրագրին,
6. Օգտագործել արհեստագիտական միջոցներ վերեւ յիշուած նիւթերը յառաջ տանելու համար,
7. Գործակցաբար «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի խմբագրութեան հետ www.ragmamoul.net կայքին վրայ ունենալ յատուկ բաժին մը` իւրայատուկ, արագ եւ լաւագոյն կերպով տարածելու յանձնախումբի աշխատանքները:
Յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն կը մաղթենք Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբին:
Share Button

رد واحد على “Կազմութիւն Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբին”

  1. يقول Hovik Nersessian:

    Hay Iravants Khorhourty gazmoutyan im srdakin hachoghoutyan maghtankners goughargem polor Hayeroun, Enger gam ayl. Asdvadz polorit hed.
    Khentrem telatrek inch vor gareli vor grnank mer kdnvadz vayren tsez pokhantsel ar i ojantagoutyoun. Menk khoump me hayer enk hos, Seoudiayi mech yev badrasd enk amen mer garelioutyounnere kordzadzel ar i hachoghoutyoun Hayoutyan.
    Hovig Nersessian

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner