• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

02.07.2014   22:55

Չորեքշաբթի, 2 Յուլիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ, պետական նախկին երեսփոխան Ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Միքայէլ Վայէճեան շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, անոր ընտրութեան եւ օծման 19-րդ ամեակին առիթով:

Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ զրուցելու լիբանանեան բեմի վերջին զարգացումներուն, Լիբանանը եւ Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն, Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner