ՄԱՐՏԻ ՈՒԺԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

14 ՄԱՐՏԻ ՈՒԺԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
ԱՅՑԵԼԵՑ ԹԷՔԷԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
Ուրբաթ 6 Յունիս 2014-ի կէսօրէ ետք Թէքէեան Կեդրոն այցելեցին՝ 14 Մարտի Ուժերու Ընդհանուր Քարտուղարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, 14 Մարտը բաղկացնող կողմերու ներկայացուցիչներով: Պատուիրակութիւնը, զորս կը գլխաւորէր Տոքթ. Ֆարէս Սաէյտ, ընդունուեցաւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ ընկ. Միքայէլ Վայէճեանին: Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ պետական նախկին երեսփոխան՝ ընկեր Յակոբ Գասարճեան:
Հանդիպման ընթացքին 14 Մարտի պատուիրակութիւնը նախ շնորհաւորեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային նորընտիր Վարչութիւնը, ապա կողմերու խօսակցութիւններուն գլխաւոր առանցքը դարձաւ Լիբանանի եւ շրջանի ներկայ կացութիւնը:
Տոքթ. Ֆարէս Սաէյտ բարձր գնահատեց լիբանանահայութիւնը ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար անդրադառնալով ՌԱԿ-ի հետ գործակցութեան, ան բարձր արժեւորեց զայն՝ ապագային աւելի եւս սեղմ եւ համադրուած աշխատանքի կոչ ուղելով: ՌԱԿ-ի կողմէ ընկեր Միքայէլ Վայէճեան շնորհակալութիւն յայտնելով այցելուներուն հաստատեց, թէ ՌԱԿ-ի սկզբունքներն ու գաղափարախօսութիւնը ամբողջութեամբ կը համընկնին՝ 14 Մարտի ուժերու քաղաքականութեան եւ գաղափարախօսութեան, հետեւաբար՝ ՌԱԿ-ը ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր անքակտելի մէկ մասնիկն է անոր ու պիտի մնայ այդպէս:
Իր կարգին ընկեր Գասարճեան շեշտը դրաւ լիբանանահայութեան ամբողջական մասնակցութեան կարեւորութեանը վրայլիբանանեան քաղաքական կեանքէն ներս: Ընկերային եւ քաղաքական համարկումի տեսակէտեն ելլելով եւ պատկանելիութեան առողջ մօտեցումով ան շեշտեց, թէ լիբանանահայը լիիրաւ լիբանանցի է՝ հայկական ծագումով:
Աւարտին Տոքթ. Ֆարէս Սաէյտ եւ ընկեր Միքայէլ Վայեճեան այս հանդիպումը ամփոփող միացեալ յայտարարութիւն մը կատարեցին:
ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

