ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» Թատերախումբին Նորագոյն Յաջողութիւնը. «Ակամայ Ստախօսը» Ներկայացումը (լուսանկարներ)

  Կիրակի, 24  Մարտ 2019-ի երեկոյեան, սովորական ներկայացումէ մը  բաժնուելու  տպաւորութեամբ չհեռացանք  Պուրճ Համուտի  Յակոբ Տէր Մելքոնեան  թատերասրահէն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին  ներկայացուցած «Ակամայ ստախօսը» կատակերգութիւնը դիտելէ ետք: 

Ներկայացումը 58-րդ  էր լիբանանահայ իրականութեան մէջ  վաթսուն տարի առաջ ծնունդ առած հռչակաւոր  թատերախումբին:

  Իր տեսակին մէջ   եզակի  կատակերգութիւն մը,  բոլորովին հեռու այն  խեղկատակութիւններէն, որոնք աժան միջոցներով  ժպիտ  կը  փորձեն կորզել  հանդիսատեսէն:

   Նախքան   ներկայացումը, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետուհի  Մարօ Թէլվիզեան բարի գալուստ  մաղթեց ներկաներուն՝ խնդրելով  մէկ  վայրկեան յոտնկայս  յարգել   բեմադրիչ  Յարութ Գնդունիի նորոգ հանգուցեալ զաւկին՝ վաղամեռիկ Վարդանի յիշատակը:

 

«Ակամայ ստախօսը» կատակերգութեան հեղինակն է  անգլիացի  համբաւաւոր   գրող  Մայքըլ Գունին: Թատերախաղի հայացումը կատարած է թեմադրիչ Յարութ   Գնդունին: Պատիւ բեմադրիչ  Յարութ Գնդունիին, արհեստավարժ ստախօսներու  պատուանդանի մը վերածուած էր բեմը:

 Ներկայացումը սկսած պահէն   խիստ  ուշագրաւ եւ  գնահատելի էր   հանդիսականներուն  թատերական  յաջող գործ մը  մատուցելու բեմադրիչին նուիրումը:  Յարութ Գնդունի  միաժամանակ համախմբած էր  երիտասարդ եւ նորեկ  տարրեր՝ անոնց մէջ սէր  արթնցնելու  հայ բեմին եւ թատրոնին հանդէպ:  

Բեմին ձեւաւորումը՝ կոկիկ եւ պարզ:  Ճաշակաւոր լուսախաղեր:  Թատրերգութեան կեդրոնական դէմքը, որ  ենթադրաբար  պիտի ըլլար  ներկայացումին միակ  ստախօսը, պայմաններու բերումով մէկ առ մէկ  իր  «վարպետութեան»  թակարդին մէջ   կը խարսխէ գրեթէ բոլոր կերպարները: Դուրս  կու գայ, որ իւրաքանչիւր կերպար սուտերու  տոպրակ մը պահած է  իր ներաշխարհին մէջ: Դէպքերու զարգացումով կը բացայայտուին  մարդկային  տկարութիւններ եւ թերութիւններ,  խաբեբայութիւն, կեղծիք, շողոքորթութիւն եւ այլն:  

 

Ներկայացումը կը զարգանայ  պահու  ստիպողութեան տակ, կերպարներուն  յօրինած  անակնկալ սուտերով, ծիծաղաշարժ անցուդարձերով: Յաճախ երկիմաստ, սրամիտ  հիւմորով  համեմուած  երկխօսութիւնները  արժանացան   հանդիսականներուն  ջերմ ընդունելութեան:  Ներկայացումը միաժամանակ  կը յատկանշուէր իր  որակով, խորքով  եւ  խաղարկութեամբ:

 

 Պէտք է  ըսել, որ   հանրածանօթ  բեմադրիչ  Յարութ Գնդունի  բաւական մեծ վարպետութեամբ  լիբանանեան  բեմին պատշաճեցուցած էր անգլիացի  գրող  Մայքըլ Գունիի  «Cash On Delivery» զաւեշտը:   

    Իւրաքանչիւր դերասան  հմտօրէն  տիրապետած էր  իր կերպարին:  Գնահատանքի խօսք  շնորհալի դերասանական կազմին՝  Յարութ Թորոսեանին, Յարութ  Մանուկեանին, Ցոլին Գարճիգեանին, Եղիկ Աւետիքեանին, Դանիէլ  Քէօրօղլեանին,  Հուրի  Պապահեքեանին, Արմէն Մաճառեանին, Վիգէն  Քէօշկերեանին, Կարինէ  Ներսէսեանին եւ Մարիանա  Մկրտիչեանին:

Գնահատանքի  խօսք լուսանկարիչ, բեմավար եւ վարչական պատասխանատու  Սեւակ  Նորշահեանին, բնագիրի  տպագրութեան պատասխանատու Տրդատ  Աւետիքեանին, ձայնի եւ լուսաւորումի պատասխանատու Գէորգ Նոխուտեանին,  երաժշտութեան ընտրութիւնը կատարող Սուրէն Խտըշեանին:

Այս բոլորը՝ նուիրեալ եւ սիրայօժար աշխատանքի արդիւնք:

Հանդիսատեսները իսկապէս վայելեցին թատերական յիշատակելի երեկոյ մը:

  Տքնաջան եւ հետեւողական աշխատանք, որուն գլխաւոր դափնին  բնականաբար կ’երթայ  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի կեդրոնական վարչութեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  «Վահրամ Փափազեան»  թատերախումբի վարչութեան, վաստակաւոր բեմադրիչ  Յարութ  Գնդունիին, դերասանական կազմին եւ բոլոր այն անհատներուն, հաստատութիւններուն, որոնք  կը հաւատան  հայ թատրոնի առաքելութեան:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

 

Մխիթարեան Հրատարակչատունը Լոյս Ընծայած է Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Յօդուածներու ժողովածուներ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ամերիկեան մամուլին, մասնաւորապէս, The New York Times-ի էջերուն մէջ հրապարակուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յօդուածներէ կազմուած ժողովածուներուն մէջ զետեղուած են նիւթեր, որոնք կ՛անդրադառնան Համիտեան, Ատանայի ջարդերուն, անոնց հետեւանքներուն: Ընդգրկուած են նաեւ թուրք դեսպաններու, հիւպատոսներու յօդուածները եւ անոնց տրուած պատասխանները:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` հատորները լոյս տեսած են վերջերս` Մխիթարեան հրատարակչատան կողմէ եւ կը կոչուին «The Armenian Genocide: Prelude and Aftermath. As reported in the U.S. Press – The New York Times» («Հայոց Ցեղասպանութիւն. նախերգանք եւ յետգրութիւն: Հաղորդումներ ամերիկեան մամուլին մէջ` «Նիւ Եորք Թայմս»): Գիրքերը կազմած եւ խմբագրած են Մխիթարեան միաբանութեան միաբան հայր Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեանը եւ աւստրալահայ հետազօտող Արա Քեթիբեանը:

Լրագրողները հեղինակներուն հանդիպելու եւ անոնց հետ զրուցելու հնարաւորութիւն ունեցան Մարտ 20-ին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ:

«Գիրքին մէջ տեղեկութիւններ կան նաեւ այն  օտար եւ հայ մարդոց մասին, որոնք դրամական կամ այլ աջակցութիւն ցոյց տուած են հայ որբերուն, դպրոցներուն` հոգալով անոնց կարիքները, իսկ թուրք դեսպաններու,  հիւպատոսներու գրառումները, որոնք տեղ գտած են տարբեր յօդուածներու մէջ շատ կը հակասեն նախճիրը վերապրածներու  գրառումներուն: Նոյն քաղաքականութիւնն է. ոչինչ փոխուած է: Անոնք այն ժամանակ ալ փորձած են արդարացնել իրենք-զիրենք` պնդելով, որ մեղաւորը հայերն են: Հոլոքոստէն ետք Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ամենաշատը ուսումնասիրուած է աշխարհի մէջ: Հազարաւոր մենագրութիւններ կան այդ մասին: Ես յաւակնութիւն չունիմ ըսելու, թէ այս կամ այն յօդուածը, տեղեկութիւնը որքանով նոր է. ատիկա պէտք է որոշեն պատմաբաններն ու մասնագէտները: Կարեւորն այն է, որ ներկայացուած են հարիւրաւոր յօդուածներ, որոնց վերնագիրները,  խորագիրները միայն կը բացատրեն, որ իսկապէս մտադրուած ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է»,-ընդգծած Արա Քեթիբեան:

Մխիթարեան միաբանութեան միաբան Հայր Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեանն ըսաւ, որ իր գործընկերոջ հետ վաղուց ծանօթ է. Ան մօտ 9 տարի միաբանութեան մէջ աշակերտ եղած է: «Արան  խրախուսեց զիս այս աշխատանքը սկսելու համար: Իմանալով անոր կարողութիւններն ու լրջութիւնը, անցեալի ուսումնասիրութեան վերաբերեալ ունեցած  պատրաստակամութիւնը` վստահութիւն ապրեցայ: Ընթացքին հանդիպեցայ Վիգէն Բաբկէնեանին, որ ինծի տրամադրեց յօդուածներու ամբողջ հաւաքածոյ մը: Իր ունեցածը  սիրայօժար նուիրեց մեզի, ես ալ որոշ բաներ ունէի ու սկսայ կուտակուած նիւթին հիման վրայ աշխատիլու: Յօդուածները հաւաքելը շատ դժուար աշխատանք էր։ Մենք սկսանք մէկ-մէկ պրպտել: Ունեցանք շատ դժուարութիւններ. որոշ յօդուածներ ստիպուած եղանք նաեւ գնելու: Բանալի բառերով գտանք հայերու մասին գրուած բոլոր հրապարակումները»,-պատմեց ան:

Հաւաքածուի հրատարակման աջակցած է «Վիւասել-ՄԹՍ» ընկերութիւնը, որու հիմնադիր, գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Իրիկեան ըսաւ` գիրքը աշխարհին ցոյց կու տայ, որ մենք ունինք համապատասխան փաստաթուղթեր, որոնք մեր վկաներն են, դեսպանները եւ կը ներկայացնեն, թէ մենք ինչ ճանապարհ անցած ենք, ինչ դաժանութիւններու, վայրագութիւններու ենթարկուած: «Այս գիրքը ընթերցելով հնարաւոր է` գիտակից մարդը, քաղաքակիրթ աշխարհը հասկնայ, որ պէտք է սթափիլ եւ թոյլ չտալ, որ նման վայրագութիւններ տեղի ունենան այլ ազգերու հետ»,-շեշտած է Իրիկեան:

Երկհատորեայ ժողովածուները կազմելու գործին համար Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեանն եւ գրականագէտ, աւստրալահայ հետազօտող Արա Քեթիբեանը պարգեւատրուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամի «Աւրորա Մարտիկանեան» յուշամետալով:

 

ԳԷՈՐԳ ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ

Գ.Մ.Գ.Մ.-ի Դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2019-ի նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:

            Մրցանակը կ՚ընդունի գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ, կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ լոյս չտեսած գործեր՝ առ ի գնահատում եւ հրատարակութիւն:

            Գրական, իմաստասիրական, պատմական, եկեղեցագիտական, բանասիրական եւ Հայ Մշակոյթի այլ կալուածներուն վերաբերող գործերը, հայերէն կամ օտար լեզուներով գրուած, պէտք է Դատակազմին ամենէն ուշը հասած ըլլան մինչեւ 30 Ապրիլ 2019:

            Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):

            Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՚արժանանան հրատարակութեան:

            Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ Դատակազմին մաս կը կազմեն՝ Տեարք Ժիրայր Դանիէլեան(ատենապետ), Կարօ Յովհաննէսեան, Յակոբ Պալեան, Նազարէթ Պէրպէրեան եւ Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան:

 

Դիւան Գ.Մ.Գ.Մ.-ի  Դատակազմի

Հասցէ՝          

     Armenian Catholicosate of Cilicia

    P.O.Box 70317

    Antelias – Lebanon

     E-Mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org

 

 

Ծանօթ՝ Դատակազմին ղրկուած գործերը հեղինակներուն չեն վերադարձուիր։

            Դիմողներէն կը խնդրուի յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել

            բնագրի լեզուին եւ ուղղագրութեան։

 

Խնդրանք՝ Կը խնդրուի սփիւռքահայ թերթերէն արտատպել։

Դրմբոն Համայնքին Մէջ 11-13-րդ Դարերու Թուագրուող Խաչքարեր Բացայայտուած են

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն համայնքին մէջ բացայայտուած են նորայայտ խաչքարեր:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ խաչքարերը Դրմբոնի մատուռ-գերեզմանատան տարածքին մէջ յայտնաբերած է Մարտակերտի շրջանային ծառայութեան պետ Աւետիք Աղաբեկեանը՝ իր հերթական շրջայցին իբրեւ արդիւնք: Խաչքարերը կը թուագրուին 11-13-րդ դարերով։

 

Կանանց Համաշխարհային Օրուայ Առիթով

Մարտի 8ն աշխարհի մէջ կը տօնուի որպէս Կանանց Համաշխարհային Օր։ Հայոց մօտ տօնը Ապրիլի 7-ին է։

Կանանց Համաշխարհային Օրուայ առիթով կը հրատարակենք պատկեր մը՝ հայ կնոջ կողմէ հեղինակուած առաջին հայերէն գիրքի կազմն է ան։ Գիրքին անունն է,- “Գիրք, որ կոչի բանալի գիտութեան”։ Հրատարակուած է 18-րդ դարուն…:

 

Գիրք,  որ  կոչի  բանալի  գիտութեան

(հայերէն – ռուսերէն բառարան, 291 էջ)

Հայ կնոջ հեղինակած առաջին հայերէն գիրքը

Հեղինակ՝ Կղէօպատրա Սարաֆեան

Հրատարակուած է Խալդարեան տպարանին մէջ՝

Սանկտպետերպուրգ (Սանկտ Պետերպուրգ), 1788 թուականին

Armenian American Museum Appoints Shant Sahakian as Executive Director

NOR OR, LOS ANGELES – The Armenian American Museum Board of Trustees has announced the appointment of Shant Sahakian as Executive Director effective March 1.

“The Board of Trustees are pleased to welcome Mr. Shant Sahakian as the Executive Director of the Armenian American Museum,” stated Executive Chairman Berdj Karapetian. “Mr. Sahakian brings strong leadership and community relations skills to the organization and will be an asset to the Museum in his new leadership role.”

Shant Sahakian first joined the Armenian American Museum project in 2014 as a member of the Armenian Genocide Centennial Committee. Since 2016, he has supported the Museum’s community outreach efforts. Most recently, he directed the staff, professionals, and volunteers who collectively organized the highly successful Inaugural Gala and Telethon. In his new role as Executive Director, he will be responsible for leading the organization’s development and community relations as well as collaborating with the Museum’s principal architect, exhibition design consultant, and construction team.

“I am grateful to the Board of Trustees for their trust and the opportunity to serve as the Executive Director of the Armenian American Museum,” stated newly appointed Executive Director Shant Sahakian. “We have a unique opportunity to build a landmark cultural and educational center that will serve generations to come and I am excited to work with our board, staff, volunteers, and community to make this historic project a reality.”

In addition to his role at the Museum, Sahakian is an Elected Member of the Glendale Unified School District Board of Education. He was elected in April 2017, becoming the youngest School Board Member elected in Glendale history.

Shant Sahakian is a lifelong resident of Glendale and has deep roots in the community. In the past, he has served as the Chair of the City of Glendale Arts & Culture Commission, Chair of Glendale Youth Alliance, President of the Glendale Parks & Open Space Foundation, and Vice President of Glendale Kiwanis. Sahakian’s professional career began at the age of 14 when he founded his own digital agency serving businesses and non-profit organizations with design and technology services.

Sahakian became the first Armenian American to be honored with the prestigious Man of the Year Award from the Glendale Chamber of Commerce in 2016. He is also a recipient of the Hope Diamond Award from the Glendale Educational Foundation, Community Award from the Character & Ethics Project, and the inaugural Hero Award from Glendale Youth Alliance.

Sahakian holds a Bachelor’s Degree in Graphic Design with a Marketing Minor from California State University, Northridge (CSUN) and a Certificate in Marketing from University of California, Los Angeles (UCLA Extension).

Shant and his wife, Suzanna, reside in Glendale, California with their son, Raffi Sebastian Sahakian, and are expecting their second child.

About the Armenian American Museum

The Armenian American Museum and Cultural Center of California is a developing project in Glendale, CA with a mission to promote understanding and appreciation of America’s ethnic and cultural diversity by sharing the Armenian American experience. The Museum will serve as a cultural campus that enriches the community, educates the public on the Armenian American story, and empowers individuals to embrace cultural diversity and speak out against prejudice.

The governance of the Museum is entrusted to ten Armenian American cultural, philanthropic, and religious non-profit institutions including the Armenian Catholic Eparchy, Armenian Cultural Foundation, Armenian Evangelical Union of North America, Armenian General Benevolent Union Western District, Armenian Missionary Association of America, Armenian Relief Society Western USA, Nor Or Charitable Foundation, Nor Serount Cultural Association, Western Diocese of the Armenian Church of North America, and Western Prelacy of the Armenian Apostolic Church.

Նոր Հրատարակութիւններ

Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

– Ահարոնեան Վարդգէս, «Յովհաննէս Թումանեան մարդը եւ բանաստեղծը», վերահրատարակութիւն Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2019:

– Գուլակեան Յասմիկ, «Պատառիկներ»,  խմբագիր՝ Գէորգ Եազըճեան, «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018 [Յունուար 2019], 669 էջ (14,8 x 21 սմ.): «Հրատարակուել է համակիր ընկերների հովանաւորութեամբ» եւ նուիրուած է հայկական գրատպութեան 500-ամեակին (հեղինակի՝ Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռով՝ սփիւռքահայութեան համար հաղորդումներու 1983-2000 ժամանակաշրջանի ելոյթները ազգային զանազան հարցերու մասին):

– «Եորղոս Սուրիսի «Ռոմէոս» թերթը եւ Հայկական հարցը»,  կազմող՝ Եոսիֆ (Սիֆի) Քասեսեան, հրատարակութիւն «Հայ-յունական ուսումնասիրութեանց կեդրոն»-ի, Աթէնք, 2019 (յոյն ականաւոր բանաստեղծ եւ հասարակական գործիչ Եորղոս Սուրիսի հրատարակած թերթին մէջ 1895-1896 եւ 1909 թուականներու հայկական ջարդերու եւ միջազգային դիւանագիտութեան քայլերու լուրերն ու հրապարակումները) (յունարէն):

– «Թումանեանի զաւակները – Մուշեղ Թումանեանը եւ իր ընտանիքը», «Արեւելք-Արեւմուտք մատենաշար»-ի եւ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի համատեղ հրատարակութիւն, խմբագրական կազմ՝ Մարինէ Պաղտասարեան եւ Սուսաննա Ադամեան, «Մուղնի» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 408 էջ (16,9 x 24,5 սմ.) (Յովհաննէս Թումանեանի աւագ որդի Մուշեղի ու անոր որդի Վիգէնի նամականին, Վիգէնի կնոջ՝ Մարիայի օրագրութիւն-յուշագրութիւնը, բազմաթիւ լուսանկարներ, ծանօթագրութիւններ, անուանացանկ) (նիւթերուն մեծ մասը՝ հայերէն, փոքր մասը՝ ռուսերէն): Գիրքը հրատարակութեան երաշխաւորած է Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի գիտական խորհուրդը, տպագրուած է «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի օժանդակութեամբ, Տիգրան Ճիյէրճեանի հովանաւորութեամբ:

– Թունեան Վալերի, «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի (1809-1930)», հրատարակութիւն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հրատարակչական մարմինի, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տպարան, 2019 (ռուսերէն): Լոյս տեսած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ:

– Մկրտչեան Սարգիս, «Փանթուրքական հոսանքները ժամանակակից Իրանում», պատասխանատու խմբագիր՝ Վարդան Ոսկանեան, խմբագիր՝ Հայկազուն Ալվրցեան, «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 176 էջ: Հրատարակուած է Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի գիտական խորհուրդին որոշումով, տպագրուած է ՀՀ-ի սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ:

– Շահին Հուրիէ, «Համշեցնակ լիզու գիտանութիւն (Համշէներէնի քերականութիւն)»,  KKM (Kurgu Kültür Merkezi) հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, Յունուար 2019, 88 էջ (13,5 x 21 սմ.) (թրքերէն եւ Համշէնի բարբառ):

– Պաղտասարեան Եուրի, «Պաքուն եւ հայերը. Հակահայկական քաղաքականութիւնն ու հայերի էթնիկական մաքրումը Ատրպէճանում», Երեւան, 2019 (Չարտախլու գիւղի հայաթափումը 1987-ին, Սումկայիթի եւ Կիրովապատի հայոց 1988-ի եւ Պաքուի հայոց 1990-ի Յունուարի ջարդերն ու բռնագաղթը):

– Պետրոսեան Ռաֆֆի, «Հոգեցնցում եւ ճկունութիւն – Թուրքիոյ հայերը. Ծպտեալ, ոչ-ծպտեալ եւ այլեւս ոչ-ծպտեալ», ներածական գրութիւնները՝ Ֆեթհիէ Չեթինի եւ Թաներ Աքչամի, «Կոմիտաս» հիմնարկ, Լոնտոն, 2019, xx + 226 էջ (Հայկական գրաւեալ տարածքներուն մէջ իսլամացուած, ծպտեալ եւ ինքնութիւնը բացայայտած հայոց մասին հրապարակումներու ժողովածու, քարտէսներ, լուսանկարներ) (անգլերէն):

– Պրունա Օրօր, «Անկորայի 1921-ի համաձայնութիւնը – Ֆրանս-քեմալական յարաբերութիւններու եւ Կիլիկիոյ ճակատագրի թատերաբեմը»,  Cerf հրատարակչութիւն, Դեկտեմբեր 2018, 360 էջ (ֆրանսերէն):

– Սարգսեան Աշոտ, «Ղարաբաղեան շարժման պատմութիւն 1988-1989», «Անտարես» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 656 էջ (յառաջաբան, երեք բաժիններ՝ իրենց ենթաբաժիններով, յաւելուած՝ «Համազգային շարժման կառոյցը», անգլերէն եւ ռուսերէն ամփոփումներ, օգտագործուած աղբիւրներու եւ գրականութեան, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր):

– Սարգսեան Մանուէլ սարկաւագ, «Հայ հոգեւորականների պատուանունների եւ մականունների բացատրական բառարան»,  հրատարակութիւն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հրատարակչական մարմինի, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տպարան, 2018, 131 էջ (շուրջ 200 հոգեւորականներու 350 պատուանուններու եւ հեգնական անուններու բացատրութիւններ): Լոյս տեսած է «Լեւոն սարկաւագ եւ Արաքսի Զէնեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ:

– Քասսիս Իպրահիմ [Աբրահամ Երէցեան], «Եագուպիէն երէկուան ու այսօրուան միջեւ»,  ներածութիւնը՝ Թորոս Թորանեանի, «ալ-Հարֆ ալ-զահապի» հրատարակչութիւն, Հալէպ, օգոստոս 2018, (Երեւանի բժշկական համալսարանէն շրջանաւարտ հեղինակը կը ներկայացնէ Սուրիոյ Իտլիպի նահանգի արաբախօս հայերէ բնակուած Եագուպիէ գիւղին պատմութիւնը՝ սկիզբէն մինչեւ 2010-ականներու կէսին գիւղին գրաւումն ու հայաթափումը Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով) (արաբերէն):

– Օհանեան Վահան ծայրագոյն վարդապետ եւ Քեթիպեան Արա, «Հայոց ցեղասպանութիւնը. Նախերգանքը եւ հետագան ինչպէս տեղեկագրուած է ԱՄՆ-ի մամուլին մէջ – Նիւ Եորք թայմզ», Ա. եւ Բ. հատորներ, նախաբանի հեղինակ՝ Ալան Ուայթհորն, Մխիթարեան հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019 («Նիւ Եորք թայմզ» թերթի 1890-1922 ժամանակաշրջանի թիւերուն մէջ հայոց եղեռնին մասին լոյս տեսած համապատասխանաբար 1067 եւ 1059 հրապարակումներու շարադրանքները) (անգլերէն):

 

Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Մշակութային Կեդրոնին Կազմակերպութեամբ՝ Տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց (լուսանկարներ)

Չորեքշաբթի, 27 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, եւ կազմակերպութեամբ  Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց` պատգամախօսութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի եւ մասնակցութեամբ Թէքէեան  Մշակութային Միութեան «Տը եութ պենտ» երիտասարդական» նուագախումբին` ղեկավարութեամբ Վիգէն Չալեանի:

Ներկայ էին սրբազան, գերյարգելի եւ գերապատիւ, ինչպէս նաեւ արժանապատիւ քահանայ հայրեր, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հայ քոյրերը, թաղապետներ, վարժարաններու տնօրէններ, հայ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ գործող նշանաւոր դէմքեր, դիւանագէտներ եւ անձնաւորութիւններ, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետը եւ ԹՄՄ պատասխանատուներ, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութիւն մը:

Տօնահանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, որմէ  ետք Լորի Եթերեան կատարեց  բացման խօսքը, որուն յաջորդեց  երեկոյին առաջին մասը, ուր «Թէքէեան» մշակութային միութեան Երիտասարդական «Տը եութ պենտ» նուագախումբը ներկայացուց հինգ երգեր` մասնակցութեամբ Լեթիսիա Հէքիմեանի եւ Ալիս Իփրաճեանի:

Տօնահանդէսի երկրորդ բաժինին՝ «Վարդանանց յիշատակին» ասմունքով հանդէս եկաւ Լիւսի Մազմանեան։

Ապա բեմ բարձրացաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան: Վերապատուելին իր պատգամը ամփոփեց հետեւեալ չորս հարցումներուն մէջ. ի՞նչ է քրիստոնէութիւնը, ի՞նչ է ազատութիւնը, ի՞նչ է հողը եւ ի՞նչ է յոյսը: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն չմոռնալու հայոց պատմութիւնը, որ միեւնոյն ժամանակ մեր ինքնութիւնն է:

Օրուան պատգամին յաջորդեց տօնահանդէսին երրորդ բաժինը, որուն ընթացքին կրկին բեմ բարձրացաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Երիտասարդական նուագախումբը: Անոնք ներկաներուն հրամցուցին ժողովրդական  ճոխ երգաշար մը:

Հուսկ բեմ բարձրացաւ Գէորգ եպս. Ասատուրեան` փոխանցելու համար իր հայրական պատգամը: Գերապայծառ Տէրը իր խօսքը սկսաւ նախ շնորհակալութիւն յայտնելով Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ ապա անդրադարձաւ, թէ ինչպէս այս յայտագիրին եւ այս տօնահանդէսին միջոցով բոլոր ներկաները կրցան վերապրիլ 451 թուականը:Գերապայծառ Տէրը իր խօսքը փակեց ներկաներուն մաղթելով, որ միշտ յանձնառու ըլլան Վարդանանց ճակատամարտի պատգամին:

Վարդանաշունչ տօնահանդէսի աւարտին, Գերապայծառ Տէրը  պահպանիչով օրհնեց ներկաները եւ ձեռնարկը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով։

 

Երեւանը Այս Շաբաթ (լուսանկարներ)

Ներկայացում

Սեքսուալ խառնաշփոթ հիւրանոցում

  • 08/03/2019 19:00
  • Պետական կամերային երաժշտական թատրոն
  • Պռօշեան փող. 1-ին փակուղի, 1 շէնք, (+374 10) 588 813
  • 1000 – 2000 դրամ

18+

Հեղինակ՝  Ռեյ Գունի

Բեմադրիչ՝ Դաւիթ Յակոբեան

Նկարիչ՝ Մերի Արէեան

Երաժշտական ձեւաւորումը՝ Արմէն Մարգարեանի

Թարգմանիչ՝ Մարինա Մարինոսեան

Ներկայացումը կը վարէ Արմէն Վաղարշակեանը

Համերգ

Կարէն Շահկալտեան՝ ջութակ

  • 07/03/2019 19:00
  • Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տուն
  • Իսահակեան 1(+374 10) 586 040
  • 2000 դրամ

«Բարեկամութիւն» տօնական համերգ

  • 07/03/2019 19:00
  • Արամ Խաչատրեան համերգասրահ
  • Օփերա, Մաշտոց 46(+374 10) 545 742
  • 1000 – 5000 դրամ

Հայաստանի պարարուեստի «Բարեկամութիւն» պետական համոյթ

Գեղարուեստական ղեկավար՝ ՀՀ ժող. արտիստ, Մ. Խորենացիի անուան շքանշանակիր Նորայր Մեհրապեան

Կը մասնակցին՝

«Բարեկամութիւն» պետական համոյթի սթիւտիոյ սաները

Պատասխանատու՝ Լ․ Մեհրապեան

 

«Անմոռանալի Beatlеs». Ֆետերիքօ Մոնտելչի եւ ՀՊԿՆ

  • 09/03/2019 19:30
  • Արամ Խաչատրեան համերգասրահ
  • Օփերա, Մաշտոց 46(+374 10) 545 742
  •  

ՀՊԿՆ եւ Մոնտելչին կը ներկայացնեն՝
«Անմոռանալի Պիթլզ» եւ… 

Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբ

Վահան Մարտիրոսեան (գեղարուեստական ղեկավար եւ նուագախումբի գլխաւոր ղեկավար)

Ֆետերիքօ Մոնտելչի (սաքսոֆոն/Իտալիա)
«Անմոռանալի Beatlеs» մշ. ըստ Կրանաթայի

Պապաճանեան

Պաղտասարեան (Առաջին ներկայացում)

Մորիքոնէ

Թարիվերտիեւ

Մոլինելի

 

Կատակերգութիւն

Թարմ խառը կանացի

  • 09/03/2019 19:30, 10/05/2019 19:30
  • Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոն
  • Գր. Լուսաւորիչի 6 (+374 10) 527 670
  • 2500 – 6000 դրամ

Յովհաննէս Դաւթեան

Stand Up – Կատակերգութիւն՝  նուիրուած կանանց

 

Ստեփանակերտի Մէջ Պիտի Կազմակերպուի Հայերէնի Գրաւոր Խօսքի Զարգացման Դասընթաց

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Փետրուար 26-Մարտ 1, Ստեփանակերտի «Արմատներ» կենսակեդրոնին մէջ («The Roots»), «Կովկասի ինստիտուտ»-ին կողմէ պիտի կազմակերպուի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու ոլորտէն ներս հայերէնի գրաւոր խօսքի ու հասարակական տեղեկատւութեան վերլուծութեան եւ ներկայացման հմտութիւններու զարգացման դասընթաց:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ դասընթացը կը կազմակերպուի Արցախի քաղաքացիական ծառայողներուն համար: Անիկա բաղկացած է երկու մասէ՝ հանրային կապերու ոլորտէն ներս հայերէնի գրաւոր խօսքի ու խմբագրական հմտութիւններու զարգացում եւ հասարակական տեղեկատւութեան վերլուծութիւն ու ներկայացում: Դասընթացի աշխատանքային լեզուներն են հայերէնը եւ ռուսերէնը։