• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Պէտք է Մտածենք Ազգագրական Երաժշտութիւնը Հետաքրքրական Ձեւով Մատուցելու Մասին. ՀՀ Մշակոյթի Նախարար

03.03.2017   08:27

«Ժողովրդական երաժշտութեան ազգային կեդրոն» ՊՈԱԿ-­ը տարեկան հաշուետուութիւն ներկայացուցած է իր կազմին մէջ գործող երեք աշխատակազմերու` Հայաստանի գուսանական եւ ժողովրդական երգի պետական անսամպլի, Հայաստանի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի եւ Մարօ Մուրատեանի անուան «Ակունք» ազգագրական պետական անսամպլի հետ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն։

Հաշուետուութեան արդիւնքներուն ծանօթանալէ ետք՝ ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան ըսած է,- «Ազգային երգ­ երաժշտութիւնը, որ պէտք է մեր ուղեցոյցն ու փարոսը ըլլայ, այսօր այն վիճակի մէջ է, որ պետութիւնը 120 միլիոն գումար կը ծախսէ, որուն իբրեւ արդիւնք մենք հասանելի կը դառնանք սահմանափակ թիւով հանդիսատեսի, որ կա′մ կը լսէ այդ երաժշտութիւնը, կա′մ չի լսեր: Ինչպէ՞ս կը նայիք այս խնդրին»:

«Ժողովրդական երաժշտութեան ազգային կեդրոն» ՊՈԱԿ-­ի տնօրէն Արթուր Ներսիսեան նշած է, որ իրենք զրկուած են աշխատանքի ամենատարրական պայմաններէն, «Լուսանցքէն դուրս» վիճակի մէջ են: «Ակունք» ազգագրական պետական անսամպլի գեղարուեստական ղեկավար Արթուր Շահնազարեանը աւելցուցած է. «Հայկական եթերը այսօր զբաղած է միայն «ռապիզ»-ի ու թրքական երաժշտութեան գովազդով, որմէ տարիներ շարունակ զերծ մնացած է, հաւանաբար, միայն Հանրային ռատիօն»:

Նախարարը որոշ չափով համաձայնած է հնչած կարծիքներուն հետ, բայց նաեւ նշած. «Դատարկ տեղն է որ աղբով կը լեցուի, ուրեմն տեղը դատարկ ձգած ենք, հետաքրքրութիւն չենք յառաջացուցած: Մենք պէտք է աշխատինք նոյնպիսի, հաւանաբար քանի մը անգամ աւելի, յարձակելով, ինչպիսի յարձակումով «ռապիզ»-ը մտաւ մեր իրականութիւն: Եկէք նստինք ու միասին մտածենք` ի՞նչ պիտի ընենք, որպէսզի աւելի հետաքրքրական մատուցենք մեր ազգային երաժշտութիւնը, որպէսզի անիկա աւելի մօտեցնենք երիտասարդները: Ասիկա ընելու համար կ’ակնկալեմ յստակ ծրագիր»:

Իսկ ՊՈԱԿ-­ի հաշուետուութիւնը մնացած է առանց գնահատականի. «Այսօր չեմ գնահատեր, առայժմ կը ձգեմ «դրախտի եւ դժոխքի սահմանագիծ»-ին,­կատակած է նախարարը:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր