• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Կեսարիոյ 300-ամեայ Հայկական Վանքը Աւերակներու կը Վերածուի Այժմեան Թուրքիոյ Մէջ

05.08.2015   12:23

Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Թոմարզա վարչական շրջանի Սուրբ Աստուածածին300-ամեայ վանքը աւերման եզրին է:

Երբեմնի կանգուն վանքէն ընդամէնը մնացած է քանի մը քանդուած պատ։ Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, կը հաղորդէ թրքական The Hurriyet Daily News պարբերականը:

Մարիամ Աստուածածնին նուիրուած հայկական վանքը եղած է ուխտագնացութեան կարեւոր վայր: Վանքին կից ժամանակին գործած է Գրիգորեան հայկական հոգեւոր դպրոցը: Այնտեղ հիւրընկալուած է բրիտանացի յայտնի ճանապարհորդ, հնագէտ եւ գրող Կերդրուտ Պէլին:

1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն անիկա թալանուած եւ լքուած է: Խումբ մը հայ վանականներ փորձած են վերականգնել եկեղեցին` չնայած մեծ վնասներուն, սակայն չեն յաջողած:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր