• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ֆրանսահայ Ընտանիքը Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ Եկեղեցիին Զանգեր Նուիրած է

03.08.2015   17:50

Երէկ Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ առաջին անգամ լսուած է զանգերու ղօղանջ: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է Ստեփանակերտի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մինաս քահանայ Մովսիսեան եւ աւելցուցած, որ եկեղեցւոյ զանգերը նուիրած է Ֆրանսահայ Տանգրէզ ընտանիքը:

«Չնայած զանգեր չունենալու հանգամանքին` եկեղեցին լիարժէք գործում էր,  եւ մշտապէս կատարւում էին եկեղեցական արարողութիւններ: Այսուհետ զանգերի ղօղանջները  մեզ  աւելի  են   պարտաւորեցնելու,    որ մենք այդ հնչիւնների ներքոյ  էլ  աւելի      ոգեւորուած եւ զօրացած կատարենք  մեր    առաքելութիւնը»,-ըսած է քահանայ Մովսիսեան:

Հոգեւոր հովիւին խօսքով` զանգը եկեղեցւոյ լեզուն է, որմով մարդոց կը կանչէ ժամերգութեան եւ պատարագի:

«Զանգը կախուած  է  եկեղեցու զանգակատանը  եւ  մեզ համար մեծ ուրախութիւն է, որ վերջապէս եկեղեցին ունեցաւ զանգեր»,- ընդգծած է Տէր Մինաս քահանայ Մովսիսեան:

Նշենք նաեւ, որ զանգերը օրհնուած եւ կախուած են հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի ձեռամբ:

4

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր