• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Նահատակ Գրողներ. 1915-1922 Թուականներ» Գիրքի Շնորհանդէսը Հայաստանի Մէջ

29.07.2015   21:34

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով «Նահատակ գրողներ. 1915-1922 թուականներ»  գիրքը անգլերէն լեզուով հրատարակուած ու արդէն ներկայացուած էր Նիւ Եորքի մէջ:

100 տարի առաջ երիտթուրքերու պետականօրէն ծրագրած եւ իրականացուցած Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին զոհերը արեւմտահայ մտաւորականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներն էին, որոնց առաջինը մէկ գիշերուան ընթացքին կալանաւորեցին, ապա քշեցին աքսորավայրեր, ուր անոնցմէ շատերը գտան իրենց եղերագոյն վախճանը:

Ամերիկահայ անուանի մտաւորականներէն Հրանդ Մարգարեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով անգլերէն թարգմանած եւ այս տարի Նիւ Եորքի մէջ առանձին գիրքով հրատարակած է հայ եղեռնազոհ բանաստեղծներու` Ռուբէն Սեւակի, Սիամանթոյի, Վարուժանի եւ այլոց ստեղծագործութիւններու 250 էջ կազմող անթոլոգիան` «Նահատակ գրողներ. 1915-1922 թուականներ» խորագիրի ներքոյ:

Այս գիրքը արդէն իսկ ներկայացուած է Նիւ Եորքի մէջ, իսկ անցած շաբաթավերջին Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է անթոլոգիայի հայաստանեան շնորհանդէսը:

Սփիւռքահայ անուանի թատերագիր, հասարակական գործիչ, Համազգայինի թատերախումբի ղեկավար, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Հրանդ Մարգարեան Azatutyun.am-ին ըսած է, որ անպայման այս տարի ամերիկացի ընթերցողին անհրաժեշտ էր անգլերէնով ներկայացնել 20-րդ դարասկիզբին մեր գրական լաւագոյն դէմքերը` ոչ միայն իրենց ստեղծագործութիւններով, այլ նաեւ համառօտ կենսագրականներով` մինչեւ 1915 թուականի ողբերգական վախճանը:

«Այս գիրքը նուիրուած է նահատակ 13 գրողներուն, որոնք գեղարուեստական բարձր մակարդակի հասցուցին հայ գրականութիւնը: Այնտեղ կայ անոնց կենսագրութիւնը, գործերու մասին տեղեկութիւններ եւ թարգմանութիւններ: Բանաստեղծներէն` Սիամանթօ, Վարուժան, Ռուբէն Սեւակ, արձակագիրներէն` Մելքոն Գիւրջեան, Թլկատինցի, Երուխան, Ինտրա` Տիրան Չրագեան: Մեծերը` 13 մեծերը, որոնք զոհ գացին 1915-ին: Անոնցմէ մէկը միայն մահացաւ 1922-ին, բայց մենք ան ալ ներառեցինք մեր գործին մէջ: Առաջին հրատարակութիւնն է իր տեսակ հաւաքական ամբողջութեան մէջ»,- ըսած է Մարգարեան:

Մինչ այս գիրքին հրատարակութիւնը, տարիներ առաջ Հրանդ Մարգարեան առանձին փիէս գրած էր` նուիրուած Ռուբէն Սեւակի կենսագրութեան:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր