• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հայկական Մշակութային Շաբաթ` Վիեթնամական «ANTG» Հեռուստաալիքով

15.07.2015   16:36

Յուլիս 14-ին վիեթնամական «ANTG» հեռուստաալիքով մեկնարկեց հայկական մշակութային շաբաթը` նուիրուած Հայաստանի եւ Վիեթնամի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 23-ամեակին:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցմամբ` մշակութային շաբաթի ծիրէն ներս «ANTG» հեռուստաալիքով պիտի ցուցադրուի Վիեթնամի մէջ ՀՀ դեսպան Ռաիսա Վարդանեանի ելոյթը հայ-վիեթնամական յարաբերութիւններու զարգացման եւ անցեալ 23 տարիներու ընթացքին երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն վերաբերեալ:

Մշակութային շաբաթի երաժշտական հատուածին մէջ պիտի ցուցադրուին Շառլ Ազնաւուրի, «KOHAR» սիմֆոնիկ նուագախումբի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի եւ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի համերգները: Առանձին հաղորդումով պիտի ներկայացուին Արամ Խաչատրեանի եւ Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները:

Մշակութային շաբաթի աւարտին պիտի ցուցադրուին «Հայաստան` Նոյի երկիր» եւ «Հռոմէն աւելի հին մայրաքաղաքը» փաստավաւերագրական ֆիլմերը, ինչպէս նաեւ «Արտոյտներու ագարակը» գեղարուեստական ֆիլմը:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր