• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԼՈՅՍ ՊԻՏԻ ՏԵՍՆԷ ՀԱՄՇԷՆԱՀԱՅԵՐԷՆ ԱՌԱՋԻՆ ԱՄՍԱԳԻՐԸ

14.07.2014   23:01

Խումբ համշէնահայեր, Համշէնի լեզուն և մշակոյթը տարածելու և ապագայ սերունդներուն փոխանցելու նպատակով կը պատրաստուին տպագրել համշէնահայերէն առաջին ամսագիրը Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը` վկայակոչելով թրքական «Տիճլէ» լրատուական գործակալութիւնը:

Պարբերականը պիտի կրէ «Գոր» (համշէնահայերէն` կամաւոր աշխատանք) անունը: Խումբը սոյն ամսագրի հրատարակման աջակցելու կոչ  ըրած է բոլոր համշէնցիներուն` հանդէս գալով «Գիրի գոր ունիք, դուք ալ թև ձգեցէք» (համշենահայերէն` «Գիրի մեր կամաւոր աշխատանքին դուք էլ մասնակցեցէք») կարգախօսով:

Համշէնցի ուսումնասիրողներէ, գրողներէ, լրագրողներէ, երաժիշտներէ և ուսանողներէ բաղկացած վերոյիշեալ խումբը կը փափաքի «Գոր» ամսագրի առաջին թիւը հրատարակել Սեպտեմբերին: Ամսագրի 90 տոկոսը բաղկացած պիտի ՚ըլլայ Համշէնի եւ համշէնահայութեան պատմութեան եւ մշակոյթին մասին նիւթերէ: Այս նախաձեռնութիւնը աննախընթաց երեւոյթ է Թուրքիոյ մէջ, ուր անցնող տասնամեակներուն փոքրամասնութիւններու մշակութային ազատութիւններու հանդէպ հետեւողական կաշկանդում գործադրուած է:

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր