• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հայեր Համշէնի Մէջ Հողեր Գրաւելու Ծրագիրներ Կը Մշակեն. «Ասիմտեր»

09.02.2017   12:55

Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութեան («Ասիմտեր») նախագահ Կէօքսել Կիւլպայ պնդած է, որ հայեր, Թուրքիոյ սեւծովեան շրջանին մէջ, գաղտնի ծրագիրներ կը մշակեն։ Այս մասին կը հաղորդէ պոլսահայ«Մարմարա» թերթը։

Ըստ Կիւլպայի՝ անոնք համշէնցիներու ապրած շրջանին մէջ պրպտումներ կը կատարեն եւ կը ջանան տեղւոյն բնակիչները համոզել, թէ իրենք արմատներով հայեր եղած են։ Ան յայտնած է, որ Թուրքիոյ տարածքին կը բնակին 200,000 համշէնցիներ, որոնք ներկայիս խաբէութեան մը ծուղակին մէջ իյնալու սեմին հասած են։

«Հայկական լոպպին, հարաւ-արեւելեան եւ արեւելեան Անատոլուի շրջաններուն մէջ քրտամէտ կուսակցութիւններու անդամներուն ու քաղաքապետներուն զօրակցութեամբ՝ կը ջանայ իր ծածուկ ցանկութիւնները ի գործ դնել Արեւմտեան Հայաստանի ծրագիրով. Սեւ Ծովու Համշէնի շրջանին մէջ ալ կը ջանայ տեղւոյն բնակիչները համոզել, որ անոնք՝ իրենց հայերէնի գործածութեամբ՝ իսլամացուած նախկին հայեր եղած են։ Ուստի, հայերը իրենց այս գաղտնի աշխատանքներով՝ կը ջանան Սեւ Ծովու շրջանէն հողային պահանջ ունենալ»,- ըսած է Կիւլպայ եւ ընդգծած, թէ այդպիսի անձեր Հայաստանէն զօրակցութիւն կը գտնեն եւ միջազգային հիմնարկներէ նիւթական օժանդակութիւն կ՛ապահովեն։

«Անոնք թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Հայաստանի մէջ աշխատաժողովներ ու բանակցութիւններ կը կազմակերպեն։ Ներքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է հետեւի շրջանին մէջ սանձազերծուած այս գաղտնի խաղերուն եւ դիմէ հարկաւոր միջոցներու»,- նշած է Կիւլպայ։

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր