• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ԵՊԲՀ 20 Միլիոն Դրամ Պիտի Տրամադրէ Զոհուածներու Ընտանիքներուն

12.01.2017   08:38

Մխիթար Հերացիի անուան Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի (ԵՊԲՀ) գիտական խորհուրդի 29 Դեկտեմբերի նիստի օրակարգի վրայ էին ամպիոններու վարիչներու ընտրութեան, ինչպէս նաեւ գիտական կոչումներու հաստատման հարցեր:

Այս տեղեկութիւնը, ըստ Armenpress.am-ի, փոխանցած է ԵՊԲՀ մամուլի քարտուղար Տաթեւիկ Գրիգորեան, որ աւելցուցած է, թէ նիստին ընթացքին հաստատուած են նաեւ անուանական կրթաթոշակառուները: Ամպիոնի վարիչներու ընտրութեան եւ գիտական կոչումներու հաստատման փակ գաղտնի քուէարկութենէն ետք ԵՊԲՀի նախագահ Արմէն Մուրատեան ներկայացուցած է համալսարանի յառաջիկայ ծրագիրները: Ան շատ կարեւոր նկատած է բժշկական մայր համալսարանի միջազգայնացման գործընթացը, որ հիմք պիտի ըլլայ յետագայ աշխատանքներուն եւ ապահովէ ԵՊԲՀ-ին տեղը միջազգային կրթական բնագաւառին մէջ: Ան ընդգծած է նաեւ առկայ հզօրութիւններու արդիականացման վերաբերող աշխատանքներու իրականացման կարեւորութիւնը:

Գիտական խորհուրդի նիստի աւարտին Արմէն Մուրատեան յայտարարած է, որ այս տարի համալսարանը տնտեսած է որոշակի գումար, որուն վրայ աւելցնելով ամանորեայ նախաձեռնութիւններուն համար նախատեսուած գումարը, շուրջ 20 միլիոն դրամ պիտի տրամադրուի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուածներուն ընտանիքներուն:

Նշենք նաեւ, որ Մխիթար Հերացիի անուան Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի ղեկավարութիւնը կը ծրագրէ շարունակական դարձնել ընկերային այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր