«Օր»եր

Ինչպէս Երկրագունդը՝ քաղաքները, ճամբաները խճողուած են, այդպէս ալ տարիները խճողուած են յատկանշական «Օր»երով,  որոնք կը  յուշեն, կը շեշտեն անոնց աւելի իմաստ եւ հանգամանք տալու հաւաքաբար եւ աշխարհին ծանուցելու, ծանօթացնելու եղելութիւն մը, կամ նպատակադրում մը, յանուն  մարդու  բարօրութեան ի հարկէ: Միացեալ Ազգերու խաղաղապահներու Օր, Մայրերու Օր, Հայրերու  Օր,Ոչ Ծխախոտային Օր, Ընտանիքի Համաշխարհային Օր,Հիւանդապահներու Օր եւ այլն  եւ այլն զորն ասեմ որ խոստովանիմ: Ամէն ազգ ունի նաեւ իր սեփական ազգային տօնախմբութեան Օրերը, ինչպէս մենք՝  ՍԲ. Ծնունդ, Վարդանանք, Ապրիլեան Սգայուշ, Մայիսեան Եռատօն, Մայիս 28 Առաջին Հանրապետութիւն, (Սարտարապատի Յաղթանակ) Նոյեմբեր  29 Խորհրդային Հանրապետութիւն,  Սեպտեմբեր  21-րդ Հանրապետութիւն որու մէջ կը շնչենք:

«2020 թուականի Ափրիկէի  օրուան կարգախօսն էր «ԼՌԵՑՆԵԼ ԶԷՆՔԵՐՈՒ ՁԱՅՆԸ՝ ՔՈՎԻՏ 19 ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՇՐՋԱԳԻԾԷՆ ՆԵՐՍ» «ԱՓՐԻԿԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ» կազմակերպութեան խաղաղութեան եւ անվտանգութեան բաժանմունքին կողմէ «ԼՌԵՑՆԵԼ  ԶԱՆԳԵՐԸ» …Նպատակը՝ Ափրիկեցիներու մէջ արթնցնել խաղաղութեան եւ զարգացման միջեւ գոյացուած սերտ իմաստը: Ափրիկէի Օրը կը նշուի ամէն տարի Մայիս 25ին ոգեկոչելու համար Ափրիկէի Միութեան հիմնարկի ծնունդը որ տեղի ունեցաւ Ատիս Ապեպայի մէջ՝ 25Մայիս 1963ին: «Ափրիկէի Օր»ը նկատուած է իբրեւ ազգային պետական տօն Ափրիկէի տարբեր երկիրներու մէջ: Մշակութային եւ գեղարուեստական ձեռակերտներ ցոյց տալու Ափրիկէի գեղեցկութեան հմայքը:»

Սակայն բանականութեան ցուցմունքները ցախերու պէս կը փշրուին բնազդին հաստաբուն կոճղին վրայ. Հուսկ՝կը մնան ԱՆԶՕՐ եւ այդպէս նոյն երէկը ամենօրեայ, նոյն լուսինը  պարտուած ու որբ կ՛ընթանան դարերէ ի վեր միասին բայց հակադիր. Ուստի դարերն ալ հազարամեակներէ մեզի կու գայ նոյն խորքով թէեւ տարբեր զգեստներով: Հինէն, փիլիսոփաներու, կրօններու թելադրութիւններն ու ցուցմունքները կը կրկնուին ու կը կրկնուին սակայն ո՛չ կը մաշին ոչ ալ կը հիննան ոչ ալ կ՛իրագործուին: Կը կառուցուին ու կը քանդուին Աշրամներ, Եկեղեցիներ, Մզկիթներ վերջապէս աղօթատեղիներ ու կ՛ընթանայ կեանքը իր օրէնքին հլու յիշեցնելով պտըտուիր պտըտուիր կարուսել  ես քո երգը վաղուց եմ լսել:Վաղուց, հազարաւոր տարիներէ նոյն ցանկութիւններն ու նոյն կրկնութիւնները. Մեզի հասած եւ այնքան ընդհանրացած գիրքերէն (տախտակ) Կիլկամիշի հերոսամարտն է (ամէն ինչ տեսածի մասին): Դիրքի չարաշահում, նախանձ, սէր, ընկերակցութիւն, հակամարտութիւն աստուածային միջամտութիւն եւ այլն ու ամէնէն շեշտուածը՝ վախճանական նպատակը, ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ ՏԻՐԱՆԱԼՈՒ ՏԵՆՉԸ ու պատասխանը անոր.- «Աստուածները, երբ ստեղծում էին մարդուն,- նրան մահ սահմանեցին, կեանքն իրենց ձեռքերում պահեցին»: Սակայն տենչացող մարդու համար հարցը հոս չի փակուիր. Ամէն գնով  անմահութիւն տենչացողներու  համար կայ ՀԱՒԱՏՔԸ, որ կը ներգործէ ու կ՛ունենաս յետ մահու ա՛յլ կեանք, գերիրական ու ցանկալի, որու համար զինուորագրուողներ պատրաստ են հրաժարելու ներկայ կեանքէն իսկ: Ամէն կրօն իրեն յատուկ հաւատով, որ անվիճելի է:  Եւ տարիները կը թաւալին, կ՛ըլլան դարեր:

Պտըտուիր, պտըտուիր կարուսել:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 102-րդ Ամեակի Նշում

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան տօնը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբեկեանի։

Հինգշաբթի, 28 Մայիս 2020-ին, աշխարհի չորս ծագերէն հայորդիներ, Կաթողիկոսարանին «Սիլիսիա Թի. Վի.»-ի ճամբով, միացան Անթիլիասի Մայրավանք եւ առցանց կերպով մասնակից դարձան Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրուած «Գոհաբանական Մաղթանք»ին, որ տեղի ունեցաւ Մայր Տաճարին կողքին կանգնած Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 100-ամեակի նուիրուած յուշակոթողին առջեւ։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ «Նշանաւ ամենայաղթ» շարականի երգեցողութեամբ։ Արարողութեան ընթացքին արտասանուեցան աղօթքներ եւ մաղթանքներ, ընթերցուեցան Աւետարանէն եւ առաքելական թուղթերէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եռագոյն դրօշի օրհնութիւն։

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը։ Պատգամին մէջ ան ընդգծեց հաւաքական յիշողութիւններու նշումին եւ զայն նոր սերունդներուն փոխանցելուն հրամայականը։ Ան ըսաւ, որ հրաշքի համազօր երեւոյթ էր Հայաստանի անկախութեան հռչակումը՝ թէկուզ պատմական Հայաստանի կտոր մը հողի վրայ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ հալածանքի ու ստրկութեան ճիրաններուն մէջ կը տուայտար, եւ նշեց, որ հրաշքը կ՚իրականանայ հոն, ուր ամուր հաւատք, կամք, ներքին միասնականութիւն եւ հայրենիքին համար նոյնիսկ արիւն թափելու սրբազան նախանձախնդրութիւն կայ։ Հայրապետը յայտնեց, որ միշտ ալ դառն եղած են աշխարհաքաղաքական պայմանները հայ ժողովուրդին համար եւ թէեւ ազատ ու անկախ Հայաստանի կեանքը երկար չտեւեց, սակայն անկախութեան ոգին ու տեսլականը տակաւին անմեռ է՝ մարմնաւորուած եռագոյն դրօշով։ «Սիմոն Վրացեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Կարօ Սասունի, հերոսներ, բարձրագոյն աստիճանի հայրենասէրներ, որոնք տասնամեակներ շարունակ Անթիլիասի Մայրավանքի սրբազան հողին վրայ մեզի հետ աղօթեցին, տագնապեցան, երազեցին ու պայքարեցան՝ ի խնդիր Հայաստանի անկախութեան վերահաստատման, ամբողջական Հայաստանին ու ամբողջական հայութեան»։

Հայրապետը երեք կէտերու մէջ ամփոփեց Մայիս 28-ի պատգամը։ Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր հայու համար առաջնահերթութիւն է ներկայ ազատ անկախ Հայաստանի հզօրացումը, անկախութեան ամրացումը, տնտեսութեան ծաղկումը եւ միջազգային յարաբերութիւններուն ծաւալումը։ Անդրադառնալով Արցախին, Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս հաստատեց, որ Արցախի անկախութեան ամուր պահպանումը, հերոս բանակին առաւել կազմակերպումը, Արցախի հայութեան իր սրբազան հողին ամուր կապուածութիւնը, իւրաքանչիւր հայու եւ ողջ հայութեան համար պէտք է դառնայ ամենօրեայ տագնապ։ «Չմոռնանք, որ Արցախի հզօրացումն ու անվտանգութեան ամրացումը Հայաստանի՛ հզօրացումն է։ Հայաստանին ու Արցախին հզօրացումը մեր ազգային պահանջատիրութեան ամուր հիմքն է», շեշտեց Հայրապետը։ Երրորդ եւ վերջին կէտին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ 1918-ի Հայաստանի ընկերատնտեսական պայմաններուն մասին՝ տնտեսական տագնապ, համաճարակ, արտաքին ճնշում եւ թշնամիներով շրջապատում, եւ յայտնեց, որ ներկայ հանգրուանին եւս Հայաստան նոյնանման վիճակի մէջ կը գտնուի. «Զգո՜յշ, Հայաստանի պահպանումը մեր ժողովուրդին համար գերագոյն սրբութիւն պէտք է դառնայ։ Այսօր եւս, մեր պայմանները դառն են՝ ներքին թէ արտաքին. հետեւաբար, հայրենի մեր ժողովուրդը պէտք է հեռու մնայ բեւեռացումներ յառաջացնող, ներքին լարուածութիւն սրող, մեր ժողովուրդի ներքին ոյժը ջլատող ամէն տեսակ մօտեցումներէ» շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը եզրափակեց յորդորելով համախմբել հայութեան  ներուժը եւ յարգել Մայիս 28-ի կտակը։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Տեսակէտ. Երիտասարդական Հարթակ Արեւմտահայերէնը Դէպի Ո՞ւր

Հայոց լեզու, դու մեր անկողոպտելի գանձը եղար, մեր անընկճելի հայրենիքը:

Մեր ժողովուրդը կորցրեց գահ եւ թագ, զօրք եւ իշխանութիւն, աւեր եղան եւ աւար մեր բերդերն ու քաղաքները, աւար եղան մեր ինչքն ու գոյքը,

բայց դու մնացիր միայն կանգուն, մնացիր յաղթական:

Ցնցոտի հագաւ մեր ժողովուրդը, բայց դու ծիրանով ծածկեցիր նրա հոգին, թշնամին ջախջախեց նրա սրունքը, դու թեւեր տուիր նրան` ժողովրդի:

Աւետիք Իսահակեան

 

            Դարերու ընթացքին, երբ հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր պետականութիւնը իր հայրենի հողին վրայ, երբ ստիպուեցաւ գաղթականի ցուպը ձեռքին գաղթել օտար երկիրներ, հայոց լեզուն էր այն հրաշքը, որ հայուն տուաւ իր վահանը պաշտպանուելու համար ձուլումէ եւ օտար մշակոյթներու ազդեցութենէն:  Միայն ան էր մշակոյթի կողքին, որ հայուն տուաւ այն թռիչքը եւ լեզուամտածողութիւնը, որ հայ մարդուն տուաւ առաւելութիւն մը: Հայ Առաքելական եկեղեցին, պետականութեան բացակայութեան, դարձաւ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի պահապանը: Այս է պատճառը, որ հայը ուր որ գնաց իր հայրենիքէն հեռու, հոն հիմնեց եկեղեցի եւ դպրոց: Այս երկուքը դարձան երկուորեակներ: Ուր որ ծաղկեցաւ հայ դպրոցը, հոն նաեւ ծաղկեցաւ հայոց լեզուն եւ հայ մարդը մնաց իր արմատներուն մօտ: Այդ լեզուին մէջ փնտռեց կարօտը իր հայրենիքին: Երբ հայ մանուկը սորվեցաւ լեզուն, ան հայկական մշակոյթի շարունակութեան երաշխաւոր դարձաւ: Հայ եկեղեցականներուն ալ մեծ դեր վերապահուած էր սերունդներու հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան մէջ:

            20-րդ դարու սկիզբը, երբ տեղի ունեցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայ գաղթականներ հասան Միջին Արեւելք, հոն յայտնի դարձաւ եկեղեցիին եւ հայրենակցական միութիւններու համերաշխ աշխատանքին արդիւնքը: Հայրենակցական միութիւններ հիմնեցին եկեղեցի, դպրոց եւ գաղթական հայը շինեց իր բնակարանը եկեղեցիին եւ դպրոցին մօտ: Պուրճ Համուտի մէջ Նոր Մարաշ թաղամասը իր Սբ. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիով ու Պէյրութի մէջ Նոր Հաճըն թաղամասը իր Սբ.Գէորգ եկեղեցիով ամենալաւ օրինակներն են: Ուրեմն, հայրենակցական միութիւնը դարձաւ ձեւով մը ընկերային ապահովութեան ցանցը: Այն աշակերտը, որ դժուարութիւն ունէր վճարելու իր կրթաթոշակը եւ որոշ չափով յառաջադէմ էր, յաճախած վարժարանը կը հարցնէին, թէ որ քաղաքէն է ինք եւ կը դիմէին այդ հայրենակցական միութեան: Այդ օրերուն, առաջին եւ երկրորդ սերունդի հայրենակցական միութիւններու վարչականներ իսկապէս համեստ եւ ժուժկալ մարդիկ էին: Եթէ իրենք չէին կրնար, անպայման կը գտնէին ուրիշ անձ մը որ օգնէր այդ ուսանողին: Այս էր պատճառը որ դպրոցները բարգաւաճեցան, որովհետեւ հաւատացեալ եւ ժուժկալ մարդիկ էին հայրենակցական միութիւններու վարչականները ու վարժարաններու տնօրէններն ալ իւրայատուկ եւ բարեհամբոյր մարդիկ էին:: Այս օգնութեան ձեւը տեւեց մինչեւ 20-րդ դարու վերջաւորութիւնը, որովհետեւ Արեւելքի համայնքները այդ երկիրներու անկայուն վիճակին պատճառով յարատեւ արտահոսքի մէջ էին: Արեւելքը բաւական պարպուեցաւ իր բարեկեցիկ տարրերէն: Մնացին միջին դասակարգի հայեր եւ քիչ թիւով բարեկեցիկ մարդիկ, բան մը որ բաւարար չէր օգնելու համար հայ համայնքի կարիքներուն: Հայաստանի անկախացումն ալ իր դերը ունեցաւ այս ժխտական հոլովոյթին մէջ: Հ.Բ.Ը.Մ.ի նման մեծ միութիւն մը սկսաւ Հայաստանի պիւտճէն աւելցնել եւ նուազեցնել Սփիւռքի իր պիւտճէն: Արդիւնքը շատ մը միութեան հովանաւորութիւնը վայելող վարժարաններու փակումն էր: Ուրիշ մտածելակերպ մըն ալ քանդեց հայկական վարժարանը: Այդ մէկը Արեւմուտքէն փոխ առնուած պաղարիւն գործնականութեան (pragmatism) փիլիսոփայութիւնն էր: Այն վարժարանը որ բաց ունէր պէտք է փակուէր: Ցաւալի եւ անմարդկային վերաբերմունք մը հայ դպրոցին հանդէպ: Մարդիկ գլուխ ցաւցնելու տրամադրութիւն չունէին: Ամերիկեան գործնականութեան նողկալի վերաբերմունք մը, որ տակաւին աւերներ կը գործէ Սփիւռքի մէջ: Վերջերս Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կլէնտէյլի վարժարանին փակումը ցաւալի որոշում մըն էր: Արդէն յայտնի դարձաւ որ այն ընկերային ապահովութեան ցանցը, որ հիմնուած էր մեր պայծառ նախահայրերուն կողմէ եւ որու հիմը քրիստոնէական հաւատքն էր եւ այդ ազնիւ մարդոց յարգանքը հայ գիր ու դպրութեան հանդէպ արդէն կորսուած էր, իր շատ վտանգաւոր հետեւանքներով: Համաշխարհայնացում կոչուած շարժումին նպատակն էր Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ դաստիարակել անդէմ, համ ու հոտ չունեցող Աշխարհի քաղաքացի մարդիկ, առանց ազգային պատկանելիութեան: Քաղաքացիներ, որոնց համար հայոց լեզուն անհրաժեշտ չէ:  Հոս պէտք է փնտռել այն թափանցիկ ձեռքը, որ տուաւ խրատը թոյլ ձեւով վերաբերելու հայկական մշակոյթի կորիզ հանդիսացող հայոց լեզուին հետ… Ազգային վարժարանն ալ կորսնցուց իր առաջուան փայլքը, որովհետեւ բազմակուսակցական եւ միութենական նեցուկը չէր վայելեր այլեւս, շնորհիւ հատուածական եւ միակողմանի քաղաքականութեան մը, որ 1960-ականներէն սկսեալ ձեռք դրաւ ազգային վարժարանին վրայ ու հայ աշակերտի ծնողքին հետ վարուեցաւ օտարականի մը նման, եթէ անդամ չէր կուսակցութեան մը: Նշանակուեցան միջակութիւններ պաշտօններու վրայ իրենց կուսակցական պատկանելիութեան պատճառով: Բան մը որ տկարացուց ազգային վարժարանը: Ներկայ անմխիթար վիճակը այդ կը փաստէ:

            Ապագան լաւ բան չի յուշեր: Մեծ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի խօսքը, թէ լեզուն թեւեր տուաւ հայուն, որքան իրական է: Այո դժբախտաբար ամէն օր ականատես կը դառնանք, թէ հայը ինչպէս իր իսկ թեւերը կը կտրէ, կտրելով իրեն լեզու սորվեցնող դպրոցին բազկերակը: Թուլութեան եւ անկարութեան ահռելի կեցուածք մը կայ Սփիւռքի մէջ: Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը կը յայտարարէ, թէ արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզուներու շարքին կը դասուի այլեւս ու արդիւնքը կ’ըլլայ դժբախտաբար աւելի մեծ թիւով հայկական վարժարաններու փակում եւ ամպերու վրայ կառուցուած ու կազմուած վարչութիւններ արեւմտահայերէնի անկումը զսպելու համար: Գործնական ոչ մէկ քայլ…Միայն ճառեր ու մեծ մեծ խօսքեր: 

            Անցեալին, Արեւմուտքի մէջ բնակող մեծահարուստ ազգայիններ իրենց օժանդակութիւնը կը ղրկէին Արեւելքի մէջ գտնուող հայ վարժարանին, շատ լաւ գիտնալով, թէ Արեւելքն է աղբիւրը հայ դպրութեան ու մշակոյթին: Հոն է որ կը դաստիարակուին մեր ժողովուրդի մտաւորականները, ուսուցիչները, խմբագիրները եւ բոլոր մշակոյթի դպիրները: Այս կեցուածքը ներկայիս փոխուած է կարծես: Օգնութիւնը մեծ մասամբ դադրած է, բացառութեամբ որոշ անշահախնդիր, հայրենասէր հոյլի մը: Այս ընթացքով այնպէս կ’երեւի, թէ արեւմտահայերէն լեզուի շուրջ օղակը կամաց-կամաց կը սեղմուի: Մեզի թռիչք տուող լեզուն արժանի չէ այս թոյլ վերաբերմունքին: Արթննալու ժամը հասած է եւ ուշացումը մեզ պիտի տանի այն տեղը, ուր մեր յետնորդները մեզ պիտի այպանեն մեր թոյլ եւ անպատասխանատու վերաբերմունքին համար: Զարթի՛ր լաօ քանի դեռ ուշ չէ: Գործնական քայլերու ժամանակն է:

ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

 

 

Վեհան Մելիտոնեան-Պետիրեանի Յիշատակին

1988 թուականին էր որ ճանչցայ Վեհանը, երբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Ալեք Մանուկեան երիտասարդական կեդրոնին մէջ մշակութային ձեռնակներ տեղի կ’ունենային առաջնորդութեամբ Վեհանի ամուսնոյն՝ պատմաբան Լեւոն Վարդանին: Փափաք յայտնեցի որ զիս ալ ընդունին մշակութային յանձնախումբին մէջ որպէս անդամ: Շուրջ տասնեակ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ արդէն կը գործէին յանձնախումբին մէջ:

1992-ին, Լեւոն Վարդան գերզբաղած ըլլալով, հրաժարեցաւ յանձնախումբէն: Նոյնը ըրին նաեւ կարգ մը այլ անդամներ՝ Լիբանանէն գաղթելու կամ այլ պատճառներով: Մնացեալ չորս անդամներով կազմեցինք նոր յանձնախումբ մը, հետեւեալ կազմով. Վեհան Պետիրեան՝ ատենապետուհի , Աստղիկ Մենտիլեան՝ ատենադրպրուհի, խորհրդականներ՝ Լորիս Տոնապետեան եւ Զաւէն Ղարիպեան:

Վերոյիշեալ խումբը, մինչեւ Ալեք Մանուկեան կեդրոնին ծախուիլը 2008-ին, 16 տարի շարունակ առանց յոգնելու կազմակերպեց տարեկան 6-7 մշակութային ձեռնարկներ՝ պատմական, գրական հանդիպումներ, մեծարանքի երեկոներ, ընկերային հարցերու նուիրուած ասուլիսներ, ապրիլեան ոգեկոչում, բանաստեղծական յօրինումի մրցանք եւ այլն:

Պէտք է խոստովանիլ, որ այդ ձեռնարկները բաւական յաջողութիւն կ’արձանագրէին, մի քանի պատճառներով: Նախ՝ Ալեք Մանուկեան կեդրոնը, հակառակ նախապատերազմեան իր կարճատեւ աշխուժութեան, ունէր որոշ վարկ եւ համբաւ, իբրեւ մշակութային որակաւոր հանդիպումներու կեդրոնավայր: Երկրորդ, յանձնախումբի անդամները որոշ փորձառութիւն ունէին նմանօրինակ ձեռնարկներ կազմակերպելու: Յատկապէս նշանակալից էր Վեհանին բացառիկ հմտութիւնը հայոց լեզուի, պատմութեան, մշակոյթի եւ գրականութեան մէջ: Իր բացման խօսքերը, իրենց որակով, տարողութեամբ առանձինն յիշարժան ելոյթներ կ’ըլլային, մանաւանդ որ, ինք կը տիրապետէր ըսելիքը գեղարուեստականօրէն յղելու կարողութեան, մերթ՝ յուզումնալից, մերթ՝ կրքոտ, բայց միշտ որակաւոր հայերէնով ու անկեղծութեամբ:

Այսօր չկայ Ալեք Մանուկեան կեդրոնը եւ չկայ Վեհանը, եւ մենք կ’ափսոսանք երկու կորուստներուն համար: Այո՛, կ’ափսոսանք, որովհետեւ թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը փոխարինողներ չկան:

Սիրելի Վեհան յիշատակդ անթառամ մնայ:

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Տեսանկիւն. Մեր Վիճակը Այս Օրերուն

Մեր վիճակը այս օրերուն կը նմանի այն մարդուն, որ փողոցին մէջ ուշքը կորսնցուցած աղջիկ մը կը գտնէ ու զայն կը հասցնէ մօտակայ հիւանդանոց: Բժիշկը աղջիկը քննելէ ետք կ՛ըսէ. «Շնորհաւոր ըլլայ. տիկինը յղի է»… մինչ մեր մարդը կը բարկանայ, որ ինք չէ երեխային հայրը, աղջիկը լալով կը գոռայ. «Ո՛չ, դուն ես հայրը. Դո՛ւն ես: Մի ուրանար»:

Բժիշկը կը միջամտէ առաջարկելով յաւելեալ քննութիւններ: Ահագին կռիւէ, պոռչտուքներէ եւ տարրալուծարանային քննութիւններէ ետք բժիշկը կը հաստատէ, թէ մարդը չի կրնար երեխային հայրը ըլլալ քանզի ան ամուլ է եւ անկարող բեղմնաւորելու:

Մարդը հիւանդանոցէն դուրս կու գայ ուրախ, որ ինք անմեղ է: Միեւնոյն ժամանակ տխուր՝ որովհետեւ ամուլ է:

Ճամբան յանկարծ միտքը կ՛իյնայ, որ ինք ամուսնացած է եւ ունի զաւակներ, ու ինքզինքին հարց կու տայ, թէ անոնք ուրտեղէ՞ն եկած են…

… Յանկարծ կ՛արթննայ քունէն եւ կ՛ուրախանայ, որ այս ամբողջը երազ էր, որ տեսած էր…:

Անկողինէն ելլելով ջուր կը խմէ  վախը թեթեւցնելու համար: Ջուրը խմելէն ետք կ՛անդրադառնայ, որ ինք ծոմ պահած էր:

Ժամին կը նայի ու կը մտահոգուի, որ գործի երթալու ուշացած է:

Կ՛իջնէ տունէն ու թաքսի մը կը նստի: Գործատեղի կը հասնի ուր մարդ չի գտներ: Այնտեղ կը յիշէ, որ օրը Կիրակի է եւ իրենք այդ օրը կը փակեն հաստատութիւնը:

Արագ մը տուն կը վերադառնայ, որպէսզի լուացուի ու մզկիթ հասնի Ուրբաթ օրուայ աղօթքը կատարելու:

Կինը կ՛արթննայ ու կ՛ըսէ իրեն. «Այս ո՞ւր էիր եւ ո՞ւր կ՛երթաս Նիկողոս…»:

Այդ պահուն մեր մարդը կ՛անդրադառնայ, որ իր մտահոգութիւններով տարուած նոյնիսկ մոռցած է, թէ ինք Հայ քրիստոնեայ Նիկողոսն է…:

Ահաւասիկ այսպէս է մեր իրավիճակը այս օրերուն սիրելիներ:

Յիշեցէք, որ յետին նպատակով մը գրուած չեն այս տողերը: Յանկարծ չքաղաքականացնէք:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Մի Երգի Պատմութիւն – 46 – Տը Ֆայնըլ Քաունթտաուն- Եուրոփ (The Final Countdown – Europe)

Կարծում եմ սխալուած չեմ լինի, եթէ ասեմ, որ այս երգի նախաբանը ծանօթ է բոլոր մարդկանց անխտիր։ Չի գտնուի աշխարհի վրայ մէկ մարդ, ով չի լսել այդ մի քանի տակտ՝ կպչուն մտքի նման յիշողութեան մէջ դրոշմուող մեղեդին։

Խօսքը շուետական  Europe խմբի   The Final Countdown  երգի մասին է , որի հեղինակն է Ճոուի Թեմփեսթը։ Նա երգի յայտնի նախաբանը գրել էր  վաղուց եւ թողել անաւարտ։ 4 տարի անց, նրա գործընկեր, խմբի պաս կիթառահար Ճոն Լեվենի յորդորով նա երգը աւարտին հասցրեց եւ ներկայացրեց խմբի մնացած անդամների դատին, որոնք այնքան էլ լուրջ չվերաբերուեցին ստեղծագործութեանը։ Երգի բառերը գրուեցին Տէյվիտ Պոիի Space Oddity երգից տպաւորուած։ Խումբը մտադրութիւն չուներ երգը թողարկելու սինկլ՝ միայնակ սկաւառակի տեսքով։ Նրանք կարծում էին, որ բաւարար է, որ այս երգը կատարուի միայն համերգներից առաջ։ Բայց Թեմփեսթը ժամանակին կարողացաւ երաժշտական հոտառութեամբ զգալ, որ երգը յաջողութիւն է ունենալու եւ պնդեց այն ձայնագրել եւ թողարկել։ Եւ չսխալուեց։

Երգը թողարկուեց 1986 թուականին եւ անմիջապէս դարձաւ մի քանի երկրի ազգային հիթ-շքերթների առաջատար, այդ թւում Մեծ Բրիտանիայում, Գերմանիայում, Շուետյայում, Իտալիայում։ Միացեալ Նահանգներում Billboard Hot 100-ում զբաղեցրեց միայն 8-րդ տեղը։

Երգի արտադրման օրուանից այն բազմաթիւ  անգամներ կիրառուեց   ժամանակակից մշակոյթի մէջ։ Երգն առաւել շատ սիրում են մարզական միջոցառումների կազմակերպիչները։ Բազմաթիւ մարզիկներ՝ բռնցքամարտիկներ, ըմբշամարտիկներ եւ առանց կանոնների մարտի մասնակիցներ մրցումի են դուրս եկել հենց այս երգի ներքոյ։ Այն նաեւ լայնօրէն կիրառւում ՝ ֆիլմերում եւ հեռուստահաղորդումներում։

Երգի  համար յատուկ հոլովակ չնկարուեց, այլ օգտագործուեց երկու տարբեր համերգներից նկարահանուած հատուածներ։

Այս երգի պատմութեան ամենահետաքրքրական մասը կապուած է երգի նախաբանի ձայնագրման հետ։ Ձայնագրութեան ժամանակ Թեմփեսթը երաժշտութիւն համադրող գործիքի (synthesizer) հնչերանգը ստացել էր  իրար միացնելով  երկու տարբեր երաժշտութիւն համադրող գործիքներու`  Yamaha-ի եւ   Roland-ի հնչերանգները։ Ամբողջ զաւեշտը կայանում էր նրանում, որ դրանից յետոյ Թեմփեսթը այլեւս ոչ մի գործիքով չկարողացաւ ստանալ այդ հնչերանգը կենդանի համերգների ժամանակ եւ ստիպուած էր լինում օգտագործել ձայնագրուած հատուածը։  

Խումբը բազմաթիւ երգերի  եւ ալպոմների հեղինակ է, բայց ցաւալին այն է, որ բոլորը նրանց յիշում են միմիայն այս երգով։ Երգը,   յայտնի հիթ դառնալուց յետոյ , դարձաւ նաեւ նրանց խմբի թուլացման եւ բաժանման պատճառ։ Ձայնագրութեան շուրջ առաջացած տարաձայնութիւնները հետզհետէ աճելով, խմբին կանգնեցրին բաժանման եզրին։ Խումբը ցրուեց, սակայն երգը յաւերժացաւ։

Մենք թռչում ենք միասին,

Բայց միեւնոյնն է, սա հրաժեշտ է ․․․

Կլինի՞ երբեւէ ամեն բան առաջուայ նման

Սա վերջնական հետհաշուարկն է ․․․

                                    

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

 

 

 

Ամերիկեան Բարքեր

Քալող Սեղանները . . .

Պսակաձեւ ժահրի համաճարակը նոր բառամթերքով ճոխացուց անգլերէն լեզուն։ Օրինակ՝ live streaming, առցանց սփռում եւ social distancing, ապահով գօտի։ Ուրեմն ըստ ապահով գօտիին, մարդիկ պէտք է իրարմէ առ նուազն վեց ոտք (մօտաւորապէս երկու մեթր) հեռու նստին կամ քալեն։

Պետական հրահանգով՝ Մարտ 14-էն ի վեր ճաշարանները փակ էին որպէսզի մարդիկ քով-քովի գալով զիրար չվարակէին այդ ախտէն։ Կարգ մը նահանգներ Մայիս 15-ին թոյլատուութիւն տուին ճաշարաններուն, որ բանան իրենց դռները յաճախորդներուն համար, սակայն մասնակի տարողութեամբ (limited capacity)։

Քալող սեղաններու դէպքը պատահած է Մէրիլընտ նահանգի Օշըն Սիթի քաղաքին մէջ։ Ուրեմն Fish Tales Bar and Grill ծովեզերեայ ճաշարանը հետեւեալ միտքը յղացած է, որպէսզի անսայ իրարմէ վեց ոտք հեռու նստելով ուտելու պետական հրահանգին։

Ճաշարանատէրը՝ անիւներով օժտուած սեղաններուն մէջտեղերը կլոր մը փորած է որպէսզի մարդիկ կայնին հոն եւ սեղաններուն չորս կողմերն ալ անցուցած է ինքնաշարժի անիւներուն ներքին խողովակները (inner tubes), որպէսզի իրարու եթէ զարնուին՝ փորձանք մը չպատահի եւ յաճախորդները (տես նկարը) շարքով յառաջանան, կատարելու իրենց ապսպրանքը։

Որո՞ւ միտքէն կանցնէր այսպիսի մտայղացում մը . . . Բայց մարդիկ այլեւս ձանձրացան տունը կալանքի տակ մնալէն եւ ստիպողաբար պիտի բանան իրենց գործատեղիները, որպէսզի աշխատին եւ իրենց ընտանիքին ապրուստը կարենան ապահովել՝ այնպէս չէ՞ . . .

Արդար ըլլալու համար պէտք է աւելցնեմ որ ճաշարանները ցարդ ապսպրանքով միայն ճաշ կը պատրաստէին իրենց յաճախորդներուն համար։ Իսկ յաճախորդը կ՛երթար ճաշարան, ապսպրանքը կ՛առնէր եւ տուն կը վերադառնար։ Մէկ տարբերութեամբ միայն որ ճաշարանին մէջ նստելով ուտել արգիլուած էր։ Սա՝ ըստ ինծի, երկու չարեաց փոքրագոյնն է եւ շատ մը յաճախորդներ գոհացած էին այդ տարբերակէն!

Անհաւատալի՝ Բայց Իրաւ . . .

Գաղտնիք մը չէ որ մարզական աշխարհը լի է անակնկալներով։ Այսօրուան մեր նիւթը պիտի կեդրոնանայ աշխարհահռչակ պասքէթպոլ խաղացող Մայքըլ Ճորտընի վրայ։

Մայքըլ Ճորտըն՝ որպէս արհեստավարժ մարզիկ, 15 տարուայ պատուաբեր վաստակ մը ունի, խաղալով Chicago Bulls խումբին հետ։ Այդ խումբին հետ ան տիրացած է վեց ախոյանական տիտղոսներու եւ երկու անգամ ալ մասնակցած է Ողիմպիական խաղերուն՝ Լոս Անճելըսի մէջ 1984 թուականին եւ Պարսելոնայի մէջ 1992 թուականին, ներկայացնելով Միացեալ Նահանգները։

Իսկ ի՞նչ է անհաւատալի, բայց իրաւը։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։ 1985 թուականին անոր հագած մարզական զոյգ մը կօշիկը (sneakers) վերջերս աճուրդով ծախուած է 560,000 տոլարի . . .

Բայց պէտք է դիտել տամ որ իր հագած ըլլալու հանգամանքը չէ որ այդ զոյգ մը կօշիկին գինը բարձրացուցած է այդ աստիճան, այլ ան թէ՝ իր կօշիկներէն մէկուն վրայ Մայքըլի ստորագրութիւնը (տես նկարը) դրոշմուած է ու վերջ։

Հետաքրքրական է գիտնալ թէ աճուրդը սկսած էր 300,000 տոլարով, սակայն վերջին քսան վայրկեաններուն՝ անոր գինը անհամեմատօրէն բարձրացած էր, ինչպէս վերոյիշեալ գումարը կը յայտնաբերէ։

Գնողը անշուշտ այդ զոյգ մը կօշիկը պիտի չհագուի, այլ պիտի պահէ որպէս արժէքաւոր մէկ առարկայ՝ հաւանաբար յուսալով որ ժամանակի ընթացքին անոր արժէքը աւելի եւս պիտի գնահատուի։

Մայքըլ Ճորտընի հարստութիւնը ցարդ կը գնահատուի 2.1 միլիառ տոլարով եւ ան ունի հինգ զաւակներ՝ երկու ամուսնութիւններէ գոյացած։

Այս տուեալներուն նայելով՝ չեմ կրնար չմտածել թէ վերոյիշեալ գումարը եթէ մեր տրամադրութեան յանձնուի, որքա՜ն օգտակար պիտի դառնայ մեր կարիքաւոր հաստատութիւններուն, ըլլան անոնք դպրոցներ, թերթեր թէ շատ մը մշակութային միութիւններ։ Ամերիկեան ասացուածքը հետեւեալ ձեւով կը պարզաբանէ մեր մտածումը, wishful thinking.

 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Այդ Օր, Այսօր Եւ Միշտ

  “Զանգեր, ղօղանջէք,

    Սրբազան քաջերին կանչէք,

    Այս արդար պատից։

    Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք

    Սարդարապատից․․․“։

 

Պարոյր Սեւակ

 

 

    1918 թուականի Մայիսի 22-28-ին՝ Սարդարապատի հերոսամարտի օրերին, եօթ գիշեր ու ցերեկ անընդհատ ղօղանջում էին Արարատեան դաշտի եւ շրջակայ վայրերի հայկական եկեղեցիների զանգերը՝ ազդարարելով, որ հայ ժողովուրդը կենաց եւ մահու կռիւ է տալիս։

    Դա ամենատեւական զանգահարութիւնն է Հայկական լեռնաշխարհում վաղընջական ժամանակներից մինչեւ մեր օրերը։

 

*     *     *

    Յոյս ունենաք, հիմա եւ ապագայում, Հայկական լեռնաշխարհում այլեւս չզանգահարեն հայոց եկեղեցիների զանգերը, որպէս ազդարարութիւն գոյամարտի։

    Հայ նոր սերունդների համար պիտի անխափան լինի գոյութեան երթը, հայօրէն, բոլորի հաւասար իրաւունքով պիտի ապահովուած լինի զարգանալու բազմակողմանի հնարաւորութիւնները՝ հիմքում ազգայինը ամուր նստած։

    Թող Մայիս ամիսը լինի հայոց ուխտի յիշեցման եւ վերանորոգման օր, եւ դուռ բացի հայրենիքում ազգայինի վերադարձին՝ ինչպէս դա մի նոր սկիզբ առաւ 1918-ի Մայիսով ու շարունակուեց երկար ժամանակ։

 

Այդ օր, այսօր եւ միշտ պիտի ուխտենք միասին եւ ցանկանանք որ հայրենիքում՝

 

    – Մերօրեայ “Հոգու սովին” ու ապազգայինին փոխարինի հայկականը, հայեցին եւ հայ հոգին։

 

    – Հայոց հողը նորից հաց տայ բոլորին։ “Մէկով ցանք անես, հազարով բառնաս”։ Ու․․․ “Մի վայրկեանի պէս օրով կանաչես․․․”։

 

    – “Հող բռնես ձեռքիդ, ու դառնայ ոսկի․․․”։

 

    – “Բանուորներիդ քրտինքը երգի”։ “Քրտինքդ հողին օրհնութիւն դառնայ”, եւ “արտերդ ծովացած հասկերը երգեն”։

 

    – “Բռունցքդ չարին լինի պատուհաս”․․․ “Հողը ոսոխիդ դառնայ գերեզման”։

 

    – Ամենուր նորից լսուի մանկան ճիչ։

 

    – “Մրրիկների դէմ ճարճատող քնարդ դառնայ հնչուն լար”․․․ Սիրոյ, յոյսի եւ հաւատքի լար։

 

    – Հայ տներում նորից թեւածի հայկական մաքուր երգը, եւ սերունդները դէպի ապագայ գնան հայոց բառը, գիրն ու երգը իրենց շուրթերին։

 

    – “Չլինի անէծք”։ Լինի օրհնանք եւ․․․ “Միայն օրհնութիւն, միայն օրհնութիւն, միայն օրհնութիւն․․․”։

 

    – Հոգիներում գոյանան “սիրոյ ջրվէժներ”․․․

 

    – “Սառոյցը ճաքի”, եւ “սառոյցի տակից ձնծաղիկ բացուի արեւին”։

 

    – “Սիրտդ աշխարհին որպէս վարդ բանաս”։ 

 

    – “Նայուածքիդ հուրով չարիքը վանես”։

 

    – “Ձմեռների դէմ միշտ դալար մնաս”։

 

    – “Դարերի դիմաց միշտ կանգուն մնաս”։

 

    – “Հոգիդ ճանաչես”։ Հոգիդ ճանաչես, հոգիդ ճանաչես․․․

 

    – “Հոգուդ ժպիտով մեր վիշտը ջնջես”, եւ “պանդուխտներիդ հայրենիք կանչես․․․”։

 

Հէյ ջան, հայրենիք։

ՌՈՒԲԻՆԱ ՕՀԱՆԵԱՆ

 

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Հայկական Կեանք Մը

«Եկուր այս Պրն. Սերոբեանէն վազ անցիր։ Ռաֆֆի ըսէ»։

Երկրային մեր կեանքերուն մէջ եթէ կան ընտանիքը եւ անոր հաղորդականութիւնը, բայց կան նաեւ բարեկամները ու բարեկամութիւնը, որոնք կը լիցքաւորեն մեր էութիւնը։ Եթէ բարեկամութիւնը կրնայ ըլլալ կարճ ու տակաւին երկար, բայց եւ որ կուտայ իմաստ եւ ապրելու խթան։

Պրն. Ռաֆֆի (Ռաֆայէլ) Սերոբեանի հետ մեր ընտանեկան ծանօթութիւնը ունէր նոյն այդ բարեկամութեան հիմքը եւ որ կտրած էր բաւական երկար ճամբայ։ Երկար որովհետեւ կար Հալէպը, եթէ մէկ կողմէ իր ծննդավայրը բայց իմ ալ ծնողացս տունը, որ զիս ջերմօրէն կապած է ու մինչեւ այսօր։ Մեր այս բարեկամութիւնը ճոխացած է Պէյրութ, Նիու Ժտէյտէ թաղամասին մէջ։ Հոն ուր Պրն. Սերոբեանը կը բանեցնէր իր լուսանկարչական ասպարէզ-արուեստը եւ ես կ՚ապրէի հոն։

Նիու ժտէյտէն մէկ կողմէ եղաւ դրացիութիւն կերտող շրջան բայց նաեւ աւելին։ Իսկ աւելին՝ յաճախակիօրէն իր լուսանկարչական խանութի իմ այցելութիւններն էին։ Նկատի ունենալով որ աշխատանքային ասպարէզս լեցուն էր ու մինչեւ այսօր ճամբորդութիւններով, ստիպուած էի յաճախ նկարուիլ ճամբորդելիք իմ երկրներու մուտքի արտօնագիրներ ստանալու համար։ Այս յաճախակի եւ կրկնուող գործընթացքը մղեց Պրն. Սերոբեանին ընելու համար իր վճիռ-կարգադրութիւնը. «Հրայր այս վերջին նկարիդ պատճէնը քովս պահեմ։ Ասկէ ետք երբ որ պէտք ունենաս նկարի կ՚արտատպենք եւ այս ձեւով վերջ տանք այս ետեւ-ետեւի եւ շատ արագ կրկնուող նկարուելու գործին»։

Բայց չէ որ սփիւռքահայ ենք եւ մեր հայուն ճակատագիրն է եղեր մէկ երկրէ միւսը տեղափոխուիլը։ Պրն. Սերոբեան գոցեց իր լուսանկարչական խանութը եւ անցաւ Կիպրոս՝ միանալու համար իր երկու զաւակներուն։ Եւ երբ ես ալ իմ աշխատանքային նստավայրս փոխադրուեցաւ Նիկոսիա, Նիու Ժտէյտէի այսպէս ըսած «ընդհատուած» մեր բարեկամութիւնը շարունակուեցաւ Կիպրոսի մէջ։

Կիպրոսի մէջ աւելիով ջերմացաւ մեր բարեկամութիւնը, քանի ընտանեկան մնացեալ անդամները նաեւ միացան եւ կերտեցինք հայկական մէկ մեծ ընտանիքներու բոյն մը որ շատ գեղեցիկ էր։ Մեր բարեկամութիւնը լեցուեցաւ հանդիպումներով, ընտանեկան հաւաքներով, եւ համեմուեցաւ ճաշասեղանի շուրջ ստեղծուած ուրախ տրամադրութիւններով։ Բայց կար տակաւին աւելին։

Սփիւռքահայ մեր «ճակատագրուած» երթը, որ պիտի շարունակուէր։ Պրն. Սերոբեանը եւ տիկինը՝ Ազատ, յաճախ պիտի գային Քուէյթ՝ ժամանակ անցնելու իրենց դուստրին Ռուզանին հետ, որ իր ամուսնոյն եւ ընտանիքին հետ Քուէյթ կ՚ապրի։ Եւ իմ ալ աշխատանքային գործունէութիւններուս մէկ կարեւոր կայքը Քուէյթը ըլլալով, մեր հանդիպումները հոն ալ շարունակուեցան։

Հալէպէն մինչեւ Պէյրութ, Նիկոսիա եւ Քուէյթ։

Իւրաքանչիւրս իր «հայկական կեանքեր»ու ստեղծած ուղիներուն մէջէն ու երեւի ատով վիճակուած պիտի հանդիպէինք դարձեալ ու պիտի շարունակէիք եւ կերտէինք մեր բարեկամութիւնը։ Ճակատագրուած թէ այլ, այդ բարեկամութիւնը շատ հաճելի էր։

 

Մեր բարեկամութիւնը Պրն. Սերոբեանին հետ ունէր նիւթեր, որոնք պիտի զրուցէինք։ Նիւթեր Հալէպէն ու Պէյրութէն եւ որ կը շարունակուէր Նիկոսիա եւ մինչեւ Քուէյթ։ Ապրած ու ապրող կեանքեր էին, որ կը զրուցէինք։ Մարդոց ու փորձառութիւններու։ Հալէպի իրավիճակներէն մինչեւ Պէյրութ ու Կիպրոսի իրականութիւնները։ Իսկ այդ իրականութիւններուն մէջ կային նաեւ ազգային մտահոգութիւնները եւ մարտահրաւէրները։ Եւ ազգային նիւթերուն մէջէն կը տեսնէի Պրն. Սերոբեանին ապրած փորձը եւ այդ փորձին մէջէն իր ձեռք ձգած հաւատարմութիւնը։ Եթէ մէկ կողմէ կային ուրախ նիւթերը, բայց նաեւ տխուրը։ Յաջող օրերու տրամադրութիններէն մինչեւ ձախողը։ Դժուար թէ դիւրին։ Վերջապէս, հայկական կեանքեր են, չէ՞։ Ու տակաւին սփիւռքահայ փորձառութիւններ։ Եւ մենք բոլորս ցեղասպանութենէ ճողոպրած սերունդներ՝ երկրորդ, երրորդ ու տակաւին չորրորդ։ Բայց չէ որ բոլորս ալ կը կռենք ցաւը։ Հայու եւ հայկական կեանքին ցաւը։

Պրն. Սերոբեանը հայն էր, որ ապրած էր ու կ՚ապրէր հայուն ցաւը։ Եւ իր կեանքի երկար ճամբան լեցուն էր այդ բոլոր փորձառութիւններով։ Հայն էր Պրն. Սերոբեանը՝ իր ազգային անշեղ նկարագրով եւ գիծով։ Ունէր իր ազգային եւ միութենական համոզմունքը եւ անոր հետ շինած էր իր ինքնութիւնը։ Բայց հայը ու հայութիւնը իրեն համար վեր էին ամէն սակարկութենէ։ Համոզուած հայուն ապրելու գրաւականով ան իր ու տակաւին ընտանիքի կեանքը կերտած էր նոյն այդ տեսլականով։ Եւ այդ տեսլականը ապրեցաւ ու ապրեցուց մինչեւ վերջ։

Մեր բարեկամութիւնը ջերմ էր եւ մօտիկ։ Եւ այդ ջերմութեան ու մօտիկութեան մէջէն չուզեցի զինք Ռաֆֆի կոչել։ Պահեցի Պրն. Սերոբեանը։ Եւ կը զգայի, թէ իւրաքանչիւր Պրն. Սերոբեան ըսելուս հետ մեր բարեկամութեան կամուրջը աւելիով կ՚ամրանար եւ կ՚ուժեղանար եւ այդ բարեկամութեան հոգին աւելի կ՚ապրէր։ Եւ այս իրականութիւնները մեր հաղորդակցութիւնը աւելի կ՚ամրապնդէին ու կը դարձնէին հաճելի, մտերմիկ եւ յատուկ։

Կիրակի, 17 Մայիսին, Պրն. Սերոբեանին սիրտը կեցաւ բաբախելէ։ Բայց այդ իր միայն ֆիզիքական սիրտն էր։ Կար ու կը մնար իր հոգեկան սիրտը։ Այն հոգեկան սիրտը, որ շինած էր Պրն. Սերոբեանի հայկական կեանքը։ Իսկ Հայկական կեա՞նքը։ Հայը հայութեամբ եւ հայկականօրէն ապրելու իրականութեան մէջն է։

Պրն. Սերոբեան շինեց բայց նաեւ ապրեցաւ հայկական կեանք մը։ Եւ հայկականը իր ամբողջութեանը մէջ։ Հայկականը իր քրիստոնէական հաւատքով՝ հայուն եւ Հայաստանի ու ազգային ինքնութեամբ ու տակաւին դաստիարակութեամբ։ Եւ իր հայկական կեանքը ու անոր դաստիարակութիւնը կը շարունակուի այսօր իր զաւակներուն կեանքերուն եւ  անոնց ընձեռնած ազգային բոլոր գործունէութիւններուն մէջէն։

Պրն. Սերոբեան ապրեցաւ հայկական կեանք մը։ Իսկ ես ալ հետը ապրեցայ եւ երկար տարիներու վրայ այդ հայկական կեանքին բարեկամութիւնը։ Կեանք մը, բարեկամութիւն մը, որ չի մեռնիր։ Բայց կ՚ապրի։

Եթէ պիտի կարօտնամ Պրն. Սերոբեանին հետ իմ բարեկամութիւնը, բայց կայ ինծի համար ապրող եւ ապրեցնող մէկ լաւ յիշատակ՝ Պրն. Սերոբեանին հետ մեր բարեկամութեան յիշատակը։ Հայկական կեանքը։ Եւ հայկական կեանքեր կերտելով է, որ հայը կը շարունակէ ապրիլ։

Յարգանք Պրն. Սերոբեանին ապրած հայկական կեանքին։ Հայկական կեանք մը, որ կ՚ապրի եւ կ՚ապրեցնէ։ Եւ որ նաեւ կը շարունակուի։    

Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Վերջինը

«Վերջին զանգը»ին վայելքը չ՛ապրեցայ եւ այդ եղաւ յետագայ կեանքիս առաջին եւ գլխաւոր ցաւերէն մին. Չէ, գլխաւորը պէտք է ըսեմ քանի որ ալ ամէն դուռ փակուեցաւ առջեւս միտումնաւոր թէ՝ ոչ մութ է տակաւին ինծի համար: «Վերջին զանգը» կը փակէ անցեալի իրականութիւնը, որմէ ետք պիտի յուշ դառնայ եւ բանայ դարպասները գալիք ընթացքին.այսինքն՝ նո՛ր սկիզբ, յառաջիկայ տարիներու: Ի՜նչ խնդութիւն կերպով մը  յաղթանակէ յաղթանակ ընթացք ուր պիտի դիմագրաւես պայքարի տեսակներ. Լոյս ու մութ մտածումներ ի հարկէ քանի որ կեանքը հարթ հաւասար ընթացք մը չէ երբեք: «Վերջին զանգ» մը եւս, մինչեւ …նոր, ծանօթ եւ անծանօթ ուղիներ. Այսքանը կեանքի ընթացքն է իր ամբողջութեան մէջ եւ ընդունելի, զի այլ կերպ անկարելի է յառաջանալ: Սակայն ցաւալին՝ կեանքը ունի իր տհաճութիւնները, չոր կատակները ուր մարդկային հաշիւները իրար կը խփեն եւ կ՛ունենանք  անսպասելին. «ոտքը քարին դպաւ» կ՛ըսենք եւ մեղաւորն ալ քարը կ՛ըլլայ ի հարկէ ինչպէս մարդկային ամէն երեւոյթի մէջ Ստեղծագործութեան Ադամական օրերէն.մարդկային բնութիւնը հնարք մը,կերպ մը, վերջապէս միջոց մը կամ բան մը կը յայտնաբերէ ու ինք իր չքմեղանքով կը շարունակէ իր ճամբան, եթէ ճամբան տակաւին շարունակութիւն ունի:«Վերջին զանգը»ին ցաւը յաճախ թեթեւ զգացած եմ զաւակներուս, թոռնիկներուս եւ աշակերտութեան ընդհանուր խանդավառութեան ներկայ եղած եմ երբ «գլխարկ»ները օդը նետուին ու ձգողական օրէնքով կ՛իյնան ափերուն մէջ խանդավառներուն. Պահ մը մոռնալով անձնականը՝ հաւաքականին հետ ընթանալու հոգեպէս. Վերջապէս մարդ արարածը մարդկային զգացողութեամբ,որմէ՝ ազգայինին, կ՛ապրի,կը յուզուի, ուրախ թէ տխուր առիթներով. Ընկերութեան հիմնականն սկզբունքն է իրարմով ապրիլ, զգալ: Աշխատատեղիէ մը մէկ նախադասութիւն զիս տպաւորած է. Հայելիին մէկ անկիւնը (Անգլերէնով) գրուած էր «Անձի մը հոգածութիւնը ուրիշի մը ապահովութիւնն է»: Այլեւս ինչ ինչ պատճառաւ դրուած էր հոն կ՛անգիտանամ սակայն կարեւորը խորքն է, եւ անոր գործադրութիւնը սակայն, գետնի վրայ որքա՜ն անիրականանալի. Փաստերու պէտք չունինք. Ամենօրեան ինքնին փաստ է իր տարակարծութիւններով, պարտադրանքներով, օրէնքներով, եւ խնդիրը կը հասնի մինչեւ պատերազմներ: Զանգը կը հնչէ, կը դառնայ ահազանգ բայց լսողը ո՞վ: Դառնանք «Վերջին զանգ»ին:

Է՜ր երբեմն հայկականութեամբ տոգորուն եւ ծարաւի, թրքական խժդժութիւններու իբրեւ պատասխան, բազմաթիւ ճակատներու վրայ ինքնահաստատման հետամուտ գաղթական հայը դպրոցներ կը հիմնէր ընտանիքներ կ՛աճէին «Աճեցէք եւ շատցէք»ը բնաբան ունենալով կարծես՛ քանի որ բազմազաւակ էին նոյնիսկ թիթեղաշէն տուներու մէջ երրորդ, չորրորդ, նոյնիսկ հինգերորդ Ծնունդի մը ճիչը ՎՐԷԺ կը կանչէր…բայց ափսո՜ս այսքան շու՞տ հազիւ երկու սերունդ ետք,պիտի կարդանք.-

«Վերջին մի քանի տարին լիբանանահայութեան համար վարժարանի մը փակումը նորութիւն չէ:»

«Չորեքշաբթի 20 Մայիս 2020 թուականը Սրբուհի Ագնէս Վարժարանի մեծ ընտանիքին համար շատ ցաւալի եւ ճակատագրական օր մըն էր»: Հասկնալի է չէ՞: Հայ ժողովուրդ դէպի ու՞ր… Նաւավարը ու՛ր որ տանի, հոն կ՛երթանք: Բայց  նաւավարներու առատութենէն քիչ մը աջ, քիչ մը ձախ, քիչ մը առաջ եւ ետ ետ: Տասնամեակներ առաջ Շամփոլէոն նաւուն նաւապետը շուարած՝ Մանարայի եւ Օդակայանի փարոսներու միջեւ, նաւը քշել տուաւ Օդակայան ու… խրեցաւ աւազուտքի մէջ, որու իբրեւ լուծում ծով նետուողներ գտնուեցան. «ամէն ոք իր հաշւոյն»: Ու ոմանց համար հնչեց վերջին զանգը:

«Վերջին զանգը» ժամանակին  չ՛ապրեցայ, սակայն բախտը  ինծի նուիրեց այսպիսի միայն ցաւագին «ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՆԳԸ»: ԲԱՅՑ ԴԵՌ ՎԵՐՋԻՆԸ ՉԷ: WAIT AND SEE.

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը